Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միտքի Խթանումի Նոր Առիթ

Յունուար 10, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՂԻԿ Գ. Խ.

Անհատի մը արդիւնաւէտ դաստիարակութեան եւ հաւաքականութեան մը առողջ կազմաւորման նախապայմանը մտքի կրթութիւնն ու մշակումն է: Ճիշդ է, որ մարդու ամբողջական կազմութիւնն ու ընկերային միջավայրի մը պիտանի գոյութիւնը նաեւ կը ներառեն այլ բնագաւառներ, սակայն իմացական մարզը այս ծիրէն ներս ունի յառաջատար կարեւորութիւն եւ կը գրաւէ առաջնահերթ դիրք:

Մարդկային միտքի բովանդակ պարունակութիւնը ամբողջականօրէն կարելի չէ սահմանել: Սակայն գիտական ուսումնասիրութիւնները անոր կը վերագրեն անգերազանցօրէն կարեւոր եւ մարդ արարածի իւրայատկութիւնը բնորոշող մեծաթիւ ու բազմապիսի կարողականութիւններ եւ գործընթացներ: Այսպէս, մեր միտքի բաղադրիչ մասերուն մէջ հաստատուած են ու հոն կը զարգանան մեր իմացական յատկանիշները` մտածում, բանականութիւն, տրամաբանութիւն, ըմբռնում, միտում, յիշողութիւն, ուշադրութիւն, լեզու սորվելու ունակութիւն եւ գիտակցութիւն. նաեւ մեր զգացական աշխարհի տարրերը` դրդում, զգացում ու յոյզ եւ անոնց կարգաւորումը, ներքին ընկալումներ եւ անոնց դրսեւորումները:  Աւելի՛ն, մեր վարուելակերպի ընտրութիւններն ու անոնց արտայայտութիւնները, կամքի գործադրութիւնը, որոշումներ կայացնելը, ինքնազսպումը. վերջապէս` մեր ընկերային հասկացողութիւնը եւ ըստ անոր մեր որդեգրած վերաբերումները, ընկերական կապերն ու կապուածութիւնը, ընկերային բնազդի ճիշդ դրսեւորումը եւ անհատականին ու հաւաքականին միատեղ ու զիրար լրացնող համակեցութիւնը:

Այս բոլորին փնջուած ներկայութիւնը կը սահմանէ, բայց նաեւ կ՛երաշխաւորէ մարդու ուրոյն գոյութիւնն ու այդ գոյութեան իմաստաւորումը:

Միտքի կազմաւորման մէջ պաշտօնական կրթութիւնը, անհատական զարգացման ճիգերը, ընթերցումն ու մտաւորական աշխատանքները մեծ դեր ունին: Սակայն միտքի մարզումին մէջ նոյնքան եւ աւելի որոշիչ դերակատարութիւն ունին` ընկերութեան եւ միջավայրին առողջ վիճակը, դրական տիպարները, հաւասար առիթներու ստեղծումն ու ընծայումը: Հոն է, որ միտքը կը մշակուի` հաւաքական արժեհամակարգի յստակ եւ գործնական դաստիարակութեամբ, բարոյական չափանիշներու անշեղ գործադրութեամբ, ազատ քննարկումներով, մամուլի եւ արհեստագիտութեան ընդմէջէն ներկայացուած ոչ մոլորեցուցիչ պատկերով: Այս պատեհութիւններու մտադրուած եւ ծրագրուած ընձեռումը պատճառ կը դառնայ, որ միտքի կառոյցը ունենայ ստեղծագործ, քննական, դրական եւ շրջահայեաց դրուածք, որուն շնորհիւ անիկա կը դրսեւորէ բարերար եւ փրկարար դեր` տարբեր պայմաններու եւ անձուկ կացութիւններու մէջ մանաւանդ: Իսկ երբ միտքը շեղումներ արձանագրէ, անբնական թեքումներ ունենայ, ինքզինք անիմաստօրէն կրկնէ, թոյն եւ նենգութիւն արտադրէ եւ չար սեւեռումներով կլանուի, անիկա կը դառնայ կործանարար թէ՛ անձին եւ թէ՛ շրջապատին համար:

Այս բոլորին տրամաբանական հետեւողութեամբ, անհատներու եւ հաւաքականութեան յառաջդիմութեան համար պէտք է վերատեսութեան ենթարկել այս ծիրէն ներս պարզուած ընդհանուր գոյավիճակը եւ վերստին ձեռնարկել այնպիսի ծրագիրներու, որոնք մտքի կրթութեան եւ զարգացման կը նպաստեն ու կը խթանեն անոր արթնութիւնը: Երբ միտքը արթուն է, կը պակսին շեղումները, կ՛իշխեն արժէքն ու արժէքաւորը: Երբ միտքը կը գործէ գերադաս կարգավիճակով, անհատը կ՛ունենայ ազնիւ եւ հաւասարակշռուած վարուելակերպ ու դատողութիւն, իսկ հաւաքականութիւնը կը դառնայ գիտակից, կը պահպանէ ազգային գիծերը, հեռու կը մնայ անիմաստ բաժանումներէ եւ ապազգային մօտեցումներէ: Երբ միտքը մշակուած է, անիկա կը դառնայ միջոց` պայքարելու անարդարութեան, անողոքութեան, բռնադատումի, չարիքի եւ յոռի երեւոյթներու դէմ: Երբ միտքը կը լիանայ հոգեկան եւ հոգեւոր անդորրութեամբ, անիկա կը դառնայ արդիւնաւէտ ու կը մերժէ` փոքրոգութիւնը, ցուցամոլութիւնը, մեծամտութիւնը, անհանդուրժողութիւնը, մակերեսայնութիւնն ու այլամերժումը: Կը գիտակցի իր թերութիւններուն ու առաւելութիւններուն եւ ըստ այնմ համեստօրէն կը գործէ, բարութեամբ կ՛արարէ, արդար ձեւով կը կազմակերպէ ու կը նպաստէ ազնիւ աշխատանքի տարածումին: Եւ այս ձեւով միտքը կը դառնայ այն կռուանը, որուն վրայ կու գան հաստատուելու հաւասարակշռուած անհատը եւ քաղաքակիրթ ու ամրօրէն կայացած ընկերութիւնը: Լեւոն Շանթ պիտի ըսէր` կը հասնինք ես-ի անկախութեան եւ ժողովուրդի ուրոյնացման:

Ընկալուած կարգով, նոր տարուան սկիզբը` որքան ալ  արհեստականօրէն որոշուած եւ ձեւականօրէն մեկնարկուած, բոլորին համար առիթ կը հանդիսանայ բարեմաղթութիւններ բաշխելու եւ նոր ընթացքի մասին մտածելու: Ուրեմն թող 2025-ը ամէն բանէ առաջ ըլլայ մտքի խթանումի առիթ, որպէսզի անհատական իրագործումները եւ հաւաքական հպարտութիւնը չկորսուին:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Է Զայրոյթ Հրահրող Բովանդակութիւնը Եւ Ինչո՞ւ Այդ Շահաբեր Է

Յաջորդը

«Գանձասար»-ի Խմբագրական. Սուրիոյ Նոր Իրավիճակին Ընդառաջ

RelatedPosts

Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Փոխան Գրախօսականի.  «Ծաղկած Ցաւ» Քերթողագիրք Հեղինակ` Կամիլա Քէշիշեան
Անդրադարձ

Փոխան Գրախօսականի. «Ծաղկած Ցաւ» Քերթողագիրք Հեղինակ` Կամիլա Քէշիշեան

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?