Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոխանակ Գայլի Գլխուն Աւետարան Կարդալու

March 25, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան հարցերու բանբեր Անիթա Հիփեր Պրիւքսելի մէջ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին՛ Պաքուի մէջ պահուող հայերու մասին հարցումին ի պատասխան յայտնեց. «Ազրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է անյապաղ ու անաչառ կերպով հետաքննեն վատ վերաբերմունքի վերաբերեալ բոլոր մեղադրանքները, եւ եթէ անոնք հաստատուին, ապա պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկեն մեղաւորները»:

Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան հարցերու բանբերը կ՛անգիտանայ, թէ Ազրպէյճանը բռնատիրութիւն է, եւ այդպիսի վարչակարգերու մէջ ժողովրդավար երկիրներու նման իշխանութիւններու բաժանում ու անկախութիւն չկայ: Այնտեղ պետութիւնը միատէրն է, եւ միատէրը` պետութիւնը: Անոր անձը կը միատեղէ եւ բացարձակ մարմնաւորումն է գործադիր, օրէնսդիր եւ դատական իշխանութիւններուն:

Հիփեր կ՛ակնկալէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «անյապաղ եւ անաչառ կերպով» ինքզինք հետաքննէ, եւ ապա եթէ հայ պատանդներու նկատմամբ այլապէս ակներեւ եղող «վատ վերաբերմունքի վերաբերեալ բոլոր մեղադրանքները» հաստատուին, պէտք է ինքզինք պատասխանատուութեան ենթարկէ: Յստակ չէ, թէ այս ակնկալութիւնը միամտութեա՞ն, տգիտութեա՞ն, թէ՞ գործելու դժկամութեան խոստովանութիւն է:

Աւելի՛ն. ան հայ պատանդներու դէմ վատ վերաբերմունքը հաստատման կարիք ունեցող «մեղադրանքներ» կը նկատէ` այդպիսով ոչ հաւաստի նկատելով Եւրոպական խորհրդարանի մարտ 13-ի բանաձեւին հիմնաւորումներն ու հաստատումները, ուստի եւ արժեզրկելով օրէնսդիր մարմինի այդ բանաձեւը: Այս բոլորը` ուժանիւթի բնագաւառին մէջ Եւրոպական Միութիւն-Ազրպէյճան ռազմավարական գործընկերութեան 2022 թուականի փոխըմբռնման յուշագիրին սիրոյն:

Ան կ՛ըսէ, որ բռնատիրական Ազրպէյճանը կալանքի մէջ պահուող հայերու համար պէտք է արդար դատաքննութեան իրաւունքը եւ բաւարար պայմաններ ապահովէ` համաձայն իր միջազգային պարտաւորութիւններուն, եւ կ՛ընդգծէ, թէ շատ կարեւոր է, որ ենթադրեալ զինուորական յանցագործութիւնները եւ այլ` «իրաւախախտումները» հետաքննուին թափանցիկ կերպով:

Ասոնք, սակայն, պահանջներ չեն, այլ` քաղաքական գործիչի մը անվայել վարդագոյն ու մանկական երազանքներ, մաղթանքներ կամ անտեղի յոյսեր:

Եւրոպական միութեան պաշտօնատարները պէտք է ականջ տան Եւրոպական խորհրդարանի 13 մարտին ջախջախիչ մեծամասնութեամբ որդեգրած բանաձեւին, որ այդ դատավարութիւնները դիպուկ կերպով կը կոչէ կեղծ, եւ իր որդեգրած բանաձեւի առաջին կէտով կը յայտարարէ, որ ինք` «Կը դատապարտէ հայ պատանդներու անարդարացի բանտարկութիւնը եւ կը պահանջէ անոնց անյապաղ ու անվերապահ ազատ արձակումը»:

Եւրոպական միութեան պաշտօնատարները պէտք է դադրին «գայլի գլխուն Աւետարան կարդալ»-է, եւ Եւրոպական խորհրդարանի կոչին իրագործման համար գործնական, շօշափելի եւ լուրջ քայլեր որդեգրեն:

 

 

 

Նախորդը

Նշմար. Անտառի Օրէնքի Վերադա՞րձ

Յաջորդը

Ազգերու Լիկայի Բաժակ. Սպանիա Եւ Ֆրանսա Փենալթիներով Հասան Կիսաւարտական

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.