Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Աւանդութիւններու Նուիրուած Ձեռնարկ
Կազմակերպութեամբ ՍՕԽ-ի «Սեւան» մասնաճիւղի վարչութեան, վերջերս տեղի ունեցաւ «Բուռ մը աւանդութիւն` մեր հայրենի գաւառներէն» խորագիրով ձեռնարկ մը, որ կը նպատակադրէր հայկական գաւառներու աւանդութիւնները կեանքի կոչել:
Օրուան բեմավար Մարալ Գզիրեան բարի գալուստի խօսքէն ետք ելոյթ ունեցաւ մասնաճիւղի ատենապետ Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսզեան: Ան դիտել տուաւ, որ հայ մշակոյթն ու լեզուն եղած են եւ կը մնան հայ ժողովուրդի գոյութեան հզօր սիւները, սակայն յիշեալ արժէքները պահողն ու զանոնք իրարու կամրջողը սերունդէ սերունդ փոխանցուող աւանդութիւններն են, շեշտելով, որ հարկ է մեր ազգի բարքերն ու աւանդութիւնները մասունքի նման փոխանցել նորահաս սերունդներուն, որպէսզի մեր երիտասարդներուն մէջ միշտ վառ մնան մեր արմատներուն կառչելու կամքն ու հաւատքը:
Այնուհետեւ մասնաճիւղի անդամները յաջորդաբար ներկայացուցին Զէյթունի, Վանի, Ուրֆայի, Տիգրանակերտի, Խարբերդի, Սեբաստիոյ, Սասնոյ, Մարաշի, Այնթէպի եւ Քիլիսի պատմագրական տեղեկութիւնները, բարբառները, ասացուածքները, կենցաղն ու բարքերը, ինչպէս նաեւ` տոհմիկ ճաշերը:
ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան մօտ «Սեւան» մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Սոնա Տարագճեան խօսք առնելով` ողջունեց ներկաները եւ շնորհաւորեց մասնաճիւղի վարչութիւնը` սոյն ձեռնարկը կազմակերպելուն համար:
Յայտնենք, որ սրահին մէջ ցուցադրուած էին` իւրաքանչիւր գաւառէն ձեռագործի նմուշներ, տոհմիկ տարազներ եւ աւանդական ճաշեր:
Միացեալ Նահանգներ
ՀՅԴ Կլենտէյլի «Ահարոնեան» Կոմիտէութեան Հիմնադրութեան 50-Ամեակի Տօնակատարութիւն
1 նոյեմբերին Կլենտէյլի «Իմփրեշըն» հանդիսասրահին մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ Կլենտէյլի «Ահարոնեան» կոմիտէութեան հիմնադրութեան 50-ամեակը:
Օրուան հանդիսավար Նորա Չափարեանի բացման խօսքէն ետք խօսք առաւ կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալֆրիկ Բանդարեան, որ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց կոմիտէութեան անցած ուղին եւ այսօրուան մարտահրաւէրները: Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Մատէնլեան իր կարգին շնորհաւորեց կոմիտէութեան 50-ամեակը եւ յաջողութիւն մաղթեց ապագայի աշխատանքներուն:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ կոմիտէութեան աշխատանքները ներկայացնող տեսերիզ մը:
Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն եւ պարգեւատրուեցան կոմիտէութեան հիմնադիր անձնաւորութիւններ` Լուսին Մելիքեան, Արա Մարտիրոսեան, Արիս Մուրատեան եւ Անդրանիկ Պետրոսեան:
Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ Հայաստանէն ժամանած ազգային-յեղափոխական երգերու մեկնաբան Սամուէլ Երանեան:
«Ինքնութեան Արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը Ժամանակներու Մէջ» Ժապաւէնի Ներկայացում
Նախաձեռնութեամբ «Ժամանակ» օրաթերթի եւ Երեւանի «Ֆակտում» կեդրոնին, վերջերս Միացեալ Նահանգներու մէջ ցուցադրուեցաւ զանազան լեզուներով արտադրուած «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» ժապաւէնը:
Արդարեւ, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի եւ ՀԲԸՄ-ի համատեղ նախաձեռնութեամբ, Նիւ Եորքի առաջնորդարանի «Քավուքճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժապաւէնի անգլերէն տարբերակին առաջին ցուցադրութիւնը:
Հարկ է նշել, որ այս ժապաւէնը ձօնուած է «Ժամանակ»-ի աւագ խմբագիր հոգելոյս Մարտիրոս Գօչունեանի յիշատակին` մահուան 50-րդ տարելիցին առիթով: Նիւ Եորքի ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Մարտիրոս Գօչունեանի թոռնուհին եւ ամուսինը` Մոնա եւ Րաֆֆի Խորոզեանները:
Հանդիսութեան սկզբնաւորութեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան տնօրէն Նաթալի Գաբրիէլեան: Ապա ցուցադրուեցաւ ժապաւէնը, որուն աւարտին «Ժամանակ»-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:
Ձեռնարկի ընթացքին յանձնուեցան շարք մը յուշանուէրներ:
Կոմիտաս Վարդապետի Նուիրուած Երեկոյ
Կազմակերպութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի «Զուարթնոց» մշակութային յանձնախումբին, 20 նոյեմբերին առաջնորդարանի «Համբար» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ երեկոյ մը` նուիրուած Կոմիտաս վարդապետին:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Զուարթնոց»-ի ատենապետ տոքթ. Սիմոն Սիմոնեան: Ան ըսաւ, որ հաւաքուած ենք ոգեկոչելու յիշատակը հայ երգահան, երգիչ, երաժիշտ-ազգագրագէտ, երաժշտագէտ, խմբավար, բանահաւաք, բանաստեղծ, մանկավարժ, դասախօս եւ երաժշտական առաջին միջազգային ընկերութեան հիմնադիր անդամներէն եւ ամենայն հայոց երգի վեհափառ` Կոմիտաս վարդապետին:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Երեմիա վրդ. Աբգարեան, որ անդրադարձաւ Կոմիտասի (Սողոմոն Սողոմոնեան) կենսագրութեան` դիտել տալով, որ Կոմիտաս հայ երաշտութեան վերաբերող դասախօսութիւններով բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած է Եւրոպայի եւ արեւելքի շարք մը քաղաքներու մէջ (Փարիզ, Պերլին, Ցիւրիխ, Ժընեւ, Լոզան, Վենետիկ, Գահիրէ եւ այլն): Ան ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ողբերգականօրէն ընդհատեց հանճարեղ երաժիշտին գործունէութիւնը, եւ պոլսահայ մտաւորականներու հետ ան ձերբակալուեցաւ եւ աքսորուեցաւ: Որոշ ժամանակ ետք, Ամերիկայի դեսպան Մորկընթաուի միջնորդութեամբ, Կոմիտաս աքսորէն ազատեցաւ, սակայն իր ապրած արհաւիրքին պատճառով ան կորսնցուց իր հոգեկան հաւասարակշռութիւնը եւ դադրեցաւ ստեղծագործելէ:
Գեղարուեստական բաժինով հանդէս եկաւ ջութակահար Սահակ Կարապետեան` նուագելով Կոմիտասի «Կռունկ»-ը, «Կաքաւիկ»-ը եւ «Քելէ քելէ»-ն, իսկ արուեստագէտ, երաժիշտ Վաչէ Մանկրեան դաշնակի վրայ ներկաներուն հրամցուց փունջ մը Կոմիտասի երաժշտութենէն` իր մշակումներով:
Երեկոն աւարտեցաւ Մանուկ Ա. Քհնյ. Մարգարեանի սրտի խօսքով, որ շնորհաւորեց «Զուարթնոց» յանձնախումբը` նման որակաւոր մշակութային երեկոներ կազմակերպելուն համար:
Հայ–Ամերիկեան Թանգարանի «Ժառանգութիւն» Ձեռնարկը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ
22 նոյեմբերին Լոս Անճելըսի «Ինթըրքոնթինենթըլ» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ-ամերիկեան թանգարանի «Ժառանգութիւն» խորագրուած ձեռնարկը:
Ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Սթիւ Մեթիսըն, որ նաեւ թանգարանը կառուցող PNG Builders ընկերութեան նախագահն է, խօսեցաւ թանգարանի կառուցման ծրագիրին եւ հայկական ինքնութիւնը պահպանելու գործին մէջ անոր կարեւորութեան մասին եւ դրուատեց համայնքը, որ ծրագիրին նեցուկ կը կանգնի` ի շահ ապագայ սերունդներուն:
Այնուհետեւ մրցանակ ստացան` «Էմի» մրցանակի արժանացած FOX 11 Good Day L.A. յայտագրի հաղորդավար Արաքսիա Կարապետեան, որ կարեւոր աշխատանք կը տանի հայկական ինքնութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման մէջ եւ լուսարձակի տակ կը պահէ հայ համայնքին ու ամբողջ հայութեան իրագործումները, նաեւ` Alajajian Marcoosi Architects հիմնարկի ներկայացուցիչներ Արամ Ալաճաճեանն ու Սագօ Մարքուսին իբրեւ վարձատրութիւն յատկապէս Կլենտէյլ քաղաքին մէջ վերջին 40 տարիներուն ընթացքին այդ հիմնարկին իրականացուած շինարարական ծրագիրներուն, որոնք փոխած են քաղաքին դիմագիծը: Անոնք իրենց կարգին ելոյթ ունեցան շնորհակալական խօսքերով:
Նշենք, որ մեծարեալները ստացան Լոնտոն հաստատուած արձանագործ Կարօ Նիկողոսեանին պատրաստած իւրայատուկ արձանները, որոնց մէջ կան Արարատ լեռէն բերուած քարի բեկորներ:
Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեան վերահաստատեց, որ քաղաքապետութիւնը պիտի շարունակէ զօրակցիլ թանգարանի ծրագիրին` իբրեւ մշակութային կարեւոր կեդրոնի եւ փարոսի` ապագայ սերունդներուն համար:
Աւարտին շնորհակալական խօսքերով ելոյթ ունեցան թանգարանի գործադիր մարմինի ատենապետ Պերճ Կարապետեան եւ թանգարանի գործադիր մարմինի փոխատենապետ Զաւէն Գազազեան, իսկ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան համայնքին համար յոյժ կարեւոր նկատեց ծրագիրին ամբողջացումը:
Համազգայինի Մանուկներու Յատուկ Ձեռնարկը Կ՛աջակցի Արցախի Մէջ Նահատակուած Ազնաւուր Սաղեանի Յիշատակի Հիմնադրամին
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորի «Նոր շունչ» խումբին եւ հիւրընկալութեամբ ՀՕՄ-ի, 22 նոյեմբերին Համազգայինի «Արիս Ստամպօլեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ պատմասացութեան եւ ձեռային աշխատանքի ձեռնարկը` առաջնորդութեամբ հեղինակ Մարինէ Չարշաֆճեանի:
Հեղինակը կարդաց իր «Մարալն ու հայրիկը Արցախում» մանկական գիրքէն հատուածներ, որմէ ետք մանուկները առիթը ունեցան ներկելու «Մամիկ եւ Պապիկ»-ի կաւով արձանիկներ, զորս պատրաստած էր հեղինակը:
Չարշաֆճեան նաեւ տեղեկութիւններ տուաւ Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներուն աջակցող բարեսիրական «Լորիկ» հիմնադրամին մասին, որուն հովանիին տակ կը գործէ 2023-ին Արցախի մէջ նահատակուած Ազնաւուր Սաղեանի յիշատակին հաստատուած կրթաթոշակի հիմնադրամը:
Ձեռնարկին առիթով Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը վեց հարիւր ամերիկեան տոլար նուիրեց հիմնադրամին, իսկ ձեռնարկին ընթացքին ծախուած գիրքերուն եկամուտը ամբողջութեամբ (250 տոլար), նոյնպէս նուիրուեցաւ հիմնադրամին:
Ֆրանսա
«Forget Me Not Siroun Ararat» Գիրքի Ներկայացում
21 նոյեմբերին Փարիզի Հայ մշակոյթի տան մէջ Ալիք Թապագեան եւ Անթուան Հապշի ներկայացուցին «Forget me not Siroun Ararat» պատկերազարդ գիրքը, որ կը պատմէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին` պատանիներուն եւ փոքրերուն:
Ներկաներուն հարցումներուն ընդմէջէն Անթուան Հապշի շեշտեց մշակոյթի եւ հաւատքի ուժը` ինքնութիւնը պաշտպանելու պայքարին մէջ:
Իրան
«Անի» Միութեան 45-Ամեայ Յոբելեանի Նշում Եւ «Լոյս Եւ Ժառանգութիւն» Գիրքի Շնորհահանդէս
14 նոյեմբերին Հայ Ուսանողական «Չհարմահալ» միութեան «Յովհաննէս Թումանեան» սրահին մէջ նշուեցաւ «Անի» միութեան հիմնադրման ու գործունէութեան 45-ամեակը եւ տեղի ունեցաւ 45-ամեակին, նուիրուած «Լոյս եւ ժառանգութիւնե գիրքի շնորհահանդէսը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Շարիս Մելքոմ Աբգար: Ան ըսաւ, որ 45 տարիներ շարունակ «Անի» միութիւնը, դիմագրաւելով բոլոր մարտահրաւէրները, ինքնավստահօրէն շարունակած է իրեն յանձնարարուած եւ շնորհուած առաքելութիւնը` ժողովուրդին եւ յատկապէս հայ երիտասարդութեան հզօրացման եւ հայեցի դաստիարակութեան գործին մէջ:
«Անի» միութեան վարչութեան նախագահ Ժանեթ Բալասանեան անդրադարձաւ 45-ամեայ միութեան հիմնադրութեան նպատակներուն եւ անցած ուղիին: Ան հաստատեց, որ միութիւնը իր կազմաւորման առաջին օրէն լծուեցաւ հայապահպանման սուրբ ու նուիրական գործին եւ քաջ գիտակցելով ազգապահպանման հիմնական գործին մէջ հայ կնոջ դերակատարութեան, աշխատանք տարաւ` բարձրացնելու հայ կնոջ մտաւոր մակարդակը, անաղարտ պահելու կնոջ ազգային ուրոյն նկարագիրը, նպաստելու նոր սերունդի հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան աշխատանքներուն:
Ապա ցուցադրուեցաւ «Անի» միութեան 45-ամեակին նուիրուած տեսերիզ մը, որմէ ետք «Հայ կին» միութեան նախագահ Տիանա Յովհաննիսեան արտասանեց իր խօսքը: Ան ընդգծեց, որ «Հայ կին» միութեան կից «Անի» միութիւնը ունեցած է ազգային, կրթական ու մշակութային գործունէութեան յաջող ու փայլուն ընթացք, աւելցնելով, որ միութիւնը յաղթահարելով խոչընդոտներ ու դժուարութիւններ` մնացած է իր սկզբունքային բարձունքին վրայ եւ յաջողութեամբ իրագործած է իր նպատակները:
Իրանի Իսլամական խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվերդեան, իր կարգին, ողջունելով միութեան 45-ամեայ յոբելեանը, ընդգծեց հայ կնոջ ունեցած անգնահատելի դերակատարութիւնը միութիւններու եւ համայնքային կեանքի մէջ: Ան ըսաւ, որ միութիւնները շատ կարեւոր դեր ունեցած են` համայնքի միաւորման, տարբեր ծրագիրներու, մշակութային փառատօներու, գրական երեկոներու, պարային եւ երգչախմբային ներկայացումներու կազմակերպման եւ այլ աշխատանքներու գործին մէջ:
Ձեռնարկի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Արիստակէս քհնյ. Շահմիրեան, որ կարդաց Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեանի յղած պատգամը, որուն մէջ շեշտուած էր, թէ հայ կինը պատմութեան ընթացքին միշտ արդարացուցած է իր վրայ դրուած յոյսը եւ շարունակելով իր ծառայութիւնը` իր լուման ներդրած է եկեղեցական, կրթական, մշակութային եւ հասարակական ծիրէն ներս:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ 45-ամեայ յոբելեանի առիթով լոյս տեսած «Լոյս եւ ժառանգութիւն» գիրքին շնորհահանդէսը: Գիրքին հրատարակման նպատակներուն անդրադարձաւ Ժանեթ Բալասանեան` շեշտելով կարեւորութիւնը միութեան գործունէութեան մասին ապագայ սերունդի իրազեկ պահելը:
Կիպրոս
ՀՅ Դաշնակցութեան Տարեկան Ընդհանուր Ժողովը
ՀՅԴաշնակցութեան Կիպրոսի կոմիտէութիւնը անցեալ շաբաթ գումարեց իր տարեկան ընդհանուր ժողովը:
Համայնքի կազմակերպութիւններու եւ Կիպրոսի քաղաքական կուսակցութիւններու հետ կայանալիք հանդիպումներու ծիրէն ներս նորընտիր կոմիտէն 12 նոյեմբերին հանդիպում մը ունեցաւ հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանին հետ:


