Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գանձասար»-ի Խմբագրական. Սուրիոյ Նոր Իրավիճակին Ընդառաջ

Յունուար 10, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

2025-ին Սուրիան կը ներկայանայ նոր պատկերով: Արտաքին թէ ներքին ազդակներու ներգործութեամբ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցաւ աւելի քան վաթսուն տարուան կեանք ունեցող վարչակարգի տապալում, իսկ նոր իշխանութիւնները կը ջանան երկիրը բարելաւման առաջնորդել` վերջ տալու փտածութեան, անարդարութեան եւ ժողովուրդի բազմատեսակ զրկանքներուն:

Սուրիոյ վերջին զարգացումները որքան ալ անորոշութեամբ յղի ու ենթակայ ըլլան տարածաշրջանային թէ համաշխարհային ազդեցութեան գօտիներու մրցապայքարին, ներքին կայունութիւնն ու ժողովուրդի միասնականութիւնը գլխաւոր երաշխիքը կրնան հանդիսանալ Սուրիոյ ո՛չ միայն վերականգնումի, բարգաւաճումի, այլեւ ժողովրդավարացման հեռանկարներու քայլ առ քայլ իրականացման:

Այս իմաստով կարեւոր է սուրիական ընկերութեան բոլոր բաղադրիչներուն մասնակցութինը պետութեան ամրապնդման ու ներքին ապահովութեան եւ համերաշխութեան պահպանման ձգտող ծրագիրներուն:

Հայեր` որպէս Սուրիոյ լիիրաւ քաղաքացիներ, պատմութեան տարբեր փուլերուն նշանակելի ներդրում ունեցած են Սուրիոյ տնտեսական, արդիւնաբերական, առողջապահական, մշակութային եւ այլ մարզերու զարգացման մէջ:

Պատմութեան էջերը հարուստ են վկայութիւններով եւ օրինակներով: Սուրիոյ ժողովուրդի տարբեր շերտերը եւս հայութեան հետ սերտ յարաբերութիւններ ունեցած են պատմութեան տարբեր փուլերուն:

Սուրիոյ ժողովուրդը ընտրեց ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան ուղին, պայքարեցաւ իր արեան գնով փտածութեան ու անարդարութեան դէմ ու այսօր կը ջանայ վերակառուցել Սուրիան` ջանալով աւելի ազատ ու ժողովրդավար դիմագիծ մը տալ անոր:

Այս գործընթացը, սակայն, բաւական բարդ է ու երկար ժամանակի կը կարօտի, որովհետեւ սուրիական հարցը կնճռոտ է ու հանգուցային: Սուրիական ընկերութեան կայունութեան, սահմանադրութեան վերամշակման ու օրէնքներու վերահաստատման անհրաժեշտութիւնը մեծ պատասխանատուութիւն կը դնէ երկրի նոր իշխանութիւններուն վրայ:

Հայութիւնը եւս ունի պարտաւորութիւն եւ իրաւունք` մասնակցելու փոխանցման այս փուլին տարուող աշխատանքներուն: Վախի եւ անորոշութեան մօտեցումները մէկ կողմ ձգած` կարեւոր կը համարենք մասնակից դառնալ ու մեր ներդրումը բերել Սուրիոյ պետութեան ամրապնդման ու ժողովուրդի բարօրութեան նպաստող աշխատանքներուն, միեւնոյն ատեն` պահպանուած տեսնել քաղաքացիական մեր իրաւունքները:

Այս իմաստով ողջունելի են նոր իշխանութիւններուն ծանօթացման եւ պատկերի յստակացման նպաստող հանդիպումները համայնքի պատասխանատուներուն կամ հոգեւոր պետերուն հետ, որոնց ընթացքին աշխատանքի ուրուագիծներ կրնան յառաջանալ, հետեւաբար համայնքը իր դերն ու ներդրումը վերարժեւորելու եւ վերակենսաւորելու խնդիր ունի պարզուած նոր իրավիճակին ընդառաջ:

Պէտք չէ դանդաղիլ կամ կրաւորական մօտեցում ցուցաբերել` զգուշաւոր լաւատեսութիւնը պահելով մէկտեղ:

Նոր իրավիճակին համապատասխան ծրագիրներ մշակելու, քաղաքական սրընթաց զարգացումները ճիշդ գնահատելու, միասնակամ աշխատելու եւ համապատասխան կշռոյթով գործելու հրամայականին առջեւ ենք այսօր:

Նախորդը

Միտքի Խթանումի Նոր Առիթ

Յաջորդը

Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով. Առաջնորդական Ս. Պատարագ Եւ Շնորհաւորական Ընդունելութիւններ

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?