Յօդուածներ

Ժանսեմի Ծննդեան 105-Ամեակ (ԼԸ.)  Մարդ Ենք Ազգ Ըլլալէ Առաջ

Ժանսեմի Ծննդեան 105-Ամեակ (ԼԸ.) Մարդ Ենք Ազգ Ըլլալէ Առաջ

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը, գործակցութեամբ` Ֆրանսայի դեսպանատան մշակութային համագործակցութեան եւ ծրագիրներու կեդրոնին, շաբաթ, 5 ապրիլ 2025-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ կը կազմակերպէ Միջդպրոցական նկարչական մրցանք (5-րդ դասարանէն մինչեւ 12-րդ դասարանի աշակերտներու)` Ժանսեմի ծննդեան 105-րդ ամեակին նուիրուած: Այս առիթով Ժանսեմի արուեստի բնոյթին եւ առհասարակ անոր ստեղծագործական կեանքին մասին որոշ գաղափար մը տալու համար ստորեւ կը...

Միջազգային Հանրութեան Անտարբերութեան Պատմութիւն

Միջազգային Հանրութեան Անտարբերութեան Պատմութիւն

ԺՈՒԼԻԵԹ ԴԱՒԹԵԱՆ Սոյն թուի մարտի 20-ին ՀՀ Հանրային ալիքի եթերի «Հարցազրոյց» հաղորդաշարում սփռուեց ՕԹԱՆ-ի նախկին գլխաւոր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսենի հետ հարցազրոյցը` խաղաղութեան գործընթացի մասին: Հարցազրոյցի ընթացքում եղան ուշագրաւ յայտարարութիւններ եւ հաստատումներ: Հարցազրոյցի 5:05 րոպէում Ռասմուսենին յիշեցնում են նախորդ այցի ժամանակ իր հնչեցրած այն մտքի մասին, թէ` «Ղարաբաղում ցեղային զտումները կարմիր գիծ կը լինեն Արեւմուտքի համար»: Հիմա «Դուք ընդունո՞ւմ էք,...

Ազգային  Հերոսին Անշուք  Յոբելեանը

Ազգային Հերոսին Անշուք Յոբելեանը

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ  «... Հա՛յ ժողովուրդ, եթէ հաւաքական կերպով չպատասխանես այս կոչիս, եթէ չգիտակցիս այն մահուան սեւ երազին, որ կը սաւառնի մեր բովանդակ հայ ժողովուրդին վրայ, եթէ դուն հասկացութիւնը չունենաս ստեղծուած ծանր պահուն, ե՛տ առ ինձմէ հօրս անունը, զոր դուն ես տուած, եւ իրաւունք մի՛ ունենար վերցնելու իմ դիակը, իրաւունք մի՛ ունենար իմ վրայ արտասուելու, թող թաղէ զիս այն քոզակը, որ...

Հուտա Շտիտ` Լիբանանի Յայտնի Լրագրողուհի

Հուտա Շտիտ` Լիբանանի Յայտնի Լրագրողուհի

Հուտա Շտիտը նշանաւոր լիբանանցի լրագրող մըն էր, որուն նուիրումը եւ վճռակամութիւնը լուսաւորեցին իր աւելի քան երեսուն տարուան մասնագիտական ուղին: Ծնած էր 1969-ին, Լիբանանի հիւսիսային շրջանի Ռաշին գիւղին մէջ, Զղարթա: Իր նախնական ուսումը ստացած էր գիշերօթիկ վարժարանի մը մէջ, որ ձեւաւորած է անոր անկախ ոգին: Ապա բարձրագոյն ուսումը շարունակած էր Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ` քաղաքական գիտութիւններու բաժինին մէջ, ուր զարգացուցած...

Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»

Փաշինեանի Դատապարտելի Յայտարարութիւնները Թուրք Լրագրողներուն

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Այս շաբաթ գիտցայ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը 7,5 միլիոն դրամ (մօտ 19 հազար տոլար) ծախսած է ճամբորդութեան, կեցութեան եւ սնունդին համար տասը թուրք լրագրողներու, որոնք Երեւան հրաւիրուած էին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ հարցազրոյց կատարելու համար: Բարեբախտաբար ասիկա մեծ գումար չէ, սակայն անոնց ծախսերը հոգալը լրագրողական բարոյագիտութեան խախտում է: Ես նաեւ տեղեկացայ, որ հարցազրոյցէն առաջ վարչապետին օգնականները գրաւած են թուրք...

Թատրոնի Նուիրեալը*

Թատրոնի Նուիրեալը*

ԶԱՒԷՆ ՊԱԱՔԼԻՆԻ Դպրոցի եւ կեանքի ընկեր ըլլալէ անդին, Յովսէփ Գաբլանեանի` Եուսուֆի, երկար տարիներու գործունէութեան միակ վկան եմ, որուն բոլոր մանրամասնութիւնները ունիմ: Եւ այսօր, մահուան առիթով, եւ իբրեւ այդպիսին, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութիւնը ինծի վստահած է այս դժուարին պարտականութիւնը: Այս մէկը կը կատարեմ ուրախութեան եւ տխրութեան խառն զգացումներով: Այո՛, ուրախութիւն է, որովհետեւ կը վերյիշեմ բոլոր ա՛յն պահերը, որ ապրած եմ Եուսուֆին...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Ֆրանսա  Նիսի Սուրբ Աստուածածին Հայկական Եկեղեցին Վերընդգրկուած Է Թեմի Կազմին Մէջ Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդի գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութենէն կը տեղեկանանք, թէ Նիսի Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցին, որ երկար տարիներու խոր վէճերէ ետք արտաքսուած էր Հայ առաքելական եկեղեցիէն եւ հետեւաբար` թեմէն, ներկայիս դարձեալ վերընդգրկուած է թեմի կազմին մէջ: Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ շաբաթ, մարտ 15-ին, աղօթքէն ետք, տեղի...

Գաղափարի Մարտիկ Սարգիս Զէյթլեանի Առեւանգման Ու Նահատակութեան  40-Ամեակին Առիթով` Հոգեհանգստեան Պաշտօն Եւ Գիրքի Շնորհահանդէս-Գինեձօն Այնճարի Մէջ

Հաւատքի Եւ Գործի Ընկերը` Սարգիս Զէյթլեան*

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ «Սարգիսէն առաջ եւ Սարգիսէն ետք ո՞վ ունեցած ենք Դաշնակցութեան կազմակերպական եւ քաղաքական հասկացողութեամբ լիարժէք Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ», խօսք` ընկեր Հրայր Մարուխեանի: 1972-1982 թուականներուն ընկերներ Բաբգէն Փափազեանին, Հրաչ Տասնապետեանին եւ Սարգիս Զէյթլեանին յանձնուած էր Դաշնակցութեան ընդհանուր ծրագիրը վերախմբագրելու աշխատանքը: Սակայն վերջնական տարազումը նախագիծին գրած էր ինք` ընկեր Սարգիս Զէյթլեան, որովհետեւ ունէր թէ՛ գաղափարական հզօրութիւն իր բանաձեւումով` սկզբունքները բիւրեղացնելու եւ...

Խորհրդածութիւն Մասթըրին Հետ

Խորհրդածութիւն Մասթըրին Հետ

ՎԵՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ Եռաբլուր եմ: Շուրջս` անծայրածիր տխրութիւն, ցասում, զայրոյթ եւ ցաւ: Եռագոյն դրօշներ... որոնք, հակառակ իրենց ունեցած հպարտութիւն պատճառող իւրայատկութեան, բոլոր գլուխները կը խոնարհեցնեն: Մտածումները սառած են: Զգացումները` գերիշխող: Արցունքը` ակնյայտ, իսկ լորձունքը կախուած` իւրաքանչիւրին կոկորդին: Դադիվանքի հերոս քահանան Յովհաննէս քհնյ. Յովհաննիսեան կանգնած է եկեղեցւոյ մուտքին` խաչ ու խունկով յոյս ներշնչելու եւ ցաւեր ամոքելու համար: Քայլերս կ՛ուղղեմ ծանօթ...

«Հասակ Մը Կայ Մեր Կենաց Մէջ…

«Հասակ Մը Կայ Մեր Կենաց Մէջ…

ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ ... ուր ամենայն իղձ կ՛աւարտի»: Կամ թերեւս` ոչ անպայման: Իղձերը կրնան փոխուիլ, վերանորոգուիլ, աւարտիլ միայն աւարտին հետ: Քառասուն տարի առաջ մարմնային իղձ էր պայքարը, մրցակցութիւնը, մարտական արուեստի կիրարկումը` հասնելու համար իւրաքանչիւր հարուածի կատարեալին... «Hier encore j՛avais vingt ans, je caressais le temps...» Քառասուն տարի յետոյ մարմնային իղձն է բարելաւել շարժումը` առանց երբեք կատարեալին խաբկանքն ունենալու, ուշադիր ըլլալ...

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

ՀՅԴ ԼԵՄ . Մեր Խօսքը

Այս խենթ ամսուն մարտ կ՛ըսեն... Դաշնակցական երիտասարդին համար «խենթութիւնը» դաստիարակչական բնոյթ ունի: Իրականութեան մէջ մարտ ամիսը իւրայատուկ է յիշատակելի իր թուականներով: Անմոռանալի է Լիզպոնի հինգէն Սիմոն Եահնիեանի ծննդեան թուականը (մարտ 1): «Հիմա մեր ապրած կեանքը իսկապէս որ կեանքէ զատ ամէն ինչի կը նմանի: Կ՛ապրինք ուրիշին տիրապետութեան տակ. ուրիշին խամաճիկներն ենք», կ՛ըսէ Սիմոն Եահնիեան: Անմոռանալի է նաեւ Վիգէն Զաքարեանի ծննդեան թուականը...

Ծաղիկի Մը Փոխան

Ծաղիկի Մը Փոխան

ԼՈՐԻ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ «Մեր հասարակութեան հիմքը կինն է, մայրը, սերնդի շարունակողը» ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ Հայ ազատագրական շարժումի տարիներուն գրագէտներ եւ ուսուցիչներ իրենց ներդրումը ունեցան` քարոզելով պայքարի ու յեղափոխութեան գաղափարները: Աւելի ուշ, խօսքերը վերածելով գործի, անոնք իրենց ներդրումը ունեցան զէնք ու զինամթերքի փոխադրութեան մէջ, ինչպէս նաեւ իրենց տուներուն մէջ ընդունեցին ու պահեցին ֆետայիներ, որոնք պէտք էր թաքնուէին պետութենէն:...

Հայ Կինը` Հայոց Պատմութեան Մէջ

Այր Մարդու Նման` Կին

ՍԱՐԻՆ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղ Ինչպէս այր մարդը կրնայ ըլլալ ֆետայի, այդպէս ալ հայ կինը` ֆետայի: Հայ կինը մեծ դեր ունեցած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարժումին մէջ` թէ՛ գրական, կրթական եւ թէ՛ մշակութային ասպարէզներուն մէջ: Երբ «ֆետայի» ըսենք, միտքով միայն տղամարդ պէտք չէ մտածենք, որովհետեւ նոյնքան ֆետայի կրնայ ըլլալ նաեւ կինը` իր կարողութեամբ: Ֆետայիին կեանքը լեցուն է` պայքարով, դիմադրութեամբ,...

Դաշնակցութեան Վրէժը

Դաշնակցութեան Վրէժը

ԳՐԻԳՈՐ ՇԻՇԷՃԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը «Նեմեսիս» գործողութեամբ կ՛ահաբեկէ Թալէաթ փաշան: Թալէաթի ահաբեկումով հայը դարձեալ ցոյց տուաւ աշխարհին, որ ինք կը մնայ պահանջատէր իր արդար դատին: Մէկ գնդակի հարուածով Սողոմոն Թեհլիրեան արթնցուց հազարաւոր հայերու պայքարի ոգին, եւ Դաշնակցութիւնը իրականացուց նոր դատավճիռներ` պատժելով Հայոց ցեղասպանութիւնը ծրագրած թուրքերը: Թեհլիրեան մէկ փամփուշտով գետին փռեց ցեղասպան Թալէաթը, եւ...

Քրիստափորի Օրինակով

Քրիստափորի Օրինակով

ՆԱՆՕՐ ԷԼԷՅՃԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան միտքը` Քրիստափոր Միքայէլեան,  կազմակերպութեան յառաջատար գլխաւոր ղեկավարներէն է, անոր նպատակը եղած է Արեւմտեան Հայաստանի մէջ իրագործել ընկերային փոփոխութիւններ` կերտելով հայոց անկախութիւնը: Անոր առաջնորդութեան ճամբան սկսաւ 1800-ականներու վերջը, երբ մասնակցեցաւ յեղափոխական աշխատանքներու կազմակերպումին Կովկասի մէջ: Օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ ձերբակալուած ու վտարուած ըլլալով` ան կը մեկնի Ռումանիա եւ կը շարունակէ իր գործը` խմբագրելով...

Վաստակաւոր Ուսուցիչ Վրժինա Թուզճեան-Պաղտատեանի Յիշատակին

Վաստակաւոր Ուսուցիչ Վրժինա Թուզճեան-Պաղտատեանի Յիշատակին

ԱՆԻԹԱ ԺԱՄԿՈՉԵԱՆ 23 փետրուար 2025-ին մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ իմ եւ քանիներու տասնամեակներու բարեկամուհին, պաշտօնակիցը, համալսարանաւարտ վաստակաշատ կրթական մշակ, երկա՜ր տարիներու Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան վարժարանի մանկապարտիզպանուհի, անգլերէնի ուսուցիչ Վրժինա Թուզճեան-Պաղտատեանը: Այս քանի մը տողերը` իր անմոռաց յիշատակին Ա՛լ մեզի հետ չես... Դուն ժպիտով դիմակայեցիր կեանքի մարտահրաւէրները: Երկարատեւ հիւանդութիւնն իսկ չխլեց լաւատեսութիւնդ: Շրջապատիդ հետ համերաշխ սրտակցութեամբ յաղթահարեցիր ամէն դժուարութիւն, եղար սիրող...

Դաշնակցութեան Հաւատաւոր Զինուոր Եւ Իւրայատուկ Ղեկավար Սարգիս Զէյթլեանի Նահատակութեան 40-Ամեակի Նշում

Սարգիս Զէյթլեան` Հայութեան Հաւաքական Ուժին Հաւատացող Հսկան*

ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ ՀՅ Դաշնակցութեան 35-րդ Ընդհանուր ժողովի աւարտէն 3 շաբաթ ետք կը հանդիպինք, սիրելի հայրենակիցներ, ընկերուհիներ եւ ընկերներ, ըլլալու միասին Դաշնակցութեան պատմութեան վերջին 60 տարիներու հսկաներէն մէկուն` ընկ. Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգման եւ նահատակութեան 40-ամեակին առիթով: Սարգիս Զէյթլեան ՀՅԴ 25-րդ Ընդհանուր ժողովին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեամբ բարձրացած է նահատակութեան պատուանդանին: Ընդհանուր ժողովը կ՛ըսէ. «Պայքարողի խրոխտ կեցուածքով, դաշնակցական եւ գաղափարական սքանչելի տիպարով եւ...

Դաշնակցութեան Հաւատաւոր Զինուոր Եւ Իւրայատուկ Ղեկավար Սարգիս Զէյթլեանի Նահատակութեան 40-Ամեակի Նշում

Հայկական Արեւելումի Ռահվիրան` Սարգիս Զէյթլեան*

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ Դաշնակցութեան ժամանակակից պատմութեան ամէնէն կարկառուն դէմքերէն Սարգիս Զէյթլեանի եւ անոր ընկերակից Կարօ Գոլանճեանի առեւանգման 40-ամեակի նշումը շատ հասկնալիօրէն այժմէական խորհուրդներու, մտածումներու տեղի կու տայ, բայց մանաւանդ, այդ բոլորէն մեկնած, մեր հաւաքական աշխատանքի վերակազմակերպման համար նոր ուղենիշներ կը ճշդէ: Հայութեան թշնամիները միշտ չէ, որ դիմած են առեւանգման եւ պատանդառման միջոցին, հայութեան եւ անոր մարտունակ ուժին` Դաշնակցութեան դէմ պայքարելու ընթացքին:...

Մութ Կենսուժ. Նոր Տուեալները Կասկածի Տակ Կը Դնեն Բնագիտութեան Հիմնական Օրէնքները

Մութ Կենսուժ. Նոր Տուեալները Կասկածի Տակ Կը Դնեն Բնագիտութեան Հիմնական Օրէնքները

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Միջազգային գիտական խումբի հետազօտողները նոր տուեալներ ստացած են մութ կենսուժի բնոյթի մասին` առեղծուածային ուժի, որ պատասխանատու է տիեզերքի արագացուած ընդարձակման: Պարզուած է, որ մութ կենսուժը կը յաջողի փոխուիլ ժամանակի ընթացքին, բան մը, որ կը հակասէ կայուն նկատուող տեսութիւններուն: Այս եզրակացութիւնները կատարուած են օգնութեամբ DESI (Dark Energy Spectroscopic Instrument) յատուկ հեռադիտակին, որ տեղադրուած է Կիտ Փիք աստղադիտարանին մէջ (Արիզոնա,...

Թէկուզ Տկար

Բռնատիրութիւն, Ճնշում, Ուրացման Քաղաքականութիւն Եւ «Բնականոնացման» Պատրանք

 ԴՈԿՏ. ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի ձերբակալութիւնը Թուրքիոյ քաղաքական ճնշումներու պատմութեան մէջ հերթական դրուագ մը չէ միայն. շրջադարձային պահ մըն է այդ` Թուրքիոյ մէջ խորացող բռնապետութիւնը սնուցանող ու յղի` տնտեսական, ֆինանսական, ապահովական ներքին ու տարածաշրջանային զարգացումներով: Մինչեւ այս պահը աւելի քան 1500 անձեր ձերբակալուած են ծաւալուն բողոքի ցոյցերու ընթացքին: Իշխանական շրջանակները, ներառեալ` նախագահ Էրտողանը, ցոյցերը որպէս «փողոցային ահաբեկչութիւն» կը...

Page 118 of 1110 1 … 117 118 119 … 1,110

Արխիւներ