Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաւատքի Եւ Գործի Ընկերը` Սարգիս Զէյթլեան*

Մարտ 29, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

«Սարգիսէն առաջ եւ Սարգիսէն ետք ո՞վ ունեցած ենք Դաշնակցութեան կազմակերպական եւ քաղաքական հասկացողութեամբ լիարժէք Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ», խօսք` ընկեր Հրայր Մարուխեանի:

1972-1982 թուականներուն ընկերներ Բաբգէն Փափազեանին, Հրաչ Տասնապետեանին եւ Սարգիս Զէյթլեանին յանձնուած էր Դաշնակցութեան ընդհանուր ծրագիրը վերախմբագրելու աշխատանքը: Սակայն վերջնական տարազումը նախագիծին գրած էր ինք` ընկեր Սարգիս Զէյթլեան, որովհետեւ ունէր թէ՛ գաղափարական հզօրութիւն իր բանաձեւումով` սկզբունքները բիւրեղացնելու եւ կարգախօսներ ճշդելու, թէ՛ ալ ունէր տաղանդը` լիարժէք կերպով ձեւակերպելու Դաշնակցութեան մէջ տիրական միտքերը: Ազատ մարդու, Ազատ քաղաքացիի եւ Ազատ աշխատանքի գաղափարական դաշնակցական սկզբունքը, որ եօթանասունականներուն վերամշակուած ՀՅԴ Ծրագրին կիզակէտը կը կազմէր, փաստօրէն Սարգիս Զէյթլեանի լեզուամտածողութեան արգասիքն էր:

Այսպէս, Սարգիս Զէյթլեանը երեւոյթ էր մեր կեանքին մէջ, իր այս յատկանիշն է, որ կը մղէ տասնեակ տարիներու վրայ յիշելու, շեշտելու, ընդգծելու նման ղեկավարներ եւ անոնց տիպարով սերունդներ ունենալու անհրաժեշտութիւնը:

Սարգիս Զէյթլեան աշխատեցաւ բոլոր բնագաւառներուն մէջ` դպրոց, մամուլ, հանրային կուսակցական կեանք, տարուէ տարի փորձառութիւն ձեռք ձգելով` ստանձնեց մշակութային, քաղաքական եւ կուսակցական բարձրագոյն պատասխանատուութիւններ: Անկախ կրթական եւ հրապարակագրական մարզերէն` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան գործավար, Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, ապա` անդամ ՀՅԴ Բիւրոյի: Պիտի չանդրադառնամ բոլոր մարզերուն, սակայն պիտի շեշտեմ անոր աշխատելաոճի եւ սկզբունքներուն մասին:

Սարգիս Զէյթլեանի աշխատելաոճը «պուլտոզըր»-ի ոճ էր: Այսինքն բազմածաւալ, հետեւողական, անզիջող եւ շարունակական ու կրնկակոխ ոճով կ՛աշխատէր: Թափ եւ թռիչք կար անոր աշխատանքին մէջ:

Սարգիս Զէյթլեան գիտէր աշխատիլ եւ աշխատցնել: Գիտէր առաջնահերթութիւնները, եւ անոր թափը վարակիչ էր իր գործակիցներուն համար:

Ամուր սկզբունքներու տէր, բծախնդիր` կուսակցական ներքին կեանքին մէջ տառացի գործադրութեան, բայց եւ` լայնախոհ համահայկական խնդիրներու պարագային: Սարգիս Զէյթլեանի սկզբունքն էր, որ միշտ արտաքին աշխարհին պէտք էր ներկայանայինք հայկական միասնական ճակատով:

Առաջնակարգ նշանակութիւն ունէր իրեն համար Հայաստանի գոյութիւնը, հզօրացումը եւ ազգայնացումը:

Ինչպէս կը տեսնե՛նք, թէ Սարգիս Զէյթլեանի տեսլականը որքա՛ն այժմէական է եւ անզիջելի: Հայաստանի գոյութիւնը, հզօրացումը եւ ազգայնացումը: «Ազդակ Շաբաթօրեակ»-ի` «Դրօշակ»-ի մէջ բազմաթիւ խմբագրականներ եւ յօդուածներ կը կարդանք այս նիւթով:

Հայաստան-սփիւռք օրէ օր վտանգուող եւ բաժանումի տանող մթնոլորտին մէջ որքա՜ն կարեւոր է ընկեր Զէյթլեանի միասնական ըլլալու եւ մնալու պատգամը:

Արտաքին ճակատի վրայ Հայաստան-սփիւռք միասնական ըլլալու հիմնական երկու օրակարգ ունինք` Արցախ եւ Ցեղասպանութիւն: Դժբախտաբար Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւններու վարքագիծը եւ մօտեցումը հեռու է ազգային հաւաքական շահերէ: Անհասկնալի է եւ ընդվզեցուցիչ: Միասնակամութիւնը լոզունգ պէտք չէ ըլլայ, ընդհակառակը` հաւատք եւ ռազմավարութիւն: Աւելի՛ն. այս գաղափարախօսութեան ջահն էր ընկեր Սարգիսը: Փաստօրէն տասնեակ տարիներ ետք Դաշնակցութեան թշնամիները, անոնք ըլլան ներքին թէ արտաքին, նոր ոճերով, նոր զէնքերով կը հալածեն: Ազգային գաղափարախօսութիւնը զիրենք անհանգստացնող սկզբունք է: Փաստօրէն Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ միակ կազմակերպութիւնն ենք, որ պահած ենք մեր սկզբունքը: Հակառակ համաշխարհայնացման մեծ ալիքին, հակառակ համամարդկային եւ սահմանները բանալու, ժողովուրդները, մշակոյթները միաձուլելու համարձակ քայլերու եւ ընդհանուր ապազգային մթնոլորտ մը ստեղծելու ճիգին` ՀՅԴ-ն մնացած է եւ կը մնայ նոյն ազգային արժէքներու վրայ:

Դժուար է մեր ճամբան: Թէեւ Եւրոպայի կարգ մը երկիրներ, Միացեալ Նահանգներն ալ ներառեալ, սկսած են վերադառնալ իրենց արմատներուն, Եւրոպայի մէջ ծայրայեղ աջակողմեան ուժեր իշխանութեան կը հասնին: Հայաստանի իշխանութիւնները համաշխարհայնացման եւ ապազգային այդ ճամբան նոր սկսած են բռնել` կարծելով, որ Արեւմուտքին բացուելու սկզբունքը այդ ընտրանքն է:

Մեզի համար Սարգիս Զէյթլեանի երկու սկզբունքները կը մնան նոյնը:

Արտաքին ճակատի վրայ մնալ միասնական: Երկրորդ` Հայաստանի գոյութիւնը, հզօրացումը եւ ազգայնացումը անհրաժեշտութիւն:

Այսօր հայութիւնը բոլոր ժամանակներէ աւելի միասնական ըլլալու անհրաժեշտութիւնը կը զգայ: Հայաստան-սփիւռք-Արցախ եռամիասնութիւնը մեր գոյութեան իմաստն է:

Ընկեր Սարգիս մեր դատի, մեր ժողովուրդի, մեր երազներու իրականացման համար կը հաւատար, քարոզած էր, գրած էր եւ ժողովներուն պնդած, որ արտաքին ճակատի վրայ միասնական մնանք, միասնական ներկայանանք:

Այսօր այս կամքը կը պակսի: Ոչ թէ Դաշնակցութեան մօտ, այլ` Հայաստանի իշխանութեան մօտ: Արցախի եւ Ցեղասպանութեան օրակարգերու անտեսումը, կամայական ժխտումը, Արցախի ժողովուրդին իրաւունքներուն տէր դառնալու քաջութեան պակասը ամբողջ հայ ժողովուրդի միասնականութեան թափին ազդած է ու կ՛ազդէ: Փաստօրէն ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովն ալ եկաւ հաստատելու այն, ինչ որ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու գերիշխանութիւնը հողային ամբողջականութեան իմաստով տէր պիտի կանգնի եւ դէմ պիտի դնէ բոլոր բաժանումի տանող մօտեցումներուն:

Կը վերահաստատեմ ժողովի գլխաւոր 5 բանաձեւերը.

1.- Հայոց անկախ պետականութեան հզօրացումը, տարածքային ամբողջականութեան եւ իշխանութեան վերականգնում, ժողովրդավարական, իրաւական, ընկերային պետութեան կերտում` Անկախութեան հռչակագիրին տառին եւ ոգիին համապատասխան:

2.- Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հատուցման իրաւունքի հետապնդում:

3.- Սփիւռքի կազմակերպական հզօրացում, համահայկական օրակարգերու շուրջ ազգային եւ քաղաքական համախմբում:

4.- Արցախի ազատագրման օրակարգին շուրջ համազգային համախմբում:

  1. Հայոց բանակի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան համակարգերու ամրապնդում: Հայաստանի գոյութիւնը, հզօրացումը եւ ազգայնացումը անհրաժեշտութիւն են: Այսօր բոլորս ալ գիտենք, որ Հայաստանի գոյութիւնը համաշխարհային այս տակնուվրայ եւ համակարգերու անհաւասարակշիռ վերաբերմունքին դիմաց Հայաստանի գոյութիւնը վտանգուած է, հզօրութիւնը մեծ հարց է, եւ ազգայնացումը հարցականի տակ առնուած: Փաստօրէն կը տեսնենք, թէ երկու սկզբունքներն ալ որքա՛ն այժմէական են եւ անժամանցելի: Դժբախտաբար այսօրուան սերունդէն շատերը առիթը չեն ունեցած անմիջականօրէն առնչուելու ընկեր Սարգիս Զէյթլեանին հետ: Բայց անոր միտքերու ու գաղափարներու եւ անոնց վրայ խարսխուած Դաշնակցական գործի աւանդը լիցքաւորած եւ հարստացուցած է մեզ եւ, անկասկած, պիտի շարունակէ իր ազդեցութիւնը ունենալ սերունդէ սերունդ: Դաշնակցական մտքի եւ գործի դժուար համադրող խորհրդանիշը մնացած է սերունդէ սերունդ:

Կարելի չէ պատկերացնել վաթսունական, եօթանասունական թուականներուն սփիւռքի մէջ թափ առած եւ ծաւալած ազգային, մշակութային, քաղաքական եւ մարտական զարթօնքը` առանց ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի թափին, կորովին, սլացքին, գրիչին, ելոյթներուն:

Դաշնակցութեան չգրուած ճշմարտութիւններէն է, որ անփոխարինելիներ չկան, միաժամանակ նոյն  Դաշնակցութեան պատմութիւնը կը փաստէ, որ անկրկնելիներ կան:

Ինչպէս որ Պարոյր Սեւակը ըսած է.

«Ուշ-ուշ են գալիս, բայց ոչ ուշացած

Ծնւում են նրանք ճիշդ ժամանակին»:

Սարգիս Զէյթլեանի գրառումներէն կ՛առնեմ այս տողերը. «Շատ ուսեալ ըլլալը մարդ ըլլալու պայմանական միջոցը չէ: Մարդ ըլլալու նախապայմանը զարգացումն է, մշակութայնացումը, մարդացումը:

Ան կ՛ըսէր, թէ  մշակութայնացած մարդն է, որ կոչուած է դեր մը կատարելու հանրային կեանքին մէջ, եւ ոչ` «քաղաքակիրթ» մարդը, որ զինուած է միայն գիտելիքներով: Այսպէս, այսօր մեր մէջ կը պակսի այդ տեսակը, եւ մենք պարտաւոր ենք այս կէտին ուշադրութիւն դարձնելու:

Այո՛, ընկեր Սարգիս Զէյթլեանը հաւատքի եւ գործի ընկեր էր:

Այսօրուան Հայաստանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն ի տես եւ իշխանութիւններու ապազգային ու զիջող քաղաքականութիւնը արձանագրելով` խօսքս կը փակեմ Սարգիս Զէյթլեանի գրութիւններէն հետեւեալ տողերով:

«Դաշնակցութիւնը այն կուսակցութիւնը չէ, որ հրաժարի Հայ դատի պաշտպանութենէն: «Դաշնակցութիւնը այն միակ կազմակերպութիւնն է հայ կեանքին մէջ, որ միայն մէ՛կ տէր կը ճանչնայ` հայ ժողովուրդը: Միայն մէկ իտէալ կը հետապնդէ` Հայ դատի վերջնական եւ ամբողջական յաղթանակը: Ներշնչման միակ աղբիւրը ունի Հայոց պատմութիւնը եւ հայ ժողովուրդի դարաւոր երազներն ու ձգտումները: Եւ այս բոլորին համար Դաշնակցութիւնը ընդունակ եղած է եւ է նաեւ այսօր, մարդկայնօրէն հնարաւոր ամէն, ամէն զոհողութեան»:

* Այնճարի մէջ Սարգիս Զէյթլեանի նուիրուած ձեռնարկին ԿԿ-ի կողմէ արտասանուած խօսք:

Նախորդը

Խորհրդածութիւն Մասթըրին Հետ

Յաջորդը

«Էն.Պի.Էյ.» Շիքակօ Պուլզ Կրկնեց Իր Յաղթանակը

RelatedPosts

Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

80-Ամեայ ՄԱԿ-ի Թրամփեան Կանգառը…

Հոկտեմբեր 3, 2025
«Իրական Հայաստան»` Առանց Արարատի, Ղարաբաղի, Ցեղասպանութեան Եւ… Ինքնիշխանութեան
Անդրադարձ

«Իրական Հայաստան»` Առանց Արարատի, Ղարաբաղի, Ցեղասպանութեան Եւ… Ինքնիշխանութեան

Հոկտեմբեր 3, 2025
Տոմս.  Զաւալլը՜ Սարքոզի…
Անդրադարձ

Տոմս. Զաւալլը՜ Սարքոզի…

Հոկտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?