Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վաստակաւոր Ուսուցիչ Վրժինա Թուզճեան-Պաղտատեանի Յիշատակին

March 28, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆԻԹԱ ԺԱՄԿՈՉԵԱՆ

23 փետրուար 2025-ին մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ իմ եւ քանիներու տասնամեակներու բարեկամուհին, պաշտօնակիցը, համալսարանաւարտ վաստակաշատ կրթական մշակ, երկա՜ր տարիներու Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան վարժարանի մանկապարտիզպանուհի, անգլերէնի ուսուցիչ Վրժինա Թուզճեան-Պաղտատեանը:

Այս քանի մը տողերը` իր անմոռաց յիշատակին

Ա՛լ մեզի հետ չես…

Դուն ժպիտով դիմակայեցիր կեանքի մարտահրաւէրները: Երկարատեւ հիւանդութիւնն իսկ չխլեց լաւատեսութիւնդ:

Շրջապատիդ հետ համերաշխ սրտակցութեամբ յաղթահարեցիր ամէն դժուարութիւն, եղար սիրող եւ զոհուող թանկագին մայր, մեծ մայր եւ նուիրեալ ուսուցիչ ու պաշտօնակից:

Երբ շատ կանուխ կորսնցուցիր կեանքի ընկերդ, չյուսահատեցար, շարունակեցիր ապաւինիլ Տիրոջը` Յիսուսի առաջնորդութեան, ու մնալ հաւատարիմ ծառայ անոր եկեղեցւոյ, դպրոցին ու հասակ առնող մանուկներուն:

Իբրեւ յանդուգն, եռանդուն եւ առաւելագոյն սէր ու հոգատարութիւն ցուցաբերող ուսուցիչ` եղար օրինակելի տիպարը պաշտօնակիցներուդ: Հակառակ տարիներու գումարին` մնացիր երիտասարդ, կորովալից ու խանդավառ:

Վա՛րձքդ կատար:

Վարձքդ Աստուծոյ մօտ առատ պիտի ըլլայ: Տարիներ սիրայօժար ծառայեցիր Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական կիրակնօրեայ դպրոցին մէջ ու ամառնային Սուրբ Գրոց վարժարանին: Երբ եկեղեցւոյ պաշտամունքին դաշնամուրի մօտեցող չունենայինք, սիրայօժար կը ստանձնէիր նուագածուի պաշտօնը:

Անմոռանալի յիշատակներ ձգեցիր ետիդ…

Սիրով յագեցած ծառայութեանդ մէջ երբեք չյանձնուեցար ճակատագիրի տխուր խաղերուն:

Յուսահատին հաւատքը նորոգեցիր, հիւանդին դեղ ու դարման յանձնարարեցիր, վշտակիրը մխիթարող խօսքը եղար, գիտէիր խռոված հոգիները հանգստացնել, կը փնտռենք քեզ:

Յաւիտենականութեան մէջ բարի հոգիդ թող իր հանգիստին արժանանայ: Յիշատակդ օրհնեալ ու ծառայական կեանքդ` բոլորիս օրինակ:

 

Նախորդը

Տէյվիս Ամիսներով Պիտի Բացակայի

Յաջորդը

Ճատրակ. Կապրիէլ Սարգսեան 6-րդ Դիրքը Գրաւեց Եւրոպայի Ախոյեանութեան Մրցումներուն

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.