Ապրիլ 24-ը պարզ թուական մը չէ: Ան կը մնայ խոր վէրք մը մեր ժողովուրդի համար, ցաւալի իրականութիւն մը եւ ուխտ մը, որ երբեք պէտք չէ մոռցուի: Այս օրը մենք կը յիշենք 1.500.000 անմեղ հայերը, որոնք 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ սպաննուեցան, իրենց տուներէն վտարուեցան եւ անապատներ աքսորուեցան:
Անմեղ մարդիկ` կիներ, ծերունիներ եւ երեխաներ, բռնի տեղահանուեցան, հալածուեցան ու մահուան դատապարտուեցան: Ափսոս է, որ ամբողջ աշխարհը դիտեց, բայց չկեցուց կամ չկրցաւ կեցնել այս ոճիրը: Միլիոնաւոր ձայներ լռեցին, բայց մենք` հայերս, չենք կրնար լուռ մնալ, պէտք է պահենք նահատակներուն յիշատակը մեր սրտերուն մէջ:
Մենք կը յիշենք եւ պիտի յիշենք` որպէս յարգանք եւ որպէս ճշմարտութիւն: Մենք կ՛ուզենք, որ այսպիսի ողբերգութիւններ երբեք չկրկնուին, եւ այնքան ատեն որ Հայոց ցեղասպանութիւնը միջազգայնօրէն չէ դատապարտուած, ապա նոր ցեղասպանութիւններ պիտի կազմակերպուին, եւ փաստօրէն այսօր այդպէս ալ կ՛ըլլայ:
Հայ ժողովուրդը այսօր դեռ տոկուն է ու կը ստեղծագործէ` հակառակ ներքին ու արտաքին հարուածներուն: Այսօր կը խոնարհինք մեր նահատակներուն առջեւ եւ կը վերահաստատենք մեր պահանջը`
– Կը յիշենք: Կը պահանջենք: Երբեք չենք մոռնար:



