
Իսի Լէ Մուլինոյի փոխքաղաքապետ Յարութ Խանճեան կը կտրեն ժապաւէնը
22 նոյեմբերին Փարիզի հայահոծ արուարձաններէն Իսի Լէ Մուլինոյի մէջ, բացումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄ-Ֆրանսի մշակութային ու մարզական կեդրոնին:
Իսի լէ Մուլինոյի բոլոր կազմակերպութիւններուն հետ կապեր հաստատուած եւ շատ լաւ յարաբերութիւններ ստեղծուած են` եկեղեցի, դպրոց, մշակութային միութիւններ, որպէսզի յաջողի այս ակումբին գործունէութիւնը:
Այս բացառիկ իրադարձութիւնը կը զուգադիպի ՀՄԸՄ-Ֆրանսի վերակազմաւորման յիսնամեակին եւ բոլորովին նոր հորիզոն մը կը բանայ համայնքին, յատկապէս Իսի Լէ Մուլինոյի շրջակայքը հաստատուած հայութեան ու մանաւանդ ապագայ սերունդին առջեւ:
Մշակութային առումով արդէն իսկ սրահ մը պիտի տրամադրուի «Արարատ» պարախումբին: «Համազգային»-ի հետ հայերէնի դասընթացքներու ծրագիր մը գոյութիւն ունի, նաեւ կը մտածուի երեխաներու երգչախումբի մասին: Կեդրոնը ունի նաեւ ճաշարանի բաժին մը:
Նշենք, որ Իսի լէ Մուլինոյի եկեղեցւոյ տուեալներով շրջանին մէջ 15 հազար հայ ընտանիք կ՛ապրի, այսինքն շուրջ 50-60 հազար հոգի: Փարիզի հարաւը եւս հայեր կ՛ապրին, հայկական գաղութ ունեցող շրջան` Ալֆորվիլէն եւս գետնուղիի ուղիղ գիծ պիտի հասնի Իսի լէ Մուլինօ:
Թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպիս. Խաչատրեանի ձեռամբ կատարուած օրհնութեան կարգէն ետք ծայր առաւ հանդիսութիւնը, որուն ներկայ էր հոծ բազմութիւն մը:
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան
Գ. Լիագումարի Նիստերը Փարիզի Մէջ
ՀՄԸՄ-Ֆրանսի մարզահամալիրին բացման առիթով Փարիզ այցելող ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը 18-21 նոյեմբեր 2025-ին գումարեց 2023-2027 քառամեակի իր երրորդ լիագումարին նիստերը:
Քառօրեայ նիստերու ընթացքին, Կեդրոնական վարչութիւնը նախ գնահատումը կատարեց անցնող մէկ տարուան ընթացքին իր ունեցած բեղուն գործունէութեան, որուն գլխաւոր արտայայտութիւնները եղած են` համա-ՀՄԸՄ-ական դիւանական 11-րդ ժողովը, 12-րդ մարզախաղերը, միջցամաքամասային բանակումները (Աւստրալիա եւ ամերիկեան ցամաքամաս, Միջին Արեւելքի երկիրներ), ատենապետներու առցանց եռամսեայ հանդիպումները, սկաուտական «Արարատեան» կարգի կազմակերպումը, սկաուտական գործուղումները, քարոզչական լայնածաւալ աշխատանքները (շրջաններու պատասխանատուներու եւ ցամաքամասային ներկայացուցիչներու առցանց հանդիպումներ, քարոզչական համակարգի ստեղծում, գրասենեակի հաստատում, նոր կայքի պատրաստութիւն, երկլեզու ել-թերթի հրապարակում), «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի տպագիր եւ առցանց հրատարակութիւնները, ՀՄԸՄ-ի «Արցախ հիմադրամ»-ի աշխատանքները, «Ժիրայր Սարգիսեան եկամտաբեր ֆոնտ»-ի ծրագիրները եւ այլն:
Լիագումար նիստերը քննեցին միութեան 41 շրջաններու կազմակերպական իրավիճակը եւ տուին համապատասխան որոշումներ: Առանձին նիստով մը վերամշակուեցաւ միութեան փրոթոքոլային ուղեցոյցը:
Իբրեւ յառաջիկայի աշխատանքներ, ծրագրուեցան 2026-ի համա-ՀՄԸՄ-ական ձեռնարկները` համա-ՀՄԸՄ-ական սկաուտական 13-րդ բանակում, քարոզչական առաջին համագումար, միջդիւանական 12-րդ ժողով, «Արցախ հիմնադրամ»-ի աշխատանքներ, միութեան շահութաբեր գլխաւոր նախաձեռնութիւնը հանդիսացող նաւապտոյտ, արխիւներու եւ թանգարանային իրերու թուայնացման աշխատանքի մեկնարկ եւ այլն:
Լիագումար նիստերու առընթեր, Կեդրոնական վարչութեան անդամները այցելեցին եւ ծանօթացան ՀՄԸՄ-Ֆրանսի Իսի լէ Մուլինոյի նորակառոյց համալիրին, որ բոլոր տուեալներն ու յարմարութիւնները ունի դառնալու ՀՄԸՄ-ի Եւրոպայի մարզական կարեւորագոյն ու մեծագոյն կեդրոնը: Կեդրոնական վարչութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ բացման առիթով միութեան զանազան շրջաններէն եւ յատկապէս Եւրոպայի Մեկուսի շրջաններէն ժամանած վարչական պատախանատուներու հետ:
Նիստերու աւարտին, Կեդրոնական վարչութեան անդամները այցելեցին Թիէի գերեզմանատուն եւ յարգանքի իրենց տուրքը ընծայեցին միութեան հիմնադիրներէն` սկաուտապետ Գրիգոր Յակոբեանի շիրիմին:


