Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. «Կեանքիս Ուղիները. Յուշեր Հայկական Լեգէոնէն» (Հեղինակ` Գասպար Մենակ)

March 25, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Փարիզի մէջ 2024-ին ֆրանսերէն լեզուով լոյս տեսաւ Գասպար Մենակի «Կեանքիս ուղիները. յուշեր Հայկական լեգէոնէն» գիրքը, բաղկացած` 196 էջերէ, եւ 19 էջ` քարտէսներ եւ նկարներ:

Գիրքին նախաբանը գրած է Ժեռար Տէտէեան:

Գասպար Մենակ ծնած է 1895-ին, Չնգուշ եւ զաւակն է Սարգիս Քեհիա Խաչոյեանի եւ Սառա Այվազեանի: Կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին եւ Խարբերդի Եփրատ քոլեճին մէջ, իբրեւ դաստիարակ ունենալով Յովհաննէս Պուճիգանեանը:

Խարբերդէն անցած է Մալաթիա, ապա` Սամսոն եւ Պոլիս: Այնուհետեւ անցած է Մարսէյ, հոնկէ` Լիվըրփուլ, եւ 1912-ին հասած է Միացեալ Նահանգներ: Սկիզբը հաստատուած է Ֆիլատելֆիա, ապա` Նիւ Եորք, Փրովիտենս, Պոսթըն եւ Լորենս:

Օսմանեան կայսրութեան տարածքին Հայոց ցեղասպանութեան ահաւոր լուրերը կը հասնին Ամերիկա: Հայրենաբաղձ կարօտով եւ վրէժխնդրութեան ոգիով տոչորուած` Գասպար Մենակ 1917-ին կամաւոր արձանագրուեցաւ եւ միացաւ Հայկական (Արեւելեան) լեգէոնին:

Կամաւորները Ամերիկայէն փոխադրուեցան Մարսէյ, հոնկէ ալ` Կիպրոս եւ Փոր Սայիտ: 1918 սեպտեմբեր 19-ի Արարայի ճակատամարտին անոնք ծանր հարուած տուին եւ նահանջի մատնեցին թրքական բանակը:

Պատերազմի ճակատներուն վրայ Գասպար Մենակ չարքաշ եւ արկածալից օրեր ապրեցաւ: Թուրքին հետ դէմ դիմաց կենաց մահու դժնդակ կռիւներ մղեց եւ բազմաթիւ վտանգներ դիմագրաւեց:

Գասպար Մենակ կը յիշէ իր զէնքի ընկերները եւ քաջ զինուորականները, որոնցմէ շատեր ինկան նահատակ:

Հայկական լեգէոնը իր առաքելութիւնը շարունակեց Կիլիկիոյ մէջ:

Գասպար Մենակ կը յիշէ նաեւ Մուսա Լերան հերոսամարտը, մուսալեռցիներու Լիբանան տեղափոխութիւնը եւ Այնճարի հիմնադրութիւնը:

Գիրքին մէջ զոհողութեան, խղճամիտ պարտականութեան եւ ընկերասիրութեան յուզիչ դրուագներ արձանագրուած են:

Հայկական լեգէոնը իր արժանաւորագոյն տեղը ունի ժամանակակից հայոց դիւցազներգութեան մէջ:

Սրտցաւ հեղինակը պարզ եւ դիւրըմբռնելի ոճով եւ անկեղծ խօսքերով յորդորներ կ՛ուղղէ իր զաւակներուն, թոռներուն եւ անուղղակիօրէն` ամէն հայու:

Իր զաւակները կը հարցնեն, որ «քանի որ մինակ մնացած էիր կորսնցնելէ ետք ծնողքդ, երկու եղբայրներդ եւ երկու քոյրերդ, ինչո՞ւ Ամերիկայի հանգիստ կեանքը ձգեցիր եւ եկար Մերձաւոր Արեւելք»:

Գասպար Մենակ կը պատասխանէ. «Եկայ, որովհետեւ հարազատներուս արիւնը կը կանչէր զիս. եկայ անոնց վրէժը լուծելու: Ինչպէ՞ս կրնայի հանգիստ ու երջանիկ ապրիլ, երբ մեր ժողովուրդին քաջարի մնացորդացը կը մարտնչէր ազատութեան եւ արդարութեան համար: Եկայ եւ կատարեցի պարտականութիւնս: Զղջացած չեմ եկած ըլլալուս, ընդհակառակը` կը զգամ արդար գոհունակութիւն մը, որ ուրախութիւն կը պատճառէ ինծի»:

Հայոց բազում զոհողութիւնները զոհ գացին մեծապետական գձուձ շահերու: Արհամարհելով հայ ժողովուրդին պատմական արդար իրաւունքները, անասելի զոհաբերութիւնները եւ տրուած խոստումները` Ֆրանսա 1920 օգոստոսին լուծարքի ենթարկեց Հայկական լեգէոնը եւ այնուհետեւ իր զօրքերը հեռացուց Կիլիկիայէն:

Մեծ եղեռնէն վերապրած եւ իր հայրենի օճախները վերադարձած հայութիւնը դարձաւ տարագիր եւ Սուրիա ու Լիբանան ապաստան գտաւ:

Գասպար Մենակի «Կեանքիս ուղիները» գիրքը, կենսագրականի ձեւին տակ, թանկագին վկայութիւններ ու նորութիւններ լոյսին կը բերէ: Զուսպ լեզուով, հեղինակը զգուշացած է իր կողմէ մեկնաբանութիւններէ եւ բաւականացած է իրողութիւնները պատմելով, եզրակացութիւնը ձգելով ընթերցողին:

 

Նախորդը

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Յաջորդը

Իսկ Կարաւանը Կը Շարունակի Իր Ճանապարհը

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.