ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ
Այնճարի մէջ ամառնային «Մեծարենցեան երեկոներ»-ու մշակութային ձեռնարկներուն այս տարուան վերջինը նուիրուած էր լիբանանցի երաժիշտ, երգահան Զեքի Նասիֆի: Անիկա տեղի ունեցաւ կիրակի, 22 սեպտեմբեր 2024-ին Այնճարի Ղարիպեաններու «Հիւղը» բնակարանի բակին մէջ: Օրուան դասախօսն էր երկրագործական ճարտարագէտ Ուաժտի Պըրպերի, որ անցնող 12 տարիներու ընթացքին «Հիւղը» բնակարանի բակին մէջ տուած է ութ դասախօսութիւններ` նուիրուած լիբանանցի գրագէտներու, բանաստեղծներու, երաժիշտներու:
Օրուան հանդիսավարն էր Նաթալի Տէր Ստեփանեան- Քենտիրճեան` Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի մանկապարտիզպանուհի: Ան իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ, որ այդ նախաձեռնութեամբ ներկաներուն առիթ պիտի տրուի մօտէն ծանօթանալու մեծ երաժշտագէտ, Լիբանանի վաւերական խորհրդանիշներէն Զեքի Նասիֆի, որ կ՛ապրէր իր երգերուն մէջ ու կ՛ապրեցնէ ու կ՛ոգեշնչէ մեզ առաւել եւս փարելու Լիբանանին, չկորսնցնելով անոր վաղուան օրուան նկատմամբ մեր հաւատքն ու յանձնառութիւնը: Ունկնդրելով անոր երգերը` ինքնաբերաբար կը լեցուինք բարութեամբ, լաւատեսութեամբ, հայրենասիրութեամբ, դիտել տուաւ հանդիսավարը:
Ապա ներկաները ունկնդրեցին Զեքի Նասիֆին հռչակաւոր երգը` «Ռաժաա, ռաժաահ եըթամար» («Լիբանան դարձեալ պիտի վերականգնի, աւելի գեղեցիկ եւ աւելի կանաչ»):
Օրուան դասախօս ճարտարագէտ Ուաժտի Պըրպերի ըսաւ, որ Զեքի Նասիֆ ծնած է Լիբանանի Պեքա նահանգի հարաւ-արեւմուտքը գտնուող Մաշղարա գիւղը: Ան վեցերորդ մանչ զաւակն էր Շաքեր Նասիֆի եւ Ռաշիտէ Իպրահիմի, երաժշտասէր ընտանիք մը:
Զեքիին հայրը կաշիի ներկարարութեամբ եւ վաճառքով կը զբաղէր Մաշղարա-Դամասկոս գիծի վրայ: Ան տեսնելով իր զաւկին հակումը դէպի երաժշտութիւն` ձայնապնակ նուագող գործիք մը կը գնէ տասնեակ մը ձայնապնակներով:
1922-ին Նասիֆ ընտանիքը Մաշղարա գիւղէն կը փոխադրուի Պէյրութի Թայեունէ – Այն Ռըմմանէ արուարձանը: և Զեքի Նասիֆ մաս կը կազմէ տեղւոյն եկեղեցւոյ երգչախումբին: Նոյն ատեն ան կը մասնակցի թաղային խրախճանքներուն` երգով ու տեպքէով: 1930-ին անձնական ճիգով կը սորվի նուագել ուտ եւ սրինգ:
1929-ին Զեքի Նասիֆի մէկ ոտքը կը վարակուի հիւանդութեամբ, որ զինք մինչեւ իր կեանքին վերջը պիտի տառապեցնէր: Բայց ինք չի յուսահատիր, եւ իր երաժշտութեան վերելքը կը շարունակուի: Այդ շրջանին ան ստիպուած կ՛ըլլայ լքելու տեղւոյն միջնակարգ վարժարանը եւ կը յաճախէ Lycռe Francais վարժարանը:
1933-ի ամառը Զեքի Նասիֆ քանի մը ընկերներով կը շրջի Լիբանանի գիւղերը` երգահանդէսներով խանդավառելով տեղւոյն բնակչութիւնը:
1936-ին կը յաճախէ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի երաժշտական բաժին, ուր կը մնայ մինչեւ 1941, որմէ ետք ան իր ուսումը կը շարունակէ երաժշտագէտ Պերթանտ Ռոպիլարտի հետ:
1943-ին Զեքի Նասիֆ կը միանայ Ղովմի կուսակցութեան. հոն է, որ ան կը վերամշակէ կուսակցութեան քայլերգը եւ կը ծանօթանայ կուսակցութեան ղեկավար Անթուան Սաատէիի` անոր հետ զարգացնելով իր մշակութային, մտային եւ հայրենասիրական յղացքները
Զեքի Նասիֆ 1958-ին ինքզինք կը նուիրէ երգահանութեան Իր առաջին յօրինումը կ՛ըլլայ «Քայֆա ընսաք» բանաստեղծութեան երաժշտութիւնը, խօսք` Մոհամետ Եուսեֆ Համմուտի (բանաստեղծ): Հետագային ինք կ՛երգէ իր յօրինած երգը:
1953-1955 Զեքի Նասիֆ կ՛աշխատակցի «Պի.Պի.Սի. Նիր Իսթ Ռատիօ» հաստատութեան հետ, ուր կը հանդիպի բազմաթիւ երաժիշտներու ու երգիչներու, ներառեալ` Ռահպանի եղբայրներուն Ասիի եւ Մանսուրի, Ֆեյրուզի, Նասրի Շեմսէտտինի, Ուատիհ էլ Սաֆիի, Ֆիլոմոն Ուէհպիի եւ ուրիշներուն: Հաստատութեան տնօրէնը կը թելադրէ, որ Զեքի Նասիֆ նաեւ երգեր յօրինէ երգչախումբի համար: Աշխատանք մը, զոր ան համբերութեամբ կը կատարէ, երբ երգիչները կը նախընտրէին մեներգներ կատարել:
1955-ին Զեքի Նասիֆ, Թոֆիք էլ Պաշա, Ռահպանի եղբայրներ, Ֆիլոմոն Ուէհպի հինգեակին համար Զեքի Նասիֆ սկսաւ յօրինել երգեր, որոնք հիմը դրին տեղական երաժշտական դպրոցին:
1956-ին «Պի.Պի.Սի. Նիր Իսթ Ռատիօ»-ի պաշտօնեաները հրաժարեցան Սուէզի պատերազմին պատճառով:
1957-1974 տարիներուն Պաալպեքի մէջ տեղի ունեցած զանազան փառատօներուն, երաժշտական թատերախաղերու մասնակցեցան` Զեքի Նասիֆ, Ռահպանի եղբայրներ, Ֆեյրուզ, Ուատիհ էլ Սաֆի, Սապահ: Զեքի Նասիֆ երգեր կը յօրինէր եւ զանոնք կը սորվեցնէր դերակատարներուն: Նոյն շրջանին ան նաեւ գործակցեցաւ «Քարաքալլա» պարախումբին հետ` շուրջ տասը տարիներ:
1975-ին սկսած Լիբանանի ներքին պատերազմը կը տեւէ մինչեւ 1990 թուական: 1978-ին է, որ Զեքի Նասիֆ կը յօրինէ իր հռչակաւոր երգը` բառերով ու երաժշտութեամբ, «Ռաժաա եըթամար Լըպնեն», որ մեծ հռչակ ունեցաւ, երբեմն ալ կ՛օգտագործուէր իբրեւ Լիբանանի քայլերգ: Նոյնպէս հռչակ ունեցաւ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի բառերով «Եա պանի ումմի» երգը: Այս շրջանին է, որ Զեքի Նասիֆ լոնկ փլէյ ձայնապնակներու վրայ կը տեղադրէ իր երգերը: 1980-ին ան կը գործակցի Անթուան Ղանտուրի հետ` անոր թատրոնի երաժշտական բաժնին օգտակար ըլլալով: Զեքի Նասիֆ նոյն ատեն կ՛աշխատի նոր սերունդի երգիչներուն հետ, օգնելով անոնց զարգացման ընթացքին, ինչպէս` Մաժիտա Ռումի, Ղասսան Սալիպա, Ալի Հլէյհել եւ ուրիշներ:
Զեքի Նասիֆ 1990-ական թուականներուն արդէն յարգանք եւ ճանաչում ստացած էր Լիբանանի եւ արաբական երկիրներու մէջ: «Էլ.Պի.Սի.» կայանը իր մեկենասը դարձած էր, որ տեւեց մինչեւ երգահանին կեանքին աւարտը: Ան կը շարունակէ հրապարակել իր երգերը լոնկ փլէյ ձայնապնակի վրայ եւ աւելի ուշ` սի. տի.-ներու: Յիշելու համար կարգ մը ձայնապնակներու վրայ իր երգերը «Ֆեյրուզը կ՛երգէ Զեքի Նասիֆ» «Էշթաքնա ա Լըպնան», «Եա աշիքաթ ալ ուարտի», «Թալլու հապապնա», «Մահմա եըրժարրահ պալատնա» եւ ուրիշներ: Ան կը մահանայ 11 մարտ 2004-ին, ան չէր ամուսնացած: Իր ետին կը ձգէ 1100 երգերու հարուստ ժառանգութիւն մը: 2014-ին Զեքի Նասիֆի երգերու ժառանգութիւնը կը տեղաւորուի Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Ճեֆեթ» գրադարանին մէջ:
Ուաժտի Պերպերի հաստատեց, որ Զեքի Նասիֆ 20-րդ դարու Լիբանանի տասը հռչակաւոր երաժիշտներու կարգին կը նկատուի:
Այս տարի Զեքի Նասիֆի մահուան 20-ամեակն է: Մաշղարայի մէջ գոյութիւն ունի իր անունով տուն-թանգարան եւ երաժշտանոց:
Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ «Զեքի Նասիֆ ֆաունտէյշըն»-ի անունով «Էսեմպլի հոլ»-ի մէջ տարուան ընթացքին կը կազմակերպուին երաժշտական երեկոներ:
Դասախօսի խօսքի աւարտին օրուան հանդիսավար Նաթալի Քենտիրճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ուաժտի Պըրպերիին` իր հետաքրքրական եւ մանրամասնութիւններով յագեցած դասախօսութեան համար: