Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2024-ի 12-րդ Թիւը

January 6, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հրապարակուեցաւ ՀՅԴ-ի պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2024-ի վերջին թիւը, ուր քաղաքական բնոյթի յօդուածները կ՛ամփոփեն հայութեան համար լարուած ու տագնապալի 2024 թուականը, կը ներկայացուին տարուան ընթացքին տեղի ունեցած առաւել նշանակալից իրադարձութիւնները` հայութեան ազգային իրաւունքներու պաշտպանութենէն իշխանութիւններու լիարժէք նահանջի պայմաններու լոյսին տակ:

Հրապարակագիր Մանուէլ Մկրտչեանի յօդուածին մէջ լուսարձակի տակ կ՛առնուին մեր հասարակական կեանքին իշխող այն մտայնութիւնները, որոնց հետ ալ ուղղակի ու անուղղակի կապի մէջ է ներքաղաքական իրականութիւնը: Տարեվերջեան այս թիւին մէջ բնապահպանութեան ոլորտի մասնագէտ-լրագրող Արմէն Վարդանեան լրագրական յօդուածի սահմաններուն մէջ կը ներկայացնէ Հայաստանի բնապահպանական տագնապալի վիճակը, որուն վրայ անտարբերութենէն ու անձեռնհասութենէն աւելի կործանարար ազդեցութիւն կը գործէ ոլորտին մէջ արմատացած համատարած փտածութեան երեւոյթը:

«Պատմութեան լուսարձակ» խորագիրով կը շարունակեն իրենց ուշագրաւ յօդուածաշարերը բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Հայկազուն Ալվրցեանը եւ պատմական գիտութիւններու դոկտոր Խաչատուր Ստեփանեանը: Հեղինակներէն առաջինին ուշագրաւ յօդուածին երկրորդ մասը շարունակութիւնն է քիչ ուսումնասիրուած եւ հանրութեան քիչ ներկայացուած Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն համշէնահայութեան հերոսական ինքնապաշտպանութեան: Այս յօդուածաշարը պիտի ունենայ նաեւ շարունակութիւն:

«Դրօշակ»-ի այս տարուան 10-րդ թիւին մէջ ներկայացուած է պատմաբան Խաչատուր Ստեփանեանի յօդուածը` նախորդ դարավերջէն մինչեւ 1924 թուական Պուլկարիոյ մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գործունէութեան վերաբերեալ: Այս թիւով հեղինակը կը ներկայացնէ նոյն բարդ ու յագեցած ժամանակաշրջանին Դաշնակցութեան կատարած գործունէութիւնը Յունաստանի մէջ:

2024 թուականը հարուստ էր մեր ազգի մեծերու յոբելեաններով:

Անոնց շարքին էր նաեւ շարժապատկերի աշխարհահռչակ բեմադրիչ Սերգէյ Փարաջանովի 100-րդ տարեդարձը:

«Դրօշակ»-ը փորձած է տարուան ամփոփիչ այս թիւին մէջ ամսագիրի կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ պատշաճ կերպով արժեւորել այս յիշարժան յոբելեանը: Նշանաւոր բեմադրիչին մասին ներկայացուող վերլուծական եւ այլ բնոյթի նիւթերը ուշագրաւ են մասնաւորապէս բազմաթիւ փաստերով ու մանրամասնութիւններով, որոնց ծանօթանալը հետաքրքրական պիտի ըլլայ ոչ միայն շարժապատկերի արուեստի սիրահարներուն, այլ նաեւ` ազգային մշակոյթի նկատմամբ նախանձախնդիր մարդոց համար:

«Դրօշակ»-ի դեկտեմբերեան թիւին մէջ կան նաեւ այլ հետաքրքրական յօդուածներ:

Այս թիւը ընթերցելու համար կրնաք այցելել https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2024/12/%D4%B4%D6%80%D6%85%D5%B7%D5%A1%D5%AF-%D5%A9%D5%AB%D5%BE-12-2024-%D5%A9.pdf

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Ականատեսներու Նամակները Պէտք Է Հրատարակուին Քանի Մը Լեզուներով

Յաջորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Ամուր Հաւատով Եւ Յանձնառութեամբ Մուտք Գործենք 2025 Թուական

RelatedPosts

Յիշելով Արշակ Ֆեթվաճեանը
Անդրադարձ

Յիշելով Արշակ Ֆեթվաճեանը

October 3, 2026
Քաղաքացիութեան Դպրոց (School Of Citizenship)
Անդրադարձ

Քաղաքացիութեան Դպրոց (School Of Citizenship)

October 3, 2026
Ուսանողութիւնը Եւ Մենք
Անդրադարձ

Սլաք. Ըսեմ-Չըսեմ

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.