Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վկայութիւն. «Գանձարան», Գանձարանային Հարստութեամբ Եւ Արժեւորութեամբ

January 6, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Նոր տարին ունի իր աւանդութիւններն ու սովորութիւնները, բարեպատեհութիւններն ու օրինապահութիւնները, որոնք շունչ ու կեանք կու տան, հինէն նորին անցնելու առիթներուն, կենդանացնելու ու մարմնաւորելու դէպքեր ու դէմքեր, երեւոյթներ եւ իրողութիւններ:

Հայ ժողովուրդը իր արմատներով եւ ինքնութեամբ միշտ ալ հաւատարիմ ու հետեւորդ եղած է այն բոլոր զարգացումներուն ու հոլովոյթներուն, որոնք զինք կը պահեն կառչած իր ազգային ու հայրենասիրական, ազգագրական ու պատմական եղելոյթներուն` զանոնք համարելով անփոխարինելի եւ անկորնչելի գրաւականներէն` իր գոյութեան ու յարատեւութեան երթին:

Ահաւասիկ, հինէն նորին անցումի պարագային, ի թիւս բազմաթիւ նորարարութիւններու եւ ներդրումներու, յատկանշական օրինակ մըն է, երբ տարբեր կազմակերպութիւններ, միութիւններ ու հոսանքներ, համայնքային, հայրենակցական, կուսակցական թէ մշակութային մարզերով, նախանձախնդիր են հանդէս գալու բազմագոյն ու բազմատեսակ վկայագրութիւններով եւ արտայայտչագործութիւններով, որոնք բոլորն ալ կը բուրեն հայկականութիւն եւ ազգագրութիւն, իրենց զանազան երանգներով ու տարրերով, նիւթերով եւ տեսիլքներով:

Նման ուրախառիթ ու հպարտացնող պատկեր կը ներկայացնեն Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան այս տարուան Ամանօրեայ առիթով հրատարակած ուշագրաւ ու շահեկան, ուսանելի ու տպաւորիչ հրատարակութիւնները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը պատրաստուած է յատուկ բովանդակութեամբ եւ այժմէականութեամբ, գրաւչութեամբ ու գունագեղութեամբ:

Այդ ճոխ թղթածրարին մէջ վստահաբար ամէնէն յատկանշական ու նորարարականն էր իր տեսակին մէջ ինքնայատուկ եւ ինքնատիպ հրատարակութիւն մը, որ խորագրուած է հետեւեալ բազմաիմաստութեամբ` «Գանձարան» – 2025:

Ասիկա ոչ միայն նոթագրական կամ օրագրական տարբերակ մըն էր, այլ նաեւ կը նկատուի ու կը բնութագրուի իբրեւ փոքր ու համեստ «հանրագիտակ»-ութիւն մը, որ իր տեսակին մէջ եզակի էր ու դաստիարակչական միանգամա՛յն, քանի որ անիկա համալրուած է հայ մշակոյթի, գրականութեան ու հեղինակութիւններու ամբողջ տաղանդաւորներու հոյլով մը` ձեւով մը յիշեցնելով հայ դասագիրքերէն քաղուած նմուշի մը կրկնօրինակը:

Այս հատորին մէջ կայ ուրիշ բարենշային բաժին մը, ուր հայ ժողովուրդի բազմատաղանդներու ամեակներէն նշուած են (ծննդեան ու մահուան թուականներով), որոնք յուշել կու տան զանոնք վերյիշելու, մեծարելու ու պատուելու ազգաշունչ ու գրականաշունչ պահերը եւ ոգեշունչ տրամադրութիւնները:

Անտարակո՛յս այս գեղատիպ ու հայրենաբուխ «Գանձարան»-ը իրապէս կրնայ կոչուիլ գանձարանային ու գանձաշէնային, որովհետեւ անոր մէջ կը դեգերին մեր մեծատաղանդները իրենց գրական ստեղծագործական, մշակութական, ազգագրական ու ժողովրդական կտակներով ու ժառանգներով:

Համազգայինը, ինչպէս նաեւ այլ կազմակերպութիւններ, իրենց նմանատիպ հրատարակութիւններով մեծապէս կը նպաստեն գաղութային ու համայնքային մեր իրականութեան, իւրաքանչիւրը իր կարողութիւններով ու տեսիլքներով, դրոշմներով, բայց գերազանցապէս, բոլորն ալ ազգային մղումներով ու հայեացքներով:

Այս առիթով գնահատանքի արժանի է  Համազգայինը, իր ուղեկից մարմիններով (հրատարակչական, տպագրական եւ արհեստագիտական), որոնք գեղեցիկ, տպաւորապաշտ, զմայլախինդ, հաղորդական ու լիաբուռն ճառագայթումներով նման հոգեպարար զգացումներ կը պարգեւեն անկնդիրներուն:

Շնորհաւորութեան եւ շնորհակալութեան արտայայտութիւնները կ՛երթան յատկապէս Համազգայինի հրատարակչատան տնօրէնութեան եւ անձնակազմին, որոնք ինչպէս միշտ, այս առիթով եւս կրցան հարստացնել բոլորին հոգեկան ներուժը ու բոլորն ալ ներշնչել նորանոր պայծառ հեռանկարներու ուղիով:

Պէյրութ

Նախորդը

Սուրբ Ծննդեան Երանութիւն

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Ականատեսներու Նամակները Պէտք Է Հրատարակուին Քանի Մը Լեզուներով

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.