Քանատա կատարած հովուապետական այցելութենէն ետք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս 22 հոկտեմբերին հասաւ Լոս Անճելըս:
– Հինգշաբթի, 23 հոկտեմբերին Արամ Ա. Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ Արեւմտեան հայոց թեմի հոգեւորականաց դասուն հետ: Կաթողիկոսը շեշտեց միաբանական կեանքին մէջ եղբայրասիրութեան, համագործակցութեան եւ Աստուծոյ, Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ուղղուած ծառայութեան առաւել ծաւալման ու ամրապնդման կարեւորութիւնը: Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան խօսք առնելով` ընդգծեց վեհափառին ներկայութեան կարեւորութիւնը ժողովուրդին եւ հոգեւորականներուն կեանքին մէջ:
Վեհափառը իր խօսքին մէջ յիշեցուց, որ Եկեղեցին սոսկ կառոյց ու ծէս չէ եւ Եկեղեցւոյ ինքնաարտայայտութիւնը պէտք չէ շփոթել անոր էութեան հետ, աւելցնելով, որ Եկեղեցին ծառայական առաքելութիւն է` ուղղուած ժողովուրդին: Ան ըսաւ, որ Եկեղեցին նաեւ վարչական պարտաւորութիւններ ունի, սակայն հոգեւորականին ծառայութիւնը պէտք չէ մնայ վարչական ու գրասենեկային աշխատանքներու ծիրին մէջ, այլ նաեւ հարկ է մշակել այնպիսի ծրագիրներ, որոնք ժողովուրդին կեանքը կը կենսագործեն հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով եւ աստուածաշնչական սկզբունքներով: Հայրապետը ընդգծեց, որ հոգեւորականը սոսկ ծիսակատար պէտք չէ դառնայ, այլ` հոգեւոր հովիւ ու ծառայական ներկայութիւն ժողովուրդի կեանքին մէջ:
Նոյն օրը Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Հոլիվուտի Սուրբ Կարապետ մայր եկեղեցի, ուր տուած իր պատգամին մէջ ըսաւ, որ իր պատգամին եւ հովուապետական այցելութեան որպէս բնաբան եւ ժողովուրդին կեանքին ու գործին որպէս ուղեցոյց` ընտրած է երեք բառեր` հաւատք, հաւատարմութիւն, համախմբում, աւելցնելով, որ այդ բառերը մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքի ամէնէն էական տարածքները կ՛արտայայտեն: Վեհափառը պարզաբանեց նշեալ իւրաքանչիւր բառին իմաստը եւ կոչ ուղղեց` ամուր պահելու մեր էութեան ու գոյութեան եւ մեր ինքնաճանաչման անբաժանելիօրէն մաս կազմող միութիւնը, ամբողջականութեան գիտակցութիւնը` համախմբուելով մեր կառոյցներուն շուրջ, մեր Եկեղեցւոյ, հայրենիքին, դպրոցին եւ կազմակերպութիւններուն ու միութիւններուն շուրջ, որոնք աղբիւրն են ու պահապան, մեր արժէքներուն, աւանդութիւններուն ու իտէալներուն, մեր հայօրէն գոյութեան:
Նոյն օրը երեկոյեան Արամ Ա. վեհափառին ձեռամբ բացումը կատարուեցաւ եկեղեցւոյ կից գտնուող «Մհեր եւ Սադիկ Տէր Օհաննէսեան» կրթական համալիրին: Այս առիթով հայրապետը ըսաւ, թէ ինչպէս Եկեղեցին նոյնպէս դպրոցը սրբավայր է մեզի համար, աւելցնելով, որ հայ դպրոցին ճամբով մեր զաւակները սոսկ գիտութիւն չեն ստանար, այլեւ կը թրծուին մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով: Այլ խօսքով, հայ դպրոցը հայուն մէջ հա՛յը կ՛ամրացնէ, հայու ինքնութիւնը կը բիւրեղացնէ, նոյն ազգին մեր պատկանելիութիւնը կ՛ամրապնդէ: Կաթողիկոսը ողջունեց յատկապէս Քալիֆորնիոյ մէջ հայ դպրոցին նկատմամբ մեր ժողովուրդին աճող սէրը, սպասումն ու կապուածութիւնը եւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ազգային բարերար Մհեր Տէր Օհաննէսեանին ու անոր զաւակներուն:
– Ուրբաթ, 24 հոկտեմբերին Մոնթեպելլոյի Սուրբ Խաչ մայր եկեղեցւոյ «Պաղրամեան» սրահին մէջ Արամ Ա. վեհափառը, իր շքախումբին ընկերակցութեամբ, ներկայ գտնուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան կազմակերպած «ՀՄԸՄ-ի օր»-ուան 10-րդ տարեկան տօնակատարութեան:
ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Փիեր Մանուկեան ըսաւ, որ վեհափառին օրհնաբեր ներկայութիւնը իրենց համար մխիթարութիւն ու ներշնչում է, եւ անոր վաստակը իրենց ներշնչանքն է, յատկապէս երիտասարդներուն, որոնք կը սորվին կաթողիկոսէն` նայիլ ապագային հաւատքով եւ ծառայել առանց վարանելու:
Վեհափառը իր օրհնութեան խօսքին մէջ հաստատեց, որ ՀՄԸՄ-ը էապէս դպրոց է եւ ո՛չ թէ սոսկ մարմնակրթական միութիւն, որովհետեւ ան յատուկ կարեւորութիւն կու տայ կրօնական ու հայեցի դաստիարակութեան` մեր պատանիները թրծելով հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով: Ան թելադրեց, որ մարզական աշխատանքներէն անդին ՀՄԸՄ-ը յատուկ կարեւորութիւն ընծայէ հայեցի դաստիարակութեան` հայուն մէջ հա՛յը կրթելով եւ հայուն ինքնութիւնը բիւրեղացնելով:
Նոյն օրը վեհափառը ներկայ գտնուեցաւ ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինին կազմակերպած վերապատրաստման մասնագիտական սեմինարին, որ տեղի ունեցաւ Ֆերահեան վարժարանին մէջ` մասնակցութեամբ Քալիֆորնիոյ հայ վարժարաններուն մէջ գործող աւելի քան 500 ուսուցիչներու: Վեհափառը շեշտեց, որ ուսուցչութիւնը առաքելութիւն է, հայ դպրոցը ընտանիք, եկեղեցի եւ հայրենիք, իսկ ուսումը միտք կը թրծէ ու կը լուսաւորէ, նաեւ նկարագիր կը կերտէ ու ինքնութիւն կը կազմաւորէ:
– Շաբաթ, 25 հոկտեմբերին Արամ Ա. իր իջեւանած պանդոկին մէջ ընդունեց Քրիստոնէական զօրակցութեան միջազգային (Christian Solidarity International – CSI) կազմակերպութեան նախագահ դոկտ. Ճոն Այպնըրը, որ հայրապետին պարզեց կազմակերպութեան աշխատանքները` Հայաստանի ու Արցախի վերաբերեալ եւ յատկապէս Պաքուի մէջ ապօրէն կերպով հայ բանտարկեալներուն գծով, ինչպէս նաեւ` Միջին Արեւելքի մէջ Սուրիոյ ու Իրաքի քրիստոնեայ համայնքերուն կատարուած օժանդակութեանց մասին:
Իր կարգին կաթողիկոսը իր տեսակէտները պարզեց յիշեալ հարցերուն առնչութեամբ, միաժամանակ իր գնահատանքը յայտնեց կազմակերպութեան գործունէութեան` շեշտելով Պաքուի մէջ հայ բանտարկեալներու ազատ արձակման անյետաձգելի հրամայականը:
Դոկտ. Ճոն յայտնեց, որ յառաջիկայ շրջանին պիտի այցելէ Անթիլիաս, որպէսզի վերոյիշեալ հարցերուն շուրջ լայնօրէն խորհրդակցի վեհափառ հայրապետին հետ:
Նոյն օրը Էնսինոյի մէջ, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանին, տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներու հովիւներու եւ հոգաբարձուներու, ինչպէս նաեւ ծխային յարակից մարմիններու հաւաք-ճաշկերոյթը:
Վեհափառ հայրապետը շեշտեց ծուխերուն ներկայացուցած կարեւորութիւնը Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ` անդրադառնալով Եկեղեցին ժողովուրդին տանելու եւ անոր կեանքին մէջ առանցքային ներկայութիւն դարձնելու անհրաժեշտութեան, նաեւ ծուխ-առաջնորդարան յարաբերութեան, բացատրելով, որ թեմը ծուխերու ամբողջութիւնն է, իսկ առաջնորդարանը թեմին վարչական կեդրոնն է, եւ շեշտեց, որ առաջնորդարան-ծուխ յարաբերութիւնը պէտք է ըլլայ սերտ ու թափանցիկ:
