Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոմս. (Ազերի) Փաշինեանը Ո՛չ Մէկ Զիջում Ըրած Է…

Մարտ 27, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հայաստանի քաղաքական բեմը քանի մը օրէ ի վեր ինկած է նոր փոթորիկի մը գիրկը:

Ուրկէ՞ ծնունդ առին նորագոյն փոթորկաբեր հովերը:

Չէ՛, Թուրքիոյ ներքին հակամարտութիւններէն չեկան անոնք, պարզապէս անոնց զուգադիպեցան: Երազատես Նիկոլ Փաշինեան դարձեալ առաւօտ մը արթնցաւ եւ որոշեց Հանրային պատկերասփիւռի կայանի մէկ լրագրողը կանչել, հարցազրոյց մը շնորհե՜ց եւ, ըստ սովորութեան, հազար ու մէկ սուտով եւ խեղաթիւրումներով փորձեց ինքնարդարացումներ հրամցնել ժողովուրդին: Եւ ահա, բանիմաց մարդիկ` քաղաքական պատասխանատուներ, մասնագէտներ, քանի մը օրէ ի վեր կը հակադարձեն եղածին, վեր կ՛առնեն ըսուածին սա կամ նա կէտը եւ փաստացի՛ նշումներով ցոյց կու տան, թէ սուտերու շղթան ուրկէ՛ սկսած է եւ ո՛ւր… չի վերջանար:

***

Մեր կարծիքով, հակազդեցութիւնները, թէեւ` արդար եւ ո՛չ անտեղի, պարզապէս ճիգի ու շունչի վատնում են:

Եթէ պահ մը կանգ առնենք Փաշինեանի միայն մէկ նշումին վրայ, թէ` այդ ի՞նչ զիջում ըրած են ինք ու կողքին քալողները, իրենց իսկ բնութագրումով` «ուսապարկեր»-ը, կրնանք որոշ դիտանկիւնէ վստա՛հօրէն ըսել, որ պատասխանը շատ յստակ է ու պարզ (նման հայեցակէտ` նաեւ միւս ըսածներուն մասին): Փաշինեան ճի՛շդ կ՛ըսէ. ինք ո՛չ մէկ զիջում ըրած է, միայն ու միայն խաղաղութեա՛ն ձգտած է եւ հայրենիքին շահե՛րը պաշտպանած:

Մի՜ զարմանար, սիրելի՜ ընթերցող: Դուն ալ, ոեւէ բանիմաց հայու պէս, Փաշինեանի հարցումին իրական պատասխանը շա՜տ ալ լաւ գիտես, մինչեւ իսկ եթէ «փաշինեանապաշտ» ես: Սակայն եկո՛ւր, պահ մը մեզի պէս դիտէ հարցումն ու մեր` «ճի՛շդ կ՛ըսէ» պատասխանը, թէ` մարդուկը ո՛չ մէկ զիջում ըրած է: Եւ գիտէ՞ք, թէ ինչպէ՜ս կը հիմնաւորուի «չզիջող»-ին ճշմարտախօսութիւնը: Կը հաստատուի ու կ՛արդարանայ, եթէ ընդունինք ու տեսնենք, որ ան եղածները կը դիտէ… թուրքին ու ազերիին դիրքերէն: Ու եթէ ընդունինք այս պարզ (եւ բազմիցս ապացուցուած) իրականութիւնը, կը հիմնաւորուին նաեւ անոր շա՜տ մը նախընթաց հաստատումները. այո՛, ինք չէ զիջած, չէ՛ պարտուած (պարտուողն ու կորսնցնողը հա՛յն է), այո՛, Արցախ ու այլ հողեր չէ նուիրած, գերիշխանութիւն չէ նօսրացուցած, տակաւին,  կը պատրաստուի նոր յաղթանակներո՛ւ, այսինքն` (մի՛շտ ազերիական դիտանկիւնէ) «գրաւելու» Տիգրանաշէնը, «նուաճելու» Վրաստանի սահմանէն սկսեալ ու մինչեւ Սիւնիք այլ հողամասեր, Հայաստանին պարտադրելու նոր սահմանադրութիւն, զինաթափում, բազմահազար ազերիներով Հայաստանի ողողումը (շարունակե՞նք…):

***

Երբ կը մտածես ազերիի՛ պէս, հաշիւներդ կ՛ընես ազերիակա՛ն շահերու դիտանկիւնէն, անշո՛ւշտ որ զիջողի դիրքի վրայ չես ըլլար, այլ` շահողի՛ եւ նոր նուաճումներու պատրաստուողի՛:

… Ու մեր ազգը կը շարունակէ խաբուիլ, լծուած մնալ աղաղակող մոլորեցումներու սայլին` սպասելով որ փաշինեանական «անզիջողութիւնը» նոր նուաճումներ բերէ:

25 մարտ 2025

Նախորդը

«44. Պարտութիւն. 2020-ի Արցախեան Պատերազմը` Իրողութիւններ Եւ Հետեւողութիւններ»

Յաջորդը

«Հայ Աշակերտին Դերը Աւանդութիւններու Պահպանման Ու Զարգացման Մէջ» Նիւթով Սեմինար

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?