Յօդուածներ

Խմբագրական.  Տարբեր 100-Ամեակ Եւ Ընկալման  Նոր Ուղղութիւններ

Խմբագրական. Տարբեր 100-Ամեակ Եւ Ընկալման Նոր Ուղղութիւններ

Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի նշումներու հովանոցը բացուած է յատկապէս հայրենիքի եւ հայկական Այնճարի վրայ: Հայկական աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ գտնուող մուսալեռցիներ  իրենց միջավայրերուն մէջ նշելով հանդերձ հերոսամարտի յոբելեանը, ըստ էութեան իրենց հայեացքները կը կեդրոնացնեն հայրենի Մուսա Լեռ գիւղին եւ հայկական Այնճարին վրայ: Մուսա Լերան եւ Այնճարի յոբելենական ձեռնարկներու շարքը համակարգուած է: Այս պատճառով ալ իր աւանդական թուականէն շաբաթ մը առաջ...

Բարի Լոյս 11.  Անհրաժեշտ Է Գուրգուրալ Լիբանանի  4-րդ Իշխանութեան` Մամուլին Վրայ

Բարի Լոյս 13. Յարգա՛նք Քեզ

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Յարգելի մուսալեռցի, Շնորհաւո՛ր յաղթանակի տօնդ: Անցնող հարիւր տարիները քեզի համար դարձան մնայուն մաքառումի տարիներ: Այնճար հայաւանի հիմնադրութեան 75-ամեակը եւ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակն է այսօր, բայց այդ հերոսական խոյանքը դուն պատմութեան չյանձնեցիր երբե՛ք, այլ զայն ապրեցուցիր պայքարիդ շարունակականութեամբ, անկոտրում վճռակամութեամբ եւ լեռնցիի վայել քաջութեամբ: Դուն մնացիր լերան քաջ զաւակ, արհամարհեցիր ամէն վտանգ եւ սպառնալիք, յանձն առիր ամէն զրկանք...

Խաչվերացն Ու  Մուսա Լերան Հերոսամարտը

Խաչվերացն Ու Մուսա Լերան Հերոսամարտը

ԱՅՆՃԱՐԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ` ՄԻՒՌՈՆ ՔՀՆՅ. ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ «Անիկա իրեն յարողներուն կենաց ծառ է» (Առակաց 3.18): Հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մէկն է Խաչվերացը: Ունի ութօրեայ նաւակատիք եւ մեռելոց: Խաչվերացը Հայ եւ Կաթողիկէ եկեղեցիները սկսած են տօնակատարել չորրորդ դարէն ի վեր: Սակայն սկզբնական եկեղեցին, Երուսաղէմի առաջին եպիսկոպոս Յակոբոս Տեառնեղբայրը հանդիսաւորապէս ժողովրդեան ներկայութեան Քրիստոսի սուրբ խաչը կը բարձրացնէր (վերացնել) հաւատացեալներու պահպանութեան համար: Բիւզանդիոնի Սուրբ...

«Կտրուածքները Խորհրդանշեցին Որբերուն Ցաւը, Բացութիւնները` Կորուստը Անոնց Անցեալին Եւ Բնական Մանկութեան: Իսկ Բացութիւններէն Անցնող Լոյսը Լոյսն Է Յոյսի, Վերականգնումի» Կ՛ըսէ Մոսիկ Կիւլոյեան

«Կտրուածքները Խորհրդանշեցին Որբերուն Ցաւը, Բացութիւնները` Կորուստը Անոնց Անցեալին Եւ Բնական Մանկութեան: Իսկ Բացութիւններէն Անցնող Լոյսը Լոյսն Է Յոյսի, Վերականգնումի» Կ՛ըսէ Մոսիկ Կիւլոյեան

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաձեռնութիւններու շարքին էր Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ին մէջ Մարիա Ճեքըպսընի` «Մամային» տունը վերածել «Արամ Պէզիքեան»  որբերու թանգարանի: Թանգարանին մուտքին զետեղուած են աւելի քան տասնեակ մը որբերու քանդակներ, որոնք գործն են լիբանանահայ քանդակագործ Մոսիկ Կիւլոյեանի: Այս մէկը Լիբանանի մէջ ցուցադրուող անոր երկրորդ գլխաւոր գործն է. առաջինը կը գտնուի Պուրճ Համուտի մէջ, նուիրուած` Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի հայ նահատակներու յիշատակին: Մոսիկ...

