Այսօր որքա՜ն կարիքն ունինք բոցաշունչ ու քաջալերական խօսքեր արտասանող, խօսքերը կեանքի կոչող ու նուիրեալ ղեւոնդեան հայրերու, որոնք մեր տագնապալի պայմաններուն մէջ հաւաքականութեան դերն ու ներդրումը թերագնահատելու, նահանջի պայմաններուն հետ հաշտուելու, յանձնուելու եւ կամ ալ լռութեամբ մեղսակից դառնալու փոխարէն` պէտք է ըլլան համախմբող, նախաձեռնող, ուժերը մէկտեղող, մանրուքներով չզբաղող, քիչ խօսող եւ շատ գործող:
Ամէնէն դիւրինը ձեռնածալ «դիտել»-ն ու «բան մը չէք ըներ» եւ առաւելագոյն պարագային` «բան մը չենք կրնար ընել» ըսելն է: Առաջնորդողը չի կրնար պարտուողական ու յանձնուողական հոգեվիճակ ունենալ եւ իր ժխտական-մերժողական վերաբերմունքով չի կրնար հաւաքականութիւնը առաջնորդել: Ղեւոնդեան հայրերը եղան շունչ ու ոգի տուողներ, Աւարայրի ճակատամարտին առջեւէն քալելով ու ոգեւորիչ կոչերով կեանք տուին վարդաններուն: Այո՛, առանց Ղեւոնդ Երէցի զօրակցական օրհնութեան` Վարդանանց ճակատամարտ չէինք ունենար, ինչպէս Գարեգին Նժդեհը հաստատած է. «Վաղը կը յաղթէ ան, որ մինչեւ վաղը իր հոգիին մէջ կը տանի յաղթանակը»:
Ղեւոնդեան հայրերը չըսին` Աւարայրի ճակատամարտը «մեզի ինչ», չըսին` «ուժերու անհաւասարութեան մէջ անիմաստ է կռուիլը», չըսին` «դուք գացէք, եւ մենք հոգեպէս ձեր կողքին ենք»: Տակաւին, անոնք չըսին, որ շրջանային պայմանները բարենպաստ չեն պատերազմ մղելու, եւ կամ ալ ուժերու անհաւասարակշռութեան մէջ աւելի լաւ է հրաժարիլ քրիստոնէութենէն, որպէսզի «կաշին փրկուի»:
Ո՛չ, քալեցին բանակէն առաջ, քալեցին` գիտնալով, որ այդ երթը փշոտ է ու արիւնոտ: Քալեցին հաւատքով ու միասին: Շատեր պատերազմէն ետք հալածուեցան ու ձերբակալուեցան, բայց երբե՛ք չհրաժարեցան իրենց բարոյական-հոգեւոր ու ազգային արժէքներէն ու սկզբունքներէն: Երբե՛ք: Իսկ հայ ժողովուրդի նորօրեայ պատմութեան պատկերը ամբողջովին շրջուած է, եւ այսօր, առաւել քան երբեք, հայու տեսակը վտանգուած է:
Ժամանակները փոխուած ըլլալով հանդերձ, այսօր, Ղեւոնդեան հայրերուն պէտք ունինք ամէն տեղ: Մեր գաղութները, մեր եկեղեցիներն ու կուսակցութիւնները, մեր միութիւններն ու դպրոցները. ամէն տեղ կարիքն ունինք Ղեւոնդեան հայրերու ազգային մարտունակութեան, միայն հաւաքական շահերուն ծառայող ղեկավարներու, յոյս ներշնչող արդարամիտ եւ ոչ նեղմիտ պատասխանատուներու եւ գուրգուրանք ու հոգատարութիւն ցուցաբերող հայրերու: Ղեւոնդներու պէտք ունինք առաւել եւս Հայաստանի մէջ, որպէսզի պետականութիւնը վերապահպանուի ու ազգակործան պարտութիւններու հոսքը կանգ առնէ:
Թո՛ղ Ղեւոնդեանց հայրերու տօնը այս անգամ աւանդական նշումներէն ու արարողակարգերէն անդին` առիթ հանդիսանայ մտածելու, թէ գալիքին ինչպէ՛ս կրնանք վերականգնել դարերէն աւանդուած հայու իւրայատուկ, անաչառ, խիզախ, հայրենասէր, նուիրեալ, հաւատաւոր, աշխատասէր, անշահախնդիր ու վեհանձն տիպարը: