Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Յստակացում.-  Այս յօդուածը չի վերաբերիր մարդկային նախազգացումի եւ կամ հեռազգայնութեան, որուն նախապէս անդրադարձած եմ (1), այլ` զգայարանքներու, որոնք բազմաթիւ կենդանական սեռեր ունին, բայց անծանօթ են մեզի, որովհետեւ մարդկային տեսակը (species) ի սկզբանէ չէ ունեցած, եւ կամ անոնք եղափոխութեան (evolution) ընթացքին բթացած են: Չի վերաբերիր նաեւ մեր զգայարանքներու տարբերակներուն, ինչպէս` գերձայնի (ultrasound) լսողութիւնը, զոր չղջիկներ եւ շուներ ունին, կամ` լոյսի ոչ ծիածանային գոյներու տեսողութիւնը, զոր գիշատիչ թռչուններ, օձեր եւ ծովային անասուններ ունին, եւ կամ` լոյսի բեւեռացումի ընկալումը, զոր ունին մեղուներ, եւ կամ` երկճիւղ հոտառութիւնը, զոր ունին սողուններ (2):

Մարդկային զգայնութիւնը գերազանցապէս կը յենի ցերեկային տեսողութեան վրայ, այդ պատճառով մեր աչքերու զգայնութիւնը բարձրագոյնն է դեղին (արեւու) գոյնին համար: Միլիոնաւոր տարիներ առաջ, սակայն, կաթնասունները եղած են գիշերային փոքր անասուններ, որպէսզի խուսափին ցերեկային գերակայ գիշատիչ հոյամողէզներէ: Մօտ 65 միլիոն տարի առաջ երկնաքարի մը բախումին իբրեւ հետեւանք` տեղի ունեցած է զանգուածային բնաջնջում, որ վերջ տուած է հոյամողէզներու տիրապետութէան (3): Հոյամողէզներու ժառանգորդները թռչնազգիներն են, որոնք ցերեկային են եւ գլխաւորաբար կը յենին տեսողութեան: Գիշերային անասուններ, ձուկեր եւ միջատներ չեն կրնար յենիլ տեսողութեան (4): Կենդանիներու զգայարանքներու ուսումնասիրութիւնը թափ առած է աւելի քան երկու տասնամեակ առաջ, բայց առ այժմ ոչ բոլոր զգայարանքներու գործունէութիւնը  ունի աներկբայ գիտական բացատրութիւններ: Կը սկսիմ ամէնէն հաւաստի բացատրութենէն:

Ա.- Ելեկտրազգայնութիւն (Electroreception).- Իտալացի բազմակողմանի գիտնական Լորենցօ Լորենցինի (1650-1721) իր 1678 թուականին  թմբրաձուկերու (torpille) շուրջ հրատարակած ուսումնասիրութեան մէջ խօսած է անոնց մորթին վրայ գտնուող ծակտիկներու մասին: Ելեկտրական դաշտի թուաբանական ձեւաւորումը պիտի սկսէր զարգանալ շուրջ դար մը ետք միայն, իսկ ելեկտրական զգայարանքներու դեր կատարող ծակտիկներու գիտական ուսումնասիրութիւնները` միայն շուրջ 1980-ականներէ ետք: Այսուհանդերձ, ի պատիւ տաղանդաւոր գիտնականին, ելեկտրազգայարակները (electrosensor կամ electroreceptive sensory organ)  կը կոչուին «Լորենցինիի սրուակներ» (լատինավարի` ampullae): Ձուկեր, ըստ միջավայրի (աղի թէ անուշ ջուր) եւ ըստ կենցաղակերպի (մսակեր գիշատիչ թէ բուսակեր «որս»), ունին զգայարակի բազմաթիւ տարբերակներ, որոնց շուրջ գոյ է եւ կը տարուի լայն ուսումնասիրութիւն: Այստեղ պիտի տամ անոր հիմնական բաղադրիչները միայն: Զգայարանքի աշխատանքի լիարժէք ընկալումը կը պահանջէ բնագիտութէան որոշ (երկրորդական վարժարանի աւարտականի մակարդակով) իմացում:

Ձուկերու եւ այլ ջրակենցաղ (aquatic) անասուններու զգայարակները կ՛ընկալեն այլ անասուններու եւ կամ իրե՛նց արտադրած (այդ մասին աւելի ուշ)  ելեկտրական դաշտը եւ ի հարկէ կը «մեկնաբանեն» այդ դաշտի փոփոխութիւնները: Գծանկարը ցոյց կու տայ ելեկտրազգայակի տարբերակ մը եւ անոր ելեկտրական օրինակումը (electrical model): Այլ զգայակներու պարագային, ֆիզիքապէս կրնան տարբերիլ գլխաւորաբար մորթի հաստութիւնը եւ վիզի երկարութիւնը: Անուշ ջուրի ձուկերուն մորթը աւելի հաստ եւ անթափանց է, որպէսզի մարմնէն ներս գտնուող անհրաժեշտ քիմիական նիւթերը արտամղումի (osmosis) պատճառով դուրս չսպրդին (osmosis): Սրուակը լեցուած է մածիտով մը (jelly), որ անբաղդատելիօրէն  աւելի լաւ ելեկտրական հաղորդիչ է (conductor), քան` մորթը եւ սրուակին պատերը: Սրուակին պատերը (ներառեալ` վիզը) ունին խտացուցիչի յատկութիւն (capacitance), որովհետեւ անհաղորդ են, ուրեմն ելեկտրական լիցքերը կը կուտակուին անոնց երկու (ներս եւ դուրս) մակերեսներուն վրայ: Քանի որ մածիտն ու պատերը համատեղ կապուած են սրուակի ներսի եւ դուրսի միջեւ, անոնց ելեկտրական ձեւաւորումը զուգահեռ (parallel) է: Դիմադրականութիւնը (Resistance-R) անկախ է յաճախականութենէ (frequency – f) մինչդեռ խտացուցիչներու (Capacitance-C) դիմադրականութիւնը կը համեմատի խոտոր (~1/Cf): Այս կը նշանակէ, որ տարբեր յաճախականութեան ելեկտրական դաշտեր տարբեր ուժգնութեամբ կը հասնին սրուակի յատակին գտնուող ընկալող բջիջներուն: Եղափոխութեան միջոցով կը զարգանայ զգայակի այն տարբերակը, որ յարիր է կենցաղակերպին: Աղի ջուրի ձուկեր մօտաւորապէս տասն անգամ աւելի արագ ընկալում ունին, որովհետեւ բարակ մորթ եւ մաշկ կը նշանակէ աւելի փոքր դիմադրականութիւն եւ աւելի մեծ տարողութեան խտացուցիչ (5):

Ելեկտրական դաշտի արտադրութիւն.- Ձուկեր կրնան ունենալ ելեկտրականութիւն արտադրող աւելի քան մէկ տիպի օրկաններ` բաղկացած եղափոխութեան ընթացքին ձեւափոխուած մկանային բջիջներէ, որոնք դարձած են «ելեկտրաբջիջ»-ներ (eletcrocyte): Ուղեղէն ստացուած հրահանգը, որ նախապէս կը պատճառէր պրկում, այժմ կը պատճառէ միայն բեւեռացումի ալեակ (polarization pulse) մը,  որ իր բարձրակէտին համազօր է շուրջ 0.15 վոլթի: Այդ առումով նման են ելեկտրական բարդերու (battery): Բարձր լարում կը ստացուի, երբ անոնք կապուած են յաջորդաբար (series), իսկ` բարձր հոսանք, երբ զուգահեռ են (parallel): Շրջապատը խուզարկելու եւ հաղորդակցելու համար քանի մը (թերեւս նուազ քան տասը) վոլթ բաւարար է: Այդ օրկանը կոչուած է ի պատիւ վաղամեռիկ կենսաբան Սաքսի Carl Sachs 1853-1878): Որսը շանթահարելու համար, սակայն, օձաձուկեր կ՛արտադրեն մինչեւ 600 վոլթի հասնող կարճ (մօտ 1ms) ալեակներու շարք մը (5 կամ վեց հարուած): Հոսանքը սաստկացնելու համար (մինչեւ 1 ամփեր)` երբեմն որսը աքցանելով բերնին եւ պոչին միջեւ (տես գծապատկերը): Առ այդ, օրկանը բաղկացած է բազմահազար բջիջներէ:

Ընկալում եւ հաղորդակցութիւն.- Բեւեռացուած ելեկտրական օրկանը նման է երկբեւեռի: Ինչպէս կողքի գծապատկերը ցոյց կու տայ, մօտակայ տարբեր բնոյթի զանգուածներ դաշտը կը ձեւափոխեն տարբեր ձեւերով: Անկենդան առարկաներու յատկութիւնը այս կամ այն աստիճանի դիմադրական է (resistive-R), իսկ ջրային անասուններ ունին անթափանց մաշկ եւ հաղորդական ներքին, ուրեմն ունին խտացուցիչ (capacitive-C) յատկութիւն, եւ դաշտի գիծերը կը խտանան անոնց շուրջ, որովհետեւ կ՛ուղղուին դէպի մակերեսի լիցքեր: Ձուկի մարմնի ամբողջ տարածքին վրայ գտնուող զգայակները կ՛ընկալեն այդ փոփոխութիւնները: Ստացուած տեղեկութիւններու վերծանումով (ուղեղին մէջ թէ այլուր) կը կազմուի «պատկեր» մը, ինչպէս` մեր աչքերու ցանցենիին (retina):

Ձուկեր եւ թերեւս ջրային այլ անասուններ կրնան նաեւ «երգել» եւ լսել այլ անասուններու երգերը: Այդ կը ծառայէ բազմաթիւ նպատակներու (ինչպէս` զուգաւորումի նախերգանք եւ կամ սպառնալիք), որոնք ուսումնասիրութեան լայն նիւթ դարձած են վերջին տասնամեակներուն` շնորհիւ յառաջացած ճարտարագիտութեան: Կ՛ըսեմ` «երգ», որովհետեւ այդ ալիքները, ինչպէս ձայնի ալիքներ, բացի ուժգնութենէ, ունին երկու իմանալի յատկութիւն, որոնք են` առաջին` յաճախականութիւն դաշնամուրի (եւ շարք մը այլ նուագարաններու) իւրաքանչիւր օքթաւ ունի 12 կիսանոթ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին յաճախականութիւնը նախորդէն շուրջ 6% (5.9463…) բարձր է: Երկրորդ յատկութիւնը «որակ»-ն է, որ կը նշանակէ, թէ այդ ձայնը, գլխաւոր յաճախականութեան առընթեր, անոր ո՞ր դաշնապատիկներէն (harmonic) կազմուած է: Այդ ձեւով մը համազօր է ձայնի «երանգապնակին» (գիտական եզրով` spectrum): Նոյն մեղեդին կարելի է նուագել զանազան նուագարաններու միջոցով եւ կամ երգել զանազան ձայնաւոր հնչիւններով: Մեր ուղեղը կը զանազանէ այդ որակը: Կողքի գծանկարը ցոյց կու տայ նոյն նոթով երգուած «Ա» եւ «Ո» հնչիւններու 5 ալիք, ինչպէս եւ` ձուկի երկու սեռերու նոյն յաճախականութեամբ արձակուած ելեկտրական ալիքները: Ձուկեր, ինչպէս մենք, կրնանք զանազանել, թէ այդ ձայնի (նոթի) աղբիւրը ի՞նչ է: Այս հաշուարկը կը կոչուի Ֆուրիէ վերլուծում, որովհետեւ անոր թուաբանական ձեւաւորումը (զէնքը) աւելի քան երկու դար առաջ ձեւաւորած է Ժոզեֆ Ֆուրիէ (1768 -1830): Այո՛, ամէն առիթով յիշել կու տամ, թէ ինչպիսի՛ ապշեցուցիչ իրագործումներ կատարուած են թուղթ-մատիտ, առաւել` ուղեղով, նախքան համակարգիչներու գալուստը:

Բ.- Մեքենական.- Ցած լուսաւորումի համակերպած անասուններ ունին երկու այլ տիպի զգայարաններ, որոնք կ՛ընկալեն շրջապատին մէջ տեղի ունեցող շարժումները: Ընթերցողը ճաշելու ընթացքին հաւանաբար նկատած է, որ ձուկեր իրենց կողերու երկայնքին ունին ոչ սպիտակ երիզ մը: Այդ զգայակը կը կոչուի կողմնային գիծ (Lateral line) եւ կը ծառայէ շրջապատի մէջ տեղի ունեցող ջուրի շարժումները ընկալելու: Կազմուած է ջուրի անցքէ մը, որ որոշ տրամաբանութեամբ շարուած փոքր բացուածքներ ունի: Երբ բացուածքի մը կից ջուրի ճնշումը բարձրանայ, ջուրի անցքի հեղուկը կը շարժի դէպի կից բացուածք, ուր ճնշումը աւելի նուազ է: Այդ շարժումը կը թեքէ ճամբու վրայ ցցուած «տակառիկ»-ներ (լատիներէնով` cupula), որոնց ներքեւի մազուկները կապուած են ընկալող բջիջներու: Ի դէպ, այս նման է ձայնին պատճառած ճնշումի ընկալումին մեր ներքին ականջին (cochlea, յունարէն խխունջ իր ձեւին պատճառով) մէջ, բայց այդ այլ նիւթ է: Շարժումի, ուրեմն եւ ճնշումի ալիքները ջուրին մէջ աւելի արագ եւ աւելի հեռու կը տարածուին, քան` շատ աւելի նօսր օդի մէջ (բնաւ չեն տարածուիր դատարկութէան մէջ): Դլփիններ, որոնք  կաթնասուն են եւ թոքեր ունին, այդ լայնօրէն կ՛օգտագործեն: Ի տարբերութիւն մեզի` ձուկը մորթի տարածքին ունի բազմաթիւ զգայարակներ, որոնք կարելի կը դարձնեն շարժումի աղբիւրին ուղղութիւնը ընկալելու: Կաթնասուն անասուններ, ինչպէս շուներ, իրենց արտաքին ականջները կը շարժեն ճշդելու համար ուղղութիւնը: Մարդոց մօտ այդ մկանները խամրած են եղափոխութեան ընթացքին (6): Ջուրի շարժումներու ուղղութեան ընկալումը կենսական է ե՛ւ «որս»-ին ե՛ւ «որսորդ»-ին համար: Գծապատկերին մէջ ձկնիկը կը զգուշացուի թէ ո՞ր կողմէն կը մօտենայ արագ շարժող մեծ մարմին մը: Կը ծառայէ նաեւ ձուկի վտառներու ինքնակազմակերպումին, ուր ձուկեր կը փորձեն նոյն հեռաւորութիւնը պահել ամենամօտիկ ձկան հետ: Այդ նիւթին նախապէս անդրադարձած եմ այլ բնագաւառի մէջ (7): Ձուկեր ունին նաեւ ներքին ականջներ, որոնց չեմ անդրադառնար, որովհետեւ վեցերորդ զգայարանքի հանգամանք չունին (8):

Շօշափուկներ.- Երկու միլլիկրամ կշռող (անօթի) մժեղներէն մինչեւ 400 քկ կշռող ծովառիւծներ ունին երկար ու կարճ շօշափող մազեր (9): Շօշափուկներ ունի միջատներ որսացող բոյս «Վենիւսի թակարդը», որ բոյս մըն է: Մազոտ են նոյնիսկ չղջիկները եւ փորսուղները, որոնց մորթը լերկ կը թուի: Շօշափուկները դասաւորուած են, ի հարկէ, ըստ անասունի կենսակերպին եւ ատակ են փոքր մկաններու միջոցով ետ ու առաջ շարժելու (գրեթէ անդադար)` շօշափելով անմիջական շրջապատը: Կը կորանան օդի կամ ջուրի հոսանքի պատճառով, եւ երբ հանդիպին արտաքին մարմնի մը: Կորացումի ազդանշանները կը տեղեկացնեն այդ մարմնի ուղղութիւնն ու հեռաւորութիւնը: Մակերեսի հետ շփումին պատճառած փոքր թրթռացումները կը տեղեկացնեն անոր բնոյթը (խորտուբո՞րտ, թէ՞ ողորկ, կպչո՞ւն, թէ՞ սահուն եւ այլն):

Շօշափուկներու բազմազան դերերու շուրջ հրատարակուած են մեծ թիւով ընդարձակ ուսումնասիրութիւններ: Ընթերցողը նկատա՞ծ է արդեօք, որ խոհանոցի անախորժ հիւր բողոճներու ծունկերուն վրայ կան մազոտ տախտակներ (հair plate), եւ գիտէ՞, թէ անոնք կը ծառայեն համակարգուած վազքի, երբ միջատը վտանգի ազդանշան ստանայ այս կամ այն կերպ, ներառեալ` օդի հոսանք, երբ մեր հողաթափը շարժի իր ուղղութեամբ:

Մեքենական զգայակի բազմաթիւ տարբերակները ունին միեւնոյն հիմնական կառոյցը, որ ցոյց տրուած է կողքի գծապատկերով: Շօշափուկի կորացումը անոր դատարկ խոռոչին մէջ գտնուող արմատը կը հրէ ծայրամասի հակառակ ուղղութեամբ: Արմատին փակած զգայակ բջիջի ծայրամասը (dandrite) կը դրդէ, որ բջիջը «կրակէ»: Տեղեկութիւնը կը փոխանցուի ջղային դրութեան, որ չի սահմանափակուիր գլխուն մէջ գտնուող ուղեղով (10):

Մազի կտրուածքը (cross section) մեծապէս կը տարբերի արմատէն մինչեւ ծայրամաս, քանի որ ցօղ մը կորացնելու անհրաժեշտ ուժգնութիւնը (moment = ուժ x լծակի թեւի երկարութիւն) կը համեմատի կտրուածքի քառակուսիին, ծայրամասը կորածնող ուժը կրնայ մինչեւ 100 հազար անգամ աւելի փոքր ըլլալ, քան` արմատին մօտ: Այդ կարելի կը դարձնէ, որ անասունը հեռաւորութիւնները գնահատէ շատ մեծ ճշգրտութեամբ:

Զգայակի արհեստական նմանակները կ՛օգտագործուին բժշկութեան ճարտարարուեստի շարք մը ճիւղերու մէջ (11,12):

(Շար. 1)

  1. Հեռազգայութիւն, «Ազդակ», 13 հոկտ. 2023:
  2. Կաթնասուններ ընդհանրապէս «երկգոյն» (dichromatic) տեսողութիւն ունին, մենք` եռագոյն (մօտաւորապէս` կարմիր, կանաչ եւ կապոյտ), գիշատիչ թռչուններ եւ կարգ մը այլ անասուններ առնուազն «քառագոյն»:
  3. Վերջին 500 միլիոն տարուան ընթացքին տեղի ունեցած են 5 զանգուածային բնաջնջումներ: Յաջորդ բնաջնջումը արդէն իսկ քանի մը միլիոն տարի ուշացած է: Աւետիս` մեր բոլորին:
  4. «Քառագոյն»` առաջին երկուքի պարագային, որովհետեւ լոյսը անբաւարար է, իսկ միջատներու պարագային, որովհետեւ փոքր աչքեր ատակ չեն մանրամասնութիւններ զանազանելու (resolution): Արհեստավարժ լուսանկարիչներ կը գործածեն թանկարժէք մեծ ոսպնեակներ:
  5. Զգայակի բացուածքին տեղի ունեցած ելեկտրական դաշտի փոփոխութիւնը ընդունող բջիջներուն կը հասնի անցնելէ ետք շարք մը դիմադրիչ եւ խտացուցիչներէ: Այդ համազօր է, այսպէս կոչուած, «փոփոխականութէան զտիչ»-ի (AC filter): Կան զտիչի բազմաթիւ տարբերակներ, որոնցմէ ամենապարզերն են «ցածրանցը» (Low Pass- LP), որ կը փոխանցէ ցած յաճախականութեան փոփոխութիւնները, եւ բարձրանց (High Pass- HP)` բարձր յաճախականութեան:
  1. Կապիկներ եւ կարգ մը մարդիկ ատակ են ականջի փոքր ետ ու առաջ շարժումներու, որոնք աւելի առնչուած են հոգեվիճակի, քան` ձայնի ընկալումին:
  2. «Տեսաբանութիւն քաոսի թատերական… եւ ոչ միայն», «Ազդակ», 26 փետրուար 2024:
  3. Ի տարբերութիւն ոչ ջրային անասուններու` ձուկեր միջին ականջ չունին, որովհետեւ ձայնի ալիքները կը մնան միեւնոյն հեղուկ միջավայրին (medium) մէջ:
  4. Էգ մժեղներ կրնան իրենց զանգուածի կրկինէն աւելի քանակով արիւն ծծել, որպէսզի առատ հաւկիթ ածեն: Արուներ այլ օրակարգ ունին, արիւնարբու չեն:
  5. Միջատներ ատակ են կարգ մը գործողութիւններ կատարելու, երբ գլխատուած են:
  6. M. Seale et al Design principles of hair-like structures as biological machines Jour. Royal Soc. Interface. May 2018
  7. Տես, օրինակ, http ղծփs://pmc.ncbi.nlm.nih.gov/articles/PMC9295048/

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Կեանքիս Ուղիները. Յուշեր Հայկական Լեգէոնէն» (Հեղինակ` Գասպար Մենակ)

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Ամանորի Արեգակնային Խուզարկուն

Փետրուար 11, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?