Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրբ Վարդանի Եւ Սուրբ Շուշանիկի Սրբապատկերներուն Առիթով

Մարտ 24, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ստորեւ հայերէնի թարգմանուած կը հրատարակենք  Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան մայր եկեղեցւոյ նուիրուած երկու սրբապատկերներուն մասին դոկտ. Ճեսի Արլենի շահեկան խորհրդածութիւնը, թէ ինչպէ՛ս անոնք կը ցոլացնեն քրիստոնէական յատուկ տեսութիւն եւ արժէքներ:

Սրբապատկերին նպատակը իրապաշտ նկարչութեան կամ լուսանկարի նման պատկերացնել չէ դէպք մը, որ պատահած է պատմական որոշ պահու մը: Ընդհակառա՛կը, սրբապատկերը կը հրաւիրէ իրեն հայեցողը` դիտելու դէպքերուն իմաստը երկնաւոր, աստուածային տեսանկիւնէն:

Սուրբ Վարդանի եւ Սուրբ Շուշանիկի երկու պատկերները կը զարդարեն Նիւ Եորք քաղաքին Սուրբ Վարդան մայր եկեղեցւոյ մուտքը. մէկը պէտք չէ ակնկալէ այդ երկու նոր պատկերներուն մէջ, գտնել պատմական ճշգրտութիւն. արդարեւ, անոնց մէջ չեն նկարուած մարտական արիւնոտ տեսարաններ, ինչպէս կարելի է գտնել ձեռագիրներուն մանրանկարներուն մէջ, կամ Աւարայրի ճակատամարտին արդի նկարչութեան մէջ: Ս. Շուշանիկի պատկերը չի ներկայացներ այդ խժդուժ չարչարանքները, որոնց ենթարկուեցաւ անոր սուրբ մարմինը, ինչպէս մանրամասնօրէն կը նկարագրեն անոր  հայերէն եւ վրացերէն վկայաբանութեան զանազան էջերը: Ի՞նչ է, ուրեմն, ճիշդ այն, որ մեր հայեցողութիւնը կը դիտէ այս երկու պատկերներուն մէջ:

Սուրբերու պատկերները հեղինակաւոր կերպով նկարագրուած են որպէս «երկնքի վրայ բացուած պատուհաններ», կամ` «սուրբ պատուհաններ»: Բայց ճիշդ ի՞նչ կը նշանակէ այս: Երկինքը իրերու իմաստն է, իրականութեան անտեսանելի տիրոյթն է, որուն կը հասնինք նշաններով: Պատկերը ուսուցիչն է, ցոյց կու տայ մեզի իրականութիւնը, որ մեր մարմնական աչքերով տեսածէն անդին է: Պատկերը կը յայտնէ ճշմարտութիւնը, բայց` ոչ պատմական ճշմարտութիւն մը. տարբեր տարածքի պատկանող ճշմարտութիւն մը, անտես, հոգեւոր իրականութիւն մը, զոր մեր մարմնական աչքերը կարող չեն նշմարել: Ուստի կարիքը պատկերին այն է, որ մեր տեսողութիւնը կը բանայ երկնաւոր իրականութեան վրայ:

Երկրաւոր, պատմական ժամանակին մէջ Վարդան Մամիկոնեան նահատակուեցաւ ճակատամարտի մէջ` ուրիշ հայ ազնուականներու հետ: Պատկերին մէջ ան կեցած է յաղթական, աջով բռնած է ոչ թէ նիզակ մը, այլ` թափօրական խաչ մը, կեցած` կարծես իրեն հետեւող հերոսական սուրբերու երկար շարքի մը գլխուն: Իր սուրը պատեանին մէջ է, սաղաւարտը հանած, որովհետեւ կը տեսնենք զինք կանգնած երկինքի մէջ, ուր, մարգարէին խօսքին համաձայն, «Պիտի ձուլեն սուրերը խոփերու, եւ իրենց սուինները` մանգաղներու. եւ ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ, եւ այլեւս պիտի չսորվին պատերազմ տալ» (Եսայի 2.4): Սուրբը կեցած է բարձունքի վրայ, իր ետին աւելի կը տարածուի երկինքը, քան` իր ոտքերուն տակ երկիրը: Իր շուրջառն ու սաղաւարտին գարգմանակը կարմիր է, յուշ եւ նշանակ` արեան, զոր ան հեղեց` ի վկայութիւն իր Տիրոջ, ի պաշտպանութիւն քրիստոնէական հաւատքին: Ինքզինք զոհելով` ան ձեռք առաւ իր խաչը, զոր աջով ուղիղ վեր բռնած է, եւ հետեւեցաւ Քրիստոսի: Այս ընելով Քրիստոսի համար` ան կորսնցուց իր կեանքը այս աշխարհի համար, բայց շահեցաւ իր հոգին եւ ստացաւ յաւիտենական կեանքը (Մատթէոս 16.24-25):

Նման բարձունքի մը վրայ կեցած է Ս. Շուշանիկ` Վարդանի դուստրը եւ Գրիգոր Լուսաւորչի սերունդը: Սպիտակ շուշաններ ծաղկած են անոր շուրջ, ծաղիկը, որուն անունը կը կրէ. «Ծաղիկ եմ դաշտերու` հովիտներու շուշան» (Երգ Երգոց 2.1): Ինչպէս Լուսաւորիչը` իր նախահայրը, պատմականօրէն երկար տարիներ կրեց մարմնական չարչարանքներ, բրածեծ եղաւ եւ բանտ նետուեցաւ ոչ իր թշնամիներէն, այլ իր իսկ ամուսին Վազգէնի` Վրաց բդեշխին հրամանով: Եւ սակայն պատկերին մէջ մենք կը տեսնենք ոչ թէ գեղակորոյս եւ կոշկոճած մարմին մը, այլ` վեհասուրբ եւ անբիծ կին մը: Կը տեսնենք զինք այնպէս, ինչպէս է երկնքի մէջ, ուր Աստուած բուժած է անոր կոտրած սիրտը եւ դարմանած` անոր բոլոր վէրքերը (Սաղմոս 146/147.3): Անոր ոտքերուն մօտ կան փշրուած երկաթեայ կապանքները, որոնք երբեմն զայն շղթայած էին երկրաւոր բանտին մէջ: Բայց Աստուծոյ զօրութիւնը փրկեց զինք մահուան խաւարի ստուերներէն եւ փշրեց իր կապանքները (Սաղմոս 106/107.14): Ձեռքին ունի Սուրբ Գիրք մը. Ուխտանէս պատմիչէն կ՛իմանանք, որ Շուշանիկ իր չարչարանքներուն ընթացքին «մօտը ունէր փոքրիկ գիրք մը, որուն շնորհիւ կարող էր սաղմոսել եւ ջերմեռանդ աղօթքները կատարել»: Այժմ կեցած է երկինքի մէջ, մէկ ձեռքին խաչը, իսկ միւսին` սուրբ Աւետարանը, որուն ի սէր կրեց տանջանքները, իր նախահօր` Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի եւ իր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի օրինակով: Արքունական պատմուճանով կեցած է, պսակուած` անեղծանելի թագով (1 Կորնթացիս 9.25): Անոր անբարբառ դէմքը կարծես մեր ականջներուն մէջ լուռ կը հնչեցնէ իր ընթերցումը մարգարէին խօսքերուն, թէ ինք` «Զգեցած է փրկութեան հանդերձ եւ ուրախութեան պատմուճան, փեսայի նմանութեամբ պսակեց զիս, եւ իբրեւ հարս` զարդարեց զարդով» (Եսայի 61.10):

ՃԵՍԻ ԱՐԼԵՆ

Նախորդը

«Ձեւափոխուող «Դիմադրութեան Առանցքը». Ինչպէ՞ս Իրանը Եւ Անոր Ցանցերը Կը Յարմարին Արտաքին Ճնշումներուն»

Յաջորդը

Մեր Լեզուն Եւ Մենք

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?