Յօդուածներ

Փասատենայի Սահակ-Մեսրոպ Դպրոցը` Հրոյ Ճարակ

Փասատենայի Սահակ-Մեսրոպ Դպրոցը` Հրոյ Ճարակ

Քալիֆորնիոյ զանազան շրջաններուն մէջ յունուար 7-ին ծայր առած եւ տակաւին շարունակուող սաստիկ քամիին յառաջացուցած կատաղի հրդեհները պատճառ դարձան, հազարաւոր բնակիչներու կողքին, մեծաթիւ հայ ընտանիքներու ալ տարհանման, ինչպէս նաեւ` համայնքային կառոյցներու քանդումին: Այսպէս,  Փասատենա Ալթատինա թաղամասի Սահակ-Մեսրոպ հայկական վարժարանը հրոյ ճարակ դարձած է: Բազմաթիւ այլ շրջաններու` Լա Քանիատայի, Քրեսենթա Հովիտի եւ Կլենտէյլի մէջ բնակող հազարաւոր հայ բնակիչներ ստիպուած եղան հեռանալու իրենց...

«Լլատրօ»-ն Կ՛արտադրէ «Ղարաբաղեան Նժոյգ» Յախճապակի Արձանիկներ` Ազրպէյճանի Քարոզչութեան Համար

«Լլատրօ»-ն Կ՛արտադրէ «Ղարաբաղեան Նժոյգ» Յախճապակի Արձանիկներ` Ազրպէյճանի Քարոզչութեան Համար

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Ցաւօք, այս աշխարհին մէջ կարեւորութիւն կը տրուի միայն դրամին ու ուժին: Միւս բոլոր հարցերը, զորս միամիտ մարդիկ կ՛արժեւորեն, ինչպէս` ճշմարտութիւնը, արդարութիւնը եւ մարդու իրաւունքները, ինքնակործան խաբկանքներ են: Հարուստ ու հզօր անհատներ եւ երկիրներ կրնան ընել գրեթէ ամէն ինչ, որ կ՛ուզեն: Զանոնք կրնան կասեցնել միայն աւելի հզօրները: Թոյլերը հզօր գայլերուն ողորմութեան տակ են: Այս մտածումները միտքս եկան, երբ ե-նամակ...

«Գանձասար»-ի Խմբագրական.  Սուրիոյ Նոր Իրավիճակին Ընդառաջ

«Գանձասար»-ի Խմբագրական. Սուրիոյ Նոր Իրավիճակին Ընդառաջ

2025-ին Սուրիան կը ներկայանայ նոր պատկերով: Արտաքին թէ ներքին ազդակներու ներգործութեամբ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցաւ աւելի քան վաթսուն տարուան կեանք ունեցող վարչակարգի տապալում, իսկ նոր իշխանութիւնները կը ջանան երկիրը բարելաւման առաջնորդել` վերջ տալու փտածութեան, անարդարութեան եւ ժողովուրդի բազմատեսակ զրկանքներուն: Սուրիոյ վերջին զարգացումները որքան ալ անորոշութեամբ յղի ու ենթակայ ըլլան տարածաշրջանային թէ համաշխարհային ազդեցութեան գօտիներու մրցապայքարին, ներքին կայունութիւնն ու ժողովուրդի միասնականութիւնը...

Դպրեվանքը Եւ Քսանմէկերորդ Դարը

Միտքի Խթանումի Նոր Առիթ

ՇԱՂԻԿ Գ. Խ. Անհատի մը արդիւնաւէտ դաստիարակութեան եւ հաւաքականութեան մը առողջ կազմաւորման նախապայմանը մտքի կրթութիւնն ու մշակումն է: Ճիշդ է, որ մարդու ամբողջական կազմութիւնն ու ընկերային միջավայրի մը պիտանի գոյութիւնը նաեւ կը ներառեն այլ բնագաւառներ, սակայն իմացական մարզը այս ծիրէն ներս ունի յառաջատար կարեւորութիւն եւ կը գրաւէ առաջնահերթ դիրք: Մարդկային միտքի բովանդակ պարունակութիւնը ամբողջականօրէն կարելի չէ սահմանել: Սակայն գիտական ուսումնասիրութիւնները...

Ի՞նչ Է Զայրոյթ Հրահրող Բովանդակութիւնը Եւ Ինչո՞ւ Այդ Շահաբեր Է

Ի՞նչ Է Զայրոյթ Հրահրող Բովանդակութիւնը Եւ Ինչո՞ւ Այդ Շահաբեր Է

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Հասարակական ցանցերու սխալ օգտագործումը կը շահագործուի զանազան ուժերու կողմէ, որոնց համար մարդկային ոչ մէկ արժէք գոյութիւն ունի: Շատեր անգիտակցաբար կը տարուին եւ կ՛այլափոխուին: Ներկայ արհեստագիտութեան զուգահեռ, վերջերս սկսած է շարժական ձայնասփիւռներն ու ձայնագրիչները նորոգելու հոլովոյթ մը: «Պի.Պի.Սի.» այս նիւթերուն մասին հրապարակած է յօդուածներ: Վինտա Զեսու շահաբեր գործ սկսած է` զայրոյթ հրահրող բովանդակութեան շնորհիւ: Ան կ՛ըսէ. «Ես մեծ ատելութիւն...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Ի՞նչն Է Անհասկնալին – Ա.

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ինչպէս ոեւէ մահկանացուի` ինծի ալ երբեմն կը պատահին կէս-գիշերային, անրջային պահեր: Նորագոյնը եղաւ քանի մը օր առաջ: Պահ մը ինքզինքս գտայ բաց դաշտի մը մէջ, երկաթուղիի մը կողքին: Անդիէն հռնդիւնով կու գար շոգեկառք մը (չէ՛, շոգիով բանող տեսակէն չէր), ճակատին գրուած էր «ԱՇԽԱՐՀ», տակը` 2024-ին վրայ ջնջումի նշանով տախտակ մը, իսկ միւս կողմը` 2025-ով տախտակ մը: Ունէր բազմաթիւ...

Գառնի՛կ, Չենք Կրնար Մոռնալ Քեզ

Գառնի՛կ, Չենք Կրնար Մոռնալ Քեզ

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Վերջին լուսանկար- 30 դեկտեմբեր 2020 Մեկնումէդ չորս տարի անցաւ, բայց կարծես երէկ էր, եւ դեռ ոչինչ փոխուած է: Դեկտեմբեր 31-ի գիշերը` ժամը 11:00-ին, դարձեալ սպասեցի շնորհաւորական հեռաձայնիդ: Սովորութիւնդ էր, նախքան գիծերու խճողուիլը` կանուխ հեռաձայնել: Ամէն առաւօտ, ժամը 10:30-ի շուրջ, սովորութիւնդ էր հանդիպիլ, սուրճ մը առնել, օրուան աշխատանքներուն կամ անցուդարձերուն մասին խօսիլ ու մեկնիլ` շարունակելու գործդ: Երեկոները «Սարդարապատ» ակումբին...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա  Նոր Տարուան Առիթով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց Հայ Ծերանոց Չորեքշաբթի, 1 յունուար 2025-ին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան Ամանորի առիթով այցելեց Հայ ծերանոց: Ան մեծապէս գնահատեց Հայ ծերանոցին անձնակազմը, որ Մեծն Ներսէս հայրապետի օրինակին հետեւելով` հոգատարութիւն կը ցուցաբերէ մեր տարեցներուն: Այնուհետեւ սրբազան հայրը տարեցներուն հետ տեսակցելով` աղօթեց, քաջառողջութիւն մաղթեց եւ նուէրներ յանձնեց անոնց: Հայ ծերանոցի...

Ընտրական Հետազօտութիւնները Գիտական Հիմքով Որոնումնե՞ր Են, Թէ՞ Բախտագուշակութիւն

Սուրիոյ Նոր Սահմանադրութիւնը` Անդորրութեան Ալֆան Եւ Օմեկան

ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ Սահմանադրութիւն մը ինքնիշխան որեւէ պետութեան մը ողնասիւնն է, իր ալֆան եւ օմեկան: Այդ օրէնսդրագիրքի յօդուածներու տառին ու ոգիին շուրջ կը կառուցուին բոլոր հասարակական - հանրային ոլորտներու հետ շաղկապուող օրէնսդրութիւնները, որոնք կը մշակուին տուեալ պետութեան վաւերական օրէնսդիր մարմինի-ժողովի մը կողմէ, օրինակ` երեսփոխանական ժողով: Անոր եզրակացութիւնները նաեւ պէտք է արժանանան ժողովրդային հանրաքուէի կամ անոր ներկայացուցիչներու հաւանութեան: Պէտք է ընդունինք, որ...

Մեծ Ուրախութեան Աւետիսը  (Ս. Ծնունդ)

Հայ Աւետ. Եկեղեցւոյ Ծննդեան Պատգամը. Ծնունդի Հոգին

Բեթլեհէմի դաշտերուն մէջ գիշերով իրենց հօտերուն պահակութիւն ընող հովիւներուն Աստուծոյ հրեշտակը երեւցաւ եւ յայտարարեց. «Ձեզի աւետիս մը պիտի տամ, որ ամբողջ ժողովուրդին մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ» (Ղուկ. 2.10): Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ծնունդը աւետիս մըն էր, որ տիեզերական տարողութիւն ունէր եւ մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէր համայն մարդկութեան: Ինչո՞ւ: Քանի որ Բեթլեհէմի` Դաւիթի քաղաքին մէջ ծնող Մանկիկը` «Փրկիչ եւ Օծեալ Տէր», յոյս...

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը Մասնակցեցաւ  Հրամանատար Շարհի Քրիստոնեայ  Համայնքապետներու Հետ Հանդիպումին

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը Մասնակցեցաւ Հրամանատար Շարհի Քրիստոնեայ Համայնքապետներու Հետ Հանդիպումին

Երեքշաբթի, 31 դեկտեմբեր 2024-ին, Սուրիոյ նոր վարչակազմի հրամանատար Ահմետ Շարհ Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքապետներու պատուիրակութեան հետ: Հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան` հայ եւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու եւ համայնքապետներու ներկայացուցիչներու կողքին: Հանդիպումին մասին Մակար սրբազան հետեւեալը յայտնեց «Գանձասար»-ին. «Նախ տեղի ունեցաւ շնորհաւորութիւններու փոխանակում, ապա ծանօթացում, որուն ընթացքին հոգեւոր պետերը ներկայացուցին իրենց եկեղեցին ու...

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ

ՀՕՄ-ի Ամանորեայ Մաղթանքը

Նոր տարուան առիթով, կը փոխանցենք մեր շնորհաւորանքը ձեզմէ իւրաքանչիւրին: Ընթացիկ տարին եղաւ մարտահրաւէրներու եւ իրագործումներու տարի մը, իսկ ձեր նուիրումն ու կարեկցութիւնը եղան փարոսներ` ծանր եւ դժուարին ժամանակներու ընթացքին: Երբ դժուարութիւններու դէմ յանդիման գտնուեցանք, դուք օժանդակութեան ձեռք երկարեցիք` կարիքաւորներուն յոյս եւ քաջալերանք ցոյց տալով: ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքը շնորհակալ է բոլոր անոնց, որոնք կը մարմնաւորեն ծառայութեան իսկական ոգին: Ձեր յանձնառութիւնը, ուժն...