– Կիրակի, 26 հոկտեմբերին Արամ Ա. կաթողիկոս Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց սուրբ պատարագին եւ յղեց իր պատգամը: Ան ըսաւ, որ մեր Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ ամէնէն խորհրդաւոր ու իմաստալից խորհուրդներէն մէկը երեխային մկրտութիւնն է, ուր կնքահօր միջոցով երեխան կը խնդրէ հաւատք, յոյս, սէր եւ մկրտութիւն: Հայրապետը նշեց, որ մկրտութիւնը խորունկ իմաստ ունի քրիստոնէական կեանքին մէջ, որովհետեւ մկրտութեամբ երեխան մաս կը կազմէ մեր ազգին եւ ընտանիքին: Ան ամփոփ կէտերու մէջ անդրադարձաւ յիշեալ երեք բառերու իմաստին ու կարեւորութեան` մեր քրիստոնէական կեանքին մէջ, շեշտելով, որ կարելի չէ երեւակայել քրիստոնէական կեանք, մտածողութիւն կամ գործունէութիւն, ուր բացակայ են այս երեք արժէքները:
– ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն շաբաթ, 26 հոկտեմբերին հանդիպում մը ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Տարօն Տէր Խաչատուրեան:
Շրջանի հայութեան վերաբերող հարցերուն նուիրուած քննարկումներուն ընթացքին շեշտուեցաւ շրջանի կենսական դերակատարութեան կարեւորութիւնը սփիւռքի հայութեան կեանքին մէջ: Խորհրդակցութիւններու առանցքը հանդիսացաւ սփիւռքի եւ յատկապէս Արեւմտեան Ամերիկայի հայութեան դերակատարութիւնը` ազգային ինքնութեան պահպանման, համայնքներու կազմակերպման եւ համահայկական նպատակներու իրականացման ջանքերուն մէջ:
Քննարկուեցան նաեւ ազգային վարժարանները ընդարձակելու աշխատանքները եւ շեշտուեցաւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ կարեւոր դերակատարութիւնը` Արեւմտեան Ամերիկայի հայութեան կեանքը առաջնորդելու եւ համայնքը հզօրացնելու գործին մէջ: Յոյժ կարեւոր նկատուեցաւ ՀՅԴ-ի եւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ միջեւ գործակցութեան սերտացումը, նաեւ շեշտուեցաւ հայկական այլ կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու կարեւորութիւնը:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Մատէնլեան յայտնեց, որ քննարկումը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, թէ մեր զօրութիւնը մեր միասնականութեան մէջ է, յատկապէս` համահայկական կարեւորութիւն ներկայացնող հարցերու եւ Հայ Դատը յառաջ մղելու աշխատանքներու պարագային:
– Վեհափառը նաեւ այցելեց շինութեան ընթացքի մէջ գտնուող Հայկական-ամերիկեան թանգարան: Գնահատելով թանգարանի կառուցման նախաձեռնութիւնը` Արամ Ա. շեշտեց թանգարանին ճամբով հայ արժէքներն ու աւանդութիւնները ամերիկեան ընկերութեան ներկայացնելու կարեւորութիւնը:
– Ընդառաջելով արեւմտեան Ամերիկայի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան հրաւէրին, Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Համազգայինի նոր կեդրոնատեղին եւ ներկաներուն իր օրհնութեան խօսքը ուղղելով` ըսաւ, թէ մեր մշակութային արժէքներու պահպանումն ու տարածումը հրամայական առաքելութիւն մըն է, որուն լծուած է Համազգայինը:
– Կաթողիկոսը նախագահեց Մայք Սարեանի գնած հիւանդանոցի բացման հանդիսութեան, ուր իր խօսքը ուղղելով` գնահատեց յիշեալ նախաձեռնութիւնը եւ կոչ ուղղեց գործակցելու ազգային առաջնորդարանին հետ:
Նոյն օրը Կլէնտէյլի «Ալեքս» թատերասրահին մէջ նշուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան ու օծման 30- ամեակը:
Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Զարեհ ծ. վրդ. Սարգիսեան իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ, որ երեսուն տարիներու ընթացքին վեհափառը եղած է հովիւ, ուսուցիչ, ղեկավար եւ մարգարէական ձայն` մեր ժամանակակից աշխարհին մէջ, առաջնորդ մը, որուն սիրտը կը բաբախէ իր ժողովուրդի հաւատքով, ցաւերով եւ յոյսերով:
Օրուան առաջին բանախօս Սուրէն սրկ. Հազարեան անդրադարձաւ վեհափառին արժանիքներուն: Օրուան երկրորդ բանախօս Թորգոմ արք. Տօնոյեան հաստատեց, որ երեք տասնամեակներու ծառայութեամբ հզօրացած կաթողիկոսը հայ ազգի ճգնաժամային եւ անդոհալից պահերուն իր հզօր հեղինակութեամբ կը մնայ փնտռուած ներկայութիւն` իբրեւ խորարմատ հաւատք, մտքի շտեմարան, խոհուն մտաւորական, աներկիւղ պատգամաբեր, կեցութեան հսկիչ, հաշտարար հայր, կենսաբեր քարոզիչ, հայրենիքի ու սփիւռքի միաբանութեան ջատագով, ու մանաւանդ համայն հայութեան լինելութեան արթուն պահակ` օժտուած երկնային զօրութեամբ:
Գեղամ արք. Խաչերեան իր ուրախութիւնը յայտնեց վեհափառին գահակալութեան 30-ամեակի նշման առիթով` մաղթելով անոր արեւշատ երկար օրեր ու լուսաշող բազում տարիներ:
Արամ Ա. կաթողիկոս իր հայրական խօսքով շեշտեց Եկեղեցւոյ ու եկեղեցականի առաքելութեան էութիւնը կազմող ծառայութիւնը: Ան ըսաւ, որ վեհափառին 30-ամեակը նշել` կը նշանակէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան 30 տարիներու կեանքն ու գործունէութիւնը, նաեւ ծառայական առաքելութիւնը արժեւորել: Ծառայական առաքելութիւն մը, որ նոյնիսկ ներառեց միջազգայինը, յատկապէս` միջեկեղեցական ու միջկրօնական եւ նոյնիսկ պետական ու քաղաքական սահմանները:
Իր խօսքի աւարտին վեհափառը յատուկ կերպով անդրադարձաւ Արեւմտեան թեմի եւ Սուրբ Աթոռի բարերարներէն Մհեր Տէր Օհաննէսեանին կատարած ազգանուէր եւ օրինակելի ծառայութիւններուն ու կատարած բարերարութիւններուն եւ անոր շնորհեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան իշխան» շքանշանը:
Նոյն օրը երեկոյեան տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած տարեկան ճաշկերոյթը:
Այս առիթով Արամ Ա. կաթողիկոս անգլերէն լեզուով իր ուղղած պատգամին մէջ ողջունեց ներկաները` արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու բարւոքման համար պայքարողները եւ շեշտեց, որ արդարութիւնը Աստուծոյ կողմէ պարգեւ է, որպէսզի կառավարէ մարդուն կեանքը եւ ապահովէ` հաւասարութիւն, խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ յառաջընթաց, հետեւաբար անոր խախտումը Աստուծոյ դէմ գործուած մեղք է եւ մարդկութեան հանդէպ` ոճիր:
Արամ Ա. անդրադարձաւ Ամերիկային Միացեալ Նահանգներուն, որ հայ ժողովուրդի կողքին եղած է արդարութեան պահանջատիրութեան մէջ, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողքին` վերակառուցման ջանքերուն մէջ աւելցնելով, որ տնտեսական հնարաւորութիւններու կողքին, Միացեալ Նահանգներ նաեւ արժէքներու երկիր է եւ ազատութիւնը, արդարութիւնը, մարդու իրաւունքները ամերիկացիին հիմքը կը կազմեն:
Երկուշաբթի, 27 հոկտեմբերին Լոս Անճելըսի Ազգային առաջնորդարանին մէջ Արամ Ա. վեհափառին այցելեց ՍԴՀԿ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ ատենապետ տոքթ. Համբիկ Սարաֆեանի:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր կերպով անդրադարձ կատարելու Հայաստանը յուզող հարցերուն, ինչպէս նաեւ սփիւռք-Հայաստան յարաբերութեանց: Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ նաեւ սփիւռքի գաղութներուն վերակազմակերպման ու վերակենսաւորման կարեւորութիւնը եւ այս ծիրէն ներս միջկուսակցական գործակցութեան հրամայականը: Վեհափառը կարեւորութեամբ ընդգծեց ներկայ տագնապներուն դիմաց ազգային միասնականութիւնը ամուր պահելու առաջնահերթութիւնը եւ այս ուղղութեամբ միջհամայնքային ու միջկուսակցական գործակցութիւնը, յատկապէս` սփիւռքի մէջ:
Նոյն օրը երեկոյեան Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիպում-զրոյց ունեցաւ Քալիֆորնիոյ մէջ գործող քոյր կազմակերպութիւններուն հետ, Ազգային առաջնորդարանի սրահին մէջ:
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ սրբազան հայրը ներկայացուց Քալիֆորնիոյ մէջ գործող քոյր կազմակերպութիւններուն գործունէութիւնը` հակիրճ ու համապարփակ տեղեկութիւններ պարզելով իւրաքանչիւրին մասին:
Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց, թէ բոլոր կազմակերպութիւնները մաս կը կազմեն գաղութի կեանքին, թէեւ անոնք առանձին կանոնագրութիւններ ու առաջնահերթութիւններ ունին, սակայն համադրուած ու ներդաշնակ գործակցութիւնը հրամայական է:
Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց հետեւեալ կէտերը` ճշդել առաջնահերթութիւնները, խուսափիլ կրկնութիւններէ ու ընդհանրացումներէ, կառոյցներու գործունէութիւնը համապատասխանեցնել շրջանի համայնքի կարիքներուն ու սպասումներուն, խաչաձեւումներէ խուսափելու համար ներդաշնակ գործակցութիւն մը տանիլ քոյր կազմակերպութիւններու միջեւ, զօրակցիլ ազգային առաջնորդարանին:
– Երեքշաբթի, 28 հոկտեմբերին Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Լոս Անճելըսի քաղաքապետարան: Խօսք առին Քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Մարքիս Հերիս Տասըն եւ խորհուրդի հայազգի անդամ Ատրին Նազարեան:
Արամ Ա. կաթողիկոս յիշեցուց, որ հայ համայնքը կարեւոր դեր ունի քաղաքին մէջ, յատկապէս` տնտեսական մարզին մէջ, շեշտելով, որ քաղաքապետութեան հիմնական նպատակը պէտք է ըլլայ ծառայել ժողովուրդին եւ հսկել անոր ապահովութեան ու բարեկեցութեան:
– Երեքշաբթի, 28 հոկտեմբերին Արամ Ա. վեհափառը դասախօսութիւն մը տուաւ Քալիֆորնիոյ Լոս Անճելըս համալսարանի (UCLA) մէջ «Մեր ապրած երկիր մոլորակին փրկութիւնը անյետաձգելի հրամայական է» նիւթին շուրջ:
Համալսարանի «Խոստում» հայկական հիմնարկի հիմնադիր տնօրէն դոկտ. Աննա Գարակէօզեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ վեհափառ հայրապետին միջազգային այլազան ամպիոններէն կատարած կենսոլորտի պահպանման կոչերուն եւ այս ուղղութեամբ անոր կատարած աշխատանքներուն:
Գեղամ արք. Խաչերեան լուսարձակի տակ առաւ վեհափառին երեք տասնամեակներու վրայ տարածուած բազմակողմանի ծառայութիւնը, որմէ ետք ներկայացուեցաւ վեհափառին ամփոփ կենսագրութիւնը:
Անգլերէն լեզուով տրուած դասախօսութեան սկիզբը Արամ Ա. յայտնեց, որ Երկիր մոլորակը կ՛ընթանայ դէպի ինքնաքանդում, շեշտելով, որ կենսոլորտային տագնապը, ըստ էութեան, շատ աւելի խոր է ու բազմակողմանի: Հայրապետը ըսաւ, թէ իր մօտեցումը աստուածաբանական-բարոյագիտական է` հիմնուած միաստուածեան երեք կրօններու սկզբունքային մօտեցումներուն վրայ, եւ հարց տուաւ, թէ ի՞նչ կարելի է ընել առաջքը առնելու տագնապի վատթարացման եւ գործնական քայլեր առնելու կարելիութիւններուն մէջ. բացատրեց, որ հարկ է նուազեցնել արտադրողական քանակը` շեշտը դնելով որակին վրայ, նուազեցնել սպառողական կեանքը, հաւասարակշռել բնակչութեան աճը եւ նուազեցնել Երկիր մոլորակին արտադրած ուժանիւթի օգտագործումը:
– Չորեքշաբթի, 29 հոկտեմբերին Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս ազգային վարժարանին մէջ Արամ Ա. հանդիպում ունեցաւ Փիլիպոսի, Ֆերահեանի, Մեսրոպեանի, Շամլեանի եւ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարաններու երիտասարդութեան հետ:
Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի տնօրէն Սիւզի Օհանեան, իսկ Գեղամ արք. Խաչերեան ընդգծեց, որ վեհափառին ներկայութիւնը պատմական ու եզակի առիթ մըն է:
Վեհափառը իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ երիտասարդութիւնը մեր հաւաքական կեանքին մաս կը կազմէ: Անդրադառնալով այժմէական հարցերու` ան ըսաւ, որ կը դիմագրաւենք դժուարութիւններ` Հայաստան, Արցախ, սփիւռք, արհեստագիտութիւն, սփիւռքի մէջ հայ ըլլալու տագնապ, եւ այս բոլորին մասին մեր երիտասարդները պէտք է գիտնան եւ ըսելիք ունենան:
Նոյն օրը վեհափառը այցելեց «Արարատ տուն»: Հոգաբարձութեան ատենապետ Ժոզեֆ Կանիմեան իր ելոյթին մէջ հաստատեց, որ կաթողիկոսին իւրաքանչիւր այցելութիւնը խթան կը հանդիսանայ` վերանորոգ թափով շարունակելու իրենց վստահուած այս քաղցր պարտականութիւնը:
Այնուհետեւ «Արարատ տուն»-ի բնակիչներէն ոմանք ողջոյնի ու բարի գալստեան խօսքեր արտասանեցին վեհափառին:
Ապա կատարուեցաւ տնօրհնէքի արարողութիւն, որմէ ետք, վեհափառը իր օրհնութեան խօսքը ուղղելով ներկաներուն` հաստատեց, որ սոյն վայրը լեցուն է սիրով, խնամքով, հոգածութեամբ ու ծառայութեամբ, եւ քրիստոնէական արժէքները «Արարատ տուն»-ին մէջ միշտ եղած են կենդանի ներկայութիւն:
– Հինգշաբթի, 30 հոկտեմբերին Արամ Ա. օծումը կատարեց Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններու բարերարութեամբ վերանորոգուած Լա Քրեսենթա շրջանի Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ խորանին:
Արամ Ա. իր օրհնութեան խօսքին մէջ ըսաւ, որ եկեղեցի շինել` կը նշանակէ Աստուծոյ տունը շինել, որպէսզի ժողովուրդը կարենայ այս տան մէջ զԱստուած պաշտել ու Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրիլ:
– 31 հոկտեմբեր 2025-ին տեղի ունեցաւ դպրեվանքի աջակցութեան համար Գրիգոր Թօփալեանի կողմէ կազմակերպուած ճաշկերոյթ:
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ դպրեվանքի առաքելութեան. «Անթիլիասական հոգեւորականի կազմաւորման հիմքը դպրեվանքն է: Դպրեվանքը միայն գիտութիւն չի ջամբեր, այլ մարդուն մէջ կը թրծէ մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ծառայելու ոգին ու նուիրումը: Այսօր, որեւէ ժամանակէ աւելի, կարիքը ունինք մարդու` ազգին, հայրենիքին ու եկեղեցւոյ յանձնառու նուիրումով ծառայելու լծուած մարդու»: Ապա իբրեւ գնահատանք երկար տարիներու ծառայութեան, յատկապէս Հայ դատի աշխատանքներու ծիրին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշանով պատուեց Լեւոն Կիրակոսեանը:
– Կիրակի, 2 նոյեմբերին Արամ Ա. կաթողիկոս նախագահեց եւ իր հայրապետական պատգամը ուղղեց Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած ս. պատարագին:
Վեհափառը իր քարոզին մէջ ըսաւ, որ հաշուետուութիւնը ո՛չ միայն քրիստոնէութեան բարոյագիտութեան կարեւոր սկզբունքներէն մէկն է, այլ` մարդկային կեանքի ամէնէն կարեւոր երեւոյթներէն մէկը: Ան բացատրեց, թէ որպէս հայ` մեզմէ պահանջուած է հաշուետուութիւն` Աստուծոյ, Եկեղեցւոյ, ազգին, ընտանիքին եւ մեր անձին նկատմամբ:
Նոյն օրը, ի պատիւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, պաշտօնական ճաշկերոյթ մը կազմակերպուեցաւ Ազգային առաջնորդարանին կողմէ, «Հիլթըն» պանդոկին մէջ:
Արեւմտեան թեմի Ազգային իշխանութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան իր խօսքին մէջ մեծ պատիւ նկատեց հիւրընկալել վեհափառ հայրապետը, որուն այցելութիւնը գաղութին համար խթան պիտի հանդիսանայ առաւել եւս ամրապնդելու մեր ծառայական նուիրումը եւ վերակազմակերպելու մեր համայնքային կեանքը` հզօրացնելով մեր մշակութային, միութենական ու կրթական կեանքի ոլորտները:
Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրէն եւ վեհափառ կաթողիկոսին գահակալութեան 30-ամեակին նուիրուած տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, Գեղամ արք. Խաչերեան ըսաւ, որ նման այցելութիւնը մը լաւագոյնը ընելու կոչ է համայնքին ու շրջանին, որ կաթողիկոսին այցելութեամբ կը կենսաւորուի եւ կ՛ապրի ուժերու գերլարում, ապա կը մղուի նոր թափով հունաւորելու իր ներքին կեանքը:
Ընդառաջելով թեմին փափաքին` վեհափառ հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան իշխան» շքանշանով պատուեց հետեւեալ ազգայինները`
տոքթ. Էրիք Իսրայէլեան, դոկտ. Մայք Սարեան, տէր եւ տիկին Յովսէփ ու Էլիզապէթ Պոյաճեան, դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան եւ Գրիգոր Թոփալեան, որոնք իրենց ազգային ծառայութեամբ եւ նիւթական բարերարութեամբ մեծ ներդրում ունեցած են ընդհանրապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու յատկապէս Արեւմտեան թեմի առաքելութեան մէջ:
Ճաշկերոյթի աւարտին կաթողիկոսը իր խօսքին մէջ կեդրոնացաւ թեմի պարզած դրական իրավիճակին. «Անցնող օրերուն շատ բան տեսայ ու լսեցի եւ մանաւանդ շատ բան զգացի` տեսանելի երեւոյթներէն ու իրողութիւններէն անդին: Կ՛ուզեմ խոր գոհունակութեամբ հաստատել, որ թեմը վերականգնումի դրական ընթացքի մէջ է: Իմ սպասումս է, որ վերականգնումի ընթացքը վերածուի վերազարթօնքի` համախմբուելով մեր համայնքային կառոյցներուն շուրջ: Կ՛ուզեմ վստահեցնել, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ձեզի հետ է, զօրակից ու գործակից` ձեր աշխատանքներուն», ըսաւ ան:
Ապա Արամ Ա. անգլերէն լեզուով շարունակեց իր խօսքը եւ մտածումները ամփոփեց չորս հիմնական կէտերու մէջ. առաջին հերթին դրուատեց բազմազանութիւնը եւ ըսաւ, որ գաղութային հարցերու նկատմամբ մարդիկ կրնան տարբեր տեսակէտներ եւ սկզբունքներ ունենալ, սակայն հարկ է չարտօնել, որ այդ մէկը համայնքը բեւեռացման տանի: Երկրորդ` ան դիտել տուաւ, որ մեր կառոյցները եւ հաստատութիւնները պէտք ունին թարմացման, եւ բացատրեց, որ ինքնաքննութեան մէջ հարկ է ներգրաւել գաղութի բոլոր ազդակները` յստակացնելով մեր առաջնահերթութիւնները եւ նոր ոճ ու միթոտաբանութիւններ, որոնք քայլ կը պահեն ներկայ իրականութեան եւ պահանջներուն հետ: Երրորդ կէտին մէջ հայրապետը նշեց, որ երիտասարդները մարտահրաւէրի դիմաց կը գտնուին, երբ հարցը կը վերաբերի գաղութի տարբեր ոլորտներու մէջ անոնց հիմնական դերակատարութեան ներգրաւման: Անոնք մասնագէտներ են եւ քաջածանօթ են աշխարհին` իր բոլոր բարդութիւններով եւ հնարաւորութիւններով, վերելքներով եւ վայրէջքներով: Երիտասարդութիւնը կ՛ուզէ կարծրատիպերը փոխարինել նոր մտածողութեամբ, ուստի մեզմէ կ՛ակնկալուի քաջալեր հանդիսանալ անոնց` տարածքներ ապահովելով անոնց գործուն մասնակցութեան մեր Եկեղեցւոյ եւ գաղութի կեանքին մէջ: Վերջապէս, ան յայտնեց, որ մեր եկեղեցիները թանգարաններու պէտք չէ վերածել, այլ` աւելիո՛վ դարձնել ժողովուրդով եւ ժողովուրդին համար: Ան իր խօսքը եզրակացուց` ըսելով. «Հաւատք, հաւատարմութիւն և միասնութիւն: Այս պէտք չէ պարզապէս լոզունգ դառնայ, այլ` կեանքի որակ, որ կ՛ուղղէ մեր միտքն ու գործունէութիւնը եւ կը պահպանէ մեր համայնքային կեանքը»:
Արամ Ա. կաթողիկոսը այցելեց Փասատինայի Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան Ազգային մանկամսուր-մանկապարտէզը եւ անոր կից գտնուող նոր կալուածը, որ քանի մը ամիս առաջ գնուած էր` հասնելու համար համայնքին հետզհետէ աճող կրթական կարիքներուն:
Վեհափառը դիմաւորուեցաւ աշակերտներու, դպրոցի անձնակազմին, Ուսումնական մարմինին եւ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ հոգաբարձուներուն, հիմնադիր բարերարներ Վահէ եւ Նորա Թաւլեաններուն եւ համայնքային ղեկավարներու կողմէ:
Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին` մանկապարտէզի վարիչ դոկտ, Կարին Չուքատարեան, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի անդամ Փաթիլ Աբոշեան եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ճան Հայրապետեան: Հայրապետեան այս առիթով նաեւ հռչակագիր մը յանձնեց:
Նոր գնուած կալուածի տարածքին մէջ աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը, որմէ ետք առաջնորդը եւ կաթողիկոսը արտասանեցին իրենց սրտի խօսքերը` շեշտելով կրթութեան եւ յատկապէս հայկական դպրոցներուն դերակատարութեան կարեւորութիւնը հայապահպանման պայքարին մէջ:
Հակառակ այն իրողութեան, որ Փասատինայի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ այցելութիւնը մաս չէր կազմեր վեհափառ հայրապետին խճողուած ժամանակացոյցին, սակայն ընդառաջելով ժողովուրդի փափաքին` Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Սուրբ Սարգիս եկեղեցի, որուն օծումը կատարած էր շուրջ 20 տարի առաջ: Իր խօսքին մէջ վեհափառը կոչ ուղղեց փասատինահայութեան, որ իր գործօն մասնակցութիւնը բերէ Եկեղեցւոյ ու գաղութի կեանքին մէջ:
Եկեղեցական արարողութենէն ետք ի պատիւ կաթողիկոսին ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ուր նաեւ ներկայ էր եկեղեցւոյ բարերար Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեան ամոլը: Ճաշկերոյթի ընթացքին խօսք առաւ ամոլին դուստրը` Վանայ Կիտցինեան: Իր խօսքին մէջ ան յատկապէս անդրադարձաւ վեհափառ հայրապետին միջեկեղեցական գործունէութեան:













