Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յիշատակի հաւաքները, գրութիւնները եւ բազմատեսակ նախաձեռնութիւնները ինքնանպատակ չեն, այլ առիթներ` մտածելու անցնող տարիներու գործունէութեան մասին, վերանորոգելու գործը շարունակելու կամքը եւ հաւաքաբար յարգանք մատուցել զոհերուն համար:
Այս շրջագիծին մէջ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները չեն կրնար անմասն մնալ այս աշխատանքներէն եւ իրենց կարելիութիւններու ու կարողականութիւններու սահմաններուն մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերին եւ պիտի բերեն պահանջատիրական աշխատանքներուն:
Ազգովի մտահոգիչ եւ խառն կացութիւններու մէջ ենք: Մօտիկ անցեալին Արցախը կորսնցուցինք: Հայաստանի իշխանութիւնները ամէն ճիգ կը թափեն հայութիւնը պարպելու հայկականութենէն, ասկէ անդին` հանրապետութեան կարեւոր մէկ հատուածը վտանգուած է: Ազրպէյճանը ռազմական նոր գործողութիւններու պատրաստուածութեան մէջ է, եւ որեւէ պահուն կրնայ ճակատը վերստին բռնկիլ ու պատճառել նոր զոհեր ու կորուստներ: Իսկ Ցեղասպանութեան հարցը թուրքերու վրայ ճնշումի միջոց ըլլալու փոխարէն` դարձած է Հայաստանի իշխանութիւններու վրայ ճնշում բանեցնելու եղանակ` պահանջելով հրաժարիլ դատէն:
Նոր սերունդը պէտք չէ մնայ անտարբեր եւ ոչ ալ հաշտուի կացութեան հետ: Մեր պատանիները պէտք է լաւապէս զինուին գիտութեամբ, դաստիարակութեամբ եւ ազգային շունչով, որպէսզի պայքարի դրօշը բարձր պահուի:
Այսօր, աւելի քան որեւէ ժամանակ, հայ պատանիները պէտք չէ կորսնցնեն հաւատքը, պէտք չէ հրաժարին մեր տեսլականէն եւ պէտք է հաւատան ու ապրին «Պիտի գնանք» երգին բառերը.
– Մենք չտեսնենք` մեր որդիքը, թոռից թոռը կը տեսնի,
Հրով լինի, սրով լինի` պիտի գնանք վաղ թէ ուշ:
Յարգա՛նք մեր նահատակներուն:
Մեր պատանիները Հայ դատի վաղուան զինուորներն են, որոնք վաղ թէ ուշ անպայման վերստին պիտի վերականգնեն մեր ազգային արժանապատուութիւնը, ազատագրեն հայրենիքը, լուծեն դատը եւ կերտեն ամբողջական Հայաստանը:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ
ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ


