Շաբաթ, 22 նոյեմբեր 2025-ը այսուհետեւ իր յատուկ տեղը պիտի ունենայ ՀՄԸՄ-ի տօնացոյցին մէջ` իբրեւ եւրոպական ցամաքամասի ՀՄԸՄ-ական մեծագոյն կեդրոնի բացման փառաշուք հանդիսութեան թուական:
Այդ օր սերունդներու եւ տասնամեակներու երազ մը իրականացաւ ՀՄԸՄ-«Ֆրանս»-ի Իսի լէ Մուլինոյի մարզաշակութային կեդրոնին բացումով: Կեդրոն մը, որուն հողաշերտին ապահովման եւ կառուցման աշխատանքները երկարեցան աւելի քան վեց տարուան վրայ, ՀՄԸՄ-«Ֆրանս»-ի եւ Իսի լէ Մուլինոյի քաղաքապետութեան նախնական համաձայնութենէն` 17 ապրիլ 2019-էն մինչեւ պաշտօնական համաձայնութիւն` 21 սեպտեմբեր 2019 եւ շինարարական աշխատանքներու մեկնարկէն` ապրիլ 2022-էն մինչեւ պաշտօնական բացում` 22 նոյեմբեր 2025:
Կեդրոնը կը գտնուի Փարիզի անմիջական արուարձան Իսի լէ Մուլինոյի հայաշատ շրջանին մէջ (Ռապըլէ փողոց, թիւ 6) եւ կը տարածուի 3000 քառ. մեթր տարածութեան վրայ:
Նկարներու Ցուցահանդէսը
Մարզահամալիրին պաշտօնական բացումը կանխեց ՀՄԸՄ-«Ֆրանս»-ի պատմութեան նուիրուած նկարներու ցուցահանդէսը, որ տեղի ունեցաւ համալիրին դէպի մարզադաշտ առաջնորդող նախասրահին մէջ` ներկայութեամբ բացման հանդիսութեան պաշտօնական հիւրերու եւ շուրջ 800 ազգայիններու:
Պաշտօնական հիւրերու շարքին էին` Ֆրանսայի հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիներու առաջնորդները, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեանն ու Կեդրոնական վարչութեան գրեթէ լրիւ կազմը, որ նոյն օրերուն Փարիզի մէջ կը գումարէր իր լիագումար նիստերը, Իսի լէ Մուլինոյի փոխքաղաքապետ Արթիւր Խանճեանը, Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին ներկայացնող իր զաւակը` Հուսամ Հարիրի, Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահներ Մուրատ Փափազեանն ու Արա Թորանեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեանը, ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, Համազգայինի եւ ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄ-«Ֆրանս»-ի եւ «Իմաստուններու խորհուրդ»-ի անդամներ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, ազգային բարերար տէր եւ տիկ. Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեաններ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ Անդրանիկ Պահարեան, ՀՄԸՄ-ի զանազան շրջաններէն (Հայաստան, Լիբանան, Լոնտոն, Ալմելօ, Սոտերթելիա, Վիեննա, Միւնիխ, Մարսէյ, Նիս, Վալանս) ժամանած ներկայացուցիչներ, ֆրանսահայ ազգային, եկեղեցական, կրթական մարմիններու ներկայացուցիչներ, յատուկ հիւրեր, հայ թէ օտար լրագրողներ, բարեկամներ, բարերարներ եւ մեծ թիւով ծնողներ:
Յետմիջօրէի ժամը 4:45-ին պաշտօնական բացումը կատարեցին` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեանը, փոխքաղաքապետ Արթիւր Խանճեանը, Հուսամ Հարիրին եւ «Իմաստուններու խորհուրդ»-ի անդամներ Հրաչ Սիսեռեանն ու Լեւոն Պաղտասարեանը, որոնք հատեցին կարմիր ժապաւէնը եւ բուռն ծափողջոյններով ներկաները առաջնորդեցին մարզադաշտ, ուր ընթացք առաւ օրուան հանդիսութիւնը:
Հանդիսութիւնը
Բացման հանդիսութիւնը բաղկացաւ երեք մասէ` տողանցք, խօսքեր եւ գեղարուեստական բաժին:
Սկիզբը մեկուսի շրջանի խմբապետ Կասիա Վէքիլեանի առաջնորդութեամբ տողանցեցին մասնաճիւղին սկաուտական շարքերը` երէցներ, արի-արենուշներ, գայլիկ-արծուիկներ եւ նորակազմ մոկլի վոհմակի անդամներ: Անոնք հետեւեցան դրօշակակիրներու խումբին եւ տպաւորիչ կերպով դաշտին շրջանը կատարելով` գրաւեցին իրենց համար ճշդուած տեղերը:
Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները կատարեց սոփրանօ Լուսինէ Լեւոնի, իսկ ՀՄԸՄ-ի «Յառա՛ջ, նահատակ» քայլերգը երգեցին ՀՄԸՄ-«Ֆրանս»-ի սկաուտներն ու ներկայ հոծ բազմութիւնը:
Օրուան հանդիսավարութիւնը հայերէնով եւ ֆրանսերէնով կատարեցին Նժդեհ Մկրտիչեան եւ Դանիա Պապանազարեան:
Ապա տան կարգի օրհնութեան աղօթքը կատարեց Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Խաչատրեան` ընկերակցութեամբ Իսի լէ Մուլինոյի Աւետիս Ա. քհնյ. Պալըգեանի եւ Արֆորվիլի Տիրայր քհնյ. Գըլըճեանի:
Առաջին խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ, ՀՄԸՄ-«Ֆրանս»-ի նախկին ատենապետ, «Իմաստուններու խորհուրդ»-ի անդամ եւ մարզահամալիրի ծրագիրին ռահվիրայ` Հրաչ Սիսեռեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մեծ ու փոքր նուիրատուներուն, ինչպէս նաեւ` Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ Իսի լէ Մուլինոյի քաղաքապետութեան: Ողջունեց` անվերապահ աջակցութիւնը «հայերու իսկական բարեկամ» քաղաքապետ Անտրէ Սանթինիին, փոխքաղաքապետ Արթիւր Խանճեանին եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, որոնք զօրավիգ կանգնեցան այս հսկայական ծրագիրին: Հ. Սիսեռեան նաեւ նշեց. «Շնորհակալ եմ անոնց, որոնք մեզ կը յուսալքէին այս ճամբուն վրայ եւ կը կարծէին, թէ պիտի ընկրկինք: Ընդհակառակն, անոնք տասնապատկեցին մեր կամքն ու համոզումները` հասնելու համար հո՛ն, ուր հասանք այսօր»: Ան խօսքը եզրափակեց` հաստատելով, որ կեդրոնը բաց է բոլոր հայերուն առջեւ, առանց խտրութեան:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Հուսամ Հարիրի` Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի զաւակը, որ շեշտեց եղբայրական եւ անխզելի կապերը Հարիրի ընտանիքին եւ հայութեան ու յատկապէս ՀՄԸՄ-ին միջեւ: Ան ոգեկոչեց յիշատակը իր մեծ հօր` ողբացեալ Ռաֆիք Հարիրիի եւ յանձնառութիւնը իր հօր` Սաատ Հարիրիի, որոնք սկիզբէն հաւատացին այս ծրագիրին:
Փոխքաղաքապետ Արթիւր Խանճեան խօսք առաւ յանուն քաղաքապետ Անտրէ Սանթինիի, որ առողջական պատճառներով չէր կարողացած ներկայ գտնուիլ: Ան յիշեցուց, որ Սանթինի եղած է այս երազին իրականացման գլխաւոր հիմնասիւնը, ծրագիր մը, որ եզակի է Եւրոպայի մէջ: Խանճեան եզրակացուց. «Արմատ նետելու դժուարութիւնը անցեալին կը պատկանի. այսուհետեւ 3000 քառ. մեթր տարածութեամբ այս կեդրոնը հայ աշխարհի սրբավայր մըն է»:
Հուսկ, եզրափակիչ խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան: «Այս կեդրոնը պիտի պատրաստէ ապագայի հայ մարդը: Յանձնեցէ՛ք ձեր զաւակները այս հաստատութեան` ՀՄԸՄ-ին, եթէ կ՛ուզէք, որ անոնք լաւ հայեր դառնան», յայտարարեց ան` ամբողջական յաջողութիւն մաղթելով այս ծրագիրին, որ պիտի հանդիսանայ համախմբման խթան:
Գեղարուեստական Յայտագիրը
Խօսքերու աւարտին գործադրուեցաւ 40 վայրկեաննոց գեղարուեստական յայտագիր մը` երգերով, պարերով, կենդանի պատկերով եւ տեսանիւթի օգտագործումով: Յայտագիրը ներկայացուց, Հայոց ցեղասպանութիւնը, հայ ժողովուրդի յարութիւնը, ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութիւնը եւ ՀՄԸՄ-«Ֆրանս»-ի 48 տարիներու պատմութիւնը` շատ գեղեցիկ համադրումով եւ գեղարուեստական բարձր վայելքով:
Ֆրանսահայ արուեստագէտ, ՀՄԸՄ-ական Եսայի Ալթունեանի մտայղացումով եւ պատրաստութեամբ յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին` Ալթունեանը, Իսի լէ Մուլինոյի «Արարատ» ժողովրդային պարախումբը (գեղարուեստական ղեկավարներ` Քաթարինա եւ Արամ Արզումանեաններ), երգչուհի Էրմոնիա եւ ՀՄԸՄ-«Ֆրանս»-ի սկաուտներ:
Սենեակներու Բացումը
Նոյն օրը նորակառոյց համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը եօթը սենեակներու, որոնք կրեցին անունները միութենական երախտաշատ դէմքերու եւ ՀՄԸՄ-ականներու ծնողներու: Այսպէս, յատուկ ցուցանակներ պատուեցին յիշատակը` Սուրէն Մուրատեանի (ՀՄԸՄ-«Ֆրանս»-ի հիմնադիր), Կապի Փոստուի (ՀՄԸՄ-«Ֆրանս»ի առաջին վարչութեան ատենապետ), Գառնիկ Մկրտիչեանի (Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ), Միհրան Շիմշիրեանի (Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ), Գեղամ եւ Ալիս Սիսեռեաններու, Յակոբ եւ Անահիտ Պաղտասարեաններու եւ Կարօ Վէքիլեանի: Սենեակներու բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան` Գառնիկ Մկրտիչեանի զաւակը` Նժդեհ Մկրտիչեան (Երեւանէն), Միհրան Շիմշիրեանի դուստրը` Հուրի Շիմշիրեան (Պէյրութէն), Սուրէն Մուրատեանի զաւակը` Տիգրան Մուրատեան, Կապի Փոստուի կինն ու աղջիկը` Սեդա, եւ Լենա Փոստու, ինչպէս նաեւ` Սիսեռեան, Պաղտասարեան եւ Վէքիլեան ընտանիքներու հարազատները:
Ընթրիքը Եւ Շնորհաւորական Յուշանուէրներու Փոխանակումը
Բացման փառաշուք հանդիսութենէն եւ անոր յաջորդած հիւրասիրութենէն ետք, ներկայ ՀՄԸՄ-ական պատասխանատուները եւ հիւրերը ընթրիքի հիւրը եղան ՀՄԸՄ-«Ֆրանս»-ի «Իմաստուններու խորհուրդ»-ին:
Ընթրիքի ընթացքին ՀՄԸՄ-«Ֆրանս» յատուկ յուշանուէրներով գնահատեց` քաղաքապետ Անտրէ Սանթինին (ի բացակայութեան), փոխքաղաքապետ Արթիւր Խանճեանը, գեղարուեստական յայտագիրի հեղինակ Եսայի Ալթունեանը եւ բոլոր անոնք, որոնք նպաստեցին կեդրոնի իրականացման աշխատանքներուն: Յուշանուէր մըն ալ յանձնուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան:
Իր կարգին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը յուշանուէր մը յանձնեց քաղաքապետ Անտրէ Սանթինիի (ներկայացուցիչ` Արթիւր Խանճեան), երկրորդ մը` Խանճեանին եւ իր ատենապետին բերնով յայտարարեց, որ Կեդրոնական վարչութիւնը ՀՄԸՄ-«Ֆրանս»-ի նորակառոյց համալիրին կը նուիրէ Պէյրութի մէջ յատկապէս պատրաստուած եւ Փարիզ բերուած միութեան պրոնզէ մեծ նշանակը` վահանը, մարզադաշտին պատերէն մէկուն վրայ ամրացնելու համար զայն:
Այս առիթով արտասանուեցան սրտի խօսքեր: Կարդացուեցաւ նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետին ֆրանսերէն խօսքը: Ընթրիքին ներկայ ՀՄԸՄ-ի շրջաններու ներկայացուցիչները, իրենց կարգին, փոխանցեցին յուշանուէրներ: Մթնոլորտէն խանդավառուած` կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:






