Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անզուգական Դպրապետիս Յիշատակին. Գէորգ Ա. Սրկ. Պէպէճեանի Մահուան Ա. Տարելիցին Առիթով

Փետրուար 22, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ՍՐԿ. ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Յիշատակովդ, այս գիշեր, կը զգամ անչա՛փ զիս հարուստ,
Այնչափ բարի, երջանիկ… որ գթութեամբ մը անհուն`
Կը մտածեմ զայն բաժնել երկրի բոլո՜ր խեղճերուն…»

ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ

Կեանքի փիլիսոփայութեան մէջ երբեմն մեր միտքը կը խճողեն այնպիսի հարցադրումներ, որոնց պատասխանը նոյնիսկ պրպտումներով դժուար կարելի կ՛ըլլայ գտնել: Այդ հարցադրումներէն մէկը մեզմէ շատերուն մօտ կը յայտնաբերուի, որն է` ինչո՞ւ տարաժամ հրաժեշտներ կը պատահին մեր կեանքին մէջ: Սակայն շուտով մտքիս թելը այնտեղ կ՛ընդհատեն երկու կարեւոր իրականութիւններ: Առաջինը` «Խորհուրդ մարդկանց, կամք Աստուծոյ» խօսքը, որ կը նշանակէ, թէ ամենագէտ Աստուած ամէն բան մեզմէ լաւ գիտէ. երկրորդ` հայոց բանաստեղծութեան իշխան Վահան Թէքէեան «Քու յիշատակդ այս գիշեր» բանաստեղծութեան մէջ կը բացայայտէ, թէ գոհ էր լոկ գեղեցիկ յիշատակներով, եւ մենութեան խաղաղ ժամերուն հիւր մը յայտնուեցաւ` «Կարծես մեկնած էր սրտէս, եւ գաղտնաբար այս գիշեր, ետ կը դառնայ, իր հին տեղն ու գգուանքը կ՛ուզէ»:

Կեանքի եւ հրաժեշտի այս իրականութեան մէջ երերալով` կը յիշեմ այն պայծառ դէմքն ու արգասաբեր վաստակը Հայ եկեղեցւոյ շարականներու հմուտ դպրապետ, հայ աշուղական երգերու մեկնաբան, թենոր մեներգող Գէորգ սրկ. Պէպէճեանի: Պահ մը իր ներկայութեան իրականութիւնն ու ուրուականը ապրելով` յուշերս վերաթարմացան մինչեւ պատանեկութիւնս: Այդ ժամանակ տարօրինակ խանդավառութիւն մը կ՛ապրէինք Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ, երբ յաղթանդամ մեր դպրապետը իր գեղեցիկ թենոր ձայնով կը թնդացնէր պատերը մեր եկեղեցւոյ: Մենք` պատանիներս (աւելի քան 50 դպիր), ս. պատարագի սկզբնաւորութեան մեր մատները կը բարձրացնէինք դպրապետին արտօնութիւնը խնդրելու` արարողութեան ընթացքին մոմ բռնելու եւ սուրբ խորան բարձրանալու: Ան կը սիրէր կարգապահութիւնն ու արդարամտութիւնը եւ կ՛ուզէր գոհացնել բոլորս: Երբ մեր աչքերուն նայէր, կը գիտնար նախորդ շաբթուան մոմակիր դպիրները եւ կ՛ըսէր, որ յաջորդ շաբաթ նորէն մոմ կը բռնէք, որպէսզի բոլորը գոհ ըլլան: Դպրապետը յատուկ ուշադրութիւն եւ հոգատարութիւն կը ցուցաբերէր ինծի, որովհետեւ իմ մէջս նկատած էր Հայ եկեղեցւոյ նուիրուածութիւնս, աշխատասիրութիւնս ու յարատեւ ներկայութիւնս եկեղեցւոյ մէջ: Տարիները սահեցան, եւ մենք դարձանք երիտասարդներ, զգացինք իր արժէքը եւ ուզեցինք իր կեանքի օրինակին հետեւիլ, շարական երգել: Արդէն դպրապետը միշտ առիթ կ՛ընծայէր եկեղեցւոյ շարականներու մենակատար դառնալու: Ան սխալներուն աչք կը խփէր, սակայն աւելի ուշ ճիշդը կը սորվեցնէր: Ան ամբողջ սրտով նուիրուած էր այս առաքելութեան: Իր ղեկավարած փորձերն ու համերգները լաւագոյնս կը ցոլացնեն իր երբեմնի այն խօսքը, թէ աշակերտած է դպրապետներու դպրապետ Վարդան Սերայտարեանին, որ օրին Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ բազմավաստակ դպրապետը եղած էր: Երբ աւելի հասուն դարձայ եւ սկսայ առաւօտեան ժամերգութեանց եւ տօնական օրերու շարականներու փորձ կատարել (դպրապետը Յարութեան կիրակիներու եւ Տաղաւար տօներու բոլոր շարականները ձայնագրած է), աւելի ուշ նաեւ դպրապետութեան պաշտօնին կոչուեցայ, զգացի իր մեծութիւնը, արժէքն ու ներդրումը Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ գանձարանին մէջ: Իմ յուշերէս երբեք մտահան չեմ կրնար ընել շաբաթօրեայ պատանիներու երգչախումբի փորձերն ու ժամանցի պահերը, երբ այնքան սիրով ու գուրգուրանքով կը վարուէր իւրաքանչիւր դպիրի հետ:

