Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Եգիպտոս
Եգիպտաբան Դոկտ. Հուրիկ Սուրուզեան Պետական Բարձր Դրուատանքի Արժանացած Է
Զբօսաշրջութեան եւ հնութիւններու նախարար Շերիֆ Ֆաթհի, պատուած է եգիպտաբան դոկտ. Հուրիկ Սուրուզեանը, որ Լուքսորի մէջ ղեկավարած էր Ամենհոտեպ Գ. փարաւոնի արձաններու վերականգնման ծրագիրը: Նախարարը անոր յանձնած է նախարարութեան շնորհակալագիրը` դրուատելով Ամենհոտեպ Գ.-ի դամբարանային տաճարի վերականգնման անոր հետեւողական ջանքերը եւ բացառիկ նպաստը:
Ամենհոտեպ Գ.-ի արձաններու վերականգնման ծրագիրը սկսած է 1998-ին` Հնութիւններու բարձրագոյն խորհուրդի եւ Գահիրէի մէջ գործող Գերմանական հնագիտական հաստատութեան համագործակցութեամբ: Տեղանքին վրայ յայտնաբերուած էին երկու արձաններուն ցրուած բեկորները եւ կրանիտթ այն քարերը, որոնք կը կազմէին արձաններու պատուանդանը: Արձանները մաքրուեցան, վերականգնուեցան, իսկ ցրուած բեկորները վերակազմուեցան:
2025-ին արձանները նորոգուած վիճակով կրկին բարձրացուած եւ հաստատուած են իրենց բուն վայրը` տաճարի տարածքին: Արձաններու բարձրութիւնը կը տատանի 13,6-14,5 մեթրի միջեւ:
Զբօսաշրջութեան եւ հնութիւններու նախարարը հաստատած է, որ Ամենհոտեպ Գ.-ի արձաններու վերականգնումն ու վեր յառնումը կը նպատակադրէ պահպանել եւ վերակենդանացնել հին եգիպտական քաղաքակրթութեան ամէնէն կարեւոր յուշարձաններէն մէկը:
Եգիպտահայ ճարտարապետ եւ վերականգնող դոկտ. Նայիրի Համբիկեան, որ դոկտ. Սուրուզեանի իրագործումին մասնակցած է իբրեւ տեղամասի գլխաւոր ճարտարագէտ, ներկայացուցած է վերջին տարիներուն ծրագիրի աշխատանքներուն դիմաց կանգնած գլխաւոր դժուարութիւնները: Ան նշած է, որ այդ դժուարութիւններուն ամէնէն կարեւորն էր ստորգետնեայ ջուրերու մակարդակի շարունակական փոփոխութիւնը` երբեմն բարձրացում, երբեմն ալ նուազում, ինչ որ հարկադրած է ճշգրիտ ճարտարագիտական եւ արհեստագիտական լուծումներ կիրարկել` հնագիտական վայրին կայունութիւնը պահպանելու համար:
Ան նաեւ ընդգծած է, որ ծրագիրը իրական հնարաւորութիւն ընձեռեց որակաւոր եգիպտացի մասնագէտներու պատրաստութեան համար. վերապատրաստուած եւ մասնագիտացած են աւելի քան 30 եգիպտացի վերականգնողներ, իսկ մօտ 10 ճարտարապետներ ներգրաւուած են հնագիտական ոլորտին մէջ աշխատելու: Այս բոլորը կատարուած են եգիպտական եւ միջազգային փորձառութիւններու արդիւնաւէտ ու փոխլրացուցիչ համագործակցութեան ծիրէն ներս:
Ան նաեւ բարձր գնահատած է Հնութիւններու բարձրագոյն խորհուրդին եւ Գերմանական հնագիտական հաստատութեան միջեւ 1998-էն ի վեր ընթացող գործակցութիւնը, որ իրաւամբ աննախադէպ արդիւնքներու հասած է:
Պոլիս
Նշուեցաւ Հրանդ Տինքի Նահատակութեան 19-րդ Տարելիցը
19 յունուարին «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրատան դիմաց ոգեկոչուեցաւ 19 տարի առաջ խմբագրատան առջեւ սպաննուած լրագրող ու հրապարակախօս Հրանդ Տինքի նահատակութեան 19-րդ տարելիցը` մասնակցութեամբ հազարաւոր անձերու:
Կասկած չկայ, որ Հրանդ Տինքի դէմ կատարուածը պետական ահաբեկչութիւն էր: Հայ մտաւորականը զոհն էր Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող անիրաւութեան:
Տինք յաջողած էր Հայոց ցեղասպանութեան մասին բարձրաձայնել եւ ամբողջ հասարակակարգ մը իրազեկել, սակայն թուրք ազգայնականութիւնը լուռ հետեւեցաւ անոր քայլերուն եւ խօսքին, քանի մը սպառնալիքներէ ետք որոշեց լռութեան մատնել ազնուական հայու սիրտն ու մտածումները:
Քանատա
Հայ Դատի Յանձնախումբին Կազմակերպած Ընդունելութիւնները
Կազմակերպութեամբ Լաւալի Հայ դատի յանձնախումբին, 7 յունուարին Լաւալի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբծննդեան տօնին առիթով պաշտօնական ընդունելութիւն մը` ներկայութեամբ դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքապետական պաշտօնատարներու, ինչպէս նաեւ` պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լաւալի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Արեւիկ Աֆարեան, որ շեշտեց, թէ հակառակ հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն ու մանաւանդ արցախեան հիմնահարցի անլոյծ վիճակին` Հայ դատի յանձնախումբերը բարձր յանձնառութեամբ պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքը` ի խնդիր արցախահայութեան իրաւունքներու վերատիրացման եւ Հայաստանի բարօր ու ապահով զարգացման:
Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի անդամ Սագօ Եագուպեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց պաշտօնատարներուն` տարատեսակ հարցերու շուրջ անոնց ցուցաբերած աջակցութեան համար: Ան նաեւ անդրադարձաւ Լաւալի հայ համայնքի յառաջիկայ ծրագիրներուն եւ անոնց ուղղութեամբ տարուող ընթացիկ աշխատանքներուն:
Լաւալի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ հովիւ Յակոբ քհնյ. Կեատայեանի կողմէ սեղաններու օրհնութենէն ետք տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկում:
Կազմակերպութեամբ Քէմպրիճի Հայ դատի յանձնախումբին, սուրբծննդեան տօնին առիթով, ուրբաթ, 9 յունուարին Քեմպրիճի մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ընդունելութիւն մը` գնահատելու համար դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքապետական ընտրուած պաշտօնատարներու:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայ դատի տեղական յանձնախումբի ատենապետուհի Ալիս Նաճարեան, որ անդրադարձաւ անցող տարուան ընթացքին Հայ դատի ուղղութեամբ տեղի ունեցած զարգացումներուն եւ յանձնախումբերու որդեգրած դիրքորոշումներուն:
Քեմպրիճի Հայ կեդրոնի եւ ՀՅԴ «Արամ-Դրօ» կոմիտէին անունով խօսք առաւ կոմիտէի ներկայացուցիչ Վարանդ Զէյթլեան, որ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ներկաներուն` ներկայացուց անցող տարուան ձեռքբերումները եւ բոլոր մակարդակներու վրայ յանձնախումբին յառաջիկայ ծրագիրները:
Ապա խօսք առին պաշտօնատար հիւրերը, որոնք դրուատեցին հայ համայնքի կարեւոր դերակատարութիւնը եւ զօրակցութիւն յայտնեցին Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի աշխատանքներուն: Ձեռնարկը փակուեցաւ Քեմպրիճի Ս. Նշան եկեղեցւոյ հովիւ Նշան քհնյ. Մանուկեանի եւ Քեմպրիճի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ պատուելի Արա Պալըքճեանի աղօթքով:
Հոգելոյս Մեղրիկ Եպս Բարիքեանի Վախճանման Ե. Տարելիցին Նուիրուած «Հովիւ Քաջ, Հովիւ Բարի» Խորագիրը Կրող Յուշ–Երեկոյ
Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Քանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ, 18 յունուարին «Քրիսթըլ Ֆաունթըն» հանդիսասրահին մէջ «Հովիւ քաջ, հովիւ բարի» խորագիրը կրող յուշ-երեկոյով արժանավայել կերպով նշուեցաւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ վաստակաշատ հոգեւոր սպասաւորին եւ Քանատայի հայոց թեմի նախկին առաջնորդ հոգելոյս Մեղրիկ եպս. Բարիքեանի վախճանման հինգերորդ տարելիցը:
Օրուան հանդիսավարներ Յարութ սրկ. Կիւլոյեան եւ Գրիգոր Աստուրեան իրենց խօսքին մէջ վեր առին սրբազանին հոգեւոր, մարդկային եւ առաջնորդական վսեմ յատկանիշերը:
Կազմակերպող յանձնախումբի ներկայացուցիչ Սարգիս սրկ. Կիտանեան իր խօսքին մէջ երախտագիտութիւն յայտնեց ձեռնարկի իրականացման համար իրենց նիւթական ու բարոյական օժանդակութիւնը ցուցաբերած բարերարներուն, ներկաներուն ջերմ մասնակցութեան ու քաջալերանքին եւ յատկապէս անդրադարձաւ «Մեղրիկ Բարիքեան» հիմնադրամի առաքելութեան ու ապագայ նպատակներուն:
Եկեղեցւոյ հովիւ Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեանի սեղաններու օրհնութենէն ետք, ձեռնարկը շարունակուեցաւ երաժշտական ու բանաստեղծական ելոյթներով` զանազան անհատներու կողմէ, որոնց կեանքին մէջ հոգելոյս սրբազանը բաժին ունեցած է: Այսպէս, հանդէս եկան «Զարեհ Ազնաւորեան» եւ «Մեղրիկ Բարիքեան» զոյգ դպրաց դասերը, ինչպէս նաեւ քանոնի կատարումով ելոյթ ունեցաւ Մատիանա Թորոսեան: Հեռակայ դրութեամբ, իր սրտի խօսքը յղեց եւ երգի մը ներկայացումը կատարեց այժմ Փարիզ ապրող Վարդան սրկ. Գաբրիէլեան: Ասմունքներով հանդէս եկան Սարին Փոլատեան եւ Իզապէլ Յակոբեան:
Ձեռնարկի ընթացքին խօսք առին նաեւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Կարօ սրկ. Սարգիսեան եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Գարեգին ծ. վրդ. Շխըրտմեան:
Հանդիսութեան ընթացքին ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ ամփոփ կերպով ներկայացուց սրբազան հօր կեանքն ու բազմաբովանդակ ծառայութիւնը: Տեսերիզին մէջ տարբեր անհատներ, ինչպէս նաեւ քաղաքական ու հասարակական օտար գործիչներ իրենց վկայութիւններն ու մտածումները կիսեցին անոր անձին եւ վաստակին մասին:
Թեմի առաջնորդ սրբազան հայրը իր սրտի խօսքին մէջ վեր առաւ հոգելոյս սրբազանին նուիրեալ ծառայութիւնը` խորապէս գնահատելով անոր յիշատակը վառ պահելու նուիրուած այս նախաձեռնութիւնը:
Միացեալ Նահանգներ
Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան Եւ Ս. Ծնունդի Աւանդական Ընթրիքը
Նախաձեռնութեամբ Արեւմտեան թեմի Կրօնական ժողովին եւ Ազգային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինին, 6 յունուարին, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ մայր եկեղեցւոյ «Բաղրամեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ առաջնորդ սրբազան հօր Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի աւանդական ընթրիքը` նախագահութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, ներկայութեամբ պաշտօնական հիւրերու, հոգեւոր, ազգային, կրթական, մշակութային եւ բարեսիրական կառոյցներու եւ ծխական շրջաններու, ազգային վարժարաններու ու պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, հարազատներու եւ բարերարներու:
Արեւմտեան թեմի բարերար Յարութ եւ Լենա Սողոմոնեան ամոլը, առաջնորդ սրբազան հօր առաջարկին ընդառաջելով, ստանձնած էին 2026 տարուան ընթրիքի գլխաւոր հովանաւորութիւնը` ի յիշատակ իրենց եղբօր` համահայկական բարերար եւ եկեղեցաշէն ազգային գործիչ հանգուցեալ Հրայր Սողոմոնեանի:
Բացման խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար Գարեգին քհնյ. Պետուրեան, որմէ ետք խօսք առաւ Տիկնանց օժանդակ մարմինի ատենապետ Վանիա Պապիկեան: Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին հայրապետական պատգամը ընդգրկող տեսերիզ, ուր վեհափառը անցեալ տարուան վերջին ամիսներուն Արեւմտեան թեմին շնորհած իր հովուապետական այցելութեան ծիրին մէջ իր դրական տպաւորութիւնները կը փոխանցէր ներկաներուն:
Ազգային վարչութեան անունով անգլերէնով խօսք արտասանեց փոխատենապետ Ճեք Հաճինեան, որմէ ետք Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Զարեհ ծ. վրդ. Սարգիսեան ներկայացուց հանգուցեալ Հրայր Սողոմոնեանի կենսագրականը, ուր յստակօրէն ուրուագծուած էին` համահայկական բարերարի ազգաշէն ու եկեղեցանուէր նկարագիրը, գործունէութիւնն ու վաստակը:
Առաջնորդ սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն` Արեւմտեան թեմի ծրագիրներուն իրենց բերած նպաստին ու ցուցաբերած ծառայութեան համար, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց անցեալ հոկտեմբեր-նոյեմբեր ամիսներուն վեհափառ հօր Արեւմտեան թեմին շնորհած հայրապետական այցելութեան առիթով բոլորին լաւագոյնս կազմակերպման համար եւ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ գաղութային այդ օրերու կեանքին, ժողովրդական բոլոր խաւերու մասնակցութեան կարեւորութեան, ապա ան բարձր գնահատեց Քրեսենթա Հովիտի մէջ գործող Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան միջնակարգ վարժարանի մեծ ընտանիքը` տնօրէնութիւն, անձնակազմ, աշակերտութիւն եւ ծնողներ, Ամերիկայի դաշնակցային պետութեան կրթական բարձրագոյն մարմինին կողմէ «Պլու ռիպըն»-ի արժանացած ըլլալուն համար:
Սրբազանը նաեւ նշեց, որ իր կողմէ յատուկ ճիգ եղած է` մասնակից երիտասարդներուն թիւը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց սեղաններու շուրջ բոլորուած երիտասարդներուն` իրենց ներկայութեան համար, ապա Արեւմտեան թեմի կարեւորութիւնը շեշտելով` եւ Ազգային առաջնորդարանին անունով կատարուած հսկայական աշխատանքը գնահատելով` զայն որակեց` «Համայնքի միատեղման եւ միաբանութեան զարկերակ», ապա կոչ ուղղեց ներկաներուն` միշտ առողջ ու կենդանի պահել այս զարկերակը, որպէսզի ամբողջ համայնքը շարունակէ իր երթը` իբրեւ հզօր, ամուր, միաբան եւ նոր տեսիլքներով հրավառ հայկական կազմակերպուած «բարերար» գաղութ:
Ապա սրբազանը յուշանուէր մը յանձնեց ընթրիքի գլխաւոր բարերար Յարութ եւ Լենա Սողոմոնեան անոլին եւ իր գնահատանքին ընդմէջէն նաեւ մեծ երախտիքով պանծացուց յիշատակը:
Ս. Յովհաննու Կարապետի Տօնը Հոլիվուտի Մէջ
18 յունուարին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան մատուցեց եպիսկոպոսական ս. պատարագ եւ կատարեց մատաղօրհնէք Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնին առիթով:
Արարողութեան ընթացքին առաջնորդ սրբազանը նաեւ կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի կնիքը կրող 2026 տարուան հռչակագիրը, որով ան ընթացիկ տարեշրջանը կը հռչակէ «Հոգեւոր վերանորոգման տարի»:
Սրբազանը Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնին առիթով շնորհաւորեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը եւ Յովհաննէս, Կարապետ, Մկրտիչ անունները կրողները, ինչպէս նաեւ իր սրտագին մաղթանքներով խրախուսեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի անդամները` իրենց ծառայութեան մէջ ամուր ու անսասան մնալու թելադրանքով:
Յետ արարողութեան եկեղեցւոյ սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան:
Սրբազանը իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Հոլիվուտի եկեղեցական ու ազգային կեանքի բարելաւման մէջ անսակարկ ծառայութիւն եւ նիւթաբարոյական ներդրում ունեցած բոլոր կամաւորներն ու բարերարները, ապա, ըստ եկեղեցւոյ աւանդութեան, օրհնութեան յատուկ գիր շնորհեց շրջանի նուիրեալ ազգայիններէն Մեսրոպ Աբրահամեանին` առ ի գնահատանք անոր աւելի քան քառասուն տարուան եկեղեցաշէն ծառայութեան եւ հայանուէր գործունէութեան, մինչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը յուշատախտակով մը պատուեց վաստակաւոր նուիրեալը:


