Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գառնի՛կ, Չենք Կրնար Մոռնալ Քեզ

January 9, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Վերջին լուսանկար- 30 դեկտեմբեր 2020

Մեկնումէդ չորս տարի անցաւ, բայց կարծես երէկ էր, եւ դեռ ոչինչ փոխուած է:

Դեկտեմբեր 31-ի գիշերը` ժամը 11:00-ին, դարձեալ սպասեցի շնորհաւորական հեռաձայնիդ: Սովորութիւնդ էր, նախքան գիծերու խճողուիլը` կանուխ հեռաձայնել:

Ամէն առաւօտ, ժամը 10:30-ի շուրջ, սովորութիւնդ էր հանդիպիլ, սուրճ մը առնել, օրուան աշխատանքներուն կամ անցուդարձերուն մասին խօսիլ ու մեկնիլ` շարունակելու գործդ:

Երեկոները «Սարդարապատ» ակումբին մէջ յաճախակի հանդիպումներով կ՛եզրափակէինք օրը:

Իսկ երբ անհրաժեշտ հարց ըլլար, դարձեալ կը հանդիպէինք կա՛մ քու պաշտած Պուրճ Համուտի Արաքս փողոցի վաճառատանդ մէջ, կա՛մ «Շաղզոյեան» կեդրոնի, կա՛մ «Սարդարապատ» ակումբի: Վաճառատունդ գրասենեակ էր, հանդիպման վայր, ակումբ, ընկերական հաւաքի կամ արտասահմանէն եկած ծանօթներու ժամադրավայր: Գո՞րծդ, սեփական կեա՞նքդ, զաւակնե՞րդ, ընտանի՞քդ, չեմ գիտեր, աւելի ճիշդ` շատ լաւ գիտեմ, թէ ո՛ւր էին քու առօրեայիդ մէջ:

Տունէդ մինչեւ «Շաղզոյեան» սովորական քալուածքով 15 վայրկեան պէտք է տեւէ ընդհանրապէս: Բայց դուն պէտք ունէիր նուազագոյնը 1 ժամի: Պիտի բարեւէիր, բարեւէին քեզի` առեւտրականը, անցորդը, սրճեփը, Ս. Քառասուն Մանուկ եկեղեցւոյ թաղականները, ակումբի տղաքը, պահակները, քաղաքապետարանի պաշտօնեաները… Իւրաքանչիւրին որպիսութիւնը հարցնելէ ետք պիտի լսէիր անոնց խնդիրները, գրպանի փոքր թուղթիդ վրայ, մարգարտեայ ձեռագիրով արձանագրէիր ու գործի լծուէիր:

Պատանեկան միութիւնը, ԼԵՄ-ը, ԶՈՄ-ը, Ազգային առաջնորդարանը, ԼՕԽ-ը, կոմիտէներու հարցերը, թաղականութիւնները, դպրոցները, ՀՄԸՄ-ը, քաղաքապետարանը, Պուրճ Համուտի վաճառականները, շուկայի տղաքը, հայրենակցական միութիւնները, դպրոցականի մը կրթաթոշակը, կարիքաւորներու հարցերը, համայնքներու առօրեան, Համազգայինը (Պուրճ Համուտի մասնաճիւղ թէ այլուր) եւ դեռ այլեւայլ խնդիրներ քու առօրեայ մտահոգութիւններդ էին:

Ու այս բոլորին ընդհանուր խորագիրը Լիբանանի հայութիւնն էր համահայկական շրջագիծի մէջ:

Ներկայ էիր ամէն տեղ` մկրտութիւն, նշանախօսութիւն, պսակադրութիւն, հիւանդանոց, թաղում (եկեղեցի եւ գերեզմանատուն), դպրոցական հանդէսներէն մինչեւ թատրոն, երաժշտական ելոյթներ, տօնակատարութիւններ, խրախճանք, ճաշկերոյթ, ժողովրդային հաւաքներ:

Երբ պատասխանատու դիրքերու վրայ էիր, ճամբորդութիւններովդ ուժ եւ կորով կը ներշնչէիր գաղութային մեր կառոյցներուն: Հայաստանն ու Արցախը քեզ կը զօրացնէին, ու վերադարձիդ վերաթարմացած Գառնիկը նոր ներուժ կը փոխանցէր լիբանանեան իր միջավայրին:

Կուսակցական թէ միութենական ծառայութեան բարձրագոյն դիրքերուն հասար, աստիճան առ աստիճան` պատանեկանէն պահակութիւն, ինքնապաշտպանական կռիւներուն մասնակից, մինչեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէ, Պուրճ Համուտի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ, Լիբանանի թեմի Ազգային վարչութեան փոխատենապետ, Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ, Համահայկական հիմնադրամ, Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի ատենապետ, ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովներու մասնակից:

Իրաւամբ, գործի մարդ էիր: Գլխագիր գործի, առանց տարբերութիւն դնելու մեծ ու փոքր գործի միջեւ: Ու որքա՛ն ճիշդ էիր բառերդ, զորս արտասանեցիր ՀՄԸՄ-ի Ընդհանուր ժողովին ու ըսիր. «Այնքան գործ ունէի կատարելիք, որ ժամանակ չունէի շատախօսութիւններուն եւ բամբասանքներուն պատասխանելու»:

Այս բոլորը ամէն օր կը յիշեմ ու կը յիշեցնեմ:

Տակաւին չհաշտուեցայ, ու վստահ եմ, այլոց նման, թէ դուն չկաս: Ու ամէն օր կը մտածեմ, որ եթէ Գառնիկը ըլլար, մեզի եկած հարց մը արագօրէն ու իր իւրայատուկ ոճով կը լուծէր:

Յիշատակներու տարափին տակ գլխաւորը այն է, որ անզուգական ընկեր էիր: Ընկեր` իր էութանական իմաստով:

Բարի, գեղեցիկ, առաքինի ընկերը մարդուն:

Կարօտցանք վստահաբար:

Եւ չենք կրնար մոռնալ քեզ:

Այսօր որքա՜ն կարիքը ունինք քեզի նման ընկերոջ:

 

 

 

Նախորդը

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ». «Բանավէճի Ծրագրի» Աշակերտները Կ՛այցելեն «Շաղզոյեան» Կեդրոն Եւ Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Թրէյ Եանկի Պազըր Պիթըրը Յաղթեց Եութա Ճեզին

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.