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Ամուր Հաւատով Եւ Յանձնառութեամբ Մուտք Գործենք 2025 Թուական

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Ամուր Հաւատով Եւ Յանձնառութեամբ Մուտք Գործենք 2025 Թուական

Հայութիւնը ճանապարհում է եւս մէկ մղձաւանջային, եթէ չասենք` ողբերգական, տարի: Ունեցանք խաղաղ ճանապարհով տարածքների, դիրքերի հերթական զիջումները: Ապրեցինք այն տագնապով, որ կորուստները կարող էին աւելի մեծ եւ աւելի ճակատագրական լինել` չհաշուած պատերազմի մշտական սպառնալիքը: Ազրպէյճանաթուրքական դաշինքը խուսափեց աւելի կոշտ մեթոդներից, երբ փափուկ ճնշմամբ անգամ Հայաստանի իշխանութեանը հնարաւոր էր պարտադրել նորանոր զիջումներ: Միւս կողմից` կայունութեան պահպանման գործում դեր խաղաց արտաքին ուժերի...

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2024-ի 12-րդ Թիւը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2024-ի 12-րդ Թիւը

Հրապարակուեցաւ ՀՅԴ-ի պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2024-ի վերջին թիւը, ուր քաղաքական բնոյթի յօդուածները կ՛ամփոփեն հայութեան համար լարուած ու տագնապալի 2024 թուականը, կը ներկայացուին տարուան ընթացքին տեղի ունեցած առաւել նշանակալից իրադարձութիւնները` հայութեան ազգային իրաւունքներու պաշտպանութենէն իշխանութիւններու լիարժէք նահանջի պայմաններու լոյսին տակ: Հրապարակագիր Մանուէլ Մկրտչեանի յօդուածին մէջ լուսարձակի տակ կ՛առնուին մեր հասարակական կեանքին իշխող այն մտայնութիւնները, որոնց հետ ալ ուղղակի ու անուղղակի կապի մէջ...

Հայոց Ցեղասպանութեան Ականատեսներու Նամակները Պէտք Է Հրատարակուին Քանի Մը Լեզուներով

Հայոց Ցեղասպանութեան Ականատեսներու Նամակները Պէտք Է Հրատարակուին Քանի Մը Լեզուներով

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Նախորդ ամիս գրած էի յօդուած մը 1890-ականներու համիտեան (օսմանեան) ջարդերէն փրկուած հայերու 8000 նամակներու մասին` ուղղուած կաթողիկոս Խրիմեան Հայրիկին, որոնց մէջ անոնք նկարագրած էին իրենց ողբերգական վիճակը եւ օգնութիւն խնդրած սնունդի ու կացարանի իրենց հիմնական կարիքներուն համար: Այս շաբաթ յայտնաբերեցի չափազանց արժէքաւոր այլ գիրք մը, զոր 1922 թուականին կազմած է Պետրոս Տօնապետեանը` «Ձայն տառապելոց» խորագիրով, եւ որ հայերէնով...

Վկայութիւն.  «Գանձարան», Գանձարանային Հարստութեամբ Եւ Արժեւորութեամբ

Վկայութիւն. «Գանձարան», Գանձարանային Հարստութեամբ Եւ Արժեւորութեամբ

ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ Նոր տարին ունի իր աւանդութիւններն ու սովորութիւնները, բարեպատեհութիւններն ու օրինապահութիւնները, որոնք շունչ ու կեանք կու տան, հինէն նորին անցնելու առիթներուն, կենդանացնելու ու մարմնաւորելու դէպքեր ու դէմքեր, երեւոյթներ եւ իրողութիւններ: Հայ ժողովուրդը իր արմատներով եւ ինքնութեամբ միշտ ալ հաւատարիմ ու հետեւորդ եղած է այն բոլոր զարգացումներուն ու հոլովոյթներուն, որոնք զինք կը պահեն կառչած իր ազգային ու հայրենասիրական, ազգագրական ու...

