ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը, գործակցութեամբ` Ֆրանսայի դեսպանատան մշակութային համագործակցութեան եւ ծրագիրներու կեդրոնին, շաբաթ, 5 ապրիլ 2025-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ կը կազմակերպէ Միջդպրոցական նկարչական մրցանք (5-րդ դասարանէն մինչեւ 12-րդ դասարանի աշակերտներու)` Ժանսեմի ծննդեան 105-րդ ամեակին նուիրուած:
Այս առիթով Ժանսեմի արուեստի բնոյթին եւ առհասարակ անոր ստեղծագործական կեանքին մասին որոշ գաղափար մը տալու համար ստորեւ կը հրապարակենք Մովսէս Ծիրանիի յատկանշական մէկ յօդուածը:
«Բնորդուհիներ», Իւղ կտաւի վրայ, գործ` Ժանսեմի
1977, ամառ, Իսի-Լէ-Մուլինօ, Փարիզ:
Առաջին անգամը չէ, որ թուղթին կը յանձնեմ այս պատմութիւնը, սակայն առաջին անգամն է, որ կը ներկայացնեմ զայն աւելի մանրամասն եւ վերամշակուած կերպով, ընթացքին բացայայտելով նաեւ Ժանսեմի խառնուածքային կարգ մը յատկանիշները, որոնք կ՛առնչուին իր ստեղծագործական կեանքին: Նկատի առէք նաեւ, որ կարգ մը արտայայտութիւններ եւ ֆրանսերէնով օգտագործած որոշ բառեր յստակացուցած եւ հայացուցած եմ` առանց իմաստային որեւէ փոփոխութեան:
1077-ն նոր ընդունուած էի Երեւանի Գեղարուեստաթատերական բարձրագոյն հիմնարկ` իբրեւ արուեստաբանութեան ուսանող: Ղեկավարիս` փրոֆ. Վահան Յարութիւնեանի թելադրանքով նոյն տարուան ամրան Փարիզ մեկնեցայ ուսումնասիրելու համար հին եւ ժամանակակից արուեստը, որոնց շարքին նաեւ` ֆրանսահայ կերպարուեստը: Բնականաբար կարեւորներու մէջ պէտք էր հանդիպէի նաեւ Ժանսեմին: «Maison Armenienne»-ի տնօրէն Զաւէն Եկաւեանի միջնորդութեամբ, յաջորդ օրն իսկ մեկնեցայ Իսի-Լէ-Մուլինոյի անոր բնակարանը: Դուռը բացաւ խիստ հայեացքով խափշիկ աղախինը, ներս հրաւիրեց զիս եւ առանց առիթ տալու, որ պատերէն կախուած նկարները դիտեմ, առաջնորդեց դէպի հանդիպակաց դուռը, եւ ինքզինքս գտայ գետնամերձ ծաղիկներու եւ այլ բուսականութեամբ հարուստ պարտէզի մը մէջ, որուն կից, համեմատաբար ընդարձակ արուեստանոցին դրան դիմաց կը սպասէր Ժանսեմ, որ ընդունեց զիս բարեհամբոյր ժպիտով մը` հարազատի նման: Ձեռքը ուսիս դնելով` առաջնորդեց դէպի սրահին խորքը, ուր զետեղուած էին բազմոց մը եւ քանի մը թիկնաթոռներ: Ընթացքին, երբ կը դիտէի ձախի պատին վրայ շարուած անոր դիմակներու հաւաքածոն, նշմարեցի, որ նկարակալի կողքին կանգնած է մօրէ մերկ բնորդուհին` ձեռքին շղարշ մը, սպասման վիճակի մէջ: Ժանսեմ, ինչ որ բան շշնջաց անոր… Մենք տեղաւորուեցանք բազմոցին, իսկ բնորդուհին նստաւ ճի՛շդ մեր դիմացը` գետին, ձեռքի շղարշը զիստերուն վրայ դնելէ ետք կտոր մը տուրմ հանեց (չգիտցայ ուրկէ եւ ինչպէս) ու սկսաւ ուտել դանդաղ, սակայն` կշռութաւոր: Մինչ կը փորձէի բնական կերպով ընդունիլ ստեղծուած իրավիճակը, եւ երբ իր արտօնութեամբ ձայնագրիչ մեքենան կը պատրաստէի, Ժանսեմ նշմարեց, որ հրապուրուած եմ բնորդուհիին մերկութեամբ, ու աչքի տակով հայեացքս անոր վրայ է, անմիջապէս դիտել տուաւ.
Մայրութիւն
– Այս «Model»-ը ուսանողուհի է, այս գործը կ՛ընէ պարզապէս ուսման վարձքն ու կեցութիւնը ապահովելու համար, ան կիրթ ու բարոյականի տէր աղջիկ է:
– Կը հասկնամ, պրն. Ժանսեմ, շատ եղած են արհեստավարժ, «professional» բնորդուհիներ, որոնք անցած են պատմութեան, ինչպէս` Ռոտենի Կամիլան կամ Տալիի Կալան:
– Այո՛, եթէ Դինա Վիէրնին չըլլար, դժուար թէ Մայոլը այդ բարձունքներուն հասնէր: Ան ոչ միայն իր «Muse»-ը (մուսան) եղաւ, այլ նաեւ նոյնիսկ իր ոճը կը պարտի անոր մարմնային ներդաշնակութեան ու գեղեցկութեան:
Թէեւ կը զգայի եւ գիտէի այս բոլորը, սակայն երկու բան կը խանգարէր զիս, մէկը բնորդուհիի յաւելեալ գրաւչութիւնն էր (նկատի առէք, որ ես տակաւին երեսուն տարեկան չէի), իսկ միւսը այն հանգամանքը, որ բնորդուհիին կենսայորդ թարմութիւնը խոտոր կը համեմատէր նկարակալին վրայ պատկերուած կերպարին, որ փաստօրէն կեանքէն զարնուած տագնապահար տառապեալ մըն էր: Հետեւաբար հարց տուի.
– Կրնա՞նք ըսել, որ այս գեղեցկուհին ալ ձեր ներշնչման աղբիւրն է… եւ…
Ժանսեմը զգաց, թէ իմ հարցը ո՞ւր կրնայ տանիլ… ընդմիջեց զիս ու ըսաւ.
– Այո՛, այն տարբերութեամբ, որ անոնցմէ շատեր «Model»-ներու արտաքին գրաւչութենէն կը ներշնչուին, աւելի քան` անոնց ներաշխարհի գեղեցկութենէն: Իսկ ես կը փորձեմ անոնց ներքին տագնապները որսալ ու դրսեւորել, աւելի քան` անոնց արտաքին տեսքը:
– Իսկ առհասարակ ներշնչումի կը հաւատա՞ք:
– Եթէ ներշնչումը ստեղծագործելու ներքին մղումն է, այո՛: Իսկ եթէ այդպէս է, կը նշանակէ, որ ես միշտ ներշնչման մէջ եմ, որովհետեւ երփնագրելու ցանկութիւնը միշտ կայ մէջս… Ժամանակն է, որ կը պակսի:
Թէեւ ես իմ չհարցուցած հարցիս պատասխանը եւս ստացած էի, այնուամենայնիւ, կ՛ուզէի աւելի զարգացնել այս թեման, սակայն ինք ուշադրութիւնս շեղեց եւ մեր խօսակցութիւնը կեդրոնացուց Հայաստանի վրայ: Ժանսեմ հետաքրքրուած էր հայրենի գեղարուեստական կեանքի վիճակով, իսկ ես կը խօսէի եւ բացատրութիւններ կու տայի արուեստագէտներու, ցուցահանդէսներու, Նկարիչներու միութեան եւ Ժամանակակից կերպարուեստի թանգարանին մասին: Իմ կամքէս անկախ, սակայն, նայուածքս յաճախ կ՛ուղղուէր դէպի բնորդուհին, որ կարծես թէ դժգոհ չէր իմ բացայայտ ակնարկներէն: Ընթացքին ան նոյնիսկ թեթեւ եւ «մերկ» ժպիտ մըն ալ շնորհեց ինծի… Ժանսեմ նշմարեց այս բոլորը եւ այս անգամ քիչ մը խիստ, բայց համոզիչ ձայնով մը ըսաւ.
