Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Պելճիքա
Պրիւքսելի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հանդիսաւոր Ձեռնարկ` Նուիրուած ՀՅԴ-Ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակին
24 յունուարին Պրիւքսէլի «Հայ տուն»-ի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ձեռնարկ` նուիրուած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրութեան 135-ամեակին:
Ձեռնարկի հանդիսավար Քարոլ Արիսեան ըսաւ, որ 135-ամեայ, բայց մշտապէս երիտասարդ այս կուսակցութիւնը ամրապինդ հաւատքով կը խտացնէ իր շարքերը երդուեալներու փաղանգով, աւելցնելով, որ Դաշնակցութիւնը եղաւ ոչ միայն քաղաքական կուսակցութիւն, այլ` համահայկական շարժում, որ միաժամանակ գործեց` որպէս ազատագրական պայքարի առաջամարտիկ, սփիւռքի երթի ճարտարապետ եւ Հայ դատի պաշտպան:
Այնուհետեւ երեք նորագիր երիտասարդներ, կնքահայրութեամբ Գասպար Կարապետեանի, կատարեցին իրենց կուսակցական երդումը` միանալով ՀՅԴ շարքերուն եւ խոստանալով անսակարկ ծառայել Հայ դատին ու հայութեան:
Հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցան ազգային եւ կուսակցական գործիչներ, որոնք անդրադարձան Դաշնակցութեան անցած ուղիին եւ այսօրուան մարտահրաւէրներուն:
Զատիկ վրդ. Աւետիքեան իր օրհնութեան խօսքին մէջ նշեց, որ 135 տարի առաջ հիմը դրուեցաւ ազգային, ընկերվարական, ժողովրդավարական, յեղափոխական կուսակցութեան` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, եւ շնորհաւորեց այս գեղեցիկ տարեդարձին առիթով` մաղթելով բարի շարունակութիւն իր ազնիւ ու ազգային առաքելութեան մէջ:
Պելճիքայի Հայերու կոմիտէի նախագահ Ռոպեր Ունուսեան շեշտեց հայկական կառոյցներու տոկունութիւնը` հաստատելով, որ հայերը եթէ ցանկութիւն ունին, կրնան ստեղծել կառոյցներ, որոնք կը գոյատեւեն եւ, հակառակ համաշխարհային քաղաքական իրադարձութիւններուն, կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը` հաւատարիմ մնալով իրենց սկզբունքներուն:
Օրուան գլխաւոր պատգամը յղեց ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան, որ խստօրէն քննադատեց Հայաստանի ներկայ կացութիւնը: Ան ըսաւ, որ մեր ազգն ու հայրենիքը կ՛ապրին աշխարհաքաղաքական բարդ պայմաններու մէջ, իսկ ղեկին յայտնուածները ոչ միայն չեն նպաստեր իրավիճակի բարելաւման, այլեւ օրէ օր երկիրը կը տանին դէպի անդունդ: Վարժապետեան մերժեց ընդունիլ այն քննադատութիւնները, թէ բան չենք ըներ, աւելցնելով, որ մեր տղաքը փողոցները չարչարուեցան ու կալանաւորուեցան ոստիկանութեան կողմէ, եւ մինչեւ այսօր մեր ընկերները բանտերու մէջ են իրենց ճիգերուն համար: Իշխանափոխութիւնը միակ փրկութիւնն է, որ հրատապ է ու անվիճելի:
Հրաչ Վարժապետեան նաեւ բարձր գնահատեց Պելճիքայի շրջանի դերը` հաստատելով, որ շրջանը կարեւոր դերակատարութիւն ունի Եւրոպական Միութեան մայրաքաղաքին մէջ` հայապահպանման, հայեցի դիմագիծի պահպանման, հայակերտման ու Հայ դատի գործունէութեան մէջ:
Շուէտ
Երեք Նորագիրներ Տուին Իրենց Դաշնակցականի Երդումը Եւ Կոչուեցան «Գէորգ Գանտահարեան» Սերունդ
8 փետրուարին Շուէտի շրջանին մէջ երեք նորագիրներ տուին իրենց դաշնակցականի երդումը` Արմենակ Մահտեսեանի կնքահայրութեամբ, եւ միացան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերուն:
Արմենակ Մահտեսեան կուսակցութեան շարքերը համալրող նորագիրներուն ուղղած իր խօսքին մէջ նշեց, որ ՀՅԴ-ի շարքերը մուտք գործելու երդումով անոնք կը միանան ամբողջ աշխարհի մէջ սփռուած դաշնակցական մեծ ընտանիքին. ընտանիք մը, որուն անդամները կարելին ու անկարելին կ՛ընեն յանուն Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի: Ան ըսաւ, որ միանալով Դաշնակցութեան` հայ մարդը կը զինուորագրուի հայրենիքը եւ սեփական ժողովուրդին ամէն գնով պաշտպանելու գործին, աւելցնելով, որ Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդի շահերու պաշտպանութեանը զինուորագրուած մարդուն կրնայ առաջարկել միայն պայքար` յաճախ դժուարին, իսկ երբեմն` անհնարին թուացող, զոհաբերութիւններ պահանջող, սակայն` արժանապատիւ եւ կենսական պայքար:
Արմենակ Մահտեսեան անդրադարձաւ նաեւ համերաշխութեան ու արդարութեան կարեւորութեան` մեր կուսակցական կեանքէն ներս, նշելով այդ ճամբուն վրայ պայքարող ու նահատակուող յարգելի ընկերներու անունները ու մեծ եռանդ ներշնչելով` նորագիր սերունդը կոչեց այդ ճամբուն վրայ հսկայ աշխատանք տարած «Գէորգ Գանտահարեան» սերունդ:
Ֆրանսա
«Սփիւռքահայ Մամուլին Դերը Եւ Մարտահրաւէրները» Նիւթով Դասախօսութիւն
«Արմէն՛լիվր»-ի նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ կազմակերպուած դասախօսութիւններու կարգին ուրբաթ, 13 փետրուար 2026-ին Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տան «Սարգիս Մինասեան» սրահին մէջ, մօտ հարիւր ներկաներու մասնակցութեամբ, համալսարանական դասախօս եւ լրագրող Տիգրան Եկաւեան ներկայացուց «Սփիւռքահայ մամուլին դերը եւ մարտահրաւէրները» նիւթով շահեկան դասախօսութիւն մը:
Բացման խօսքը արտասանեց Նորա Սարաֆեան-Թաշճեան, որ ըսաւ. «Տիգրան Եկաւեանին հետ իմ ծանօթութիւնս քանի մը ամսուան պատմութիւն ունի միայն, սակայն անոր վերջին հրատարակութեան մէջ արծարծուած հիմնահարցերը, մանաւանդ` Միջին Արեւելքի հայկական համայնքներուն վերաբերող անդրադարձները, անոնց կացութեան մասին նկարագրութիւնը եւ խորաթափանց դիտարկումները, ինչպէս նաեւ հոգատար ու պատասխանատու մօտեցումը ինծի տուին հին բարեկամ մը վերագտած ըլլալու ջերմ զգացումը»:
Ան անդրադարձաւ օրուան նիւթին` «Սփիւռքահայ մամուլին դերն ու մարտահրաւէրները», որ չափազանց այժմէական է: Ժամանակաշրջան մը, երբ հայաշխարհը կը դիմագրաւէ քաղաքական, ընկերային, գաղութային եւ ազգային բազմաշերտ ճգնաժամեր, բնական եւ անհրաժեշտ է հարցադրել` ի՞նչ է մամուլին առաքելութիւնը այս պայմաններուն մէջ: Ի՞նչ պատասխանատուութիւն կը կրէ ան` որպէս հաւաքական միտք ձեւաւորող, ընկերային մտահոգութիւններ բարձրաձայնող եւ հայկական մշակութային արժէքները պահպանող եւ վերաձեւաւորող հարթակ:
«Այս հարցադրումները մեզ կը մղեն վերարժեւորելու մամուլին դերը` ոչ միայն որպէս տեղեկատուութեան միջոց, այլ` որպէս քննական մտածողութեան խթանող եւ ազգային դիմադրողականութեան ամրապնդող հիմնասիւնը», ըսաւ ան:
Նորա Սարաֆեան-Թաշճեան յիշեց, որ օրեր առաջ մեզմէ հեռացաւ լիբանանահայ մամուլի անխոնջ մշակ եւ «Ազդակ» օրաթերթի նուիրեալ լրագրող Սարգիս Մահսերէճեանը: «Այսօրուան մեր հաւաքը նաեւ առիթ է պանծացնելու յիշատակդ եւ նորոգ հաւատքով տոգորուելու այն ուղիին վրայ, զոր դուն եւ քեզ նման նուիրեալները գծեցիք` յանձնառու, սկզբունքային եւ ազգային արժէքներուն հաւատարիմ մամուլի ուղին: Քու յիշատակդ մեզի համար կը մնայ խղճմտանքի ձայն եւ շարունակելու կոչ», եզրափակեց ան:
Ապա սահիկներու ցուցադրութեամբ Տիգրան Եկաւեան նկարագրեց սփիւռքահայ մամուլին պատմականը, անոր խաղացած դերին կարեւորութիւնը, անդրադարձաւ մամուլի դիմագրաւած այսօրուան դժուարութիւններուն, պատասխանատուութիւններուն, ներկայ պայաններուն մէջ ստանձնելիք յանձնառութիւններուն` նշելով նաեւ, իր գնահատմամբ, այն խոցելի կէտերը, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուի այսօրուան մամուլը:
Դասախօսը լուսարձակի տակ բերաւ նաեւ կարգ մը հարցադրումներ, ինչպէս` երիտասարդութիւնը ներգրաւելու, թուային գործիքներուն լաւապէս տիրապետելու, մամուլը բանավէճի հարթակ դարձնելու եւ կենդանի յիշողութիւնը փոխանցելու անհրաժեշտութիւնը:
Տեղին է յիշել, որ 12 փետրուարին նոյն սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ երիտասարդ հայ գեղանկարիչներու հաւաքական ցուցահանդէսին, որ շարունակուեցաւ յաջորդ երկու օրերուն ընթացքին: Անոնք իրենց գործերով եւ երազներով մասնակից դարձան մեր «Հայ Տուն»-ի ծրագիրներուն, հայ մշակոյթի տարածման եւ համայնքի կենսունակութեան:
Քուէյթ
Հանդիպում Իշխան Անուշաւան Նազարեանին Հետ
Կազմակերպութեամբ Քուէյթի Ազգային վարչութեան եւ թեմի առաջնորդական տեղապահ Արտակ Ա. քհնյ. Քէհեաեանի, ներկայութեամբ թեմի Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Քեռի Սարգիսեանի, 13 յունուարին տեղի ունեցաւ հանդիպում` համայնքի արժանաւոր անդամներէն «Կիլիկեան իշխան» Անուշաւան Նազարեանի հետ: (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Իշխան»-ի շքանշանակիր):
Քուէյթի Ազգային վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Ա. Նազարեանին, որ տարիներ շարունակ միշտ նեցուկ կանգնած է ազգին ու եկեղեցիին, ինչպէս նաեւ կատարած է բարոյական եւ նիւթական ներդրումներ, որոնք բարեսիրութեան եւ նուիրաբերումի վառ դրոշմը կը հանդիսանան: 2016-2017 շրջանին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ շինութեան տարիներուն յատկապէս, ան շինարարական աշխատանքներուն թէ՛ անձնապէս իր մասնակցութիւնը բերած է եւ թէ՛ անվերապահօրէն տրամադրած է նիւթական աջակցութիւնը, որուն ամբողջական հատուցումն ու հաշուեփակը կատարուեցաւ հանդիպման ընթացքին:
Ապա արծարծուեցան Ազգային վարչութեան ներկայիս դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները: Նաեզարեան յաջողութիւն մաղթեց վարչութեան յառաջիկայ ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց ներկայ կազմին:
Հանդիպման աւարտին Քուէյթի Ազգային վարչութիւնը, Անուշաւան Նազարեանին յանձնեց յուշանուէր մը իբրեւ յիշատակ եւ գնահատանք:
Միացեալ Նահանգներ
Յայտնի Արձանագործ Ռայըն Պիտի Կառուցէ Հայոց Ցեղասպանութեան Օրենճ Քաունթիի Յուշարձանը
Հայոց ցեղասպանութեան Օրենճ Քաունթիի յուշարձանի յանձնախումբը 29 յունուարին գոյացուց համաձայնութիւն մը մրցանակակիր արձանագործ Պրիթնի Ռայընի հետ` կառուցելու համար Ըրվայնի «Կրէյթ» հանրային պարտէզին մէջ զետեղուելիք Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը:
Ռայըն մինչեւ ապրիլ պիտի պատրաստէ յուշարձանին մանրակերտը, եւ կը ծրագրուի յուշարձանին պաշտօնական բացումը կատարել 2028-ի գարնան: Յուշարձանը պիտի ներկայացնէ մայր մը` մանուկ մը գրկած, իսկ անոնց շուրջ` խումբ մը թռչող կռունկներ, խորհրդանշելով վերապրումը, յիշողութիւնը, պաշտպանութիւնը եւ կեանքի ու պատմութեան փոխանցումը` սերունդէ սերունդ:
Նշենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան Օրենճ Քաունթիի յուշարձանի յանձնախումբը ի մի կը բերէ համայնքի գլխաւոր հայկական կազմակերպութիւնները:
Շարլ Ազնաւուրին Նուիրուած Համերգ` Նիւ Եորքի Մէջ
30 յունուարին երգիչներ Պերճ Թիւրապեան եւ Ալվարդ Մայիլեան Սուրբ Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ «Փաշալեան» սրահին մէջ ներկայացուցին «Aznavour@100: Le Reprise» համերգը` իբրեւ իւրայատուկ շարունակութիւն առաջին համերգին, որ տեղի ունեցած էր նոյեմբեր 2024-ին, Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին առիթով: Երգիչները այդ առիթով ֆրանսահայ արուեստագէտին երգերը հրամցուցած էին հայերէն թարգմանութեամբ, մինչ այս անգամ երգերը գլխաւորաբար ֆրանսերէն եւ անգլերէն էին` քանի մը հայերէն նմուշներով:
Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան, իսկ հոգաբարձութեան ատենապետ մեթր Արմէն Մորեան կատարեց արուեստագէտներուն ներկայացումը:
Դադարին Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան կատարեց գինեձօնը Պերճ Թիւրապեանի նորատիպ խտասալիկին` «Charles Aznavour 100», որ կը բովանդակէ 25 երգ եւ երրորդն է անոր «Aznavour in Armenian» շարքին: Իր խօսքին մէջ սրբազան հայրը վեր առաւ երկու երգիչներուն տաղանդը եւ շեշտեց հայ մշակոյթին դերը` իբրեւ պատնէշ մեր ինքնութեան մաշումին դէմ, այնպիսի ժամանակի մը, երբ հայ ազգի ամէնէն հիմնական արժէքներն ու աւանդութիւնները կարծէք ենթակայ են սակարկութեան ու զիջումի: Յիշելով Ազնաւուրի յայտնի խօսքը, թէ ինք 100 առ հարիւր հայ էր եւ 100 առ հարիւր ֆրանսացի, սրբազան հայրը զայն բերաւ իբրեւ օրինակ ամէն սփիւռքահայու:
ՀՕՄ-ի «Սիփան» Մասնաճիւղի Ոսկեայ Յոբելեանը
Հովանաւորութեամբ ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Կլենտէյլի «Սիփան» մասնաճիւղի 50-ամեակի յանձնախումբին, 18 յունուարին Կլենտէյլի «Ռիֆլէքշընզ» սրահին մէջ տօնախմբուեցաւ Կլենտէյլի «Սիփան» մասնաճիւղի հիմնադրութեան ոսկեայ յոբելեանը:
Ձեռնարկին բացման աղօթքը կատարեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Զարեհ ծ. վրդ. Սարգիսեան, որ նաեւ կատարեց իր սրտի բարեմաղթութիւնները:
Օրուան հանդիսավար Ալիք Քէլէշեան հրաւիրեց ներկաները` մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը բոլոր ննջեցեալ ՀՕՄ-ուհիներուն եւ կեանքի գնով հայրենի հողին համար մարտնչած ազատամարտիկներուն: Ապա ան անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի ունեցած որոշիչ եւ կենսական դերին` Կլենտէյլի հայ իրականութեան մէջ:
Մասնաճիւղի ատենապետ Ժպիտ Մելքոնեան իր խօսքին ընդմէջէն պատմական ակնարկ մը նետեց մասնաճիւղի ծննդոցին` յիշատակելով ներկայ եւ ննջեցեալ հիմնադիր անդամներուն անունները: Շեշտը դնելով «Սիփան»-ի արդիւնաւէտ գործունէութեան վրայ` ան հաստատեց, որ մասնաճիւղի անդամները հո՛ն էին, երբ հայ դպրոց կը հիմնուէր, երբ Ս. Աստուածածին եկեղեցին կը հիմնուէր, երբ Կլենտէյլի սրտին մէջ հիմը կը դրուէր Հայ երիտասարդական կեդրոնին, որ խաչմերուկը պիտի դառնար մեր ազգային կեանքին եւ գործունէութեանց, աւելցնելով, որ «Սիփան»-ի օրհնաբեր ձեռքը հասած է Հայաստան, Երեւանի եւ Հադրութի ծնողազուրկ երեխաներու հովանաւորութեան` ՀՕՄ-ի «Սփոնսըր է չայլտ» ծրագիրին ընդմէջէն: Ան հաստատեց նաեւ, որ «Սիփան»-ը հո՛ն էր Արցախի ազատագրական պայքարին եւ 44-օրեայ պատերազմին` հասնելով հայ ազատամարտիկին կարիքներուն ու տեղահանուած արցախցիներու կարիքներուն, ու տակաւի՛ն, «Սիփան»-ը մշտարթուն պահակի նման կը հսկէ, որ անարդարօրէն բռնագրաւուած Արցախը ե՛տ բերենք:
Տեսերիզի վրայ ամբողջ յայտագիրին ընթացքին ցուցադրուեցան մասնաճիւղի յիսնամեայ գործունէութիւնը ցոլացնող պատմական լուսանկարներ, ուր ներկաներէն շատեր յուզումով վերապրեցան իրենց անցեալի քաղցր յուշերու վկայութիւններէն քաղուածք մը:
Սրտի խօսք արտասանեց շաբաթօրեայ վարժարանի տնօրէն Սուսաննա Դաւթեան, որուն յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր` կատարողութեամբ վարժարանի աշակերտներուն: Ապա շաբաթօրեայ վարժարաններու բոլոր ներկայ տնօրէնները մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ ստացան գնահատանքի ծաղկեփունջեր:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ մեծարանքի արարողութիւնը: «Պատուոյ գիր»-եր ստացան «Սիփան» մասնաճիւղի 13 անդամներ, որոնք 50 տարիներէ ի վեր ՀՕՄ-ին կը ծառայէին, իսկ յատուկ յիշատակութեան արժանացան մասնաճիւղի 23 հիմնադիրները: Առանձնայատուկ յիշատակութեան արժանացաւ վաստակաւոր ՀՕՄ-ուհի, միութենական եւ հասարակական գործիչ Սեդա Խոճայեանը, որուն յանձնուեցաւ ՀՕՄ-ի Պատուոյ յուշատախտակը: Ան պատուոյ գիրերու արժանացաւ նաեւ դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքային բարձրաստիճան գրասենեակներու կողմէ: Ապա երախտագիտական եւ շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Խոճայեան:
Մասնաճիւղի 50-ամեակին առիթով քաղաքապետ Նաճարեան վարչութեան յանձնեց գնահատանքի յուշագիր մը, նաեւ «Սիփան» մասնաճիւղը արժանացաւ դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքային գրասենեակներու կողմէ գնահատագիրներու:
Այս առիթով նաեւ շնորհաւորանքի ուղերձներ յղեցին Արուս Մելքոնեան եւ Քրիսթինա Ամիրեան-Խանճեան:


