Մօտաւորապէս 10 օր ետք ամերիկացիք քուէատուփ պիտի երթան ընտրելու համար հանրապետութեան յաջորդ նախագահը, խորհրդարանական ներկայացուցիչներ եւ քուէ տալու այս կամ այն օրինագիծին: Ինչպէս միշտ, այս տարի ալ լուսարձակները առաւելաբար կեդրոնացած են նախագահի յաւակնորդներուն եւ անոնց մղած ընտրապայքարին վրայ:
Եթէ մրցակիցներուն (առաւելաբար Թրամփի) ցնդաբանութիւններէն եւ այլանդակ յայտարարութիւններէն բարձրացած աղմուկէն ու փոշիէն անդին նայինք, տեսանելի կ՛ըլլայ, որ նախագահական աթոռը աճուրդի հանուած է (իսկ պարզ է, որ ցնդաբանութիւնները յաճախ կը սարքուին էական հարցերէ ուշադրութիւն շեղելու դիտաւորութեամբ): Սա նորութիւն չէ, սակայն տարուէ տարի այս աճուրդը առանց քողարկումի կ’ըլլայ, ամօթի որեւէ զգացումէ ձերբազատած է ինքզինք: Աղաղակող դարձած է, թէ ընտրապայքարի համար առաւելագոյն գումարը հանգանակո՛ղն է, որ կը մտնէ Սպիտակ տուն, անկախ, թէ ի՛նչ արժանիք ունի (եթէ ունի), կամ` արդեօք օրինազա՞նց է, ստախօ՞ս, կամ իրազե՞կ` պաշտօնին պահանջներուն:
Որպէսզի «օդէն չխօսինք», արձանագրենք քանի մը փաստ. Քամալա Հերիս 5 օգոստոսին մտաւ ընտրարշաւի դաշտ: Հիմա դեմոկրատները կը յոխորտան, որ նուազ քան 3 ամսուան մէջ յաջողած է հանգանակել մէկ միլիառ տոլար (մի՛ հարցնէք, թէ այդ գումարները ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս կը ծախսուին, ո՞վ է շահողը): Հիմա, վերջին օրերուն, դեմոկրատները օրական քանի մը կոչերով դրամ կը մուրան համակիրներէ, որպէսզի Թրամփ յաջողութեան չհասնի:
Հանրապետականները կը փորձեն ետ չմնալ: Թրամփ ո՛չ միայն նոյնանման արշաւի կը դիմէ, յենած է իր հարստութեան, այլ իր կողքին շահած է քանի մը միլիառատէրեր, որոնք օր ցերեկով դրամ կը բաժնեն, հսկայական գումարներ կը նետեն ընտրական կրկէսին մէջ (մի՛ հարցնէք, թէ հետագային քանի՛ պատիկը վերաշահելու համար):
Մէկ խօսքով, ինքզինք ժողովրդավարութեան եւ մարդկային ամէն տեսակի իրաւունքի պաշտպան հռչակած երկրին մէջ նախագահական աթոռին կը հասնի, կրնայ հասնիլ ան, որ աւելի՛ հարուստ կը խաղայ: Նախորդ քանի մը ընտրապայքարներն ալ փաստած են այս իրականութիւնը: Օրինակ, Օպամա 2008-ին հանգանակութեան մրցանիշ հաստատեց. ըսուեցաւ, որ ան մօտաւորապէս մէկ միլիառ տոլար գոյացուցած էր (մրցակիցներէն շա՜տ աւելի) եւ մտաւ Սպիտակ տուն: «Աւանդութիւն»-ը շարունակուեցաւ: Ի դէպ, ան նախապէս խորհրդարանի անդամ էր, ու երբ ընտրուեցաւ, եւ այդ աթոռը թափուր մնաց, Իլինոյի կառավարիչը աճուրդի հանած էր անոր աթոռը եւ… դատական հետապնդումի ենթարկուեցաւ իբրեւ չարաշահ օրինազանց: Հիմա նման օրինազանցութիւններ պաշտօնական կնիք կը կրեն եւ կը կատարուին օր ցերեկով, հրապարակաւ, առանց խպնանքի կամ հետապնդումի, ընողն ալ հերոս կը դառնայ, ինչպէս… նոյնիքն Թրամփ, որուն 6 յունուար 2001-ի շահատակութիւնները ամրագրուեցան պատմութեան մէջ:
Ի՜նչ ժողովրդավարութիւն: Քուէի ի՜նչ իրաւունք: Ու մարդիկ, բարեմիտ մարդիկ կը հաւատան, որ ընտրուողները իրենց քուէով կը հասնին պաշտօնի (իսկ թէ անկէ ետք ի՞նչ կ՛ընեն, խորքին մէջ` ի՞նչ չեն ըներ` իրենց խոստումները իրականացնելու համար, բոլորովին այլ պատմութիւն է): Աճուրդին գլխաւոր մասնակիցները հսկայական գումարներու տիրապետող ընկերութիւններն են ու խմբաւորումները` շահու, չարաշահութեան դաշտերու մէջ մրցակիցները, եւ ըստ էութեան, անոնք է, որ վեր-վար կը խաղցնեն թեկնածուները, անոնց դիմաց կը տնկեն իրենց պահանջներուն ցուցատախտակները, յաղթանակ կը շնորհեն անոր (անոնց), որ կը խոստանայ առաւելագոյնն գոհացում տալ այդ պահանջներուն, դուք հասկցէք` շահու ակնկալութիւններուն: Ո՛չ ոք նստած ու հաշիւը պահած է, թէ իսկապէս քանի՞ միլիառ տոլար «կը խաղայ» ընտրապայքարի քուլիսներուն, սակարանին մէջ:
… Իսկ փոքր երկիրներու մէջ երբեմն մե՜ծ աղմուկ կը բարձրանայ փոքրագումար ընտրակաշառքի պատճառով:
23 հոկտեմբեր 2024