Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Հերոսին Անշուք Յոբելեանը

Ապրիլ 4, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

 «… Հա՛յ ժողովուրդ, եթէ հաւաքական կերպով չպատասխանես այս կոչիս, եթէ չգիտակցիս այն մահուան սեւ երազին, որ կը սաւառնի մեր բովանդակ հայ ժողովուրդին վրայ, եթէ դուն հասկացութիւնը չունենաս ստեղծուած ծանր պահուն, ե՛տ առ ինձմէ հօրս անունը, զոր դուն ես տուած, եւ իրաւունք մի՛ ունենար վերցնելու իմ դիակը, իրաւունք մի՛ ունենար իմ վրայ արտասուելու, թող թաղէ զիս այն քոզակը, որ երէկ իմ կողքին կուրծքը կու տար մեր թշնամիին եւ ձորերը մնացած հայ որբուկները կը գրկէր եւ կը գգուէր»:

ԶՕՐ. ԱՆԴՐԱՆԻԿԻ ԿՈՉԷՆ

«Անդրանիկը մեռաւ իր փափաքին չհասած, որ ազգինն էր միանգամայն, բայց նա երկար ու անձնուիրութեամբ ծառայեց համազգային նպատակին, ուստի իր անունն ու յիշատակը դարձան համազգային: Կամաւոր նահատակների մի ընտիր խումբ, որ պայքարի մտաւ քառորդ դար առաջ, եւ որոնց շարքից էր նաեւ Անդրանիկը, նոյնքան անձնազոհ էր, որքան սա: Նոր մարտական հայութեան առաջին ծիլերն էին, ամէն մէկը` ընտրուած հազարի միջից, ամէն մէկը` մի զօրաւոր անհատ, բայց ընտիրների եւ զօրաւորների մէջ աչքի ընկաւ Անդրանիկը»:

ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ

* * *

Հայրենի ներքաղաքական ոչ նախանձելի  մթնոլորտը, կաթիլ-կաթիլ հիւծող սփիւռքը, ամօթալի եւ անլուծելի թուացող  բիւզանդական վէճերը մոռացութեան մատնեցին համազգային  հերոս Զօրավար Անդրանիկի ծննդեան 160-ամեակի ոգեկոչումները:

Թրքական հարիւրաւոր տարիներու   բռնակալութեան դէմ հայ ժողովուրդին   ազատագրական պայքարը ծնաւ անվեհեր  մարտիկներ, նուիրեալ գործիչներ` Սերոբ Աղբիւր, Գէորգ Չաւուշ, Մխօ Շահէն, Հրայր Դժոխք, Չելլոներ, Սեբաստացի Մուրատ, Մօրուք Ժիրայր, Մեծն Մուրատ, Արմենակ Եկարեան, Փարամազ, Բաբգէն Սիւնի, Աղասի, Տամատեան, Աւետիսեան, Քեռի, Համազասպ, Աչըքպաշեան, տակաւին շա՜տ շատեր: Թանկագին անուններ, որոնք յաւերժ քանդակուած պիտի մնան հայ ժողովուրդին  յիշողութեան մէջ:

Վերոյիշեալ փառապանծ անուններուն շարքին իւրայատուկ պատուանդանի մը վրայ կեցած է հայ ժողովուրդի ազգային հերոս Անդրանիկ Օզանեանը: Անոր անունը Հայոց  պատմութեան մէջ դրոշմուած է` իբրեւ անմնացորդ նուիրումի, մարդկային վսեմ առաքինութեան եւ առասպելական քաջութեան խորհրդանիշ:

Անդրանիկի անպատմելի հերոսութիւնները, մղած ճակատամարտերուն իւրաքանչիւրը արժանի են մանրակրկիտ ուսումնասիրութեան: Անոնք եղած են ռազմական բարձր արուեստի դրսեւորում: Անդրանիկի բնածին ռազմագիտութեան, հնարամտութեան եւ խիզախութեան մասին   հիացում յայտնած են անոր ժամանակակից   բազմաթիւ զօրավարներ: Ազգային հերոսին  ռազմական բացառիկ տաղանդը բարձր գնահատած են տարբեր երկիրներու կառավարութիւններ: Անդրանիկի կուրծքը զարդարուած է պուլկարական, ռուսական, յունական, ֆրանսական բանակներու զանազան կարգի շքանշաններով: Կրած է ռուսական  բանակի զօրավար-հրամանատարի ուսադիր:

Անդրանիկի մասին գրուած են` անհամար  յօդուածներ, յուշեր, վէպեր, մենագրութիւններ, պատմագիտական ուսումնասիրութիւններ: Սակայն ազգային հերոսին իսկական գնահատանքը տուաւ զինք ծնող ժողովուրդը:  Հայ ժողովուրդին պաշտած հերոսը մնաց Անդրանիկը: Այդպէս էր ժողովուրդին հաւատքը  իր հերոսին հանդէպ:

Անդրանիկի նկարագիրը հայ ժողովուրդին    հարազատ պատկերն էր` բարդ եւ հակասական:  Ան  տրամադրութեան մարդ էր: Անզիջող էր, երբ խօսքը կը վերաբերէր սկզբունքներուն: Դաժան էր, երբ կը խախտուէր ռազմական  կարգապահութիւնը: Աններող էր, երբ հանդիպէր շահամոլութեան, անարդարութեան: Ծայր աստիճան հոգատար էր իր զինուորներուն նկատմամբ:

Սասնայ լեռներուն նման ըմբոստ նկարագիրի  տէր ըլլալով` տարբեր մօտեցում ունեցած է  ժամանակակից դէմքերու նկատմամբ: Սիմոն Վրացեանի վկայութեամբ, մէկէ աւելի գործիչներ, մտաւորականներ ճաշակած են Անդրանիկի  ապտակը: Հայ ղեկավար գործիչներէն բացառութիւն էր Ռոստոմը: Անսահման յարգանք  եւ հիացում ցուցաբերած է Ռոստոմի հանդէպ:

Անդրանիկ սերտ յարաբերութիւն պահպանած է  հայ մտաւորականութեան հետ: Եղած է ընթերցասէր: Անգիր կը կատարէր իր պաշտելի  ընկերոջ` Յովհաննէս Թումանեանի ստեղծագործութիւններէն շատեր: Թումանեանի տան մէջ կը սիրէր երգել Աշուղ Ջիւանիի  երգերէն: Ոգեւորութեամբ կ՛արտասանէր Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի «Եղբայր  եմք  մենք»  բանաստեղծութիւնը:

Ուրախ պահերը հազուադէպ եղած են  Անդրանիկի կեանքին ընթացքին: Տաժանքով հոգացած է իր պարզ եւ համեստ ապրուստը: Հերոսը գրեթէ  չունեցաւ անձնական կեանք: Չունեցաւ զաւակ: Կեանքին մեծ մասը ապրեցաւ անձուկ  պայմաններու մէջ: Այս մէկը կը հաստատեն անոր  մօտիկ բարեկամները: Նիւթական անապահովութիւնը զինք հալածած է յատկապէս  կեանքին վերջին տարիներուն, երբ հաստատուած էր Ֆրեզնօ:

Անդրանիկը ազգային միասնութեան  հետեւողական ջատագով մըն էր: Չէր հանդուրժեր  պառակտումը: Ան յաջողեցաւ վեր բարձրանալ հատուածական կողմնորոշումներէն եւ  գործակցիլ բոլոր անոնց  հետ, որոնք առանց երկմտելու կը պայքարէին յանուն հայրենիքի ազատագրութեան: Անոր ղեկավարած  զօրամասերուն մէջ կողք-կողքի կը կռուէին`   դաշնակցականը, հնչակեանը, ռամկավարը, անկուսակցականը: Բոլորը կը բաժնէին նոյն ուրախութիւնը եւ դառնութիւնը:

Հայաստանի պատմական գիտութիւններու դոկտոր, ակադեմիկոս Հրաչիկ Սիմոնեան իր  «Անդրանիկի Ժամանակը» երկհատոր  աշխատութեան մէջ լայնօրէն կ՛անդրադառնայ անոր քաղաքական հայեացքներուն: Անդրանիկի  կարծիքով, հայ յեղափոխական շարժումը ունէր   մէկ գլխաւոր եւ հզօր թշնամի` օսմանեան  բռնապետութիւնը:

Այդ մեծարժէք աշխատութենէն քաղած եմ Անդրանիկի դիպուկ եւ պատկերաւոր հետեւեալ խօսքերը. «Արիւն ձեր` ի գլուխ ձեր: Ըրէ՛ք, ինչ որ կ՛ուզէք, բայց Ռուսիոյ դռները մեզի դէմ մի՛  փակէք: Մենք շատ թշնամի ունինք արդէն: Ռուսիան ալ թշնամի մի՛ ընէք մեզի եւ պատճառ   մի՛ տաք, որ Կովկասի հայութիւնն ալ թրքահայոց   վիճակին ենթարկուի» («Անդրանիկի ժամանակը», հատոր Ա., Էջ 60):

Անդրանիկ հաստատակամ էր իր   համոզումներուն մէջ: Ազգային հերոսը կը մերժէր թրքական պետութեան հետ հայ ժողովուրդի  բարեկամութիւնը այնքան ժամանակ, որ Արեւմտահայաստանը կը մնայ դարաւոր  թշնամիին բռնատիրութեան տակ: «Ես  թուրքը լաւ կը ճանչնամ,- կ՛ըսէր ան: – Ոչ մէկ թուրքի չեմ կրնար  հաւատալ, եթէ ան երկինքէն իսկ  իջած  ըլլայ»:

Ազգային հերոսին մարգարէական այս խօսքերէն  ետք ի՞նչ բան փոխուած է այսօր:

Այսօր եւս բոլորիս ծանօթ է Հայաստանի  Հանրապետութեան տարածքին նկատմամբ  Ազրպէյճանի յաւակնութիւնները: Թուրքիա միշտ պիտի մնայ հոգեզաւակին կողքը: Անհեռանկարային են նաեւ Թուրքիան   չէզոքութեան մղելու փորձերը: Իսկ Թուրքիոյ հետ   բնականոն յարաբերութիւններ հաստատել` կը    նշանակէ` ճանչնալ Կարսի պայմանագիրը, յիշողութեան աղբանոցը նետել Հայոց  ցեղասպանութիւնը, հրաժարիլ հողային պահանջատիրութենէն եւ հատուցումներէն:

Զիս մէկ կէտ կը տանջէ տեւապէս: Երբ  աշխարհի գերհզօր  պետութիւնները գօտեպնդուելու  իմաստութիւնն ունին` ի տես իրենց  ժողովուրդներուն սպառնացող վտանգին,  փոքրաթիւ հայ ժողովուրդը սթափելու ծանրագոյն  պատճառները ունի իր գոյութեան սպառնացող  ամենակուլ փորձանքներուն առջեւ: Իսկ մենք… հատուածական պայքարներու մէջ կը սպառենք մեր ուժերը: Միասնութիւն եւ հաւաքական կամք դրսեւորելու փոխարէն` «սեւ-ճերմակ» կը խաղանք: Մեր հարազատ աչքերուն առջեւ մեր  ժողովուրդին  դարաւոր պատմութիւնը կը  «մշակեն», համազգային ռազմավարութեան  փոխարէն` խրամատներ կը փորեն սփիւռք-հայրենիք  յարաբերութիւններուն մէջ, խաղաղութեան սին «բարիքներ»-ով կը թմրեցնեն ժողովուրդը: Պառակտուած, քայքայուած  ժողովուրդ մը չի կրնար մտածել իր ազգային  փրկութեան մասին:

Մենք` բոլորէն աւելի մենք անհրաժեշտութիւնը ունինք ներքին համերաշխութեան եւ միասնութեան: Վաղը  բոլորս պիտի  վճարենք   մեր անտարբերութեան գինը…

Ազգային միասնութեան անդրանիկեան կոչերը  յոյժ հրատապ են այսօր:

Այցելեցէ՛ք Եռաբլուր: Հազարաւոր շիրիմներ: Երանի այդ խորհրդաւոր լռութիւնը կարենար  մեզ  զգաստութեան  հրաւիրել` հասկնալու մեր պոռոտախօսութիւններուն հետեւանքը` «Պաքուի մէջ թէյ պիտի խմենք», «Արցախը Հայաստան է եւ վե՛րջ», «Հայոց  բանակը անպարտելի է», «Աղտամը մեր հայրենիքն է», «Նոր պատերազմ` նոր տարածքներ», «21-րդ դարը  մերն է…»… երկար է շարքը:

Տակաւին կ’աղմկենք` փոխանակ դասեր քաղելու: Յանցաւոր ենք բոլորս: Չստեղծեցինք պատշաճ  տնտեսութիւն, ռազմական եւ պետական համապատասխան կառոյցներ… պետութիւն:

Դրօշներու եւ ծխացող խունկերու տակ  ննջողները` մեծամասնութեամբ  երիտասարդներ… Մայր հողի հերոսածին զաւակներ: Ո՞ր առիւծասիրտ հերոսին համար աղօթել… Ո՞ր ազգը պիտի չցանկար ունենալ անոնց նման հայրենասէր կտրիճներ:

Անդրանիկի եւ Եռաբլուրի հերոսներուն կեանքը հերոսապատում մըն է Սասնայ լեռներէն մինչեւ Արցախ, Զանգեզուր: Անոնց հոգին ու սիրտը կը սաւառնի Արեւմտահայաստանի եւ Արցախի  մռայլած երկինքին վրայ:

Անդրանիկը մեր ժողովուրդին հպարտութիւնն է: Մերօրեայ սերունդները անհրաժեշտ է կոփել, ոգեւորել մեր մեծերուն պատգամներով: Ազգային  համերաշխութիւնը եւ հանդուրժողականութիւնը  մեծագոյն ծառայութիւնը պիտի ըլլան Զօրավար Անդրանիկի յիշատակին:

Փա՛ռք` հայրենիքի համար ինկած անուանի եւ անանուն հերոսներուն:

 

 

 

Նախորդը

Հուտա Շտիտ` Լիբանանի Յայտնի Լրագրողուհի

Յաջորդը

Միջազգային Հանրութեան Անտարբերութեան Պատմութիւն

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?