Հաւատքով Ու Զօրութեամբ

Սուրբ Ծննդեան Երանութիւն

ԳՐԻՇ ԴԱՒԹԵԱՆ Ամանորը ու Սուրբ Ծնունդը Թող պարուրեն մեզ յստակ փայլով, Սիրոյ գրկախառնութեամբ Եւ ուրախութեան կայուն հիմքով. Թող ամէն ժպիտ, ինչպէս մոմերը գիշերուան, Փայլեն ջերմութեամբ եւ ոսկեցոլ լոյս սփռեն: Օջախը մեր հոգու մէջ, թող վառուի պայծառ, Աստղային բարձրութեան իրական երազանքներով. Որովհետեւ խաղաղութիւնն իջնում է այնտեղ, Ու բաբախում են սիրով միացած սրտերը, Եւ ամէն պահը Աստուածային պարգեւով է փառաւորւում: Ամանորի ու...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սուրբ Ծննդեան Արհաւիրք

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Խանութէս տուն զգոյշ կ՛ուղղուիմ, Մայթերուն հետ Մարաշ թաղին, Կը վերյիշեմ պատերազմի Վտանգաւոր օրերն յոռի, Պահուըտելով պատերուն հետ Փամփուշտներու հարուածներէն, Կրակոցներու պայթումներէն Պաշպանուելու սրտակեղեք, Տուն կը մտնեմ: Զիս կ՛ընդունի Մսուրն ու ծառն կաղանդի Գոյնզգոյն խաղացող լոյսերով` Ուրախութիւն, շնորհ սփռելով: Մթնոլորտը կը խանգարէ Հեռատեսիլն երբ կը ցուցնէ Երկար, հսկայ ծառն կաղանդի Բոցերու մէջ հրկէզ կ՛այրի: Համայի մէջ անյայտ ձեռքեր Այս...

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը Հիւրընկալեց  Սուրիոյ Նոր Իշխանութեան Հալէպի Քաղաքական  Եւ Ապահովական Խորհուրդներու Ներկայացուցիչները

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը Հիւրընկալեց Սուրիոյ Նոր Իշխանութեան Հալէպի Քաղաքական Եւ Ապահովական Խորհուրդներու Ներկայացուցիչները

Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, Ազգային երեսփոխանական եւ Կրօնական ժողովներու դիւանները, Ազգային վարչութեան անդամներն ու յարաբերական յանձնախումբի ներկայացուցիչները երկուշաբթի, 30 դեկտեմբեր 2024-ի միջօրէին Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ հիւրընկալեցին Սուրիոյ նոր իշխանութեան Քաղաքական խորհուրդի Հալէպի ղեկավարութեան պատասխանատու Մոհամետ Մսաթաթն ու ապահովական եւ անվտանգութեան գրասենեակի պատասխանատու Լուէյ Սայէտը, որոնց կ՛ընկերակցէր լատին համայնքի առաջնորդ Հանա Ճալլուֆը: Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրիոյ մէջ...

Ս. Ծննդեան Տօնին Ընդառաջ.  Աւանդութեանց Պահպանումը`  Ապագայի Գրաւական

Ս. Ծննդեան Տօնին Ընդառաջ. Աւանդութեանց Պահպանումը` Ապագայի Գրաւական

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ «Այսօր տօն է Սուրբ Ծննդեան, աւետիս Տեառն մերոյ եւ յայտնութեան, աւետիս Այսօր արեւն արդարութեան, աւետիս Երեւեցաւ ի մէջ մարդկան, աւետիս» ՄՈՎՍԷՍ ՔԵՐԹՈՂ «Տաղ Ծննդեան» Կարճ ժամանակ մը մեզ կը բաժնէ տօնական մթնոլորտէն: Կը պատրաստուինք դիմաւորելու աշխարհի Փրկիչին` Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը: Այս տօնը իւրայատուկ է անով, որ ուրախութեան, խաղաղութեան, խոնարհութեան պատգամ տալէ բացի, կը տօնենք...

Page 136 of 1110 1 … 135 136 137 … 1,110

Արխիւներ