Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հուտա Շտիտ` Լիբանանի Յայտնի Լրագրողուհի

April 4, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հուտա Շտիտը նշանաւոր լիբանանցի լրագրող մըն էր, որուն նուիրումը եւ վճռակամութիւնը լուսաւորեցին իր աւելի քան երեսուն տարուան մասնագիտական ուղին:

Ծնած էր 1969-ին, Լիբանանի հիւսիսային շրջանի Ռաշին գիւղին մէջ, Զղարթա: Իր նախնական ուսումը ստացած էր գիշերօթիկ վարժարանի մը մէջ, որ ձեւաւորած է անոր անկախ ոգին: Ապա բարձրագոյն ուսումը շարունակած էր Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ` քաղաքական գիտութիւններու բաժինին մէջ, ուր զարգացուցած է իր լրագրողական կիրքը:

Շտիտի մասնագիտական ուղին ընթացք առած է լիբանանեան հեղինակաւոր զանազան թերթերու մէջ, ներառեալ` «Լիուա», «Նահար» եւ «Լ՛Օրիան լը ժուր»: Ապա աշխատած է «Լիբանանի Ձայն» ձայնասփիւռի կայանին մէջ:

Մօտաւորապէս քսան տարի առաջ ան միացաւ «Էլ.Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանի`  նախագահական պալատին մէջ հաւատարմագրուած իբրեւ լրագրող լուրեր հաղորդելու համար: Իր գործին ընթացքին ճանչցուեցաւ յատկապէս իր անվախ դաշտային լրագրութեամբ, որուն մէջ մեծ նուիրումով կը լուսաբանէր կարեւոր ազգային իրադարձութիւնները:

Անձնական կեանքին մէջ Շտիտ խոր ցնցումներ ապրեցաւ: 21 տարեկանին ամուսնացաւ Զիատ Սաատէի հետ, որ կարճ ժամանակ մը ետք մահացաւ քաղցկեղէն: Այս մեծ կորսուտը խորացուց անոր կարեկցանքը եւ պայքարի ոգին, որոնք յայտնապէս կ՛արտացոլային իր լրագրողական գործունէութեան մէջ:

Շտիտ ինք ալ, իր կարգին, քաղցկեղին դէմ պայքարի սկսաւ 2014 թուականին: Քիմիաբուժութենէն ետք, որոշ ժամանակ վերականգնման ընթացք մը ապրեցաւ, սակայն տարիներ անց հիւանդութիւնը դարձեալ վերանորոգուեցաւ: Իր առողջական  բոլոր մարտահրաւէրներուն առջեւ ան մնաց խորհրդանիշ յոյսի եւ տոկունութեան` յաճախ արտայայտելով իր հաւատքը եւ վճռակամութիւնը:

Մարտ 2025-ի սկիզբը Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աունը եւ անոր կինը` Նաամաթ Աունը, պատուեցին Շտիտը` շուրջ 30 տարի նախագահական պալատին մէջ իբրեւ լրագրող ծառայելուն համար եւ անոր լրագրողական մեծ վաստակին ու աննկուն կամքին համար` հանրապետութեան նախագահութեան վահանակով: Այս յիշարժան արարողութիւնը անոր վերջին հրապարակային ելոյթը եղաւ:

Հուտա Շտիտ մահացաւ 21 մարտ  2025-ին` 56 տարեկան հասակին: Անոր յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Կեդրոնական Պէյրութի Մար Ժըրժոս եկեղեցւոյ մէջ, ուր համախմբուած էին` ընտանիքը, գործընկերները, քաղաքական գործիչները եւ բոլոր անոնք, որոնք կը գնահատէին անոր ժառանգութիւնը:  Անկէ ետք վաստակաշատ լրագրողին մարմինը փոխադրուեցաւ Զղարթայի կարծեմ Ռըշիին գիւղաքաղաքը, ուր Մար Ժըրժոս եկեղեցիին մէջ ալ արարողութիւն կատարուեցաւ:

Իր մահը խոր կորուստ մըն է Լիբանանի լրագրողական աշխարհին համար, սակայն անոր ձգած ժառանգութիւնը անկեղծ լրագրութեան, քաջութեան եւ ճշմարտութեան նկատմամբ յանձնառութեան խորհրդանիշ պիտի մնայ:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Ազգային Հերոսին Անշուք Յոբելեանը

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ամերիկեան Միջանկեալ Ընտրութիւններու Հետեւանքները

November 10, 2026
Հայ Գիրքի Համահայակական Փառատօն-Ցուցահանդէսի Ծիրին Մէջ Չորս Գիրքերու Շնորհահանդէս
Անդրադարձ

Հայ Գիրքի Համահայակական Փառատօն-Ցուցահանդէսի Ծիրին Մէջ Չորս Գիրքերու Շնորհահանդէս

November 10, 2026
Իսկական Ընկերութիւնը Չի Սահմանափակուիր Ժամանակով Ու Տարածութեամբ, Ան Կը Շարունակէ Ապրիլ Յիշողութեան Մէջ
Անդրադարձ

Իսկական Ընկերութիւնը Չի Սահմանափակուիր Ժամանակով Ու Տարածութեամբ, Ան Կը Շարունակէ Ապրիլ Յիշողութեան Մէջ

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.