Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկու Տեսակ Աղքատութիւն

Փետրուար 24, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Աւետարան ըստ Ղուկասու 16-րդ գլխուն 19-31 համարներուն մէջ կը կարդանք Յիսուսի պատմած «Մեծահարուստին եւ աղքատ Ղազարոսին առակը», ուր նկարագրուած հարուստ մարդը կեանքը ապրեցաւ եւ վայելեց փարթամ ու շքեղ մթնոլորտի մէջ, իսկ Ղազարոս ապրեցաւ աղքատ, անօթի եւ հիւանդկախ կեանք մը:

Ժամանակ մը յետոյ երկուքն ալ մեռան: Առակը կը պատմէ, որ աղքատիկ Ղազարոսը երբ մեռաւ, «հրեշտակները զինք Աբրահամի գոգը տարին»: Իսկ հարուստ մարդը իր աչքերը դժոխքի մէջ բացաւ: Ան դժոխքէն երկու խնդրանք ըրաւ. առաջին, որ հայր Աբրահամ Ղազարոսը դժոխք ղրկէ, «որպէսզի մատին ծայրը ջուրին թաթխէ եւ զովացնէ իր լեզուն»: Խնդրանքը մերժուեցաւ, քանի որ անկարելի էր: Աբրահամ ըսաւ մեծահարուստին. «Գիտցի՛ր, որ մեծ անդունդ մը կայ մեր եւ ձեր միջեւ: Եթէ ուզեն այստեղէն ձեր մօտ անցնիլ, չեն կրնար»:

Երկրորդ խնդրանքը այն էր, որ հայր Աբրահամ Ղազարոսը աշխարհ ղրկէր իր հինգ եղբայրները զգուշացնելու, որպէսզի անոնք ալ իր բախտին չարժանանային: Այդ խնդրանքն ալ մերժուեցաւ, քանի որ անգործնական առաջարկ մըն էր: Աբրահամ ըսաւ անոր. «Անոնք Մովսէսի օրէնքն ու մարգարէները ունին, թող անոր պատուիրանները գործադրեն… եթէ անոնց մտիկ չեն ըներ, մեռելներէն յարութիւն առնող մըն ալ պիտի չկարենայ համոզել զիրենք»:

Յիսուսի առակը երկու տեսակ աղքատութիւն եւ երկու տեսակ աղքատներ կը նկարագրէ: Մէկը նիւթական աղքատութիւնն է, միւսը` հոգեւոր: Ղազարոս աղքատ էր նիւթապէս, մեծահարուստը` բարոյապէս եւ հոգեպէս: Ղազարոսի աղքատութիւնը տեսանելի էր: Մեծահարուստինը` անտեսանելի, բայց` շատ աւելի ահաւոր:

Նիւթական աղքատութիւնը արտաքնապէս նշմարելի է, իսկ հոգեւոր աղքատութիւնը բացայայտ չէ: Հոգեւոր աղքատութիւնը  քողարկուած է արտաքին շլացուցիչ պերճանքներով: Առակին մէջ յիշուած հարուստը «բեհեզ եւ ծիրանի հագուստներ կը հագուէր եւ ամէն օր փառաւոր խնճոյք կ՛ընէր»: Արտաքնապէս ան հարուստ էր. բայց ներքնապէս` աղքատ: Իր հարստութիւնը պատրանք եւ ցնորք էր` ծածկելու իր ներքին սնանկութիւնը:

Մեծահարուստ մարդուն աղքատութիւնը հոգեկան ներքին աղքատութիւն մըն էր, որ աղերս ունէր իր նկարագիրին հետ: Այդ տեսակի աղքատութիւնը սերտօրէն կապ ունի անտարբերութեան եւ զանցառութեան մեղքին հետ: Այդ տեսակ աղքատութիւնը հոգեւոր կուրութիւն է, որուն ենթարկուած անձը երբեք չի տեսներ իր շրջապատի կարիքներն ու պէտքերը, ցաւն ու տառապանքը: Ջայլամի նման իր գլուխը գետնին մէջ խրած` ան կ՛անտեսէ իր ապրած միջավայրի մէջ ամէն տեսակի մարդկային կարիքները եւ կ՛ապրի միայն ու միայն իր անձին համար: Կամ եթէ նոյնիսկ տեսնէ իր շրջապատին ճնշող պէտքերը, իր սրտին վրայ քար դրած` պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը չունի օգնութեան ձեռք կարկառելու: Այդ տեսակ աղքատութիւնը անձնակեդրոն, անկարեկից եւ եսամոլ մարդու հիւանդութիւնն է: Այո՛, երկու տեսակ աղքատութիւն կայ: Շատեր զգուշ են նիւթական աղքատութեան մատնուելու: Արդեօք որքա՞ն զգուշ են հոգեւոր աղքատութեան զոհ չդառնալու:

Անշուշտ ցաւալի բան է նիւթապէս աղքատ կեանք ապրիլ, սակայն շատ աւելի ցաւալի է հոգեւոր աղքատութիւնը:

 

 

Նախորդը

«Թղթեայ Որբուկը»

Յաջորդը

Թէկուզ Տկար

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?