Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաձեռնութիւններու շարքին էր Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ին մէջ Մարիա Ճեքըպսընի` «Մամային» տունը վերածել «Արամ Պէզիքեան» որբերու թանգարանի:
Թանգարանին մուտքին զետեղուած են աւելի քան տասնեակ մը որբերու քանդակներ, որոնք գործն են լիբանանահայ քանդակագործ Մոսիկ Կիւլոյեանի: Այս մէկը Լիբանանի մէջ ցուցադրուող անոր երկրորդ գլխաւոր գործն է. առաջինը կը գտնուի Պուրճ Համուտի մէջ, նուիրուած` Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի հայ նահատակներու յիշատակին:
Մոսիկ Կիւլոյեան յաճախած է Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» արուեստի ակադեմիան եւ մաս կազմած է առաջին շրջանաւարտներու հունձքին, ապա մասնագիտական ուսումը կատարելագործած Իտալիոյ մէջ:
Օգտուելով արուեստագէտին Լիբանան գտնուելէն` Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը առիթը ստեղծեց հանդիպելու անոր հետ եւ խօսելու «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիայէն մինչեւ Իտալիա անոր արուեստի ուղիին եւ գործերուն մասին, ինչպէս նաեւ` լսելու անոր գաղափարները:
Ստորեւ կը ներկայացնենք զրոյցը` յարատեւ վերելք մաղթելով արուեստագէտին:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ցեղասպանութեան թանգարանի որբուկներու քանդակները պատրաստելու առաջարկը ինչպէ՞ս կատարուեցաւ:
ՄՈՍԻԿ ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ.- Թանգարանի շինութեան վերահսկող ճարտարապետ Յակոբ Աթէշեան ներկայացուց առաջարկը: Թարխանեան եղբայրները մշակած էին թանգարանին շինարարական ծրագիրը` բարերարութեամբ տէր եւ տիկին Ալեքքօ Պէզիքեաններուն: Բազմաթիւ անձեր աշխատեցան ընդհանուր ծրագիրին իրագործման մէջ, սակայն գլխաւոր մղիչ ուժը, գործընթացին հետեւողը եւ ծրագիրը վճռական որոշումներով իր աւարտին հասցնողը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսն էր:
Հ.- Նման քանդակի առաջարկ ընդունելէ ետք, հաւանաբար արուեստագէտին մօտ կը ստեղծուի հոգեկան վիճակ` ներշնչում, մտայղացում կամ փնտռտուք: Ինչպէ՞ս այս բոլորը եղան եւ ինչպէ՞ս իրագործեցիր անոնց դրսեւորումը գործերուդ ընդմէջէն:
Մ. Կ.- Անկասկած, հարիւրամեակը մեր բջիջներուն մէջ շնչող ներկայութիւն է: Իբրեւ հայ քանդակագործի` ինծի համար առիթ մըն էր արտայայտուելու եւ դրսեւորելու այս ամբողջը: Անշուշտ ունէի տարբերակներ, բայց հիմնականը այն էր, որ կ’ուզէի ամենայն պարզութեամբ եւ ինքնատպութեամբ ներկայացնել այս որբերը, որոնք սովորական որբեր չէին, ոչ ալ սովորական մանուկներ էին, այլ ամէն ինչ կորսնցուցած էին եւ ունէին միայն զիրար: Անոնք արմատախիլ եղած արեւմտահայ յաջորդ սերունդը պիտի կազմէին ու ներկայացնէին, արեւմտահայու նկարագիր պիտի շարունակէին: Երբեք պիտի չպատկերացնէի զանոնք փայլփլուն մակերեսով, ոչ ալ` իրարմէ հեռու, ընդհակառակը, զանոնք պիտի քանդակէի յաւելեալ մտերմութեան մէջ…
Հ.- Լիբանանահայութիւնը ծանօթ է Պուրճ Համուտի քարէ քանդակիդ` նուիրուած պարտականութեան ճամբու վրայ զոհուածներուն: Ինչո՞ւ մետաղը ընտրած ես այս անգամ:
Մ. Կ.- Իւրաքանչիւր թեմա եւ իւրաքանչիւր հում նիւթ ունի իր պահանջը` փոխադարձաբար զիրար ամբողջացնող: Պուրճ Համուտի քանդակին պարագային, ընտրած եմ քարը` արտայայտելու համար ժայռի ամրութեամբ այն կամքը, որ ապրեցաւ լիբանանահայութիւնը եւ տուաւ իր նահատակները` կամքի առասպելները: Իբրեւ լիբանանահայ` ապրած եմ այդ տագնապալի օրերը: Ընդհանրապէս մետաղը նախընտրած հում նիւթս է, յատկապէս` պրոնզը: Այս պարագային, մետաղին ջերմութիւնը եւ հաղորդականութիւնը յաւելեալ եւ տարբեր նկարագիրով կ’օժտէ որբերու խոր մակարդակներու վրայ արձագանգող զգայացունց վիճակը:
Հ.- Մետաղի փոքր կտորներու գործածութիւնը ի՞նչ կը խորհրդանշէ:
Մ. Կ.- Վերջին տարիներու իմ աշխատելաոճս այսպէս զարգացաւ կամ այսպէս ընթացք առաւ: Այս պարագային կտրուածքները խորհրդանշեցին որբերուն ցաւը, բացութիւնները` կորուստը անոնց անցեալին եւ բնական մանկութեան: Իսկ բացութիւններէն անցնող լոյսը լոյսն է յոյսի, վերականգնումի եւ ներքին լոյսով ապագայի ինքնակերտումի: Տարբեր դիտանկիւնէ` կտրուածքները նաեւ կը ստեղծեն որբերուն աւազախառն ցնցոտիներու տպաւորութիւնը: Ձգտած եմ ստեղծել երկու տպաւորութիւն` հեռուէն եւ մօտէն:
Հ.- Որքա՞ն ժամանակի ընթացքին իրագործուեցան այս բոլորը:
Մ. Կ.- Գործնականին մէջ` խտացեալ 8-9 ամիս: Սակայն աւելի առաջ աշխատանքը սկսած էր ընթացք առնել: Արուեստի որեւէ գործ ստեղծելու ընթացքին կրնայ պատահիլ, որ միջամտութիւնները ունենան դրական ազդեցութիւն, սակայն շատ յաճախ անոնք ժխտական արդիւնք կու տան եւ կը խոչընդոտեն իրագործումի բնական ընթացքը, հետեւաբար նաեւ կը դառնան պատճառ ուշացումի:
Հ.- Այս պարագային ժամանակը դրական կամ ժխտական ի՞նչ ազդեցութիւն ունի:
Մ. Կ.- Շատ մեծ է ժամանակին ազդեցութիւնը եւ կարեւորութիւնը: Ժամանակը ընդհանրապէս շատ յարգի է, իսկ այս պարագային` բազմապատիկ աւելի: Անկախ ամէն ինչէ եւ անգիտակցաբար ինքզինքդ կը զգաս ժամանակի դէմ մրցումի վիճակի մէջ: Արուեստի բոլոր գործերը ունին իրենց պահանջը` ժամանակի առումով: Իւրաքանչիւր գործ իր տարբեր ժամանակը կը պահանջէ, եւ արուեստագէտը ինք գիտէ ու կը զգայ, թէ երբ է զայն աւարտելու ու կանգ առնելու պահը: Կարելի չէ պարտադրել քանի մը օր առաջ կամ քանի մը օր վերջ ծնիլ: Կը ծնիս, երբ հասած է պահը: Սակարկելը անիմաստ է: Ասիկա առեւտուր չէ:
Հ.- Ետդարձ մը կատարելով` հետաքրքրական է իմանալ առաջին քայլերդ արուեստի մարզին մէջ:
Մ. Կ.- Ծնած եմ արուեստասէր ընտանիքի մէջ: Ծնողներս քաջալերած են արուեստս, յատկապէս` մայրս: Կանուխ տարիքէս հմայուած եմ բոլոր արուեստներով, մանաւանդ` արձանագործութեամբ եւ առաջին փորձ մը կատարած եմ 8 տարեկանիս: Աւելի ուշ հետեւած եմ ջութակի դասերու: Քանդակի լուրջ փորձերու սկսած եմ 16 տարեկանիս, որմէ կարճ ժամանակ ետք բացուեցաւ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիան. առաջին վազողներէն էի` արձանագրուելու մեծ խանդավառութեամբ:
Հ.- Արուեստի ինչպիսի՞ մթնոլորտ կը տիրէր օրին «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիայէն ներս:
Մ. Կ.- Այդ օրերուն նման բան մը իրականացնելը հսկայ գործ էր: Ընդհանրապէս «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի ստեղծումը վիթխարի աշխատանք էր: Կարելի չէ չյիշել Գրիգոր Շահինեանը` իր նուիրական եւ ոգեշունչ ներդրումով. զայն կարելի է իբրեւ օրինակ ունենալ բոլոր ժամանակներու մէջ: Երբ դասընթացքները սկսան, շէնքը տակաւին կը կառուցուէր, դուռ-պատուհան չկար, քանի մը լամբեր կը լուսաւորէին սենեակները, եթէ անշուշտ ելեկտրականութիւն ըլլար: Այդ բոլորը երկրորդական էին, որովհետեւ էականը, այսինքն մթնոլորտը կար, ստեղծուած էր: Պէտք է ըսել, որ ունէինք որակաւոր ուսուցիչներ, որակաւոր` իբրեւ գիտելիք փոխանցող եւ հմուտ ուսուցանող, սակայն նաեւ` իբրեւ մարդ: Ի վերջոյ մթնոլորտը կենսական է արուեստի դպրոցի մը մէջ կամ ընդհանրապէս արուեստի մէջ:
Հ.- Ինչպէ՞ս շարունակեցիր արուեստի ուղիդ Իտալիոյ մէջ:
Մ. Կ.- Ստացած էի կրթաթոշակ` Լիբանանի մէջ իտալական դեսպանատունէն, միաժամանակ` Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան հովանաւորութիւնը, որ կարելիութիւնը տուաւ ինծի ուղիս շարունակելու Վենետիկի` արձանագործութեան մայրաքաղաքին մէջ: Աշխարհի արուեստի գործերուն 60 առ հարիւրը կը գտնուի Իտալիոյ մէջ. անժխտելի է այն առաւելութիւնը, որ կ’ընծայէ Իտալիան` իբրեւ մթնոլորտ, զարգացում, ճաշակ եւ նրբերանգներու անզուգական հմտութեան տիրապետում:
Հ.- Անհատական կամ հաւաքական ցուցահանդէսներու մասնակից կամ նախաձեռնող եղա՞ծ ես: Կարելի՞ է նշել հայկական թեմաներով գործեր, եթէ ստեղծած ես:
Մ. Կ.- Հայկական թեման անխուսափելի է եւ ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով ներկայութիւն է արուեստի ուղիիս մէջ: Ունիմ Փատովայի քաղաքապետարանի մուտքի շրջափակին մէջ Ցեղասպանութեան 90-ամեակին առիթով զետեղուած պրոնզէ գործ մը: Ցեղասպանութեան 89-ամեակին առիթով Մխիթարեան միաբանութենէն հայր Գրիգորիս Սիրանեան Միլանոյի Սան Քարլօ եկեղեցւոյ սրահին մէջ կազմակերպած էր դասախօսական, արխիւային եւ պատմական լուսանկարներու ցուցահանդէս մը, որուն կողքին 10 մետաղէ քանդակներով ներկայացուցած էի Մեծ եղեռնը` ներշնչուած հայ բանաստեղծութիւններէ: Ցեղասպանութեան 80-ամեակին առիթով Վենետիկի Մուրատ Ռափայելեան վարժարանի ներքին մուտքին զետեղուեցաւ փոքր յուշակոթող մը, որ քանդակած եմ նոյն թեմայով: Մասնակցած եմ զանազան խմբային ցուցահանդէսներու, յատկապէս` Իտալիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ, նաեւ` Լիբանանի: Տանթէի միջազգային ցուցահանդէսին ստացած եմ պրոնզէ մետալ: Գործեր ունիմ քանի մը թանգարաններու մէջ:
Հ.- Փատովայի քաղաքապետարանի մուտքին զետեղուած գործիդ մանրամասնութիւններուն տեղեկանալը հետաքրքրական է մեզի համար:
Մ. Կ.- Փատովայի քաղաքապետարանը որոշած էր Հայոց ցեղասպանութեան 90-ամեակին առիթով մնայուն յուշաքանդակ մը զետեղել Փատովայի հայ համայնքին նախաձեռնութեամբ: Անշուշտ յանկարծական որոշում մը չէր այս: Գաղափարին իրագործումին մէջ մեծ դեր ունէր ծագումով հայ իտալացի գրագիտուհի Անթոնիա Արսլան, որ հանրածանօթ է ջարդի թեմայով գրած իր գործերով, մասնաւորաբար` «Արտոյտներու ագարակը» վէպով, որ վերածուած է նաեւ իտալերէն ժապաւէնի: Ան իր դասախօսութիւններով լայնօրէն ծանօթացուցած էր Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը: Կարելի է ըսել, թէ առանձինը միութեան մը գործը կը կատարէ Իտալիոյ մէջ: Արսլան ոգին էր Փատովայի քաղաքապետարանին մուտքին յուշակոթող մը զետեղելու գաղափարին: Պրոնզէ այս գործով պատկերած եմ գաղթը, յաճախ նոյն վայրին մէջ ոլորապտոյտ քալելու դատապարտուած տարագիրներու դժնդակ տառապանքը` մինչեւ ուժասպառ մահ: Սակայն տառապանքը պատկերած եմ յաւերժութեան խորհրդանիշով, որուն իւրաքանչիւր շերտէն դուրս կու գան կարաւանները, որոնք սակայն կը խորհրդանշեն նաեւ յաւերժութիւնը մեր ժողովուրդին: Նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող այս խորհուրդը ամրագրուած է Դանիէլ Վարուժանի բառերով` «Եղէգնեայ գրչով երգեցի արիւն, ձեզի ընծայ, սուրի զոհեր»:
Հ.- Ինչպէ՞ս կ՛արժեւորուի այս քանդակը այսօր եւ ի՞նչ դեր կը խաղայ Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին մէջ:
Մ. Կ.- Ամէն տարի ապրիլին հայեր եւ իտալացիներ կը մէկտեղուին յուշաքանդակին դիմաց եւ յատուկ արարողութեամբ կ՛ոգեկոչեն Եղեռնի զոհերուն յիշատակը: Առաւելութիւն է, որ քաղաքապետարանը կը գտնուի քաղաքին կեդրոնը: Փատովան յատկապէս ուսանողական քաղաք ըլլալով` ամէն տարի նոր սերունդին կը հասնի Հայոց ցեղասպանութեան ձայնը, արդարութեան սպասող մարդկութեան ձայնը:
Հ.- Վերջապէս, ի՞նչ խօսք ունիս Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիա յաճախող աշակերտութեան եւ վարչական կազմին:
Մ. Կ.- Նախ` յարատեւ աշխատանք: Նոյնիսկ հանճարը առանց աշխատանքի արդիւնք չի տար եւ ոչինչ կրնայ ըսել: Իրաւ արուեստը յանկարծաբանութիւն չէ: Այսօր արուեստը թեւակոխած է զանազան մտածելադաշտեր: Ասիկա տեղի ունեցած է հանգրուանային ձեւով, եղափոխութեամբ, կամ նորին ծնունդը սկսած է միայն, երբ հինը հասած է իր կատարելութեան եւ թերեւս ալ յղփացած է: Նորը միշտ ալ հինին շարունակութիւնն է, տարբեր խօսելաձեւով եւ տարբեր ձայնով: Գագաթը կարելի է նուաճել, երբ ստորոտէն կը սկսիս մագլցիլ: Այլապէս, երբ յանկարծ բարձրութեան մը վրայ կը գտնուիս առանց հիմքի` վայրէջքի համազօր վիճակ է: Ճիշդ պիտի ըլլար մեկնիլ մեր հարուստ մշակոյթէն եւ պեղել զայն: Ունինք մեր ինքնատիպ մշակոյթը, որուն շարունակութիւնը նոր արտայայտչականութեամբ կրնայ կրկնապատկել հայ արուեստագէտին ուժականութիւնը: Երբ գործի կը վերածուի ինքնեկ եւ ամբողջական զգացումը, այն ժամանակ արուեստը կը սկսի թրթռալ: Ներքին ձայնը միշտ ամէնէն զօրեղ ձայնն է, պէտք է հմտանալ` հարազատօրէն արտայայտելու համար զայն: Լճացումը ամէնէն մեծ վտանգն է: Հետեւաբար ներքին ձայնը միաձուլելով համամարդկային ձայնին` երգել դարու երգը, նորը, որուն յարմար մթնոլորտը անհրաժեշտութիւն է, իսկ եթէ չկայ, պէտք է ստեղծել զայն:
ՀԱՄԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆ
Թռչնոց Բոյնի թանգարանի մուտքին շարուած մանուկներու արձանիկները իրենց առջեւ զետեղուած պնակներով՝ մուրացկաններու խումբի մը պատկերը ներկայացնող, բարոյապէս մերժելի, հայու արժանապատուութիւնը վարկաբեկող պատմականօրէն սխալ, անընդունելի եւ անհանդուրժելի տեսարան մը կը ներկայացնէ: Բացման հանդիսութեան ընթացքին բոլոր ծանօթներուս եւ նմանապէս շուրջս գտնուողներուն տեսակէտը նոյնն էր: Հայութեան հասցէին կատարուած այս անվայել երեւոյթը պէտք է սրբագրուի:
Թռչնոց Բոյնի թանգարանի մուտքին շարուած մանուկներու արձանիկները իրենց առջեւ զետեղուած պնակներով՝ մուրացկաններու խումբի մը պատկերը ներկայացնող, բարոյապէս մերժելի, հայու արժանապատուութիւնը վարկաբեկող պատմականօրէն սխալ, անընդունելի եւ անհանդուրժելի տեսարան մը կը ներկայացնէ: Բացման հանդիսութեան ընթացքին բոլոր ծանօթներուս եւ նմանապէս շուրջս գտնուողներուն տեսակէտը նոյնն էր:
Հայութեան հասցէին եւ մանաւանդ որբերուն հասցէին, նոյնինքն բարերարին հօրը, իմ աներհօրս եւ բոլորին հանդէպ կատարուած այս անվայել երեւոյթը պէտք է սրբագրուի: