ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
Խանութէս տուն զգոյշ կ՛ուղղուիմ,
Մայթերուն հետ Մարաշ թաղին,
Կը վերյիշեմ պատերազմի
Վտանգաւոր օրերն յոռի,
Պահուըտելով պատերուն հետ
Փամփուշտներու հարուածներէն,
Կրակոցներու պայթումներէն
Պաշպանուելու սրտակեղեք,
Տուն կը մտնեմ:
Զիս կ՛ընդունի
Մսուրն ու ծառն կաղանդի
Գոյնզգոյն խաղացող լոյսերով`
Ուրախութիւն, շնորհ սփռելով:
Մթնոլորտը կը խանգարէ
Հեռատեսիլն երբ կը ցուցնէ
Երկար, հսկայ ծառն կաղանդի
Բոցերու մէջ հրկէզ կ՛այրի:
Համայի մէջ անյայտ ձեռքեր
Այս նամակը կը ստորագրեն:
Քրիստոնեաներն հազարներով
Ցոյցեր կ՛ընեն մեծ խաչերով,
Որպէս բողոք այս արարքին`
Սրտաճմլիկ, անբերելի:
Մարգարէներն թէ որ տեսնեն
Չարչարանքներն ժողովուրդին
Որո՞ւ յանցանք պիտի դնեն
Կամ ձեռնածալ պիտի դիտե՞ն:
24 դեկտեմբեր 2024