Յօդուածներ

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Յուշերու Կապոց Պատերազմ Ապրած, Բայց Խաղաղութիւն Չտեսած Սերունդի Մը Մասին Ա.

 ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Յիշատակները փխրուն են, պէտք է ամուր կառչիլ անոնց: Վազգէն Շուշանեան Ինքնատիպ ու յանդուգն գրիչի տէր, հայ գրականութեան մէջ իր եզակի դրոշմն ու վաստակը թողած, հասարակական գործիչ, անկրկնելի հրապարակագիր ու իր հրաշագեղ գաղափարական աշխարհով սերունդներ դաստիարակած, հիացուցած մտաւորականին` Վազգէն Շուշեանեանի վերոնշեալ գողտրիկ տողը, խորքին մէջ աշխարհ մըն է ինքնին, որ կը բացուի իւրաքանչիւրիս դիմաց` այն առումով, որ մարդկային կեանքին...

Սուրիա` Նոր Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման

Միջին Արեւելքի Մէջ Աշխարհաքաղաքական Մարտահրաւէրներ Եւ Ապագայի Նախատեսութիւններ

ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ Միջին Արեւելքը մուտք կը գործէ աշխարհաքաղաքական մեծ փոփոխութիւններու ժամանակաշրջան մը, որ պայմանաւորուած է` համաշխարհային շարժումներով, շրջանային փոփոխութիւններով եւ ընկերային-քաղաքական մարտահրաւէրներով, որոնք կրնան ազդեցութիւն ունենալ անոր ապագային վրայ: Շրջանային Դաշինքներու վերադասաւորում Այս փոփոխութիւններուն կեդրոնին կը գտնուին շրջանային դաշինքներու վերակազմաւորումները: Երկիրները սկսած են վերագնահատել իրենց յարաբերութիւնները թէ՛ դրացի երկիրներու, եւ թէ՛ համաշխարհային ուժերու հետ: Օրինակ, Աբրահամեան համաձայնագիրները համագործակցութեան նոր ուղիներ...

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Միաւորուել Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Միաւորուել Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

Երկար ժամանակ ընդդիմանալուց յետոյ Հայաստանի իշխանութիւնը համաձայնեց խաղաղութեան պայմանագրի 17 կէտերից վերջին երկու պահանջի հետ: Ակնյայտ է, որ այդ կէտերի ընդունումը դժուար էր անգամ 2020 թուականից Արցախն ու Հայաստանը ծանր պարտութիւնների եւ կորուստների տարած իշխանութիւնների համար: Իրականում մենք չենք էլ իմանում, թէ ի՛նչ է իրենից ներկայացնում այս պայմանագիրը, որի բովանդակութիւնը մինչեւ վերջ գաղտնի է պահում այն ղեկավարութիւնը, որը ժողովրդից մանտաթներ...

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ-ի Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2025-ի Երրորդ Թիւը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ-ի Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2025-ի Երրորդ Թիւը

Հրապարակուած է ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի այս տարուան երրորդ թիւը, որուն մէջ գերիշխող թեման Հայաստանի քաղաքական-հասարակական մթնոլորտն է` հայութեան բոլոր շերտերը յուզող առաջնային հիմնահարցերը: Այս շունչը կը կրէ թիւի առաջնորդող յօդուածը, որ անդրադարձ է Հայաստանի իշխանութեան արտաքին ու ներքին ձախողութիւններուն, որոնք այսօր ոչ միայն երկիրը կանգնեցուցած են փակուղիին դիմաց, այլ նաեւ ինքնին այդ փակուղիի ճարտարապետներ են: Ակնյայտ է, որ այս կացութեան...

Մեր Առաջնահերթութիւնները.  Անվտանգութեան Ամրապնդումը Գոյութենական Գերխնդիր Է

Մեր Առաջնահերթութիւնները. Անվտանգութեան Ամրապնդումը Գոյութենական Գերխնդիր Է

ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Այսօր շատ կը խօսուի Հայաստան - Ազրպէյճան «խաղաղութեան պայմանագիր»-ի մասին, եւ այդ կեղծ խաղաղութեան հաւատացողներուն գլխաւոր հիմնաւորումը Ազրպէյճանի կողմէ շարունակ հնչած պատերազմի սպառնալիքն է: Այդ թուղթի կտորը ձեռք բերելու ճիգը եւ զայն սեփական ժողովուրդին իբրեւ խաղաղութիւն բերող փաստաթուղթ ներկայացնելը ակնյայտ անտեսում է պատմական այն անվիճելի ճշմարտութեան, որ առանց անվտանգային երաշխիքներու եւ տարակարծութեան առարկայ հարցերու արդար...

Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»

Փաշինեան Այլ Ապակողմնորոշող Հարցազրոյց Մը Տուաւ. Ան Չի Կրնար Բերանը Փակ Պահել

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Իւրաքանչիւր հարցազրոյց տալուն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անտեղի բան մը կ՛ըսէ: Անոր մտերիմ խորհրդականներէն մէկը պէտք է անոր թելադրէ պարզապէս լուռ մնալ: Չեմ ուզեր ընթերցողները ձանձրացնել Փաշինեանի շարունակական բացասական յայտարարութիւններով, սակայն կը կարծեմ, թէ անոր խօսքերն ու գործողութիւնները պէտք չէ անարձագանգ մնան: 2025 թուականի մարտ 21-ին Փաշինեան 45 վայրկեան տեւած հարցազրոյց տուաւ այս անգամ Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան` հարկատուներու կողմէ...

Ոտնակոխ Տունը

Արցունքոտ Ժպիտներ – Բ. – Բնագրեր Եւ Կատարում

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Ծանօթ.- Յօդուածի Ա. մասը կը վերաբերէր Համազգայինի Սօս Սարգսեանի անուան թատերախումբի հիւրախաղ «... Եւ նորից գարուն» թատերակներու սեռին եւ հեղինակին: Նարինէ Գրիգորեանի կողմէ բեմականացուած ամերիկացի հեղինակ Օ. Հենրիի պատմուածքներու բնագիրները ելոյթի շարքով հետեւեալներն էին. Ա.- Կախարդական հացեր (Witches՛ Loaves – թարգմանաբար` «Վհուկի նկանակներ»).- Օրիորդ Մարթա Միչըմ (Martha Meacham = «Յարգելի տիկին») քառասուննոց  կին մըն է, որ ունի կոկիկ...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.   Հոս Ապրիլը Յանցանք Է Դառն

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Երանի՜ Ես Ըլլայի

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Երանի՜ ես ըլլայի` Գծագրիչ մը անուանի Կարմիր սրտեր գծէի, Բոսոր վարդեր սիրալիր: Երանի՜ ես ըլլայի` Բժիշկ մը մեծ, պիտանի, Բժշկէի հիւանդներ: Անհետացնէի ցաւ ու վէրք: Երանի՜ ես ըլլայի` Աշխարհիկ մը ապրէի Աղքատներուն հետ ճամբան, Որոնք չունին ապաստան: Երանի՜ ես ըլլայի` Դատաւոր մը ցանկալի, Դատ ու բողոք լսէի, Արդարութիւն վճռէի: Հազար անգամ երանի՜ Այս տողերուն գանգատի Երկար շարքը բաղձալի...

Ընտրական Հետազօտութիւնները Գիտական Հիմքով Որոնումնե՞ր Են, Թէ՞ Բախտագուշակութիւն

Ծիր Կաթինի՝ Զառիթափի Երկունքը

ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ Լռութեան ալեկոծ ովկիանոսին մէջ, Սրուակներու մէջ ամփոփուած Ժահրի մակարդը, Յամրացած ծփանքով, պապանձեալ, Նենգաւոր ալեակներու առաջնորդութեամբ, Կ՛ուղղուին ականաւորուած ափունք, Ոռոգելու խրամներու մէջ արարող, Ստրկամիտ ամբոխի քարացած երակները։ Իսկ խուլ, կուրացած ամբոխը՝ Անհամբեր, հասանելի աւարի սպասումով, Չտեսութեամբ, կը պատրաստուի շիճուկի վերածել բովանդակ աւիշը, Ոռոգելու ամլացած կամակատարներու երակները, Ա՜յն սին ունայնութեամբ, թէ բալասան է, Որ կը ներարկէ քարացած բազկերակներուն մէջ։ Խելագարուած,...

Պարզւում Է` Գրքերս Ու Մտաւոր Առողջութիւնը Փոխկապակցուած Են

Պարզւում Է` Գրքերս Ու Մտաւոր Առողջութիւնը Փոխկապակցուած Են

ԻՐԻՆԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ-ԿՐՊԷԵԱՆ Ուաշինկթըն-Նիւ Եորք Երբ քո կենսագրութիւնը ինքդ ես կերտում... Միացեալ Նահանգների Արեւմտեան ափ այցելութիւնս հէնց այդտեղ էլ մտադիր էի աւարտել, եթէ եւս մէկ անակնկալ տեղի չունենար իմ կեանքում: Անակնկալ լինելը այնքան էլ անսպասելի չէր, քանի որ յաջող վերջաբանն ակնկալում էի` կամ... կամ ... աւարտ ունենալու սպասումով: Իմ անհանգիստ բնաւորութիւնը, անընդհատ նորի փնտռտուքը միշտ նորանոր անհարթ ճանապարհներով են տարել ու...

Ոտնակոխ Տունը

Արցունքոտ Ժպիտներ – Ա. Սեռ Եւ Հեղինակ

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Համազգայինի Սօս Սարգսեանի անուան թատրոնը «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահի մէջ հիւրախաղով ներկայացուց Օ Հենրիի  նորավէպերէն հինգին վրայ հիմնուած ելոյթ մը` «... Եւ նորից գարուն» վերնագիրով երաժշտական կատակերգութիւն: Անցեալ տասնամեակին ներկայացուած էին հինգ ելոյթներ, որոնք նոյնպէս կարճ թատերակներու համադրութիւններն էին, եւ որոնցմէ  չորսին առանձին անդրադարձած եմ «Ազդակ»-ի մէջ: Ժամանակագրական կարգով` Ա. «Զրադաշտը շուն դարձաւ» Բ. «Քաղաքավարութեան վնասները» Գ. «Բարի...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար. «Բաղնիքին Մէջ Կապուելիք Խենթ Մը Կայ…»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Աշխարհըս մէ գժանոց է` պիտի ողբար Սայաթ Նովան, եթէ ապրէր այս օրերուն, փոխանակ երգելու` «Աշխարհըս մէ փանջարա է, թաղիրումէն բէզարիլ իմ»: Իսկապէ՛ս որ, եթէ բանիմաց մարդ արարածը, որ բանականութիւն ու տրամաբանութիւն ունի (մե՜ծ քաղաքագէտ ըլլալու պէտք չունի), կրնայ բաց աչքերով տեսնել, որ աշխարհի դէպքերը կը «ղեկավարուին» իսկական համբակներու, տխմարներու եւ գործէ չհասկցողներու կողմէ: Եւ ի՜նչ զարմանք` աշխարհը կ՛երթայ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Յունաստան Արցախի Վտանգուած Մշակութային Ժառանգութեան Նուիրուած Ելոյթ Հովանաւորութեամբ  Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան, կազմակերպութեամբ Հայ-յունական բարեկամութեան միութեան,  28 մարտին Աթէնքի թերթերու խմբագիրներու միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն, որ լուսարձակի տակ առաւ Ազրպէյճանի կողմէ ապօրինաբար բռնագրաւուած Արցախի հազարամեայ մշակութային ժառանգութեան հետեւողական կործանումը: Օրուան բանախօսն էր մշակութային ժառանգութեան փորձագէտ, Հայաստանի պետական համալսարանի դասախօս դոկտ. Արմինէ Տիգրանեան: Ձեռնարկի սկզբնաւորութեան ցուցադրուեցաւ...

Ինչո՞ւ Կը Մեծարենք Սուրբերու Մասունքները

Ինչո՞ւ Կը Մեծարենք Սուրբերու Մասունքները

ՊԱՐՈՅՐ Ծ. ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ Անթիլիասի ուխտի օրուան աւանդութիւնն է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ ի պահ դրուած սուրբերու մասունքները դուրս բերել եւ անոնցմով թափօր կազմած` օրհնել ներկայ ժողովուրդը: Անշուշտ սուրբերու մասունքներով թափօր կազմելն ու ժողովուրդը օրհնելը միայն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աւանդութիւններէն մէկը չէ:  Մասունքներու թափօր կը կատարուի Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքին մէջ, Ս. Զատիկէն ետք, Ուխտաւորաց պատարագի աւարտին: Նմանօրինակ թափօրներ նաեւ...

Աւանդուած Սրբութիւնը

Աւանդուած Սրբութիւնը

ԱԶԱՏ ԱԲՂ. ՖԻԼԻՔԵԱՆ Տարուան ամէնէն սպասուած ու հոգեպարար տօնական օրերէն մէկն է Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին ուխտի օրը, որ յիշատակն է Լուսաւորչին մերոյ` Սրբոյն Գրիգորի սոսկալի չարչարանքներուն եւ ի վիրապ մուտքին: Պատմութիւնը բոլորիս ծանօթ է, թէ ինչպէ՛ս քարտուղարութեան պաշտօնին կոչուած Անակի որդին` Գրիգորը, կը դառնայ ամբողջ ազգի մը լուսաւորիչը: Ան Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան առաջին քարոզիչը չէ անշուշտ....

Հրանդ Պետրոսեան. Խոնարհ Ու Հաւատաւոր ՀՄԸՄ-ականը  (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Հրանդ Պետրոսեան. Խոնարհ Ու Հաւատաւոր ՀՄԸՄ-ականը (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ Կեանքով ու խանդով լեցուն ՀՄԸՄ-ականին համար մահ կա՞յ… թէ ոչ մահը պարզապէս այլ տեղ ապրելու ձեւ մըն է: Այլ տեղը մարդոց յիշատակներն են, յուշերը, հոգիներն ու մտքերը: Այլ տեղը նաեւ պատմութեան գիրքերն են, արխիւներն ու տեղեկագիրները, ուրկէ կարելի չէ ջնջել մէկու մը ներկայութիւնը, գործն ու վաստակը: Քանի՜ քանի՛ ՀՄԸՄ-ականներ հրաժեշտ տուած են այս կեանքին, սակայն կ’ապրին երկրորդ կեանքով`...

Գրասենեակի Մը Պատմութիւնը

Գրասենեակի Մը Պատմութիւնը

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ   Չեմ գիտեր` ինչո՞ւ, բայց գիտեմ, որ յանկարծ երաժշտութիւն մը, առարկայ մը, անկիւն մը  եւ տեղ մը քեզ կը տանին հեռուները, եւ յիշատակներու դարակդ կը բացուի, եւ բնականաբար կը սկսիս վերյիշել բոլորը: Այդպէս պատահեցաւ նախորդ կիրակի, երբ բարեկամիս հօր քառասունքին առիթով կը գտնուէի Ս. Աստուածածին եկեղեցի: Նախկին Ազգային Աբգարեան վարժարանի կառոյցը կը գտնուէր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: Հոգեհանգիստէն ետք թաղականութիւնը...

Հայ Դպրոցը` Հայակերտումի Եւ Մարդակերտումի Հիմք

Հայ Դպրոցը` Հայակերտումի Եւ Մարդակերտումի Հիմք

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Ամէն անգամ որ գաղութ մը այցելելու առիթը կ՛ունենամ, կ՛ուզեմ նաեւ այցելել հոն գործող հայկական դպրոցները: Կը տեսնեմ, թէ որքա՛ն անփոխարինելի է հայ դպրոցին դերը հայակերտումի եւ մարդակերտումի գործընթացին մէջ` սփիւռքեան իրականութիւններուն համար: Եւ պարագան նոյնն է Պոլսոյ Պէյօղլուի շրջանին մէջ գործող Եսայեան վարժարանին, ուր առիթ ունեցայ այցելել երեքշաբթի, 24 մարտ 2025-ին, ընկերակցութեամբ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց քարոզիչ Յարութիւն...

Հայ Ժողովրդական-Աշուղական Երգերու Բարձրորակ Համերգ` Կատարողութեամբ Վարդան Բադալեանի, Արփիի Եւ Ալիա Սեդրաքեանի

Հայ Ժողովրդական-Աշուղական Երգերու Բարձրորակ Համերգ` Կատարողութեամբ Վարդան Բադալեանի, Արփիի Եւ Ալիա Սեդրաքեանի

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ  «Ամէն մարդ չի՛ կանայ խըմի` իմ ջուրը ուրիշ ջըրէն է, Ամէն մարդ չի՛ կանայ կարդայ` իմ գիրը ուրիշ գըրէն է. Բունիաթս աւազ չիմանաս` քարափ է, քարուկըրէն է, Սելաւի պէս` առանց ցամքիլ, դուն շուտով խարաբ մի՛ անի» ՍԱՅԱԹ ՆՈՎԱ Հայ երաժշտութեան գանձարանը պակասաւոր պիտի ըլլար առանց աշուղական երգերու ու Սայաթ Նովային: Մարդկային ապրումներու, յուզումներու, ուրախութեան, սիրոյ, տենչանքի իսկական դրսեւորող...

Արցախցիներուն Հետ. Պիտի Շարունակենք…

Արցախցիներուն Հետ. Պիտի Շարունակենք…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Շաբաթ, 29 մարտին արցախցիք Երեւանի սրտին վրայ բարձրաղաղակ յայտարարեցին. «Պիտի չդադրեցնենք հայրենատիրութեան մեր պայքարը: «Պիտի չհրաժարինք Արցախ ՏՈՒՆԸ վերադառնալու իրաւունքէն: Պիտի չհրաժարինք Ազրպէյճանի ոճիրները բարձրաձայնելէ, Պաքուի մէջ ստապատիր մեղադրանքներով դատուող մեր եղբայրներուն ազատագրումէն: Պէտք չէ յետս կոչել Ազրպէյճանի դէմ միջազգային ատեաններուն ներկայացուած ամբաստանութիւններն ու մեղադրանքները, պիտի չհրաժարինք... պիտի չհրաժարինք... պիտի շարունակենք արդար պայքարը»: Արցախցիներուն բողոքի ձայնը բարձրացաւ ճիշդ...

Page 117 of 1110 1 … 116 117 118 … 1,110

Արխիւներ