Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Տօն Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից

February 25, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հայ ժողովուրդին նկատմամբ պարսից կրօնափոխութեան ու ձուլման քաղաքականութեան դէմ մղուած սրբազան պատերազմին իսկական կազմակերպիչը եւ կրօնական դիմադրութեան առաջնորդը եղաւ Սուրբ Ղեւոնդ Երէց Վանանդեցի:

Ղեւոնդ Երէց Վանանդի Իջաւանք գիւղէն էր: Ան Սահակ Պարթեւ հայրապետի եւ Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետի առաջին աշակերտներէն էր եւ թարգմանչաց սերունդէն:

Ղեւոնդ Երէց մասնակցած էր Շահապիւանի 444-ի եկեղեցական ժողովին, ուր մշակուեցան եւ վերահաստատուեցան Հայ եկեղեցւոյ ներքին կարգ ու կանոնի եւ բարոյական չափանիշներու վերաբերեալ կանոններ:

Պարսից Յազկերտ Բ. արքայից արքայ երբ հայոց մեծամեծներուն հրովարտակ ուղարկեց պահանջելով ուրանալ քրիստոնէութիւնը եւ զրադաշտական դառնալ, Արտաշատի մէջ Յովսէփ Ա. Հողոցմեցի կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ ժողով գումարուեցաւ: Ժողովին մասնակից էր նաեւ Ղեւոնդ Երէց: Ժողովը կտրականապէս մերժեց արքայից արքային պահանջը:

Յազկերտի հրամանով նախարարները Տիզբոն կանչուեցան, ուր անոնց պարտադրուեցաւ զրադաշտական դառնալ: Նախարարները ստիպուած երեսանց ուրացան իրենց հաւատքը, որմէ ետք մոգերով եւ զօրքերով Հայաստան ճամբու դրուեցան, որպէսզի երթան եկեղեցիները քանդեն, ատրուշաններ կանգնեն եւ Նաւասարդէ Նաւասարդ, մէկ տարուան ընթացքին հայերը զրադաշտական դարձնեն:

Հայաստան հասնելէն քսանհինգ օր ետք, կիրակի օր մը մոգերը մոգպետին գլխաւորութեամբ զօրքերով հաւաքուեցան, որպէսզի Անգղ գիւղի եկեղեցին քանդեն:

Ղեւոնդ Երէց, որ հաւանաբար պատարագիչն էր ադ օր, իր ուխտակիցներուն հետ պատրաստ սպասեց: Մոգերը փորձեցին եկեղեցական արարողութիւնը խափանել եւ եկեղեցին քանդել: Ղեւոնդ Երէց ժողովուրդին գլուխը անցած յարձակեցաւ մոգերուն եւ պարսից զօրքին վրայ: Դագանակներով եւ քարերով ժողովուրդը սկսաւ մոգերուն գլուխները ջարդել: Մոգպետն ու մոգերը փախուստ տուին դէպի իրենց կացարանները: Իսկ եկեղեցւոյ մէջ աստուածային պաշտամունքը շարունակուեցաւ մինչեւ երեկոյ:

Մոգպետը մարզպան Վասակ Սիւնիի մօտ գնաց եւ ըսաւ որ նամակ պիտի գրէ արքայից արքային եւ պիտի խնդրէ հրաժարիլ հայերու կրօնափոխութեան պահանջէն, որովհետեւ անոնք եթէ քարերով ու դագանակներով այսպէս կը կռուին, հապա եթէ անոնց զինուորները գան: Վասակ Սիւնի հանդարտեցուց զայն:

Յաջորդ տարի, 451-ի գարնան Յազկերտ Բ. հսկայ բանակ մը Մուշկան Նիւսալաւուրտի հրամանատարութեամբ Հայաստան ուղարկեց:

Հայոց զօրքերը եւ շինական բազմութիւնները հաւաքուեցան, դիմագրաւելու համար թիւով եւ սպառազինութեամբ գերազանց պարսից բանակը:

Ղեւոնդ Երէց ոգեշնչեց հայոց զօրքը` արիաբար մարտնչելու հաւատքի թշնամիներուն դէմ եւ աներկիւղ կերպով իրենց անձերը զոհելու վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց:

Աւարայրի ճակատամարտին Ղեւոնդ Երէց խաչն ու սուրը ձեռքին մասնակցեցաւ առաջին գիծերուն վրայ:

Աւարայրի ճակատամարտէն ետք պարսիկներ ձերբակալեցին Յովսէփ կաթողիկոսը, Ղեւոնդ Երէցը եւ այլ հոգեւորականներ եւ Պարսկաստան տարին: Նիւշապուհ բերդին մէջ անոնք անասելի չարչարանքներու ենթարկուեցան, որպէսզի ուրանան Քրիստոսը: Տեսնելով անոնց անյողդողդ հաւատքը եւ վճռական մերժում ստանալով` դահիճը սուրը ձեռքին մօտեցաւ, զանոնք մէկ անգամէն սպաննելու: Այդ պահուն Ղեւոնդ Երէց Յովսէփ կաթողիկոսէն խնդրեց առաջինը մօտենալ սուրին, որովհետեւ աստիճանով բարձր է բոլորէն: Ինչպէս սրբազան շարականագիրը կ՛ըսէ, Ղեւոնդ Երէց գիտութեան լոյսը ծաւալեց նահատակուողներու հոգիներուն մէջ, որոնք կամաւոր յօժարութեամբ, Փրկչին սիրով նահատակուեցան:

 

 

Նախորդը

Յունահայ Համայնքի Ներկայացուցիչները՝ «Ազդակ»-ի Խմբագրատան Մէջ

Յաջորդը

Հայաստանը Կը Ծփայ Դէպի Միացեալ Նահանգներ Եւ ՕԹԱՆ Արդեօք Պատճառ Պիտի Դառնա՞յ Ամբողջ Հարաւային Կովկասի Ապակայունացման

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.