– Այս աղջիկը պոռնիկ չէ, քիչ յետոյ իր նշանածը պիտի գայ ու զինք համալսարան տանի…
– Գիտեմ, պրն. Ժանսեմ, ես վարժ եմ բնորդուհիներու ներկայութեան: Ես ալ գեղանկարչական դասերու կը հետեւիմ Երեւանի Գեղարուեստաթատերական բարձրագոյն հիմնարկին մէջ, ուր կան գեղեցիկ եւ արհեստավարժ բնորդուհիներ, որոնց բարոյականութիւնը չես կրնար կասկածի տակ դնել, սակայն այս մէկը ուրիշ է, շատ աւելի գեղեցիկ է, աւելի համեստ եւ զուսպ կը թուի ըլլալ: Այնուհետեւ զիս աւելի հետաքրքրողը այն է, թէ ինչո՞ւ այս երիտասարդ, կեանքով լի եւ ժպտերես պարմանուհին իր էութեամբ խոտոր կը համեմատի նկարակալին վրայի այս կիսաւարտ կերպարին, որ ինքն է, բայց կեանքէն զարնուած ու տագնապահար տառապեալ մը կը թուի ըլլալ…
Արուեստանոցին մէջ
– Տագնապն ու տառապանքը իմ մէջս են, այդ ես եմ, որ կեանքէն զարնուած եմ, եւ ոչ թէ` ինք: Այս պարագային, բնորդը միջոց է եւ ոչ թէ` իր իսկական կերպարը բացայայտելու նպատակ: Եթէ ուզեմ մէկը պատկերել այնպէս, ինչպէս կայ, հարկաւոր է լաւ եւ էապէս ճանչնամ զինք: Իրականութեան մէջ ես կը փորձեմ բացայայտել բնորդին էութենական տարբեր երեսները, որոնք կրնան իմս, քուկդ եւ կամ ուրիշներունը ըլլալ միաժամանակ: Սակայն նկատի առէք, որ երբ կեանքի տագնապն ու ցեղային վիրաւորանքը մնայուն կերպով բոյն դրած են մէջդ, չես կրնար ձերբազատիլ անոնցմէ:
– Իսկ չէ՞ք կարծեր, որ այս բոլորը կ՛առնչուին Եղեռնի հետ:
– Անշո՛ւշտ, ատիկա առարկութիւն չի վերցներ: Ես ծնած եմ Եղեռնի ընթացքին ու ճակատագրականօրէն կը կրեմ Ցեղասպանութեան հետեւանքները, որոնք խոր են ու թէեւ` ներանձնական, սակայն որովհետեւ անոնք համամարդկային բնոյթ ունին, ես մարդկօրէն կը պայքարիմ այդ անմարդկային չարիքի դէմ:
– Փաստօրէն դուք Վիքթոր Հիւկոյի նման թշուառներու եւ անիրաւուածներու պաշտպանը կը հանդիսանաք:
– Այո՛, ես «Miserablist» եմ:
– Հիւկոյի «Les Miserables» եւ կամ այդ վէպի հետեւողութեամբ նկարահանուած շարժապատկերները որեւէ ազդեցութիւն ունեցա՞ծ են ձեր ստեղծագործական կեանքին վրայ:
– Հիւկոն եւ ես նոյն աղբիւրներէն խմած ենք ջուրը, տարբերութիւնը այն է, որ ինչ որ ինք գրականութեամբ ըրած է, նոյնը ես գեղանկարչութեամբ կ՛ընեմ:
– Ըսել կ՛ուզէք, որ այդ «աղբիւրները» համամարդկային բնոյթ կը կրեն… նոյնիսկ` «Եղեռն»-ը:
Անկասկած, ի վերջոյ անխուսափելիօրէն մենք մարդ ենք ազգ ըլլալէ առաջ, իսկ ես նոյնքան ալ ֆրանսացի եմ հայ ըլլալէ ետք:
«Անկենդան բնութիւն ծաղիկներով»
Ես բաւարարուած էի այս բացատրութեամբ: Հանգստացաւ նաեւ Ժանսեմ… իմ բաւարարուածութեամբ: Մինչ այդ Հայաստանի մէջ մեզմէ կը պահանջուէր բնորդուհին պատկերել այնպէս, ինչպէս որ կայ: Ժանսեմին մեկնաբանութիւնն ու տուած բացատրութիւնները նորութիւն էին ինծի համար:
Հետագային, երբ աւելի լաւ ու մասնագիտականօրէն ուսումնասիրելու առիթը ունեցայ Ժանսեմի արուեստը, համոզուեցայ, որ տառապանքի թեման անոր ուղեկցած է իր ամբողջ ստեղծագործական կեանքի ընթացքին: Պատահական չէ, որ ան հետագային Ծիծեռնակաբերդի Ցեղասպանութեան թանգարանին ընծայեց «Եղեռն»-ի թեմային նուիրուած նկարաշարք մը, որոնք սակայն էապէս կ՛արտայայտեն անիրաւուած մարդ էակի եսի վիրաւորանքն ու համամարդկային տուայտանքները եւ տառապանքները:
Այս առումով, յատկանշական են նաեւ իր կին կերպարները` ըլլան անոնք լուացարարուհիներ, թափօրներու մասնակցող ուխտաւորուհիներ, պալէ պարողներ, թէ ընթացիկ բնորդուհիներ, բոլորն ալ թէեւ կը տագնապին, կը տառապին, սակայն ջրդեղուելէ ետք Ժանսեմի ստեղծագործական հոգեմտաւոր պրիսմակի վրայ, աւելի կը գեղեցկանան (բառին լայն իմաստով) ու աւելի արտայայտիչ կը դառնան: Անոր կենսալից ու ցանկայարոյց բնորդուհիներն իսկ, կեանքէն տաղուած ըլլալու արտայայտչականութիւն ունենալով հանդերձ կը պահեն իրենց իգական հմայքն ու գրաւչութիւնը: Այս առումով, անոր ստեղծագործութիւնները դուրս կու գան անձնական, ու նոյնիսկ ազգային սահմաններէն եւ կը վերածուին համամարդկային ոգեղէն արժէքներու:
Կարմիր գլխարկը
Թէեւ գիծը գերիշխող է Ժանսեմի ստեղծագործութիւններուն մէջ, սակայն գոյնն ու յատկապէս լոյսը իրենց կենսական նշանակութիւնը ունին. ու առանց անոնց` Ժանսեմի արուեստը պիտի մնար թերի ու անաւարտ: Եթէ Ժանսեմի ջերմ ինքնազգացողութիւնը կու գայ ազգային մշակոյթէ ու խառնուածքէ, ապա լոյսի զգացողութիւնը ցեղային բնոյթ ունի ու կը դրսեւորուի տարերայնօրէն` առանց որեւէ ճիգի, որովհետեւ հայը եղած է լուսապաշտ` արեւապաշտ ըլլալէ առաջ:
Այս տաղանդաւոր ստեղծագործողը հասակ առած ու կազմաւորուած է Փարիզի նման հսկայ մշակութային կեդրոնի մը մէջ, ուր արուեստագէտը հնարաւորութիւն ունէր գտնելու իր էութիւնը` մեծ վարպետներու ներկայութեան: Եթէ իբրեւ արտայայտչապաշտ Ժանսեմ ինքզինք հոգեհարազատ կը զգար Սութինի եւ կամ Էնսըրի ստեղծագործական աշխարհներուն մէջ, ապա իր ներշնչման աղբիւրները կը մնան Պրուկելն ու Ֆրանցիսքօ Կոյան, աւելի քան` միւսները:
Բայց ո՞վ էր Ժանսեմ:
Աւազանի անունով` Ժան Սէմէրճեան, ծնած է 1920-ին, Պուրսա: Երկու տարի ետք մօրը հետ կը տեղափոխուի Սալոնիկ (Յունաստան), իսկ 1931-ին կոտրած ոտքը բուժելու նպատակով կը մեկնին Ֆրանսա ու բնակութիւն կը հաստատէն Փարիզի արուարձաններէն` Իսի Լէ Մուլինոյի մէջ: Ժանսեմ Փարիզի երեք գեղարուեստի ուսումնարաններ յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, 1944-ին առաջին անգամ ըլլալով կը ցուցադրուի «Անկախներու սալոն»-ին մէջ: Անոր ստեղծագործութիւնները ցուցադրուած ու գնահատուած են աշխարհի տարբեր արուեստի կեդրոն քաղաքներու մէջ ու հանգրուանած` բազմաթիւ միջազգային նշանակութիւն ունեցող, յատկապէս` ֆրանսական եւ ամերիկեան թանգարաններու մէջ: Մինչեւ իսկ Ճափոնի մէջ գոյութիւն ունին միայն իր ստեղծագործութիւններուն նուիրուած երկու առանձին թանգարաններ: Բնաւ պատահական չէ, որ ան կ՛արժանանայ բազմաթիւ համաֆրանսական եւ համաշխարհային նշանակութիւն ունեցող մրցանակներու եւ շքանշաններու: Փարիզի մէջ Ժանսեմ ունեցած է իր սեփական ցուցասրահը, զոր կը շարունակէ գործել ցարդ:
Ան կը մահանայ 2013-ին, Փարիզի արուարձաններէն` Saint-Aignanի մէջ, 94 տարեկանին:
Այսօր Ժանսեմ իր ստեղծած ուրոյն արտայայտչաձեւերով ու պատկառելի ստեղծագործական աւանդով արդարօրէն կը դասուի ոչ միայն ֆրանսական, այլեւ աշխարհի «Miserablist»-ներու կարկառուն դէմքերու շարքին:
Մոնրէալ, մարտ 2025