Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Առաջնահերթութիւնները. Արցախի Վերադարձի Պահանջատիրութեան Կռուանները Պէտք Է Ամրացնել

Մարտ 22, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ

2020-ին Ազրպէյճանին կողմէ շղթայազերծուած պատերազմը եւ անոր յաջորդող ու դեռ շարունակուող ուժի գործադրութեամբ յառաջ մղուած անվերջանալի պահանջները ունին մէկ նպատակ` անշրջելի ձեւով Արցախի հարցը փակել եւ մարսել Արցախի բռնագրաւումը: Դժբախտաբար այս նպատակը յառաջ քաշելու համար բարենպաստ աշխարհաքաղաքական պայմանները դասաւորուեցան ի նպաստ թշնամի երկրի նկրտումներուն, եւ աշխարհը լուռ հետեւեցաւ միջազգային օրէնքի կոպիտ խախտումներով իրականացուած ցեղասպանութեան:

Մեծ է նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններու նախապատերազմեան եւ յետպատերազմեան վարած արտաքին ձախաւեր քաղաքականութեան ազդեցութիւնը, որ իր ամբողջ ընթացքով Արցախի հարցը փակելու թշնամի երկրի ջրաղացին ջուր լեցուց եւ կը շարունակէ լեցնել:

Հայութիւնը, եւ մասնաւորաբար` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, չի կրնար հաշտուիլ այս պնդումին հետ: Արցախը իբրեւ հազարամեայ հայրենիք եւ աւելի քան երեսնամեայ անկախ գոյութիւն` մարդկային ու միջազգային բոլոր օրէնքներու տրամադրութիւններով հայապատկան ըլլալու բոլոր տուեալները ունի: Իսկ աշխարհաքաղաքական այսօրէական դասաւորումները չեն կրնար տապանաքար դնել Արցախի հարցին վրայ, եթէ հայ ժողովուրդը հետեւի արաբական այն ասացուածքին, որ կ՛ըսէ` «Իրաւունք մը չի կորսուիր, երբ անոր ետին պահանջատէր կայ»:

Ուստի, Արցախի հարցը բաց պահելու բոլոր միջոցները պէտք է կիրարկել եւ Արցախի վերադարձի պահանջատիրութեան կռուանները անընդհատ պէտք է ամրացնել: Այս հաստատումները երեւակայածին չէին 20-րդ դարու վերջին տասնամեակին, երեւակայածին չեն նաեւ այսօր, եթէ կարենանք վերականգնել հայութեան համախմբուածութեան պահանջատէր կամքը եւ ձերբազատիլ պարտուողական ու ապազգային բոլոր տեսակի ընկրկումներէ եւ դատարկախօսութենէ:

– Արցախի վերադարձի պահանջատիրութեան առաջին կռուանը արցախահայութիւնը Հայաստանի մէջ համախումբ պահելն է: Ցեղասպանութեան ենթարկուած հայաթափուած Արցախի բնիկ հայրենակիցները համազգային գուրգուրանքի առարկայ դարձնելով` հայ ժողովուրդը ամրացուցած կ՛ըլլայ Արցախը ազատագրելու պայքարի միջնաբերդը: Իբրեւ առաջամարտիկ ազգային ազատագրական մեր պայքարին` արցախահայութեան կարիքներու բաւարարումը համազգային պարտք է, ոչ իբրեւ մարդասիրական օժանդակութիւն, այլ` իբրեւ ռազմավարական գործօն եւ ազգային մեր անվտանգութեան դարպաս:

– Արցախահայութեան հաւաքական կամքը արտայայտող պետական օղակներու պահպանումն ու ամրապնդումը կարեւոր լծակ են պահանջատէր հայութեան պայքարին` միջազգային ատեաններու մէջ հաւաքական ու անվտանգութեան երաշխիքներով ամրագրուած վերադարձի մը համար: Արցախի հարցը արծարծ պահելու կարեւոր կռուան է ազգընտիր ներկայացուցչութեան պահպանումը, որ լիազօրուած օրինական բանբերը կրնայ հանդիսանալ իրաւազրկուած արցախահայութեան: Այդ օղակներու կազմաքանդումին միտող իւրաքանչիւր փորձ պէտք է դիտուի իբրեւ Արցախի հարցը փակելու հակազգային քայլ:

– Պաքուի մէջ ընթացող Արցախի ազատագրութեան եւ պաշտպանութեան մէջ իրենց անուրանալի աւանդը ունեցած ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ու այլ գերիներու կեղծ դատավարութիւնը թշնամի երկրին կողմէ հայութեան պահանջատէր կամքը կոտրելու եւ Արցախի հարցը փակելու լկտի ճիգ է: Այս գծով ցուցաբերուած լռութիւնն ու անտարբերութիւնը ոչ միայն մարդկայնօրէն դատապարտելի է, այլ նաեւ` ազգային իրաւունքներու նկատմամբ յանցաւոր կեցուածք, որովհետեւ անոնց ազատ արձակումը վերահաստատում մըն է հայ ժողովուրդի մղած պայքարի արդարացիութեան:

– Այսօր արցախեան պայքարի կիզակէտը կը հանդիսանայ հաւաքական երաշխաւորուած վերադարձի իրաւունքը: Ուստի, այս գծով իրաւական, քաղաքական եւ դիւանագիտական համահայկական բոլոր ջանքերը պարտաւոր են առաջնորդուելու այդ իրաւունքի իրացումով` իբրեւ մեկնակէտ Արցախի ազատագրման սեւեռակէտին:

Ոմանք վերոնշեալները կը նկատեն ռեւանշիզմ, ոմանք կը նկատեն ցնորք, ոմանք ալ կը նկատեն իրենց կեղծ խաղաղութեան խոչընդոտներ: Սակայն արժանապատիւ խաղաղութեան հաւատացող Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան համար այս առաջնահերթութիւնները հիմնուած են մեր ազգային անժամանցելի իրաւունքներուն ու միջազգային օրէնքի տառին ու ոգիին համահունչ սկզբունքներու վրայ, որոնք էապէս կը բխին մեր ազգային անվտանգութեան նկատառումներէն, եւ որոնց նկատմամբ ազդեցիկ միջազգային աջակցութիւն կարելի է ձեւաւորել:

 

 

Նախորդը

Փաշինեան Պէտք Չէր Թուրք Լրագրողները Հարցազրոյցի Համար Երեւան Հրաւիրէր

Յաջորդը

«Ֆորմիւլա 1» Վաղը Առաւօտ` Չինաստանի Կրան Փըրին

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?