Արցախեան երկրորդ` 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմի պարտութիւնը համազգային աղէտ մըն էր բառին լիակատար իմաստով. ազգային խոց մըն էր ան, որովհետեւ ազատագրումէն 26 տարի ետք կորսնցուցինք Արցախը, իսկ այս կորուստը տուն տուաւ` տարբեր զգացումներու եւ մտածումներու, անպատասխան մնացած բազմաթիւ հարցումներու:
Այս պատերազմն ու անոր հետեւանքները իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ յառաջացուցին խոր ցաւ մը, որուն պատճառը ո՛չ միայն կորուստին ահաւորութիւնն է, այլ նաեւ` այն հանգամանքը, որ մենք մինչեւ 2020-ի պատերազմը եւ պատերազմի ժամանակ իսկ համոզուած էինք, որ անկարելի է նման բան պատահի:
Բազմաթիւ հարցումներուն եւ խոր ցաւին հիմնական դրդապատճառը ազգովին եղածը հասկնալու մեր անկարողութիւնն է: Կորուստին հանգամանքները ընկալելն ու մանրամասնութիւնները ըմբռնելը կարեւոր են, որպէսզի դասեր քաղենք տեղի ունեցածէն եւ պայծառ հայեացքով նայինք դէպի ապագայ:
Այդ ուղիի փնտռտուքը դիւրին չէ. արդարեւ, այս քաղաքական գզգզումին մէջ, մինչ կը բացակայի այն ղեկավարութիւնը, որ կրնայ աղերսուիլ մեր այս ցաւին հետ եւ դարմանել զայն, լաւագոյն բանը, որ կարելի է ընել` ողջամիտ դատողութեան կիրարկումն է` հիմնուած փաստերու վրայ: Ա՛յս է, որ «44. Պարտութիւն. 2020-ի Արցախեան պատերազմը` իրողութիւններ եւ հետեւութիւններ» խորագրեալ գիրքը կը ջանայ կատարել:
* * *
Վերջերս Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ արցախեան Բ. պատերազմը վերլուծող «44. Պարտութիւն. 2020-ի Արցախեան պատերազմը` իրողութիւններ եւ հետեւութիւններ» աշխատութիւնը համահեղինակութեամբ` Վիգէն Չըթըրեանի, Կարէն Յարութիւնեանի, Աշոտ Ոսկանեանի եւ Մկրտիչ Կարապետեանի:
Այս գիրքը վերջին պատերազմը վերլուծական մօտեցումով ու տեսակէտներով ներկայացնելու միտող ուսումնասիրութիւն մըն է` ռազմական գործողութիւններէն եւ որոշումներու կայացումէն մինչեւ բանակաշինութիւն եւ ռազմավարական ղեկավարութիւն: Գիրքին հիմնական մասը Վիգէն Չըթըրեանի մանրամասն վերլուծութիւնն է, որ հիմնուած է քաղաքական եւ ռազմական գործիչներու, որոշում կայացնողներու, փորձագէտներու եւ պատերազմի ուղղակի մասնակիցներու հետ կատարուած աւելի քան երեսուն հարցազրոյցներու վրայ:
Գիրքը կը բացայայտէ Արցախի հակամարտութեան պատմական եւ աշխարհաքաղաքական համածիրը` վերլուծելով Հայաստանի զինուորական, քաղաքական եւ դիւանագիտական պատրաստուածութիւնը պատերազմէն առաջ: Հեղինակները կը պնդեն, որ հակառակ նախնական զգուշացումներուն, լարուած իրավիճակին եւ առկայ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններուն, որոնք շատ բան կը յուշեն, Հայաստան պատշաճօրէն պատրաստ չէր դիմակայելու Թուրքիոյ օժանդակութիւնը վայելող Ազրպէյճանի լայնածաւալ յարձակումին, որուն ընթացքին օգտագործուեցան այնպիսի արդիական սպառազինութիւն եւ սարքեր, որոնց դէմ դնելու կարողականութեամբ չէր օժտած ինքզինք Հայաստան:
Աշխատութիւնը դրդուած է պատերազմի մասին աւելի ընդարձակ հետազօտական ծրագրէ մը, որ նախատեսուած է հրատարակել երկու ծաւալուն հատորներով` հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Ի տարբերութիւն վերոյիշեալ ծաւալուն ուսումնասիրութեան` այս գիրքը կը միտի տալ համառօտ, սակայն հիմնաւոր վերլուծութիւն մը` հանրութեան տրամադրութեան տակ դնելով պատերազմի աւելի յստակ մէկ պատկերը եւ իմաստալից քննարկման հիմք մը:
Գիրքը լոյս տեսած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նախաձեռնութեամբ ու հովանաւորութեամբ, Երեւանի մէջ, «Մարդկայնական հետազօտութիւններու կեդրոն»-ին կողմէ:
«Պարտութիւն» բառով սկսող գիրքին վերնագիրը կրնայ կոշտ հնչել ու զգայացունց ըլլալ շատերուս համար, սակայն, ինչպէս իմաստուն խօսքը կ՛ըսէ, «Ախտաճանաչումը բուժման կէսն է»: Ի վերջոյ պէտք է դէմ յանդիման կանգնիլ իրականութեան հետ` զայն իմաստաւորելու, ապա բարելաւելու համար:
* * *
Գիրքը նպատակ ունի ընթերցողը դէմ յանդիման կանգնեցնել իրականութեան հետ, ա՛յն իրողութեան, որ մենք պարտութիւն կրած ենք 44-օրեայ պատերազմին: Գիրքը, 44-օրեայ պատերազմի մեր պարտութեան առնչուող բազմազան հարցումներուն պատասխաններ տալէ աւելի, կոչ կ՛ուղղէ հայ հասարակութեան` առանց կողմնակալութեան մտածելու մեզի պատահածին մասին, առերեսուելու իրականութեան հետ եւ խօսելու անոր մասին, առարկայական քննարկում կատարելու եւ, այդպիսով, դուրս գալու քաղաքական քաշքշուքի ծիրէն:
«Հակառակ անոր որ այս բոլորը շատ ցաւալի են, բայց մենք պէտք է մեր մասնագիտական աշխատանքը տանինք, որպէսզի կարողանանք ոչ միայն հասկնալ անցեալի սխալներն ու ձախողութեան պատճառները, այլ նաեւ այդ բոլորը օգտագործենք այսօրուան եւ ապագայի սխալներէն զերծ մնալու համար» (Վիգէն Չըթըրեան):
Ինչպէս համահեղինակները կ՛ըսեն. «Հրատարակութիւնը նպատակ ունի հանրային ուշադրութիւնն ուղղել արցախեան երկրորդ պատերազմի փաստական հանգամանքներին` վերջիններս հասկանալով ամենալայն իմաստով» (Աշոտ Ոսկանեան – «Երկու խօսք»):
«Հարցերի նպատակը ոչ թէ մեղաւորներ փնտռելն է, այլ 44-օրեայ պատերազմի ամբողջական պատկերն ուրուագծելը: Իսկ պատասխանների որոնումը թոյլ կը տայ թէկուզ ուշացած, բայց դասեր քաղել» (Կարէն Յարութիւնեան):
«Այս աշխատանքը մեծապէս կարող է օգնել հետազօտողներին` ստանալու ընդհանուր պատկերը եւ խորանալու առանձին դրուագների մէջ» (Կարէն Յարութիւնեան):
* * *
«44. Պարտութիւն. 2020-ի Արցախեան պատերազմը` իրողութիւններ եւ հետեւութիւններ» գիրքը կը բաղկանայ երեք գլուխներէ եւ ունի յաւելուած 2 գլուխ:
Գիրքի ներածական բաժնին մէջ իմաստասիրութեան (փիլիսոփայութեան) դոկտոր, դասախօս, «Մարդկայնական հետազօտութիւններու կեդրոն»-ի նախագահ Աշոտ Ոսկանեան կը ներկայացնէ աշխատութեան նպատակը (վերոյիշեալ), կառուցուածքն ու բովանդակութիւնը, ան յատկապէս կը շեշտէ, որ տարբեր երկիրներ ներկայացնող հեղինակներուն մասնակցութեամբ իրականացած այս աշխատանքը ակադեմական մանրամասնութեամբ կը մօտենայ 44-օրեայ պատերազմի տարաբնոյթ տեսանկիւններուն:
«2020-ի պարտութեան կիսապատասխան հարցերը» խորագրով երկրորդ գլուխին մէջ Կարէն Յարութիւնեան կը բարձրացնէ այն հարցումը, թէ ինչո՞ւ Հայաստան այդքան ծանր պարտութիւն կրեց, որուն իբրեւ հետեւանք` Արցախը շրջափակուեցաւ, ապա ինկաւ թշնամիին ձեռքը, իսկ արցախահայութիւնը ենթարկուեցաւ ցեղային զտման:
Ան սկզբնական բաժինով նաեւ ընդհանուր գիծերու մէջ լուսարձակի տակ կը բերէ 2021-2024 թուականներուն այս նպատակով անձնական թէ պետական մակարդակի վրայ իրականացած զանազան նախաձեռնութիւններն ու ուսումնասիրութիւնները, որոնք, իրենց կարգին, կ՛անդրադառնան այս նիւթին` իւրաքանչիւրը տարբեր դիտանկիւնէ եւ բնագաւառի մէջ, կը ներկայացնէ ամէն մէկուն մօտեցումն ու ուսումնասիրութեան կիզակէտը:
Կարէն Յարութիւնեան կը նշէ, որ գիրքի իր բաժինին մէջ ներկայացուած հարցումներն ու անոնց պատասխաններ գտնելու փորձերը կարեւոր են ոչ միայն հետազօտողներուն, «այլ նաեւ նախ եւ առաջ Հայաստանի քաղաքական հետագայ ուղեգիծի պատասխանատուներուն համար»: Նկատի ունենալով, որ պատերազմի գործողութիւնները միայն ու միայն այդ օրերուն գետնի վրայ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն ծնունդ ու հետեւանքը չեն, այս բաժինով ուղղած հարցումներուն ծիրը կը սկսի նախապատերազմական շրջանէն:
Կարէն Յարութիւնեանի ուղղած հարցումները թիւով 80 են եւ կը բաժնուին եօթը հիմնական խումբերու.
- Նախապատերազմեան շրջան,
- 2020-ի յուլիսեան մարտեր,
- Պատերազմի սկիզբ եւ ընթացք,
- Ռազմական ղեկավարում եւ որոշումներու կայացում,
- Զօրքերու համալրում եւ թիկունքային ապահովում,
- Զինատեսակներու կիրարկում,
- Պատերազմի աւարտ եւ հետեւանքներ:
Բաժնի աւարտին Յարութիւնեան կը հաստատէ, որ պատերազմէն չորս տարի ետք Հայաստան կանգնած է գոյութենական իսկական մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման: Արդարեւ, կորսուած է Արցախը` Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական ինքնութեան հիմնասիւներէն մէկը, փուլ եկած է ապահովական ճարտարապետութիւնը, հայ հանրութեան ու քաղաքական վերնախաւերուն մէջ առկայ է խոր բեւեռացում, անցեալի ու ներկայի խնդիրները անաչառ քննելու, վերլուծելու եւ դասեր քաղելու անկարողութիւն: Այս բոլորին լոյսին տակ ալ գիրքին ու հարցումներուն նպատակը մեղաւորներ փնտռելը չէ, այլ` 44-օրեայ պատերազմի ամբողջական պատկերը ուրուագծելը, պատասխանները սերտելն ու անոնցմէ դասեր քաղելը:
«Նոր Յառաջ»
(Շար. 1)