Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սլաք. ՆԱԹՕ-ն Պիտի Պատժէ (Եղեր)… Իսրայէլը (Կամ` Հասկցողին Քիչ Մը Բարեւ)

Հոկտեմբեր 25, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Այն պահուն, երբ Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտութեան պետը` Էնթընի Պլինքըն, պայուսակները հաւաքած` ճամբայ ինկած է դէպի Միջին Արեւելք, ամերիկեան եւ ՆԱԹՕ-ի գաղտնի սպասարկութեանց քուլիսներէն լուր մը սպրդած է (հաւատալը կամ չհաւատալը, ընթերցո՛ղ, իրաւունքդ է): Կ’ըսուի, թէ Արեւմուտքի զինուորական բազուկը, ի տես բազմահազարաւորներու սպանդին եւ համատարած քանդումին, խղճի խայթ ունեցեր է եւ որոշեր է դաս մը տալ Նեթանիահուի Իսրայէլին, մշակեր է բազմափուլ ծրագիր մը, որուն հիմամբ, նախ Իսրայէլի վերեւ պիտի տարածուի թռիչքներու արգիլման գօտի (միջազգային բառամթերքին մէջ ծանօթ No Fly Zone անունով), եթէ ատիկա արդիւնք չտայ, բազմազգեան ուժեր պիտի անցնին կայծակնային գործողութիւններու (պատերազմներու բառարանին մէջ Blitzkrieg անունով ծանօթ), որպէսզի նախճիրները վերջ գտնեն:

Այս մտածումը աննախընթաց բան չէ: Աշխարհը վստահաբար չէ մոռցած, որ աւելի քան 23 տարի առաջ, (յունուար 1991) արեւմտեան ուժերը, ամերիկացիներու սարքած ծրագիրին հիմամբ, յարձակման անցան Իրաքի վրայ` պատժելու համար Քուէյթը գրաւելու ելած Սատտամ Հիւսէյնը: Այդ յարձակումը տեղի ունեցած էր իրաքեան բանակներուն Քուէյթ ներխուժումէն` օգոստոս 1990-էն հազիւ 5 ամիս ետք (մոռցէք, թէ հոն ինչպիսի՜ սարքովի բաներ կային): Աւելի ուշ բազմազգեան ուժերը Իրաքի վերեւ հաստատեցին թռիչքներու արգիլեալ գօտիներ: Մնացեալը արդէն պատմութիւն է (պատերազմի օրերուն Իրաքի կողմէ դէպի Իսրայէլ հրթիռարձակումներ եւ հակադարձութիւններ, Սէուտական Արաբիոյ սահմաններէն ներս յարձակումներ, «Փեթրիըթ»-ներու գովազդներ, մինչեւ… «Արաբական գարուն» եւ Սատտամ Հիւսէյնի սպանութիւնը): Տարբերակը գործադրուեցաւ Լիպիոյ մէջ եւ այլուր: Քորէան եւ Վիեթնամը, քիչ մըն ալ Աֆղանիստանն ու այլք հիմա մոռցուած են:

Իսկ եթէ յիշողութիւնները քիչ մըն ալ պեղենք, կը հասնինք 1956, երբ Սուէզի տագնապին օրերուն, նոյն Միացեալ Նահանգները հակադրուեցան Իսրայէլի եւ իր դաշնակիցներէն` Բրիտանիոյ ու Ֆրանսայի, որպէսզի Ապտել Նասերի կողմէ պետականացուած ջրանցքը անցնի եգիպտական գերիշխանութեան տակ (հոն ալ պատմութիւնը ծանօթ է):

***

… Ինչ որ «տրամաբանական» էր 1956-57 տարիներուն, հիմա կը թուի անհաւատալի ու անհաւանական: Հիմա Ուաշինկթըն իր գրպանին մէջ ունի ո՛չ միայն Եգիպտոսը, Ֆրանսան, Բրիտանիան ու եւրոպացի դաշնակիցները, այլ ունի նաեւ «արդարութիւն հետապնդելու» բոլորովին այլ` աղճատուած վարքագիծ: Ան մէկ կողմէ զէնքի հսկայական մթերքներ կը հասցնէ ջարդարար ու ցեղասպան Իսրայէլին, իսկ միւս կողմէ` բերանացի զգուշացումներ կ՛ուղղէ եւ պատուիրակներ կը ղրկէ Միջին Արեւելք` իբր թէ պատերազմն ու սպանդը դադրեցնելու նախանձախնդրութեամբ: Մարդիկ չեն հասկնար, թէ որքա՛ն ծիծաղելի (եւ ողբերգականօրէն ծիծաղելի) կը դառնան, երբ նախագահ Պայտըն Նեթանիահուի մէկ ամիս պայմանաժամ կու տայ, որպէսզի կազացիներուն տրամադրուող մարդասիրական օժանդակութիւններու դէմ արգելքները վերցնէ, այլապէս կը սպառնայ… զէնք չղրկել: Այլ խօսքով, ան առնուազն մէկ ամիսով կ՛երկարաձգէ իսրայէլեան սանձարձակութիւնները (իսկ եւրոպացի դաշնակիցները կը մնան լուռ հանդիսական եւ մեղսակից), մտածելով, որ տրուած պայմանաժամին լրումէն առաջ իր պաշտօնավարութիւնը իրողապէս վերջ գտած պիտի ըլլայ ընտրութիւններուն ճամբով: Գիտնականները եւ մտային հաւասարակշռութիւնը պահող քաղաքական մարդիկը հիմա հարց դրած են, թէ արդեօք Պայտըն (եւ համախոհները) արդեօք իրենց երակներուն մէջ կը կրե՞ն… Ֆրանսայի Լուի 15-րդ թագաւորին արեան հետքերը: Ծանօթ է, չէ՞, որ ան 18-րդ դարու կէսերուն միջազգային ասոյթներու ցանկին վրայ արձանագրեց իր նշանաւոր` «Ինձմէ ետք ջրհեղեղ» խօսքը… (այս խօսքին համահեղինակ կը սեպուի «հոյահամբաւ» Մատամ Փոմփատո՜ւրը…)

***

Եւ ի՜նչ «սքանչելի» զուգադիպութիւն: Նոյն Պայտընը այս օրերուն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի իշխանութեան գլուխը բազմածներուն ուղղած է նամակներ, փափաք կը յայտնէ, որ նոր թափ տան դէպի խաղաղութիւն իրենց վազքին, կը յորդորէ, որ պատրաստ ըլլան… զիջումներու: Վերոյիշեալ աղբիւրները կը հաւաստեն, որ եթէ այս կոչը անտես առնուի, երեք ամիս ետք Պայտըն… ոտքերը գետին պիտի զարնէ (եղեր) ու ինքզինք պիտի արդարացնէ (եղեր)` ըսելով, թէ ինք ասկէ աւելին ի՛նչ կրնար ընել: Իսրայէլի պէս, Ազրպէյճանն ալ իրաւունք ունի ինքնապաշտպանութեան, որովհետեւ ազերիները ամէն օր կը յայտարարեն, որ հայկական կողմն է չարը, ռազմատենչը, «ռեւանշիստ»-ը:

Պէտք ունի՞նք երկար-բարակ մեկնաբանելու այս բարեմի՜տ յորդորը: Եթէ մեր յիշողութիւնը պրպտենք, պիտի տեսնենք, որ նման խրատներ յաճախ եկած են քիչ մը ամէն տեղէ, Հայաստանի վարչախումբին պետն ու մանկլաւիկները բոլորանուէր կերպով կ՛ընդառաջեն ԱՄԷՆ ՏԵՍԱԿ զիջումի, Արցախէն մինչեւ Հայաստան ընդարձակ հողեր կու տան, պատրաստ են նոր տարածքներ յանձնելու (զիջումներու ծայրը չ՛երեւիր, եթէ տեսնող կայ, թող ըսէ), իսկ Ազրպէյճան ո՛չ միայն զիջումի կողմը չի նայիր, այլ իր հին ու նոր դաշնակիցներուն կռթնած` «տո՛ւր, աւելի՛ն տուր»-ով իր էշը առջեւ կը քշէ, այդ իշուն վրայ կրկին ու կրկին նստելու կը հրաւիրէ «ուսապարկախումբ»-ը: Նորագոյն ապացո՞յցը. այսպէս կոչուած` սահմանազատումի օրէնքը վաւերացնելու իշխանականներուն վազքը, մինչդեռ Ազրպէյճան կը մտածէ, թէ իր ինչո՞ւն է պէտք նման համաձայնութիւն, երբ առանց անոր ալ ինք կը խլէ այն, ուր իր ձեռքը կը հասնի` մի՛շտ դաշնակիցներուն աղաղակող կամ լուռ մեղսակցութեամբ:

***

… Հայաստանի «կոյրերու աշխարհ»-ին մէջ միականիներուն աչքն ալ կ՛ուզեն հանել: Խե՜ղճ Արտաւազդը աշխարհէն հեռացող աշխարհակալ հօրը գանգատեր է. «Ես աւերակներու վրայ ինչպէ՞ս թագաւորեմ»: Իսկ կոյրերու վրա՞յ…

22 հոկտեմբեր 2024

Նախորդը

Եոհաննէս Լեփսիուս` Հայութեան Մոռցուած «Հրեշտակներ»-էն

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Սանզի Յաղթանակը «Խանգարեց» Քլիփըրզի Դաշտի Բացումը

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?