Յարգա՛նք ձեզի, մեր սուրբ նահատակներ:
Նամակի տողերս կը սկսիմ վերյիշելով ապրիլ 24-ի տխրութիւնն ու ցաւը: Բայց յատկանշական այս օրը կը յիշեցնէ նաեւ ցեղասպան թուրքին կատարած տմարդի վերաբերումը անմեղ ժողովուրդի նկատմամբ` զանգուածային ձերբակալութիւն, արտաքսում, ջարդ…
Այս օրը կը նշուի` որպէս պայքարի վերաշխուժացման թուական: Յիշելով անցեալը, շօշափելով վնասները` մարդկային, հողային թէ նիւթական, ապրիլ 24-ը կը դառնայ մեզ գօտեպնդող, համայն հայութիւնը շաղկապող հանգրուան, որ օտար ափերու մէջ իր ձայնը կը բարձրացնէ վերատիրանալու համար իրմէ խլուածին, վերջապէս արդարութիւնը գտնէ իր ճամբան:
Թուական մը, որ կարելիութիւն կը ստեղծէ պատմութեան ճամբով ցոյց տալ բոլորին, որ թշնամին թուրանական ծրագիրին իրագործման համար ոտնահարեց խաղաղասէր ազգ մը եւ տակաւին կը շարունակէ միեւնոյն թունաւորումի կաթիլներով պղծել մեր սուրբ հողերէն բաժիններ:
Իբրեւ հայ ժողովուրդի զաւակներ, դաշնակցական պատանիներ` միասնական ու անվհատ ջանքերով կրնանք հասնիլ մեր գերագոյն նպատակներու իրականացումին, որպէսզի շարունակուին պատմութեան մէջ մեր պանծալի յաղթանակները` իբրեւ ժառանգորդ Սերոբի, Ռուբէնի, Շահէնի, Գէորգի եւ այլոց կտակած պատգամներով:



