Ողբ Հայաստանի
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ 22 նոյեմբեր 2024-ին Նիկոլ Փաշինեան երկարատեւ հարցազրոյց մը տուաւ Հ1 հեռատեսիլային կայանին, նպատակ ունենալով ներկայացնել օրուան հրատապ խնդիրներուն մասին իր պատկերացումները: Ընթացիկ գործառոյթներու ու որոշումներու պարզաբանման, աւելի ճիշդ` հիմնաւորման կողքին, Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ Հայաստանի անվտանգութեան առնչուած` իր նախասիրած հարցերուն, հարցերու գլխաւորին, «խաղաղութեան պայմանագիրին», զոր կ՛ուզէ կնքել Ազրպէյճանի հետ: Խաղաղութեան պայմանագիրը կարելի դարձնելու համար, արդէն շատոնց Ն. Փաշինեան համաձայնած...



















