Իրաքի Վարչապետը Բացումը Կը Կատարէ Պաղտատի Ս. Գրիգոր Եկեղեցւոյ` Անոր Վերանորոգումէն Ետք
Իրաքի վարչապետ Մոհամետ Շայեահ Սուտանին կիրակի, 21 դեմտեմբերին բացումը կատարեց Պաղտատի կեդրոնը գտնուող Հայ առաքելական Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ` անոր վերանորոգման աւարտէն ետք, Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով: Վարչապետը շրջեցաւ եկեղեցւոյ սրահները եւ միջանցքները` ծանօթանալու այս կարեւոր կրօնական կեդրոնին մէջ իրականացուած համապարփակ վերականգնողական աշխատանքներուն: Ան իր խօսքին մէջ երախտագիտութիւն յայտնեց այս սրբազան վայրին մէջ գտնուելու համար եւ յայտարարեց անոր վերաբացումը`...




















