ԴՈՏԿ. ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Գ. Մագնիսական.- Երկրագունդի մագնիսական դաշտը առկայ է ի սկզբանէ` իր հեղուկ մետաղէ բաղկացած պտտուող կորիզին պատճառով: Ներկայիս այդ դաշտը գրեթէ ուղղահայեաց է բեւեռներու մօտ եւ գրեթէ` կրկնակի ուժգին, քան` հասարակածի, ուր գրեթէ հորիզոնական է (տես կողքի գծանկարը): «Գրեթէ» որակումը կը ծագի այն հանգամանքէն, որ մագնիսականութեան առանցքը մօտ 11 աստիճան շեղ է պտոյտի առանցքէն եւ կը շարունակէ դանդաղօրէն շեղիլ (այս մասին` աւելի ուշ): Մագնիսական դաշտը ներկայ էր, երբ կեանք սկսաւ: Կենդանական կարգ մը սեռերու մօտ եղափոխութեան ընթացքին զարգացած է այդ դաշտի զգայնութիւնը, յատկապէս` արեւելումի, կողմնորոշուելու համար: Գաղթող թռչուններ եւ ջրային անասուններու այդ զգայնութիւնը արդէն ծանօթ էր նախքան 60-ական թուականներ: Բայց թէ ի՛նչ է զգայակի բնագիտութիւնը, աներկբայօրէն հաստատուած չէ մինչեւ օրս:
Առաջին վարկածը այն էր, թէ թռչուններու վերին կտուցին մէջ գտնուող մագնիսական նիւթերն են պատասխանատուն, բայց փորձերը ցոյց տուին, որ այդ չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ անասունին հակազդեցութիւնը անփոփոխ է, տարրալուծարանային պայմաններու մէջ դաշտին ուղղութիւնը 180 աստիճան շրջուի (13): Այդ տուեալէն մեկնած` ներկայ վարկածը այն է, որ աչքին մէջ գտնուող եւ բազմաթիւ գործողութիւններ կատարող բարդ սպիտ մըն է (cryptochrome protein), որ կը կատարէ նաեւ մագնիսական զգայակի դեր:
Սպիտը բնական վիճակին (ground state) մէջ մագնիսական չէ, բայց երբ որոշ ալիքի լոյս ստանայ, կրնայ բաժնուիլ երկու մասերու, որոնք նման են մանր մագնիսներու: Երկու «մագնիսները» շատ արագ կ՛ոստոստեն երկու վիճակներու միջեւ, նոյն կողմ (triplet) կամ հակառակ (singlet), ապա սպիտը կը վերադառնայ իր բնական վիճակին (14): Կը կարծուի, թէ այդ վերադարձի ընթացքին է, որ սպիտը դէպի ուղեղ տանող ջիղին կու տայ դաշտի մասին տեղեկութիւն:
Այս գործընթացը կ՛իյնայ քանակական բնագիտութեան (Quantum Mechnics) մարզէն ներս եւ, հետեւաբար, շատ աւելի բարդ է, քան` այստեղ տրուած պատումը: Վարկածը տակաւին յարացոյց չէ դարձած, որովհետեւ ոչ ոք կարողացած է աներկբայօրէն մեկնաբանելի փորձ կատարել: Միակ աներկբայ փաստը առ այժմ այն է, որ թռչուններ անկարող են կողմնորոշուելու, երբ ենթարկուին singlet-triplet ոստոստումի յաճախականութեամբ ելեկտրոմագնիսական ալիքներու:
Կ՛ենթադրուի, որ ձուկերը իրենց շարժումի ընթացքին ատակ են մագնիսական դաշտը ընկալելու, որովհետեւ Լորենցինի սրուակներու վիզերը ելեկտրական հաղորդիչ են եւ, ըստ Ֆարաթայի օրէնքին, ելեկտրականօրէն կը բեւեռանան, երբ շարժին մագնիսական դաշտի մէջ, եւ այդպիսով կրնան դրդել զգայակ բջիջը: Նոյն այդ օրէնքով է, որ մեզի քաջ ծանօթ ժեներաթէօրներ եւ անոնց կրտսեր եղբայր` ինքնաշարժի տինամոները ելեկտրականութիւն կ՛արտադրեն: Սրուակներու ազդանշանը (վոլթաժը), սակայն, ըստ պարզ հաշուարկի, չափազանց թոյլ է: Մագնիսական դաշտի ընկալումը կը մնայ այս մարզի «աղքատ ազգականը»:
Շտապ բօթ.- Երկրի մագնիսական դաշտն է, որ մեզ կը պաշտպանէ մահացու լիցքաւոր մասնիկներու տեղատարափէն` զանոնք մղելով պարոյկաձեւ շարժումի եւ, հետեւաբար, մթնոլորտի հետ աւելի երկար շփումով կորսնցնելու իրենց թափը: Մագնիսական դաշտը, սակայն, ցաւօք կայուն չէ: Անցեալ միլիոն տարուան ընթացքին հինգ անգամ շրջած է, այսինքն հիւսիս եւ հարաւ տեղ փոխանակած են: Գործընթացի կիսուն, նախքան ուղղութիւն փոխելու դաշտը կ՛իյնայ զեռոյի: Այսինքն` չիք պաշտպանութիւն: Ներկայիս դաշտը 1 դարու ընթացքին կը նուազի մօտ 3%: Քանի մը հազարամեակ ետք անոնք, որոնք ներկայ են, պիտի պարտադրուին առողջական լուրջ հարցեր դիմագրաւել:
Դ.- Վնասակար ճառագայթներու «ընկալում».-
Գիւտարարին (Վիլհելմ Ռէօնթկեն, 1845-1923) անունով նախ Ռէօնթկեն կոչուած, բայց այժմ որպէս X-Ray ճանչցուող ճառագայթները տեսանելի լոյսի նման ելեկտրամագնիսական ալիքներ են այն տարբերութեամբ, որ անոնց յաճախականութիւնը 100-10 հազար անգամ աւելի բարձր է: Այդ կը նշանակէ, որ այդ գերազանց անդրմանիշակագոյն ճառագայթները կրող մասնիկները (photon կամ «լուսոն») անհամեմատ աւելի մեծ ջերմուժ կը կրեն եւ, հետեւաբար, ատակ են աւեր գործելու (15):
Էքս ճառագայթները յայտնաբերուելէն (1895) գրեթէ անմիջապէս ետք փորձեր սկսած են … մարդոց վրայ: Այդ 19-րդ դարու տխրահռչակ սանձարձակ «գիտականութեան» արտացոլացումներու շարքին կը պատկանի: Նկատուած է, որ մթութեան մէջ կոպերը փակ ենթականեր տարօրինակ ձեւեր «կը տեսնեն», երբ ենթարկուին Էքս ճառագայթներու: Շուտով յայտնուեցաւ, որ ճառագայթները վնասակար են: Փորձերը սկսան կատարուիլ անասուններու վրայ: 50- ական թուականներուն արդէն ծանօթ էր, որ նոյնիսկ մանր լուեր կը խորշին Էքս ճառագայթներէ: Ուսանելի երեւոյթ է, որ բազում փորձերէն միայն մէկը, որ կատարուած է աւելի քան 60 տարի առաջ, ունի համացանցի վրայ հասանելի որոշ մանրամասնութիւն:
Երկար ժամանակ ջուրէ զրկուած առնէտը քանի մը անգամ մօտենալ փորձելէ ետք կը հրաժարի ջուր խմելէ, որովհետեւ երբ դուրս գար կապարէ վահանակի պաշտպանութենէն եւ սկսեր ջուր խմելու, կ՛ենթարկուէր անախորժ ճառագայթներու (տե՛ս կողքի գծանկարը):
Առնէտի, ինչպէս եւ մարմնի զանգուածի աւելի քան 2/3-ը կը կազմէ ջուրը: Էքս ճառագայթի լուսոնները դիւրաւ կը քանդեն ջուրի մասնիկները (radiolysis կամ «ճառագայթալուծում), որուն բեկորները կը կազմեն լիցքաւոր նոր մասնիկներ, որոնք կը կոչուին hydroxyl radicals-ներ, եւ որոնք կը պատճառեն ջրային դրութեան «թունաւորում» (neurotoxicity) (16): Նոյն եւ աւելի ծանր հետեւանքներ ունին տիեզերական եւ կորիզային պայթումներէ յառաջացած ճառագայթները:
Այլ խօսքով, Էքս եւ այլ բարձր ուժականութեան ճառագայթները կը խանգարեն ոչ միայն աչքերը (եւ կը պատճառեն պատրանք), այլեւ` բոլոր կենսական գործողութիւնները: Անասուններ ա՛յդ է, որ կը զգան: Բազմաթիւ անասուններ եւ շարք մը մարդիկ տանջելէ եւ հաշմելէ ետք այն եզրակացութեան հասած են, որ նման ճառագայթներ պարզապէս վնասակար են եւ չեն կրնար ծառայած ըլլալ եղափոխութեան, որ կ(ընտրէ գոյատեւելու ի նպաստ յատկութիւններ: Վերջին տասնամեակներուն այս փորձերը դադրած են:
(Շար. 2 եւ վերջ)
———–
(13).- Մագնիսական դաշտ կարելի է յառաջացնել ելեկտրական հոսանք անցնելով որոշ կերպով դասաւորուած օղակներէ (coil): Հարկ է, որ դասաւորումը չէզոքացնէ Երկրի դաշտը եւ յառաջացնէ այլ ուղղութեան եւ ուժգնութեան դաշտ մը:
(14).- Singlet-triplet անուանումը կու գայ այդ զոյգի մագնիսական դաշտին մէջ կարելի ուղղութիւններէն: Բնագիտութեան ուսանողը գիտէ, թէ 2x(½ – ½)+1=1 singlet մինչդեռ singlet 2x(½ + ½ )+1=3 եւ հետեւաբար triplet. Ինչեւիցէ:
(15).- Այնշթայն 1905 թուականին թուային բնագիտութեան (ԹԲ – Quantum Physics) հօր` Փլանքի (Max Planck 1858-1947) 1909-ի հոկտեմբերին (ԹԲ-ի ծննդեան թուական համարուող) առաջադրած յարաբերութիւնը իր դոկտորական աւարտաճառով տարածեց լուսոններու վրայ (ջերմուժը կը համեմատի յաճախականութեան) եւ բացատրեց, այսպէս կոչուած, Photoelectric Effect-ը: Այդ իր առաջին յայտնաբերումն էր:
(16).- Բացի այն, որ երկար ժամանակ այդ ճառագայթներուն ենթարկուող մարմնի ջուրը կը կորսնցնէ իր յատկութիւնը, եւ մարմինը կը չորանայ:
—-
(Շար. 1)