Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ-Գաղութ

February 26, 2026
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Ֆրանսա

ՀՅ Դաշնակցութեան 135-Ամեակիի Նշում Մարսէյի Մէջ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 135-ամեակին առիթով շաբաթ, 7 փետրուար 2026-ին, Մարսէյի «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէի կազմակերպութեամբ, ընթրիք մը տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մարսէյի ճեմարանին մէջ:

Հրաւէրին ընդառաջած էին`  քաղաքական  դէմքեր, միութիւններու պատասխանատուներ, ընկերներ եւ համակիրներ: Հրաւիրելաներու  ներկայութիւնը կը վկայէր մեր կուսակցութեան խոր արմատաւորուածութիւնը տեղական եւ ազգային հասարակական կեանքին մէջ:

Արդարեւ, ներկայ էին` վարչական շրջանի եւ Մեթրոփոլի նախագահ Մարթին Վասալը, Մարսէյի փոխքաղաքապետ Եանիք Օհաննէսեանը, Տարածաշրջանային խորհրդական եւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի Sud-ի համանախագահ Օրօր Պրունան, ծերակուտական Վալերի Պուայէն, վարչաշրջանային խորհրդական եւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի Sud-ի համանախագահ Ազատ Բալալաս Գազանճեանը, 11-րդ եւ 12-րդ թաղամասերու քաղաքապետ Սիլվեն Սուվեսթրը, ինչպէս նաեւ` նախկին պատգամաւոր Հանրի Ժիպրայէլը: Ներկայ էին նաեւ ուղեկից միութիւններու, ինչպէս նաեւ «Նոր սերունդ»-ի եւ պատանեկան միութեան ներկայացուցիչները:

Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ-Գաղութ

Բացման խօսքով կոմիտէին անունով  ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեցին Լենա Արապօղլեան հայերէնով, իսկ Մարիլին Պասմաճեան` ֆրանսերէնով: Ապա հրաւիրուեցան Մարսէյի Պոմոն շրջանի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արշէն քհնյ. Մովսէսեանը եւ Հայ կաթողիկէ համայնքի հովիւ տէր Սեպուհ Կարապետեանը` կատարելու սեղաններու օրհնութիւնը:

Առաջին խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեանը, որ իր խօսքին մէջ վեր առաւ Դաշնակցութեան հիմնական դերը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ եւ յատկապէս կուսակցութեան վճռորոշ կեցուածքը 1918 թուականի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման մէջ: Ան նաեւ ընդգծեց կուսակցութեան ներկայութիւնը եւ  գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ, անոր վերանկախութենէն ի վեր` շեշտելով, որ առանց Դաշնակցութեան եւ անոր պատմական պայքարին` այսօր հայկական պետութիւն գոյութիւն չէր ունենար:

Ապա ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի պատկերասփռուած ուղերձը, որուն մէջ ան լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ սովորական պայմաններու մէջ չէ, որ Հայաստանի եւ սփիւռքի տարբեր շրջաններու մէջ Դաշնակցութիւնը կը տօնէ իր հիմնադրութեան 135-ամեակը, որովհետեւ ներկայ վիճակը բաւական դժուար ու դաժան է:  «ՀՅԴ-ի 135-ամեակը կը զուգադիպի մեր ժողովուրդի վերջին տասնամեակներու պատմութեան անկիւնադարձային պայթիւնավտանգ խաչմերուկին վրայ, ուր համայն հայութիւնը դէմ յանդիման կը գտնուի իր լինելութեան պահպանման գոյութենական վտանգին», ըսաւ ան` յիշելով Արցախի, Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ տիրող վտանգաւոր կացութիւնն ու բազում մարտահրաւէրները, որոնք կը սպառնան ազգին ու հայրենիքին:

Բագրատունի նաեւ շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը տակաւին կը մնայ պատնէշի վրայ` շարունակելու հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի լինելութիւնը, պաշտպանելու 1890-ին Քրիստափորով, Ռոստոմով եւ Զաւարեանով ծայր առած երթը, տրուած ուխտն ու յարատեւ պայքարը, որ եղած է բացառաբար ի խնդիր հայ ժողովուրդի բովանդակ շահերուն` միշտ կանգնելով հայրենիքին ու ազգին կողքին, պահպանելով ազգային վեհ արժէքները:

Իր խօսքի վերջին բաժինով Յակոբ Բագրատունի հաստատեց, որ թէեւ ներկայ փուլը ծանր է ու անկիւնադարձային, բայց պայքարը պիտի շարունակուի: «Այսօր պահն է վերազարթնումի, մեր ուխտի վերանորոգութեան: Այսօր պահն է համազգային դիմադրութեամբ  ապահովելու մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին լինելութիւնը: Յուսախաբութիւնը, հիասթափութիւնը, ընկրկումը տեղ չեն կրնար ունենալ մեր հոգիներուն մէջ:  Ընկրկիլ` կը նշանակէ` դաւաճանել մեր հայրերու ժառանգին, դաւաճանել մեր նահատակներուն յիշատակին, արգիլել մեր զաւակներուն ունենալու հայրենիք, որ կը կոչուի Հայաստան: Պայքարը պիտի շարունակուի բոլորով, միասնաբար` ի խնդիր մէկ ու միակ Հայաստանի, ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի, ամբողջական հայութեամբ, ամբողջական Հայաստանի: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 135-ամեակին վառ պիտի պահենք արծարծուած կրակը ու բարձր` հայ ժողովուրդի գոյութեան ջահը», շեշտեց ան: (Խօսքին ամբողջութիւնը կը հրապարակենք յառաջիկային):

Մարսէյի քաղաքապետ Բենուա Փայանի անունով խօսք առաւ Եանիք Օհաննէսեան, որ յուզումով անդրադարձաւ իր պայքարի ուղիին` մեր կառոյցներուն մէջ ընդհանրապէս եւ «Նոր սերունդ»-էն ներս` մասնաւորապէս: Ան վերահաստատեց իր կապուածութիւնը կուսակցութեան ու անոր պատմութեան, ինչպէս նաեւ` իր մարսէյեան արմատներուն :

Օրօր Պրունան արտասանեց Տարածաշրջանի նախագահ Ռընօ Միւզելիէի խօսքը` ողջունելով ներկաները եւ շեշտելով Ֆրանսայի Հարաւային շրջանի մշտական աջակցութիւնը Հայ դատին` իր բոլոր երեսներով:

Պաշտօնական բաժնի աւարտին խօսք առաւ Մարթին Վասալը, որ անդրադարձաւ  իր հայկական արմատներուն եւ վճռակամութեամբ հաստատեց իր կապուածութիւնը` Արցախին եւ իր պատրաստակամութիւնը` գործելու Ազրպէյճանի մէջ կալանաւորուած հայ քաղաքական բանտարկեալներու ազատութեան համար:

Խօսքի աւարտին Մարթին Վասալ ողջունեց Դաշնակցութեան նուիրուածութիւնը եւ Պետական վարչաշրջանի «Պատուոյ շքանշան» յանձնեց շրջանի կոմիտէի ներկայացուցիչ Սագօ Աֆարեանին եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեանին:

Ապա ներկաները կիսեցին 135-ամեակի կարկանդակը, մինչ ընթրիքը խանդավառեց Հայաստանէն յատուկ այս նպատակով հրաւիրուած  երգիչ Սուրէն Աճեմեանը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Սարգիս Ադամեանի, ներկաներուն մատուցելով հայ յեղափոխական երաժշտութեան դասական երգերը` վերակենդանացնելով  յուշերը, արթնցնելով գիտակցութիւնը, համոզումները եւ յոյսը` միաժամանակ բոլորին պարգեւելով  միասնականութեան պահ մը:

Կոմիտէին կողմէ ներկաներուն բաժնեցան 135-ամեակի յուշանուէրներ:

Կիրակի, 15 փետրուարի առաւօտուն,  ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէի նախաձեռնութեամբ, Պոմոնի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ ս. պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` շրջանի մահացած կուսակցական ընկերներուն հոգիներուն համար:

Սուրիա

Եկեղեցիներու Միութեան Աղօթք` Նախագահութեամբ Հայ Երեք Համայնքապետներուն

Նախագահութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն, 22 փետրուարին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ եկեղեցիներու միութեան աղօթք:

Ողջոյնի խօսք արտասանեց Արմէն աբղ. Գալաճեան, որ ըսաւ, թէ  համախմբուած ենք ո՛չ թէ որպէս անհատներ կամ առանձին համայնքներ, այլ որպէս մէկ ամբողջութիւն` Քրիստոսի խորհրդաւոր մարմինին: Ան յայտնեց, որ միութեան գաղափարը քրիստոնէական վարդապետութեան սիրտն է, աղօթքը մեր հոգիի շունչն է, իսկ միասնական աղօթքը` հզօր հողմ մը, որ կրնայ շարժել լեռները:

Սուրիոյ հայ աւետարանական համայնքի պետ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան իր պատգամը ուղղելով` դիտել տուաւ, որ այս տարի իւրայատուկ է, որովհետեւ եկեղեցիներու միութեան աղօթքի բնաբանը ճշդուած է Հայ եկեղեցւոյ կողմէ, հետեւաբար մեզի համար կրկնակի իմաստ եւ համախմբուելու պատճառ է, որպէսզի աղօթենք Հայ եկեղեցիին մէջ, Հայ եկեղեցիին համար եւ ընդլայնենք այդ հոգին համատարած ժողովուրդներու եւ եկեղեցիներու:

Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեան իր պատգամին մէջ եկեղեցիներու միութեան ձգտումը հրամայական նկատեց` նշելով, որ Քրիստոս աղօթեց, որ մենք մէկ ըլլանք: Ան ըսաւ, որ եկեղեցիներու միութեան ձգտումը ունի երեք մակարդակներ` աղօթք, սէր եւ ճշմարտութիւն, որոնց վրայ կ՛աւելնայ նաեւ նահատակութիւնը: Ան հրաւիրեց ներկաները` համոզումով եւ հաւատքով աղօթելու, որպէսզի Աստուած միացնէ մեր եկեղեցիները, Հայաստանի եկեղեցի-պետութիւնը եւ մեր ժողովուրդի զաւակները:

Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան  իր պատգամին մէջ դիտել տուաւ, որ եկեղեցիներու միութիւնը բաւական բարդ գործընթաց է` աստուածաբանական եւ վարդապետական ժողովներով զանազան ուղղութիւնները մէկ ուղիի մէջ միաւորելու,  աւելցնելով, որ ամէնէն կարեւորը ներքին միութիւնն է: Սրբազան հայրը հաստատեց, որ միութիւնը Քրիստոսի խաղաղութեամբ կ՛իրագործուի, եւ կարեւոր նկատեց սէր ունենալ եւ ներքին խաղաղութեամբ միութիւնը պահել` Քրիստոսով, Ս. Հոգիով, աղօթքի զօրութեամբ, ձգտումով եւ կարօտով, որպէսզի հասնինք այն մակարդակին, ուր Քրիստոսով կարելի ըլլայ միութիւնը իրագործել:

Աւարտին ներկաները արտասանեցին Տէրունական աղօթքը:

 Յորդանան

Հայուն Հայկական Ինքնութիւն(ներ)ը Նիւթով Դասախօսութիւն-Զրոյց

Կազմակերպութեամբ Ամմանի Ազգային մարզական միութեան մշակութային յանձնախումբին, վերջերս, միութեան «Ալեք Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «ՀԱՅՈՒՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ(ՆԵՐ)Ը» խորագրով դասախօսութիւն-զրոյց: Օրուան բանախօսն էր Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան:

Ան դասախօսութեան մէջ շօշափեց հայ ինքնութեան ընտրութիւնը` ազգանունէն զատ: Որպէս ազգային ինքնութիւն` պետական, ապրելակերպի, մաս կազմելով համաշխարհային հայկական ցանցի, ինչպէս եւ անհատական գետնի վրայ: Ան շեշտեց կարեւորութիւնը հայկական կառոյցներու պահպանման եւ հզօրացման:

Յայտնենք, որ Ամմանի Ազգային մարզական միութիւնը հայ մշակոյթը պահպանող 71 տարուան կառոյց մըն է, որ կը տարածէ տարբեր սերունդներու հայ ինքնութեան հպարտութիւնը` ստեղծելով եւ պահպանելով պատկանելիութեան զգացումը հայ ազգին հանդէպ, եւ առիթ կը ստեղծէ հայ ինքնութեան սիրով լուսաւոր անձերու ներկայութիւնը համայնքին հետ կապելու:

Միացեալ Նահանգներ

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի Վարչութիւնը

6 փետրուարին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան ընդունեց այցելութիւնը Հայկական ոսկրածուծի հիմնարկի վարչութեան, գլխաւորութեամբ նախագահ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընի:

Այցելուները զեկուցեցին իրենց նոր ձեռքբերումներուն ու իրագործած աշխատանքներուն մասին, ապա խնդրամատոյց եղան սրբազան հօր, որ ըստ ամէնամեայ աւանդութեան` իբրեւ աղօթքի օր որոշէ կիրակի օր մը եւ իր պատգամին առընթեր եկեղեցւոյ մէջ գտնուող հաւատացեալ ժողովուրդին տայ անհրաժեշտ լուսաբանութիւններ` Հայկական ոսկրածուծի հիմնարկի ազգաշէն աշխատանքներուն, դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ հետապնդած նպատակներուն մասին:

Սրբազան հայրը նախ գնահատեց հիմնարկի պատասխանատուն, անդամներն ու կամաւոր ձեռքերը` ոսկրածուծի պատուաստմամբ մարդկային կեանքեր փրկելու առումով, ապա, յետ խորհրդակցութեան, աղօթքի օր որոշեց  կիրակի, 15 մարտ 2026-ը, վայրը` Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցի:

Լոս Անճելըսի Եւ Ֆրեզնոյի Հիւպատոսները Քննարկեցին Համագործակցութեան Կարելիութիւնները

Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Աննա Աւետիսեանը փետրուար 19-ին հանդիպում ունեցաւ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի հետ: Տեղեկութիւնը տրուած է  Լոս Անճելըսի հիւպատոսութենէն:

Կողմերը քննարկեցին հետագայ համագործակցութեան, մասնաւորապէս` առեւտրատնտեսական, մշակութային, գիտական ոլորտներուն մէջ միացեալ ծրագիրներ իրականացնելու կարելիութիւնները:

Ոչ Եւս Է Վաստակաւոր Խմբավար Մաեսթրօ Րաֆֆի Սվաճեան

6 փետրուարին Նիւ Եորքի մէջ իր մահկանացուն կնքեց վաստակաւոր խմբավար Րաֆֆի Սվաճեանը:

Սվաճեան ծնած է Պէյրութ: Փոքր տարիքէն կապուած է երաժշտութեան, իսկ 1956-1957-ին յաճախած է Պէյրութի պետական երաժշտանոցը` միաժամանակ երաժշտական տեսութիւն եւ դաշնաւորում սորվելով Բարսեղ Կանաչեանէն:

1957-ին աւարտելէ ետք երաժշտանոցի դասընթացքները, հիմնած է Համազգայինի անդրանիկ երգչախումբը եւ համերգներով մեծ ոգեւորութիւն ստեղծած` գաղութին մէջ: 1960-1965 ուսումը շարունակած է Մարսէյի (Ֆրանսա) երաժշտանոցին մէջ` միաժամանակ ղեկավարելով «Արմենիա» երգչախումբը, հիմնադրին` Կոմիտաս վարդապետի սաներէն Վարդան Սարգսեանի խնդրանքով: Երգչախումբին հետ համերգներ տուած է հայաշատ քաղաքներու մէջ` Մարսէյ, Վալանս, Լիոն, Տեսին, Վիեն եւ Փարիզ, ստեղծելով մեծ խանդավառութիւն: Այս շրջանին վարած է նաեւ Մարսէյի Սրբոց Թարգմանչաց մայր եկեղեցւոյ դպրապետի պաշտօնը:

1965-ին հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ` ստանձնելով Պոսթընի Մշակութային միութեան երգչախումբի ղեկավարութիւնը: 1966-ին ղեկավարած է ՀԲԸՄ-ի «Քնար» երգչախումբը, իսկ 1967-1969 վարած է տեղւոյն Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մշակութային ու երիտասարդական միութեան տնօրէնի պաշտօնը` հիմնելով նաեւ «Սայաթ-Նովա» երգչախումբը:

1969-ին, Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 100-ամեակին առիթով, որպէս հրաւիրեալ խմբավար` Րաֆֆի Սվաճեան ղեկավարած է Նիւ Եորքի Հայ մշակութային միութեան (հետագային` Համազգային մշակութային միութիւն) «Գուսան» երգչախումբը: Հաստատուելով Նիւ Եորք` մինչեւ 2002 թուականը ղեկավարած է Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի Համազգայինի եւ Նիւ Եորքի Իրանահայ միութեան երգչախումբերը` տարեկան մեծ համերգներով: Երկու տարի հետեւած ու աւարտած է «Ճուլիըրտ» երաժշտանոցի (Նիւ Եորք) նուագավարութեան դասերը:

2000-ական թուականներուն այցելած է Հայաստան, ուր 2002-ին, 2003-ին եւ 2005-ին համերգներ տուած է: 2007-ին պարգեւատրուած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան ոսկեայ մետալով, իսկ 2008-ին` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան պատուանշանով: Կեանքի վերջին տարիներուն խանգարուած առողջութիւնը թոյլ չէ տուած շարունակել իր ազգանուէր գործունէութիւնը երաժշտական բնագաւառին մէջ:

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Հետաքրքրական. Նուազապաշտութիւնը` Պարզութիւն Եւ Նպատակադրում

Յաջորդը

Զմմառու Ժառանգաւորները Նշեցին Հայոց Լեզուի Օրը

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

November 12, 2026
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Եգիպտոսի Խորհրդաժողով-Շրջապտոյտ  (25 Սեպտեմբեր – 7 Հոկտեմբեր)
Գաղութէ Գաղութ

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Եգիպտոսի Խորհրդաժողով-Շրջապտոյտ (25 Սեպտեմբեր – 7 Հոկտեմբեր)

November 7, 2026
«Մխիթար Աբբահօր Ծննդեան Ժամանակաշրջանին Եկեղեցական, Քաղաքական Եւ Պատմական Միջավայրը»
Գաղութէ Գաղութ

«Մխիթար Աբբահօր Ծննդեան Ժամանակաշրջանին Եկեղեցական, Քաղաքական Եւ Պատմական Միջավայրը»

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.