 ԱՐԷՆ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
ԱՐԷՆ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
ՀՅԴ «Նաւասարդեան» ՊՄ
Հայոց ցեղասպանութեան յարգելի մէկուկէս միլիոն զոհեր,
1915-ին բռնի ուժով տեղահանուեցաք` ձեր ետին ձգելով հայրենի հողը, ամիսներով առանց ուտեստեղէնի մնացիք Տէր Զօրի անապատներուն մէջ, ձեզմէ շատեր սպաննուեցան, իսկ ոմանք ալ ցրուեցան աշխարհի տարածքին` հաւատարիմ մնալով իրենց կրօնին ու ազգութեան:
Ահա այսօր անցած է 110 տարի ողբերգական եղեռնէն: Մենք` եղեռնէն վերապրողներուն զաւակները, կ՛ապրինք իբրեւ հայ ու պիտի շարունակենք պահել ու պահպանել մեր լեզուն, մշակոյթն ու կրօնը: Մենք չենք մոռցած ու երբեք պիտի չմոռնանք ու պիտի շարունակենք պահանջել ձեր արեան գինը ու պիտի շարունակենք պայքարիլ, մինչեւ որ հասնինք մեր նպատակին` ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանին: Ասիկա երազ չէ, այլ` պայքարի ուղի, որմէ չենք կրնար շեղիլ, որուն համար պէտք է միշտ աշխատինք, եւ որուն հասնելու համար ամէն ինչ պէտք է ընենք:
Վստա՛հ եղէք, որ մենք ձեր կտակին տէրը պիտի մնանք:
Թող ձեր հոգիները յաւերժ հանգչին:
Ձեր Ծոռը`
ԱՐԷՆ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
ՀՅԴ «Նաւասարդեան» ՊՄ
 
			

