ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
Թէ որ շրթներդ չհամբուրեն,
Չյագենան պապակ շրթներս:
Շրթներն հոգւոյդ կրցան վաղուց
Զիս համբուրել մեղրի համով:
Թէ որ ձեռքերդ զիս չեն շոյեր,
Շոյանքներն սրտիդ անվերջ
Զիս կը շոյեն, կը տրոփեն
Սիրոյ երգեր իմ սրտիս մէջ:
Թէ որ աչքերդ չուզեն ժպտիլ
Երբ զիս տեսնեն ամէն անգամ,
Սիրտդ, հոգիդ յար կը ժպտին
Երազներուս մէջ յաւիտեան: