Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Երկու Ափսոսանք… (Գիրք Նուիրելու Եւ Մայրենի Լեզուին Օրուան Առիթով)

Փետրուար 22, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Վա՜յ այն սերունդին, որ հայ գիրքն ու լեզուն կը նկատէ աւելորդ բեռ ու ժամանակի կորուստ, իսկ հայօրէն ապրելու մտայնութիւնը`

(«ԱԶԴԱԿ», 22-2-2023)

Կար ժամանակ, գէթ երեսնամեակ մը առաջ, հայ գիրքն ու մայրենին հանգիստ կը շնչէին իրենց առօրեայ կեանքին մէջ, որովհետեւ այս երկու արժէքները ձեւով մը ի պատուի էին, գուրգուրացող ունէին, անոնց հանդէպ սէրն ու յարգանքը իրաւութեամբ թաթաւուն էին, զիրենք ներշնչող յենարանները` հայ դպրոցը, եկեղեցին, մամուլը, օճախն ու ընդհանրապէս մշակութային կեանքը շէնշող եւ կայտառ էր, հակառակ տիրող սեւ եւ տխուր պատկերներու, ապազգային երեւոյթներու եւ աններելի բացթողումներու:

Իսկ յիսնամեակ մը առաջ, յատկապէս մեր գաղութին` լիբանանահայութեան համար, հայերէն որեւէ տպագրութիւն, թատերական ներկայացում, երգի, պարի եւ ասմունքի երեկոներ, մանաւանդ` հայ գիրքի շնորհահանդէսներ յաղթանակի օրեր կը նկատուէին, երբ տուեալ ձեռնարկին մասնակից կը դառնային հոծ թիւով մարդիկ, որոնք, թէեւ տարբեր շերտերու կը պատկանէին, սակայն անթաքոյց կ՛ապրէին մայրենի լեզուով խօսելու եւ անով հպարտանալու հրճուանքը:

Ու կեանքի յարափոփոխ ընթացքին` պատերազմներ, արդիականացում, գաղթ, ազգային արժէքներու հանդէպ որոշակի թուլացում, արհեստագիտութիւն, քանակի եւ որակի նուազում, խառն ամուսնութիւն, օտար վարժարան յաճախող աշակերտներու թիւի բարձրացում եւ այլն, արդէն գաղութահայ մեր կեանքը կը ստանար յաճախակի հարուածներ, որոնց ժխտական ազդեցութիւնը այսօր մենք հաւաքաբար կը զգանք ու կը տուայտինք, առանց անդրադառնալու, որ ցարդ կատարուած հայապահպանման աշխատանքներն ու առաջադրանքները, կարծես, ի զուր են եղած, աւելի՛ն. ցաւ ի սիրտ` ոչինչի ծառայած:

Այո՛, ի զուր, պարզապէս որովհետեւ գաղութահայ կեանքի պատկերը այնքան մը կը խռովէ մեզ, ի տես հայաշունչ ապրումներու եւ աշխատանքի անկումին, որ պահ մը կը տարուինք հարցադրելու, թէ մեր մեծ հայրերուն եւ մայրերուն հաւատքն ու քրտինքը, ազգանուէր աշխատանքն ու նուիրումը, դպրոց ու եկեղեցի, ակումբ եւ շէն միութիւններ կառուցելու սուրբ գործը, հայապահպանումի ու մարդակերտումի հզօր հաւատամքը, ինչո՞ւ իր ուժեղ ազդուութիւնն ու դերակատարութիւնը չի շարունակեր ունենալ, ու ամէն ինչ ենթակայ է մսխումի եւ դառն ճակատագիրի:

Եթէ երբեք մէկ կողմէ ինքնախաբէութիւնն ու ինքնագոհութիւնը շլացուցած է մեզ, եւ միւս կողմէ` ամէն ինչ վարդագոյն տեսնելու թշուառութիւնը կլանած է մեր միտքն ու հոգին, ապա ինչո՛ւ կը զարմանանք ու շատ անգամ կ՛ափսոսանք, որ հայ կեանքն ու հոգեմտաւոր արժէքները տակաւ բռնած են նահանջի ճամբան, իսկ հայ մարդուն դիմագիծն ու հոգեկերտուածքը օրըստօրէ կ՛աղաւաղուի եւ հայօրէն ապրելու կամքը կը նուաղի:

Սա չի նշանակեր երբեք, որ ճակատագրապաշտ ենք եղած ու յանձնուած` մեզ պարտադրող պայմաններու եւ դաժան յորձանուտերու: Այլապէս մտահոգիչն ու խոր կսկիծ պատճառողը` հաւաքական մեր ընդարմացումն է, խաղքութիւնը, դիւրինին ապաւինելու կամքի թուլացումն է, ծրագիրներ եւ կազմակերպուած գործ չունենալու թշուառութիւնն է, գաղութահայ կեանքին նորովի շունչ եւ որակ սնուցելու յամեցումն է ու մասամբ նորին:

19 փետրուար:

Գիրք նուիրելու յիշարժան այս օրուան առիթով, որքա՜ն մելան ու քրտինք հոսեցուցած է հայ գրիչը` հայ գիրքի արժէքն ու կարեւորութիւնը շեշտադրելու, անով զինուելու եւ ապահով զգալու հրամայականէն թելադրուած:

Յաճախ կը լսենք ու կ՛ընթերցենք, հայ գիրքին ու անոր ճակատագրին վերաբերող պատումներ, որոնք սոսկում կը պատճառեն, հոգիները կը խռովեն եւ միտքերը կը տանջեն: Արդեօք բաւարա՞ր է լոկ նեղուիլ, ցաւիլ, տառապիլ, երբ ականատես կ՛ըլլաս հայ գիրքերու` աղբակոյտերու թէ ճամբաներու եզրին, խունացած նկուղներու թէ փոշեթաթախ գրադարաններու մէջ:

Կ՛ապրինք օրեր, երբ ձրի տրուած գիրքն անգամ կը մերժուի, ալ ուր մնաց որ գիրք նուիրելու գեղեցիկ սովորութիւնը գնահատանքի արժանանայ:

21 փետրուար:

Մայրենի լեզուին նուիրուած օր է, ինքնութեան, ինքնաճանաչութեան, ազգային արժէքներու, հաւաքական ապրումներու եւ համոզումներու պաշտպանութիւնը ստանձնած ամենաուժեղ զրահին` մայրենիին փառք հիւսելու պատեհ առիթն է:

Դարերու ընթացքին հայրենիք ու հող կորսնցուցած ժողովուրդներու համար մայրենին անփոխարինելի զէնն ու զրահը հանդիսացեր է, պահպանելու սեփական մշակոյթն ու ինքնուրոյնութիւնը: Առաւել, մեզի պէս փոքր ածու ազգի մը համար մայրենի լեզուն պէտք է, որ մեր առանձնայատկութիւնը փայլատակող ամենաուժեղ վահանը ըլլայ` դիմադրելու, տոկալու եւ յարատեւելու:

Եթէ երբեք վերեւի դառն մտածումներուն եւ մտահոգութեանց դարման գտնելու հրամայականին դէմ յանդիման կը գտնուինք, ապա պարտաւոր ենք ազգովին տէր կանգնիլ մեր մայրենիին, յատկապէս` արեւմտահայերէնին, զոր կորսնցնելու վտանգին ենթակայ ենք, մօտիկ ապագային:

Արդ, պսպղուն եւ քարոզաբոյր խօսքերը, լոզունգախառն յորդորները վաղուց կորսնցուցած են իրենց գրաւչութիւնը, պարզապէս որովհետեւ օտարամոլութիւնը կլանած է մեր ներաշխարհը, աւելի՛ն. ազգային պաշտպանական արժեհամակարգ ու նախանձախնդիր ոգի սնուցելու հաւաքական տրամադրութիւնը` խեղճացած:

Թէ ինչո՛ւ չենք կրնար հայ վարժարանին դիմագիծը ամուր պահել, հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդող ուսուցիչը ամրօրէն պաշտպանել, մամուլին ու հրապարակագրութեան նուիրուած հայորդիները արժեւորել, հեղինակներու թեւ ու թիկունք կանգնիլ, հայ գրողին, պատմաբանին, բանաստեղծին ու բանասէրին ստեղծագործ ոգին գնահատել, արդիականանալ ու յառաջդիմութեան լծուիլ, սա արդէն ներկայ օրերու մեծագոյն մարտահրաւէրն է, անյետաձգելի հրամայականը:

Արդարեւ, պարտաւոր ենք հայ կեանքի բոլոր հարթակները օգտագործել ու լծուիլ լուրջ աշխատանքի, որ գիրք նուիրելու սովորութիւնը մշակոյթի վերածուի, իսկ մայրենին սիրելու, գուրգուրալու եւ պաշտպանելու վեհափառ աշխատանքը` բոլորիս կենդանագիրը, այսինքն` տիպար օրինակ ըլլալու եւ անով հպարտանալու պատեհ առիթ հանդիսանայ:

 

 

Նախորդը

Անզուգական Դպրապետիս Յիշատակին. Գէորգ Ա. Սրկ. Պէպէճեանի Մահուան Ա. Տարելիցին Առիթով

Յաջորդը

Թրամփի Քաղաքականութեան Եւ Ռուս-Ամերիկեան Մերձեցման Մասին

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?