Այսօր արդէն տարի մը թաւալգլոր անցած է դպրապետ Գէորգ սրկ. Պէպէճեանի կեանքին հրաժեշտ տալէն` իր ապրուած կեանքի օրերը համեմելով մերթ Սայաթ Նովայի, Աշուղ Ջիւանիի երգերու մենակատարումներով, մերթ Հայ եկեղեցւոյ «Ո՞ւր ես, մայր իմ», «Բաց մեզ, Տէր» շարականներով, մերթ իր հարուստ դպրապետութեան վաստակով: Իր կազմած ընտանեկան տաքուկ բոյնին` իր կնոջ Վարդուհի Գայայեանի եւ երեք սիրասուն զաւակներուն` Անդօ-Հրատին, Դալարին եւ Արազին կողքին, Ս. Նշան, Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Ս. Յակոբ եւ Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցիները դարձան իր երկրորդ ընտանիքը, որոնց համար չզլացաւ ո՛չ գիտելիք, ո՛չ յոգնութիւն: Անմնացորդ եւ անդադրում տուաւ իր հոգիէն, իր կեանքէն, իր ժամանակէն, իր գիտելիքներէն եւ մարդուժ պատրաստեց` դպրապետ, սարկաւագ եւ դպիրներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի պետական երաժշտանոցին, Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի եւ Պիքֆայայի դպրեվանքին մէջ սոլֆեժի ու ձայնամարզութեան ճամբով մենակատարներ: Տուաւ մեծին եւ փոքրին համահաւասար, համակ սիրով: Իսկ մենք` ապրողներս, իր երգերով ու կեանքով կ՛արբենանք` իր վաստակը լուսարձակի առնելով եւ զայն փոխանցելով նոր սերունդին:

Իրեն հպարտութիւն պատճառող աշակերտը եղած ըլլալով` կ՛ըսեմ ցտեսութիւն, սիրելի՛ դպրապետ, մինչ նոր հանդիպում երկինքի մէջ:

Սիրելի՛ դպրապետ, բանաստեղծին բառերը փոխ առնելով` «Կը մտածեմ զայն բաժնել երկրի բոլոր խեղճերուն», կը խոստանամ իմ ստացած գիտելիքներս բաժնել բոլորին, որպէսզի հայրական ու նուիրեալ հոգիդ խաղաղ հանգչի եւ վաստակդ անմար մնայ:

 

 

Նախորդը

«Երիտասարդութիւնը Ընկերութեան Մէջ» Նիւթով Աշակերտական Հանրային Բանավէճ

Յաջորդը

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Երկու Ափսոսանք… (Գիրք Նուիրելու Եւ Մայրենի Լեզուին Օրուան Առիթով)

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?