Անկրկնելի  Հալէպը. Երբեմնի «Դպրոցներ»-ը … Ժողովրդային Գրադարանները

Անկրկնելի Հալէպը. Մեր Կրթօճախները… Լոյսի Փարոսները

ՄԱԹԻԿ  ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ Մեր պատմութեան հզօրագոյն կայսրութիւնը եւ մեծագոյն գանձը մեսրոպեան այբուբենի երեսունութ տառերն են, որոնք շրջուն հայրենիք մըն են Հայաստանէն դուրս: Սփիւռքի տարածքին մեր հայկական վարժարանները Արշակ Բ. թագաւորի հայրենիքէն բերուած հողի ուժը ունին, որոնք հարիւրամեակ մը հայրենազուրկ հայորդիներուն հայ դպրութեան աւանդը փոխանցեցին ու տակաւին կը շարունակեն փոխանցել: Ցեղասպանութենէ փրկուած հայ ժողովուրդի մնացորդացին համար  Սուրիան, որպէս առաջին կայան, գաղթաշխարհի հիմնաքարը...

Մտորումներ` Դպրոցական Վերամուտի Առթիւ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Իրողութիւն է, որ ուսում, կրթութիւն եւ կամ գիտութիւն ստանալը է՛ եւ կը մնայ մեր կեանքը իմաստաւորող գլխաւոր բաղադրիչներէն կարեւորագոյնը: Ուստի, ի՛նչ ալ ըլլան իբրեւ գլխաւոր բաղադրիչ մեր կեանքը հունաւորող միւս արժէքները, որքան որ անոնք բարդանան, արդիականանան եւ այժմէականանան. վերեւ նշուածները էական են եւ կը մնան մեր բոլորի կեանքի ուշադրութեան կիզակէտերը: Ինչո՞ւ  սակայն նման մտածման արծարծում մը` իբրեւ նախաբան:...

Լիբանանի Աղբերու Հարցը Գիտական Ու Տրամաբանական Լուծում Կրնա՞յ Ունենալ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ Աղբերու հարցը բնականաբար իր տրամաբանական եւ գիտական լուծումը ունի, միայն թէ պատասխանատու անձնաւորութիւններ եւ պատկան մարմիններ պէտք է յաղթահարեն ենթակայական պատրուակները: Իրարմէ անջատելով աղբերը` ժողովուրդը կը հանդիսանայ առաջին օղակը վերամշակման շղթային եւ կը նպաստէ կայուն զարգացման: Հակառակ Լիբանանի մէջ վերամշակման վերաբերեալ անձնական կարգ մը յաջողութիւններու` այդ մարզը կարելի չէ եղած անհրաժեշտ մակարդակի հասցնել հաւաքական ձեւով: Մետաղէ աղբերը...

Ակնարկ.  Քննադատութիւն, Առաջարկ  Եւ Սպառնալիք

Ակնարկ. Քննադատութիւն, Առաջարկ Եւ Սպառնալիք

Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած Ազրպէյճանի պետական պաշտօնատարներու դէմ հասցէական պատժամիջոցներ կիրարկելու կոչ-բանաձեւի բովանդակութիւնը առաջին հայեացքով առաւելաբար կը կեդրոնանայ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարման երեւոյթներուն վրայ: Բանաձեւի կէտերուն տարբաղադրումը կու տայ հետեւեալ պատկերը, որ խորքին մէջ կը կազմէ որդեգրուած բանաձեւին հիմնաւորումները: Ազրպէյճանի մէջ արձանագրուած է  աճ բռնաճնշումներու եւ ձերբակալութիւններու ենթարկուած իրաւապաշտպաններու եւ լրագրողներու երեւոյթներուն: Եւրոպական խորհրդարանը պէտք է քննարկէ պաշտօնատար անձերու դէմ հասցէական...

Բարի Լոյս 11.  Անհրաժեշտ Է Գուրգուրալ Լիբանանի  4-րդ Իշխանութեան` Մամուլին Վրայ

Բարի Լոյս 12. Գաղութային Օրակարգեր

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն անցնող շաբաթներուն նախաձեռնեց գաղութի տարբեր շրջանակներէ եւ ասպարէզներէ ազգայիններու հետ խորհրդակցական հանդիպումներու շարքի մը` հիմնական առաջադրանք ունենալով գաղութային օրակարգերու քննարկման նոր դաշտ մը ստեղծել եւ միասնական աշխատանքի նոր մթնոլորտ մը ձեւաւորել: Հանդիպումներու շարքը տակաւին պիտի շարունակուի, սակայն առաջին երկու հանդիպումները արդէն բաւարար հիմք կը ծառայեն, որ նախնական արժեւորում մը կատարենք, որովհետեւ հրաւիրեալներու ամբողջական ընդառաջումը...

Անդրադարձ.  Սարսափի Մթնոլորտ Եւ Տեղահանութիւն

Անդրադարձ. Սարսափի Մթնոլորտ Եւ Տեղահանութիւն

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Մինչ ՔԱԿ-ի զինեալներուն եւ թրքական բանակին միջեւ փոխադարձ յարձակումները կը շարունակուին, Անգարայի եւ Այնթապի մէջ թուրք ազգայնականներ յարձակումներ գործեցին նշեալ քաղաքներուն մէջ բնակող քիւրտ քաղաքայիններուն դէմ: Կը հաղորդուի, որ արդէն 600-700 քիւրտ ընտանիքներ հեռացած են Թուրքիոյ մայրաքաղաքէն, եւ իշխող կուսակցութեան քիւրտ անդամներ եւս կը մտածեն նոյն քայլին դիմելու մասին: Հեռացողներուն թիւն ու հեռացման պայմանները յստակօրէն ցոյց կու տան,...

Աղուան Վարդանեանի Քաղաքական Կարեւոր Հանդիպումները Ուրուկուէյի Մէջ

Աղուան Վարդանեանի Քաղաքական Կարեւոր Հանդիպումները Ուրուկուէյի Մէջ

Մարթին Վիտալի եւ Հայ դատի յանձնախումբին անդամներուն հետ «ԼՂՀ-ի հարցը ժողովուրդներու ինքնորոշման եւ մարդու իրաւունքի հարց է» անգամ մը եւս կը հաստատեն Ուրուկուէյի քաղաքական շրջանակները: Նախաձեռնութեամբ Ուրուկուէյի Հայ դատի յանձնախումբին, Հարաւային Ամերիկայի հայաշատ գաղութները այցելած Աղուան Վարդանեան գտնուեցաւ Մոնթեվիտէօ եւ ընկերներու հետ տեսնուելէ առաջ, կարեւոր հանդիպումներ ունեցաւ մեր երկրի քաղաքական ոլորտի ներկայացուցիչներու հետ: Առաջին հանդիպումը կայացաւ արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական...

Նահատակ Ազատամարտիկ Մերուժան Մոսիեանի Ծննդեան 50-ամեակը Կը Նշուի

Նահատակ Ազատամարտիկ Մերուժան Մոսիեանի Ծննդեան 50-ամեակը Կը Նշուի

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակին եւ Մարտունիի քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ 7 սեպտեմբերին Մարտունիի մշակոյթի տան մէջ կայացաւ յուշ-երեկոյ` նուիրուած արցախեան շարժման ու պատերազմի առաջամարտիկ, Մարտունիի 26-րդ հրաձգային գումարտակի հրամանատար, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գաղափարակիր Մերուժան Մոսիեանի ծննդեան 50-ամեակին: Նախաձեռնութեան ներկայ էին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Կեդրոնական կոմիտէի...

Հայ Վիրաւոր Մը` Հալէպի Մէջ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – (Սեպտեմբեր Ա.) Վառ Պահենք Մեր Պատմական Յիշողութիւնը

Պատմական մեր արժէքներուն նկատմամբ առեւտրային հոգեբանութեան դրսեւորումը, հայրենակերտ մեր հերոսները յարգելու եւ մեծարելու փոխարէն, անոնց յիշատակը մոռացութեան մատնելու հեղգամտութիւնը, ազգային գիտակցութեան նահանջի ամենավտանգաւոր դրսեւորումներէն է, որ անընդունելի է, յատկապէս` հերոսածին ժողովուրդներու համար: Անհասկնալի էր ու զարմանալի մշակոյթի մեր բնօրրանը հանդիսացող Երեւանի սրտին մէջ տարիներ առաջ տեսնել Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կառավարութեան շէնքի պատմական կառոյցին վրայ պատուած նոր յարկերը` ոչ թէ լոկ...

Պաթմանում (Սասուն) Իսլամացուած Մի Հայի Ինքնութեան Փնտռտուքը

Պաթմանում (Սասուն) Իսլամացուած Մի Հայի Ինքնութեան Փնտռտուքը

ՊԵՐԻԼ ԷՍՔԻ Սելիմ Աքտաշը 24 տարեկան է: Ծնուել է Պաթմանի Սասուն գաւառում եւ մեծացել որպէս քիւրտ: Սելիմը 16 տարեկանում է իմացել իր հայկական ծագման մասին: Դպրոցից տուն վերադառնալով` իրենց տանը տեսել է մի կնոջ` դստեր հետ, որոնք անգլերէն են խօսում, վզներին էլ խաչ են կրում: Սելիմը մօրը հարցրել է, թէ հիւրերն ովքեր են, մայրն էլ պատասխանել է. «Մեր ազգականներն են,...

«Հայերու Վերջը Պիտի Գայ, Մենք Ձեր Վերջը Պիտի Բերենք». Թրքական Թերթի Ատելավառ Հրապարակումը

«Հայերու Վերջը Պիտի Գայ, Մենք Ձեր Վերջը Պիտի Բերենք». Թրքական Թերթի Ատելավառ Հրապարակումը

Թուրք-քրտական հերթական զինուած բախումներէն մէկուն ժամանակ սպաննուած թուրք ոստիկան Օլքուն Քուրպանօղլուի յուղարկաւորութեան ժամանակ քաղաքացի մը, որուն ինքնութիւնը չի նշուիր, յայտարարած է, թէ ՔԱԿ-ի բոլոր ներկայացուցիչները իրականութեան մէջ ոչ թէ քիւրտ են, այլ` հայ: Նշենք, որ «Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը» (ՔԱԿ) թրքական իշխանութիւններուն կողմէ կոչուած է ահաբեկչական կազմակերպութիւն: Քաղաքացիին վերոնշեալ մերկապարանոց յայտարարութիւնը որպէս լուր իր կայքին մէջ հրապարակած է Թուրքիոյ իշխանամէտ «Սապահ»...

Պոլսոյ Մէջ Հայերու Տեղահանութեան Նուիրուած Ցուցահանդէս Բացուած Է

Պոլսոյ Մէջ Հայերու Տեղահանութեան Նուիրուած Ցուցահանդէս Բացուած Է

ԵՌԱԳՈՅՆ Պոլսոյ պատկերասրահներէն մէկուն մէջ սեպտեմբեր 3-ին բացուած է «Թոռներ. ներգրաւուածութեան նոր աշխարհագրութիւն» անուանումով ցուցահանդէս` նուիրուած հայերու տեղահանութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիուզ.ամ»-ը` վկայակոչելով «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»-ը: Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ նոյեմբեր 1: Ցուցադրութիւնը առաւելապէս կեդրոնացած է հայ համայնքի ներկայացուցիչներու անձնական եւ համայնքային կապերուն վրայ, որոնց ներկայացուցիչները, իրենց իսկ խօսքով, «Նրան հատիկներու պէս ցրուած են ամբողջ աշխարհի մէջ»: Ցուցահանդէսը կը...

Բաղրամեան Պողոտայի Անաւարտ Երգը

Նշան Պէշիկթաշլեան (1898-1972). Հայ Երգիծանքի Սփիւռքեան Շնչաւորումը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Սեպտեմբեր 7-8 լուսցող գիշերը, 43 տարի առաջ, Փարիզի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ մեր կեանքէն առյաւէտ հեռացաւ հայ գրականութեան տաղանդաւոր ներկայացուցիչներէն Նշան Պէշիկթաշլեան, որ սերունդներու յիշողութեան մէջ յաւերժութեան արժանի է իբրեւ հայկական երգիծանքի սփիւռքեան շնչաւորման տաղանդաւոր վարպետը: Միայն երգիծագիր չեղաւ Նշան Պէշիկթաշլեան: Նաեւ բանաստեղծութեանց, վէպերու եւ թատերախաղերու հեղինակ դարձաւ: Իսկ իր կեանքի վերջալոյսին հռչակուեցաւ նաեւ իբրեւ հմուտ թատերագէտ` հայ գրականութեան...

Կոչ Հայրենական

Կոչ Հայրենական

ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ Սփիւռքի երիտասարդութեան,                                                                                                                ...

Աւան-Շուշի Ասմունքի Փառատօնի Մրցանակակիրներ

Աւան-Շուշի Ասմունքի Փառատօնի Մրցանակակիրներ

Սփիւռքահայուն համար հայրենիք այցելութիւն անկասկած մեծ ոգեւորութիւն կը պատճառէ: Յատկապէս երբ պատանիներ հայրենիք կ՛այցելեն եւ մօտէն կապ կը հաստատեն իրենց հասակակիցներուն հետ, այն ատեն արդիւնքը կ՛ըլլայ անմոռանալի յիշատակներու եւ արմատներու կանչի ամրապնդում: Ամառնային արձակուրդը լաւագոյն ձեւով արժեւորելու համար, Լիբանանէն Հայ աւետարանական վարժարաններու երեք աշակերտուհիներ Հայաստան ճամբորդեցին առաջին հերթին մասնակցելու «Արի տուն» ծրագիրին, ապա` Աւան-Շուշի ասմունքի փառատօնին: Արդարեւ, Նարոյ Ադամեան (Հայ...

ՍՕԽ-ի 37-րդ Շրջանային Պատգամաւորական Ժողովը Սկիզբ Առաւ Հալէպի Մէջ

ՍՕԽ-ի 37-րդ Շրջանային Պատգամաւորական Ժողովը Սկիզբ Առաւ Հալէպի Մէջ

Սուրիահայ օգնութեան խաչի 37-րդ Շրջանային պատգամաւորական ժողովը սկիզբ առաւ երեքշաբթի, 8 սեպտեմբեր 2015-ին, «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային տան «Անի» սրահին մէջ` ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ նստավայրի եւ Քեսապի ու Լաթաքիոյ մասնաճիւղերուն. կը բացակայէին Դամասկոսը եւ Գամիշլին: Աշխատանք, յարատեւ աշխատանք, ազգային գիտակցութեամբ ու զոհաբերութեան ոգիով, ներդաշնակ ու համագործակցութեամբ առլցուն, հաւատքով ու անձնուիրութեամբ աշխատանք: Դժուար է ամփոփել մարդկային ազնուագոյն զգացումներու արգասիքը եղող այս հսկայ...

Page 1017 of 1110 1 … 1,016 1,017 1,018 … 1,110

Արխիւներ