Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իր Մահկանացուն Կնքեց Վերժին Չերչեան-Աբրահամեանը

March 24, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 «Փթիթ» մանկապատանեկան պարբերականը ոչ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ Հայաստանի եւ սփիւռքեան տարբեր համայնքներու մօտ շատ արագ ուշադրութիւն գրաւեց: Օրին «Ազդակ» երեւոյթին անդրադարձած է եւ արժեւորած անոր ունեցած դերը տարիքային առաջադրուած խաւին  մօտ` մամուլի թիրախային աշխատանք իրականացնելու հանգամանքները լոյսին բերելով:

Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք ամուսնոյն եւ ընտանեկան պարագաներուն:

«Ա.»

Կեանքէն հեռացաւ «Փթիթ»-ի հիմնադիր-խմբագիր Վերժին Չերչեան-Աբրահամեանը, որուն կենսագրական տուեալներուն եւ խմբագրական գործունէութեան կարեւորագոյն կէտերուն անդրադարձ կատարուած է ստորեւ:

Ծնած է 1959-ին, Պէյրութ, կեսարացի արմատներով ծնողներէ:

Յաճախած է ՀԲԸՄ-ի Տէմիրճեան Տիպար մանկապարտէզ, Տէմիրճեան նախակրթարան եւ Դարուհի-Յակոբեան աղջկանց երկրորդական վարժարանները:  Բարձրագոյն ուսումը ստացած էր Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժանմունքին մէջ (տնտեսական եւ վիճակագրական գիտութիւններու մասնագիտացումով), աւարտելով բարձր պատուոյ յիշատակութեամբ:

Կեանքի ասպարէզ նետուած է դրամատնային մարզին մէջ:  Իր իսկական կոչումը գտած է ուսուցչագործելով հայկական` Դարուհի Յակոբեան, Յովակիմեան-Մանուկեան, Սահակեան ու Թէքէեան վարժարաններուն մէջ, դասաւանդելով թուաբանութիւն, իր աշակերտները պատրաստելով պրէօվէի քննութիւններուն եւ անոնց տեւաբար ապահովելով պատուաբեր արդիւնքներ:

Իր եղբօր` Վիգէն Չերչեանի հետ կանուխ տարիքէն մասնակցած է ՀԵԸ-ի զանազան շարժումներուն եւ գործունէութիւններուն` պատասխանատու պաշտօններ ստանձնելով սկաուտական շարժումին (բարձրանալով արծուիկներու խմբապետութեան), պարախումբի, երգչախումբի եւ մշակութային վարչութիւններէն ներս: Քանի մը տարի ալ ատենադպիրի պաշտօն ստանձնած է ՀԲԸՄ-ի կրթական յանձնախումբին մէջ:  Արժանացած էր ՀԲԸՄ-ի կրկնակի վեթերանի վկայականին:

Իր տարիներու փափաքը եղած է մանկապատանեկան պարբերաթերթի մը հրատարակութիւնը: 2009-ին սկսած բծախնդիր եւ ուշադիր աշխատանքներուն շնորհիւ մայիս 2010-ին լոյս տեսաւ «Փթիթ» մանկապատանեկան պարբերաթերթի նախապատրաստական թիւ 0 համարը:  Հակառակ աշխատակիցներու խումբի մը գոյութեան, ինք գրեթէ առանձին կը կատարէր խաղերու մտայղացումը, խմբագրումը եւ համակարգչային ձեւաւորումի աշխատանքները: Այդպիսով մինչեւ 2020 թուականը պարբերականօրէն հրատարակուած է «Փթիթ»-ի 19 թիւ: Այնքան մեծ էր պարբերականին գրաւչութիւնը, որ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան պատուէրով եւ Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանին գործակցութեամբ Հայաստանի մէջ լոյս ընծայուեցաւ «Փթիթ»-ի 19-րդ թիւը` այնտեղ հաստատուած սփիւռքահայ մանուկներու համար:  Դժբախտաբար, արցախեան երկրորդ պատերազմի բռնկումին պատճառով կարելի չեղաւ շարունակել յոյժ օգտաշատ այս ծրագիրը:

2015-ին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքներու պատասխանատու` դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի խրախուսանքով եւ հիմնարկի նիւթաբարոյական նեցուկով եւ Վերժին Չերչեան – Աբրահամեանի ջանքերով ստեղծուեցաւ «Փթիթ» մանկապատանեկան կայքը, որուն կանոնաւոր յաւելումները լայն արձագանգ գտած են սփիւռքահայ կրթական շրջանակներու մէջ:

«Փթիթ»-ը լայն ուշադրութեան արժանացած է սփիւռքահայ թէ հայրենի կրթական, մտաւորական եւ մամուլի շրջանակներուն մէջ եւ արժանացած է 150-է աւելի գրախօսականներու, դրուատալից գնահատականներու եւ յօժարակամ ծանուցումներու:

2012 թուականին անիկա կը ստանայ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան հաստատած «Լաւագոյն մանկապատանեկան մամուլ» մրցանակը եւ պատուոյ գիրը, իսկ 2018 թուականին ալ` Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի դոկտոր Փոլ Հայտոսթեանի ձեռամբ` համալսարանի պատուոյ յուշամետալը:

Վերժին Չերչեան-Աբրահամեան անդամ էր Լիբանանի Մամլոյ եւ Հայաստանի Ժուռնալիստներու միութիւններուն:

 

Նախորդը

Մեր Լեզուն Եւ Մենք

Յաջորդը

Պարզւում Է` Գրքերս Ու Մտաւոր Առողջութիւնը Փոխկապակցուած Են

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Նամականի

October 1, 2026
ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու  Համար» Թեմայով
Անդրադարձ

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու Համար» Թեմայով

September 29, 2026
Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ
Անդրադարձ

Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.