Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լլատրօ»-ն Կ՛արտադրէ «Ղարաբաղեան Նժոյգ» Յախճապակի Արձանիկներ` Ազրպէյճանի Քարոզչութեան Համար

Յունուար 11, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Ցաւօք, այս աշխարհին մէջ կարեւորութիւն կը տրուի միայն դրամին ու ուժին: Միւս բոլոր հարցերը, զորս միամիտ մարդիկ կ՛արժեւորեն, ինչպէս` ճշմարտութիւնը, արդարութիւնը եւ մարդու իրաւունքները, ինքնակործան խաբկանքներ են: Հարուստ ու հզօր անհատներ եւ երկիրներ կրնան ընել գրեթէ ամէն ինչ, որ կ՛ուզեն: Զանոնք կրնան կասեցնել միայն աւելի հզօրները: Թոյլերը հզօր գայլերուն ողորմութեան տակ են:

Այս մտածումները միտքս եկան, երբ ե-նամակ ստացայ Սպանիոյ Վալենսիա քաղաքին մէջ յախճապակի արձանիկներ արտադրող աշխարհահռչակ «Լլատրօ» (Lladro) ընկերութենէն: Շատեր իրենց տուներուն մէջ ունին «Լլատրօ» ընկերութեան արձանիկներու թանկարժէք հաւաքածոներ: Մարդիկ յաճախ զանոնք նուէր կը տանին:

«Լլատրօ»-էն ստացած ե-նամակս ծանուցողական էր` վաճառելու վերջերս անոր արտադրած յախճապակի արձանիկը, որ կը կոչուի «Ղարաբաղեան նժոյգ»: Նժոյգին պատկերին կից նամակին մէջ բացատրուած էր. «Ղարաբաղեան նժոյգը Ազրպէյճանի մշակութային ժառանգութեան եւ անոր աննկուն ոգիին խորհրդանիշն է: Մեր նկարիչները զայն պատկերած են յախճապակիով` ընդգծելու այս իւրայատուկ ցեղատեսակին շքեղութիւնն ու գեղեցկութիւնը: Հետեւելով հնագոյն աւանդութեան` նժոյգը ծածկուած է ղարաբաղեան գորգի յայտնի նախշերով` զարդարուած վառ գոյներով եւ ոսկեգոյն փայլերով: Բացայայտէ՛ք բոլոր մանրամասնութիւնները այս նմուշին, որ տրամադրելի է միայն սահմանափակ քանակութեամբ»:

Վերոնշեալ կարճ պարբերութեան մէջ «Լլատրօ»-ն քանի մը փաստացի սխալներ կատարած է: Նախ` ղարաբաղեան ձին չի կրնար ըլլալ Ազրպէյճանի խորհրդանիշը, քանի որ Ղարաբաղը (Արցախը) պատմական Հայաստանի մէկ մասն է: Իրավիճակը աւելի վատթարացնելով` «Լլատրօ»-ն կեղծաւորութեամբ կ՛աւելցնէ, որ այս ձին Ազրպէյճանի «մշակութային ժառանգութեան եւ անոր աննկուն ոգիին» խորհրդանիշն է: Չկայ Ազրպէյճանի «մշակութային ժառանգութիւն» հասկացողութիւն, քանի որ երկիրը 100 տարեկանէն քիչ մը աւելի է: Ինծի համար անհասկնալի է նաեւ «Լլատրօ»-ին ակնարկը` Ազրպէյճանի «աննկուն ոգի»-ին: Ուրկէ՞ կու գայ այդ «աննկուն ոգին»: Ազրպէյճան իր կարճատեւ պատմութեան ընթացքին զբաղած է` հայ ռազմագերիներու բարբարոսաբար գլխատմամբ, կոտորածներով, ցեղային զտումներով եւ ցեղասպանութիւններով, աւերած է հայկական եկեղեցիներն ու մշակութային յուշարձանները, խեղաթիւրած պատմութիւնը եւ արձանագրած` սեփական քաղաքացիներու մարդու իրաւունքներու զանգուածային խախտումներ, որոնց կարգին` շինծու մեղադրանքներով լրագրողներու եւ քաղաքական այլախոհներու բանտարկութիւն:

Նկատի ունենալով, որ ես շատ քիչ բան գիտեմ ձիերու մասին, համացանցին վրայ փնտռեցի «Ղարաբաղեան ձի»-ուն մասին: Գտայ հետեւեալը. «Ղարաբաղեան ձիերու ցեղատեսակը կը կրէ ազդեցութիւնը պարսկական ձիերու եւ այլ ցեղատեսակներու, ինչպէս` ախալթեքէեան, քապարտական, թուրքմէնական եւ արաբական ձիերը»: Ախալթեքէեան ձին կը ծագի Թուրքմէնստանէն, իսկ քապարտականը` Ռուսիոյ Քապարտա-Պալքարական Հանրապետութենէն: Այդ նախադասութեան մէջ ես չեմ տեսներ որեւէ յղում Ազրպէյճանին:

Այլ ակնյայտ սխալով մը  «Լլատրօ»-ն իր ելեկտրոնային նամակին մէջ բացատրած է, որ «Ղարաբաղեան ձի»` կը նշանակէ «ոսկեայ ձի»` որ սխալ է: «Ղարաբաղ» անունը կազմուած է երկու բառերէ` «ղարա», որ թրքերէնով կը նշանակէ սեւ, եւ «բաղ», որ պարսկերէնով կը նշանակէ այգի: Ուրեմն, Ղարաբաղ կը նշանակէ սեւ այգի:

«Լլատրօ»-ն «Ղարաբաղեան նժոյգ» յախճապակի արձանիկին իւրաքանչիւրը կը վաճառէ 6580 տոլարով: Անիկա  «սահմանափակ քանակութեամբ» արտադրութիւն է, ընդամէնը` 750 օրինակ: Արձանիկը կը կշռէ 9 քկ, անոր չափերն են` բարձրութիւնը` 43 սմ, լայնքը` 51 սմ, իսկ երկարութիւնը` 20 սմ:

«Ղարաբաղեան նժոյգ» արձանիկը ծանուցելու նպատակով «Լլատրօ»-ն շնորհահանդէս  կատարած է Պաքուի Շիրվանշահ պալատի թանգարանին մէջ, ուր Ազրպէյճանի ազգային երաժշտանոցը կենդանի երաժշտական համերգ կազմակերպած էր: Հիւր բանախօսը եղած է Եաշար Կուլուզատեն, որ մեծագոյն թիւով ղարաբաղեան իսկական ձիերու տէրն է:

Ղարաբաղը իբրեւ Ազրպէյճանի մաս ներկայացնելու եւ ղարաբաղեան ձիուն ամբողջ աշխարհին մէջ տարածման նպաստելու համար նախագահ Ալիեւը 2022 թուականին Անգլիոյ թագուհի Էլիզապէթ Բ.-ին նուիրած է ղարաբաղեան ձի եւ ձիավարժութեան թեմայով երկու քանդակ: Ասիկա արդէն երկրորդ անգամն է, որ թագուհին ղարաբաղեան նժոյգ կը ստանայ Ազրպէյճանէն: Առաջինը եղած է 1956 թուականին:

Նկատի ունենալով, որ «Լլատրօ»-ի ղեկավարները հետաքրքրուած են միայն շահով, ապա հայերը եւ անոնց աջակիցները պէտք է հակազդեն ղարաբաղեան նժոյգի օգտագործման` իբրեւ ազրպէյճանական քարոզչութեան գործիք` պոյքոթի ենթարկելով «Լլատրօ»-ի բոլոր ապրանքներու գնումը: Բողոքները պէտք է ուղարկուին «Լլատրօ»-ի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Աննա Ռոտրիկես Նոկէյրասին, որուն ե-նամակի հասցէն է` agonzalez@es.lladro.com:

Չեմ գիտեր` գործարարական ի՛նչ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են Ազրպէյճանի ղեկավարներուն եւ «Լլատրօ»-ին միջեւ: Ո՞վ քանի՛ տոկոս պիտի ստանայ վաճառքէն, եւ ո՞վ անձամբ պիտի օգտուի ստացուած եկամուտէն:

Զարմանալի է, որ «Ղարաբաղեան նժոյգ» արձանիկները տակաւին սպառած չեն, քանի որ անոնք հրապարակ իջած են քանի մը ամիս առաջ: Նկատի ունենալով, որ Ազրպէյճանի ղեկավարները շքեղ նուէրներ կ՛ընծայեն Ազրպէյճան այցելող օտար բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, ինչո՞ւ չեն գնած «Ղարաբաղեան նժոյգ» յախճապակի բոլոր 750 օրինակները եւ զանոնք չեն տուած իբրեւ յուշանուէրներ: Համոզուած եմ, որ նախագահ Ալիեւը, որ միլիառատէր է, կրնայ դիւրութեամբ արտօնել ինքնիրեն գնելու բոլոր 750 օրինակները` իւրաքանչիւրը 6580 տոլարով` 4,9 միլիոն տոլար ընդհանուր արժողութեամբ:

http://www.TheCaliforniaCourier.com

Նախորդը

Ո՞վ Հնարած Է «Փըլիւշ» Արջուկը

Յաջորդը

Փասատենայի Սահակ-Մեսրոպ Դպրոցը` Հրոյ Ճարակ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?