Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թատրոնի Նուիրեալը*

Ապրիլ 3, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԱՒԷՆ ՊԱԱՔԼԻՆԻ

Դպրոցի եւ կեանքի ընկեր ըլլալէ անդին, Յովսէփ Գաբլանեանի` Եուսուֆի, երկար տարիներու գործունէութեան միակ վկան եմ, որուն բոլոր մանրամասնութիւնները ունիմ: Եւ այսօր, մահուան առիթով, եւ իբրեւ այդպիսին, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութիւնը ինծի վստահած է այս դժուարին պարտականութիւնը:

Այս մէկը կը կատարեմ ուրախութեան եւ տխրութեան խառն զգացումներով: Այո՛, ուրախութիւն է, որովհետեւ կը վերյիշեմ բոլոր ա՛յն պահերը, որ ապրած եմ Եուսուֆին հետ, անոր նկարագրային գիծերն ու ուղին, յիշատակներն ու անմոռանալի պահերը:

Միեւնոյն ատեն, այս պահուն առաւել եւս տխրութիւն է, որովհետեւ Եուսուֆին ֆիզիքական բացակայութիւնը իր ազդեցութիւնը պիտի ձգէ թէ՛ իմ անձիս, թէ՛ շատերուն եւ թէ՛ մեր շրջապատին վրայ:

Եուսուֆը ունի աւելի քան 50-ամեայ թատերական գործունէութիւն մը, որուն սկիզբը եղած է Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատրոնը, որ տեւած է 2-3 տարի, Վարուժ Խտըշեանին հետ, որմէ ետք շարունակուած է վերստին Խտըշեանի հետ` «Թատրոն 67»-ով:

Եուսուֆի թատերական աշխատանքը դադար չունեցաւ, Խտըշեանի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբ վերադարձով Եուսուֆ բեմադրիչին ճիգերով վերստին միացաւ եւ շարունակեց իր գործունէութիւնը: Խտըշեանի մահէն ետք, Եուսուֆ իր թատերական գործունէութիւնը բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի հետ շարունակեց մինչեւ իր մահը:

Եուսուֆի թատերական կեանքի երկարամեայ ներդրումը ունի հիմնական երկու հանգամանք, որոնց անպայման պէտք է անդրադառնալ: Առաջինը` անոր պաշտամունքի հասնող հաւատարմութիւնը, նուիրուածութիւնն ու սէրն է հայ թատրոնին նկատմամբ, որուն արգասիքը հանդիսացած է 25-է աւելի թատերական գործերու մասնակցութիւնը: Այստեղ յատկանշական է նշել «Հրամեցէ՛ք» ժապաւէնին մէջ իր դերը, որ արժանացած է 35 երկիրներու մասնակցութեամբ Լիբանանի մէջ կայացած ժապաւէններու փառատօնի լաւագոյն դերասանի մրցանակին:

Երկրորդ հանգամանքը Եուսուֆի հայրենասէր-ազգային ըլլալն է, եւ իր հայու կերպարը, ապրելակերպն ու առօրեան լաւագոյն վկայութիւնն է ներկայացնելու ազգային արժէքներու նկատմամբ անոր ունեցած անզիջող վերաբերմունքը:

Եուսուֆ թէեւ ծանօթ էր ջղային, պոռթկացող, իրեն յատուկ ձեւով մատնանշումներ կատարող յատկանիշներով, սակայն ան ունէր շատ փափուկ, մանուկի նման սիրտ մը:

Այսօր թէեւ մենք կորսնցուցինք Եուսուֆը եւ տխրութեամբ կը բաժնուինք իրմէ, սակայն վստահ ենք, որ կեանքի եւ թատրոնի ընկերները զինք ուրախութեամբ կը սպասեն: Այո՛, հոն զինք պիտի դիմաւորեն` Վարուժան Խտըշեանը, Մարի Ռոզ Մանուկեանը, Յակոբ Գալայճեանը, Վազգէն Դարբինեանը, Շողիկ Վարդիվառեանը եւ շատ ուրիշներ:

Անշուշտ յառաջիկային աւելի երկար կարելի է անդրադառնալ Եուսուֆի թատերական կեանքին մասին, եւ վստահաբար «Գասպար Իփէկեան»-ի վարչութիւնը այդ աշխատանքը պիտի կատարէ:

Համազգայինի մեծ ընտանիքին եւ ի մասնաւորի Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» մասնագիտացած մասնաճիւղի վարչութեան անունով մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Եուսուֆի ընտանիքին եւ անոր թատրոնի բարեկամներուն:

 

*Յովսէփ Գաբլանեանի թաղման արարողութեան օրը արտասանուած դամբանական:

Նախորդը

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդին. «Մհեր Ջուլհաճեան» Շարադրական Մրցանքին Մասնակցեցան Լիբանանահայ 12 Վարժարաններէ 73 Աշակերտներ

Յաջորդը

Միջինքի Աւանդական Նշում` Վեհափառ Հայրապետին Մասնակցութեամբ

RelatedPosts

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ի Զուր Կը Հնչեն Ահազանգները Մեր… (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սլաք.  Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն  Մէջ  Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան
Անդրադարձ

Սլաք. Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն Մէջ Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?