Տոմս. (Ազերի) Փաշինեանը Ո՛չ Մէկ Զիջում Ըրած Է…
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայաստանի քաղաքական բեմը քանի մը օրէ ի վեր ինկած է նոր փոթորիկի մը գիրկը: Ուրկէ՞ ծնունդ առին նորագոյն փոթորկաբեր հովերը: Չէ՛, Թուրքիոյ ներքին հակամարտութիւններէն չեկան անոնք, պարզապէս անոնց զուգադիպեցան: Երազատես Նիկոլ Փաշինեան դարձեալ առաւօտ մը արթնցաւ եւ որոշեց Հանրային պատկերասփիւռի կայանի մէկ լրագրողը կանչել, հարցազրոյց մը շնորհե՜ց եւ, ըստ սովորութեան, հազար ու մէկ սուտով եւ խեղաթիւրումներով փորձեց ինքնարդարացումներ...

















